ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — «ԱՌԱՁԳԱԿԱՆ», բանաստեղծութիւններ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
ԱՅՑԵՔԱՐՏ.

— Խորագիր՝ Առաձգական:
— Հեղինակ՝ Յարութիւն Պէրպէրեան:
— Լոյս տեսած՝ Երեւանի «Զանգակ» հրատարակչատունէն, 2021, 272 էջ:
— Հեղինակին բացատրութեամբ՝ հրատարակութիւնը կատարուած է Գ. Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան օժանդակութեամբ:
— Նմանապէս հեղինակին բացատրութեամբ՝ կը բովանդակէ վերջին 12 տարիներու իր ստեղծագործութիւններէն, նաեւ՝ նախորդ հատորներով լոյս տեսած բանաստեղծութիւններէն փունջեր:
— Նիւթեր՝ նմանապէս հեղինակին բացատրութեամբ (հատորի վերջին էջերուն տրուած)՝ սէր, սփիւռքահայ գրողի վիճակ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ, բնապահպանում, համամարդկային տագնապներ…
— Ներքին բաժանումներ՝ ընդամենը 19 գլուխ, որոնցմէ մէկ քանին կ՚ընդգրկեն քանի մը բանաստեղծութիւն, ուրիշներ՝ աւելի մեծ թիւով:
— Կողքի գծանկար՝ Արթօ Չագմագճեանի:

Վերի սեղմ տողերը հազիւ թէ ցոլացնեն բովանդակութիւնը նոր լոյս տեսած այս հատորին, որովհետեւ նշուած նիւթերուն վրայ կարելի է աւելցնել շատ բան, օրինակ՝ յուշեր, տպաւորութիւններ (տպաւորապաշտի իմաստով), ուրախ եւ տրտում յոյզեր եւ այլն: Հատորը կարելի նաեւ որակել նոյնինքն հեղինակին կեանքին ու ներաշխարհին մէկ հայելին, հատընտիրը՝ մօտաւորապէս 50 տարիներու վրայ երկարող (ու կը մաղթենք, որ նոր հատորներով հարստանայ) գրական վաստակի մը:

ԽՈՀԱԿԱՆԸ

Յարութիւն Պէրպէրեան կը պատկանի բանաստեղծներու այն «ընտանիքին», որոնց մէջ մտածումն ու խոհականը տիրական են, զգացումները չեն արշաւեր անսանձ, սակայն քիչ մը ամէն տեղ կը յուշեն իրենց ներկայութիւնը:
Երբ մօտաւորապէս երկու ամիս առաջ ստացանք «երկու անուշ խօսք»ով մակագրուած հատորէն օրինակ մը, մեր անմիջական զգացումը՝ ուրախութիւն էր. որովհետեւ, մտածեցինք, ունինք գրողներ, որոնք հաւատքը չեն կորսնցուցած ԳԻՐՔ արժէքին նկատմամբ, իսկ բանաստեղծութիւն գրողները (խօսքը իրա՛ւ բանաստեղծութեան մասին է) շատ աւելի յանդուգն հաւատաւորներ են: Ի դէպ, Յարութիւն Պէրպէրեան ունի նաեւ արձակ էջեր, որոնք մէկ-մէկ կ՚երեւին մեր մամուլին մէջ եւ որոնք, իրենց խոհականութեամբ եւ վերլուծումներով, մրցակից են իր բանաստեղծական ստեղծագործութիւններուն, երբեմն զինք կը դնեն ազնիւ մտրակահարողի պատնէշին վրայ: Այսուհանդերձ, Յ. Պէրպէրեան բանաստեղծ է ամե՛ն բանէ առաջ, ամե՛ն բանէ աւելի, բանաստեղծ մը՝ որուն էջերը պէտք է կարդալ դանդաղօրէն, հատ-հատ, որպէսզի կարելի ըլլայ քայլ պահել մտածումներուն, տպաւորութիւններուն, խորհրդածութիւններուն, վերլուծումներուն, դատումներուն եւ անոնցմէ բխած՝ փորձառութիւններուն հետ, որոնք չեն ներկայանար, յամենայնդէպս, իբրեւ պատգամախօսութիւն, սակայն ներդաշնակ զուգորդութիւն մը կը պատկերեն ներքին ու արտաքին աշխարհներուն միջեւ: Իսկ յուշերուն հետ հաղորդակցութիւնը աւելի դիւրին է ու անմիջական, մանաւանդ եթէ ընթերցողը ծանօթ է անոր կեանքի փուլերուն, ապրած միջավայրին, ուղեկիցներուն (իսկ ծանօթ չեղողն ալ դիւրաւ կը մտնէ իր աշխարհին մէջ):
Այս ու նման հատորներու, նման գրողներու միտքի ու հոգիի ներաշխարհներուն ծանօթանալու, անոնց հաղորդակից ըլլալու լաւագոյն ձեւը՝ հատոր(ներ)ը ընթերցելն ու վերընթերցելն է, անոնց էջերուն թափանցելու ճիգը: Հետեւաբար, ինչ որ պիտի փորձենք կատարել այս սիւնակին մէջ, պարզապէս (կարելի) ուրուագծում մըն է, որ ինքնին բաւարար չէ լիովին հաղորդակցելու այս հեղինակին Աշխարհին հետ:
Ինչպէս նշեցինք, հատորը ունի ներքին ենթամասեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր խորագիրը: Ինչպէս հատորին ընդհանուր խորագիրը՝ «Առաձգական», նոյնպէս ալ ենթաբաժանումներուն խորագիրները մտածուած, ընտրուած բառերով թելադրականութիւն կը բուրեն: Հատորը պատառ-պատառ ճաշակելէ եւ մարսելէ ետք (անկախ անկէ, որ կարգ մը պատառներ դառնահամ են եւ վիշտէ, ողբէ ծնած են), ընթերցողը կը զգայ, թէ ականատես եւ հաղորդակից եղաւ մանր ու գունագեղ քարերով կազմուած խճանկարի մը, որ եթէ հայելին է նոյնինքն հեղինակին ներաշխարհին ու ապրումներուն, կեանքի փորձառութիւններուն, նոյնքան յստակ է, թէ հոն կան քանի մը տիրական գիծեր:
Պատանութեան եւ կանուխ երիտասարդութեան փուլերը Հալէպ եւ Պէյրութ անցուցած այս հեղինակին էջերը յաճախ կ՚արտացոլացնեն այդ փուլերուն տխուր ու դրական օրերը, ըստ էութեան կը ստանան գեղարուեստական ինքնակենսագրականի բնոյթ: Հալէպի ամառ օրերուն՝ տանիքներուն վրայ աստղածորան երկինքին տակ գիշերելու, արաբներու մարդկային շրջապատ ունենալու յուշերը, Լիբանանի պատերազմին թողած դառնութիւնները կը համակեն ընթերցողը, մինչեւ իսկ եթէ ան չէ ապրած այդ քաղցր ու դժոխային պահերը: Եւ յանկարծ, կարկինը կը բացուի եւ Միջին Արեւելքի (եւ ո՛չ միայն այդ գօտիին) վիճակուած տագնապները կը դիտուին… Հռոմի կայսութեան օրերէն սկսած եւ կրկնուած արհաւիրքներու պատմութեան շրջագիծին մէջ: Յուշերն ու մտածումներն ի վեր կը քալեն գրչակից-պաշտօնակիցներ, ճակատագրակից ընկերներ, արձանագրելով երախտագիտութեան, կարօտաբաղձութեան եւ կորուստներու դառնութեան խճաքարեր: Այս առումով, Յ. Պէրպէրեան մաս կը կազմէ այն փաղանգին, որուն անդամները ապրեցան Լիբանանի տագնապին արհաւիրքները, քայլ պահեցին անոնց հետ եւ անմիջականօրէն արձագանգեցին իրենց գրիչով: Փոքրաթիւ չեն այդ փաղանգին անդամները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը արտայայտուած է իր ոճով, իր կազմաւորումէն բխած դրսեւորումներով. անոնք կը կոչուին Վեհանուշ Թեքեան, Շահանդուխտ, Գրիգոր Պլըտեան, Նազ Տէր Սարգիսեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Պետիկ Հերկելեան եւ բազում ուրիշներ (իւրաքանչիւրը՝ գրող ի՛ր անհատականութեամբ եւ իւրայատկութեամբ. այս տողերը չենք արձանագրեր զանոնք իրարու բաղդատելու մօտեցումով), որոնք համախմբուած էին «Բագին»-ին, «Սփիւռք»-ին, «Շիրակ»-ին եւ պարբերական մամուլի այլ անդամներուն շուրջ, բացարձակ մեծամասնութեամբ՝ Պէյրութի մէջ:
Կեանքի յաջորդ փուլը կը բացուի հեղինակին Գանատա տեղափոխութեամբ: Յ. Պէրպէրեան պէտք չունէր աշխարհագրական տարածքները ընդարձակելու, որպէսզի տարածէր նաեւ իր խոհերուն եւ դատումներուն հորիզոնները: Ան բանաստեղծութեան ու գիրի աշխարհ մուտքի օրերէն սկսեալ, քայլ պահած է մօտակայ եւ հեռաւոր աշխարհներու իրադարձութեանց, մարդուն բաժին հանուած տագնապներու հոլովոյթին հետ, ուսանողութեան օրերէն իսկ հաղորդակից դարձացած՝ միջազգային ճանաչում ունեցող հին ու ժամանակակից գրողներու, իմաստուններու հետ, որոնք երբեմն կը դառնան իր տողերուն հիւրերը: Մարդակերտ աղէտները, պատուհասները՝ պատերազմներ, բռնագաղթ, կեսոլորտի ապականում, կենսաբանական հարցեր եղած են ու կը մնան իր անձնական տագնապներուն կիզակէտերը, եւ ահա այդ ճամբով է, որ զինք կարելի է կոչել բնութեան զաւակ, անոր վիճակուած ու անոր ստեղծած տագնապներուն հաղորդակից, մինչեւ իսկ… «աշխարհաքաղաքացի», սակայն ո՛չ՝ բառին բացասական իմաստով, որովհետեւ ան նաեւ է ու կը մնայ հայ մարդ, հայուն (ան ըլլայ Լիբանանի, Սուրիոյ, Հայաստան-Արցախի թէ Սփիւռքի այլ օճախներու բնակիչ) տագնապներուն բաժնեկից ու զանոնք արտայայտող- «թարգմանողը»: Հայօրէն ապրած տագնապներէն մէկն ալ՝ մեր լեզուին հասած պատուհասներն են, լեզուն՝ որուն կը տիրապետէ լաւապէս եւ մերթ ընթ մերթ կը սիրէ բառախաղեր ալ ընել (գոհունակութեան այլ կէտ մըն է այն, որ հատորը գրեթէ լիովին զերծ մնացած է տպագրական-տողաշարական եւ նման թերութիւններէ): Մինչեւ իսկ ամենէն անձնական բնոյթով նիւթերը՝ հարազատներէ եկած տխուր եւ ուրախ արտայայտութիւններ եւ այլն, կ՚անցնին անձնականէ շատ անդին եւ կը գտնեն համամարդկային-համահայկական հորիզոններ:

ՁԵՒԸ

Քանի մը տող՝ արտայայտութեան ձեւին մասին:
Բանաստեղծութիւն է գրածը, սակայն հազուադէպօրէն՝ չափածոյով: Յ. Պէրպէրեանի նախընտրածը ազատ բանաստեղծութինն է, երբեմն՝ անխորագիր, յաճախ՝ թելադրական խորագիրներով (բանաստեղծութիւնը, ինքնին, ի սկզբանէ եւ վաղուց ունի թելադրական ըլլալու հիմնական արժանիքը): Ուշադիր ընթերցողը շուտով կը նկատէ, որ ազատ տողերը «սանձարձակ» չեն, այլ երաժշտականութիւնը (նմանապէս բանաստեղծութեան հիմնական յատկանիշներէն) տիրապետող է: Երբեմն կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, որ նոյն տողերը կրնային գրուիլ նաեւ արձակով, սակայն բարեբախտաբար բանաստեղծը ինքզինք հեռու կը պահէ նման «փորձութենէ», կը նախընտրէ բանաստեղծութեան թելադրած՝ սեղմ արտայայտչաձեւը: Մանրամասնութիւն մը. կարգ մը ստեղծագործութիւններ հազիւ էջ մը կամ աւելի երկարութիւն ունին, հազուադէպօրէն կ՚արտայայտուի բազմաթիւ էջերով, սակայն ընթերցողը չ’իյնար չափն ու արժէքը իրարմով պայմանաւորելու փորձութեան մէջ:
Աւելի հակամէտ է «դասական» արտայայտութեան, սակայն չի վարանիր պտտիլ վերացականութեան, գերիրապաշտութեան ու կեանքի անհեթեթութիւնները անհեթեթի ոճով ներկայացնելու դաշտերուն մէջ:

Ինչպէս նշեցինք նախապէս, կարելի է այս հատորին մասին գրել երկար, սակայն նման փորձ մեզ պիտի տանէր Յարութիւն Պէրպէրեան բանաստեղծի գրական վաստակը լուսարձակի տակ բերելու, սեղմ մենագրութիւն մը կատարելու փորձութեան. այդ չէ մեր մօտեցման եղանակն ու նպատակը (անկախ անկէ, որ այս ու նման գրողներ արժանի են տարածուն ուսումնասիրութեան): Անոնք կը կազմեն սեռուցքը այն սերունդին, որ աչքերը բացաւ Ցեղասպանութեան 50-ամեակի օրերուն, կեանքի-ապրուստի պայմաններու բարեփոխման շնորհիւ, բնականաբար դուրս եկաւ «նեղ-հայկական» շրջագիծէն, առագաստները բացաւ աշխարհին: Այլոց գրական-մշակութային արժէքներու եւ ժառանգութեանց բարենպաստ հովերուն դիմաց, յանդգնութիւնը ունեցաւ հայկական նաւով մտնելու մրցակցութեան մէջ: Ապրուստի ապահովման համար եղաւ ուսուցիչ, խմբագիր, ազատ ասպարէզի մէջ աշխատող, սակայն իւրացուց Գիրի մշակոյթը, Գիրքին արժէքը վերածեց ապրումի, կեանքին մէկ մասնիկին, եւ ահա այսպէս, հատոր առ հատոր կը ստուարացնէ մեր բազմադարեան գրադարանները, խճանկարներ կ՚աւելցնէ դարերէն եկող ու անվերջ արարուող մեր ծաւալուն խճանկարին մէջ:

Դեկտեմբեր 2021

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *