ՁԻՒՆ, ԳԻՆԻ ԵՒ ԱԶՆԱՒՈՒՐ

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ

— Ուշադի՜ր եղէք, ճամբաները լաւ չեն նորէն։
Մայրս է, ընկալուչին միւս կողմը. չըսէ՝ չ՚ըլլար։ Իսկ երբ ականջի ետեւ նետեմ, պատասխանը չ՚ուշանար՝
— է՜հ, օր մը երբ մայր ըլլաք, այդ ատեն կը հասկնաք։
Այդպէս կ՚երեւի, որ բնաւ պիտի չհասկնամ։
Մեր միտքը դրեր ենք. Թորոնթոյէն հակիրճ փախուստի մը կը պատրաստուինք, հանգստավայրը՝ մօտ հինգ հարիւր քիլոմեթր դէպի արեւելք՝ Մոնթրէալ։

Սովորաբար միութենական առաքելութեամբ ճամբայ կ՚ելլենք դէպի Մոնթրէալ. խինդ ու ծիծաղ յառաջացնող շատ յիշատակներ կան։ Բայց խոստովանիմ, որ ահաւոր զգացում մը կը պատէ մեզ, Քինկսթընի սահմաններուն չմօտեցած, Թորոնթոյէն մօտ երկու ժամ անդին։ Տարիներ անցան այդ անիծեալ առաւօտէն, երբ ստացանք գոյժը։ Միութենական առաքելութեամբ մը ճամբայ ելած ինքնաշարժի մը անիւը հանդիպած էր սեւ սառոյցի կտորին. եռանդուն կամաւոր՝ երեք պատանիներու մայրը իր հոգին աւանդած՝ ղեկի ետին։
Տարուան մէջ քանի մը անգամ կը չափենք 401-ը՝ արեւելք-արեւմուտք ուղղութեամբ ընթացող այս մայրուղին, որ յաճախ տեղ-տեղ նորոգութեան պատճառով աւելի ու աւելի կ՚երկարի։ Կան որոշ հատուածներ` խնձորով պատրաստուած պէս-պէս խմորեղէններու արտադրավայր մը հոս, ժայռ ու ծառ հոն, որ հազիւ խանդավառուելու առիթ կու տան, բայց ակնթարթի մէջ կ՚անցնին կ՚երթան։ Իսկ ձմռան ամիսներուն, ձիւնամրրիկներն ու սառուցեալ անձրեւները հոգիդ բերանդ կը բերեն։ Ճամբու եզրին կառուցուած հանգստավայրերը կացութիւն կը փրկեն. սուրճ մը հոս, թէյ մը հոն, յաջորդին՝ արտաքնոց… ի վերջոյ, մարդ ենք։
Թորոնթոյէն փախուստ տալու պէտքը յաճախ կը զգանք. ձմռան կարճ արձակուրդի պարագային, շատեր քանի մը օր դէպի Գարիպեան տաք կղզիները կ՚երթան։ Բայց ո՜չ, մենք աւելի սառուցեալ վայրերը կը նախընտրենք։ Մոնթրէալը կ՚ընտրենք որովհետեւ դահուկ ընելու պատմութիւն մը կ՚ըլլայ մէջը սովորաբար։ Մոնթրէալէն մօտ ժամ ու կէս հեռաւորութեան վրայ Մոն Թրամպլան անունով վայրը կայ. թէեւ, ըստ Յակոբին, ձիւնին տակ պահուըտած սառոյցը համ-հոտ չի տար։ Այլապէս, Եւրոպա, Գանատայի արեւմուտքը կամ այլ հեռու վայր մը պէտք է երթալ, որ հազիւ երկու տարին անգամ մը կրնանք իրագործել։
— Անշուշտ ակումբէն պիտի անցնինք բարեւ մը ըսենք…
— Գիտեմ, առանց բարեւի կ՚ըլլա՞յ. բայց միա՛յն բարեւ…
— Բարեւին հետ թերեւս գայ «մարեւ»ը, — կ՚ըսեմ, կէս լուրջ կէս կատակ, Պէրպէրեանի կատակերգութիւններէն մէկը մտաբերելով։ Յակոբը լաւ կը հասկնայ թէ «մարեւ»ը ինչ է։
— «Ազրաք»-ին քովէն ալ պիտի անցնիս, ատոր ալ բարեւ մը տալու. ուրի՞շ…
— Այո, առանց մերինկէի եւ քաաք էպլոզի չեմ վերադառնար…
Մանկութեանս օրերուն, հօրս ձեռքը բռնած ցատկռտելով «Ազրաք» եւ «Արլըքէն» կը հասնէի։ Արեւմտեան Պէյրութի թաղերուն մէջ դեգերումս յանկարծ կ՚ընդհատուի ձայնասփիւռին խժժոցով։
— Հայկական մը դնենք. ո՞ւր է այդ քաքաւը։
— «Քաքաւ» չէ Յակոբ, Կաքաւ է, — կ՚ըսեմ, խնդուքս հազիւ զսպած։
— էհ ինչո՞ւ հոս kakav գրուեր է…
— Ատիկա այդպէս է, որովհետեւ լատինատառ գրուեր է արեւելահայերէն հնչիւնը։
— Օ՜, այսինքն Երեւանի մէջ մեր տեսած «ոթչիզ»ին (watches) հակառակը։
— Ատանկ բան մը. Յակոբ, հաճիս չմոռնանք նաեւ գիրքերը…
— Գի՞րք. ասիկա մեր արձակուրդը չէ՞ր մի…
— Այո, այո, բայց վերադարձին, ճամբու վրայ…

Յանկարծ, քամին մէկ կողմ կը հրէ գիրքերը. արեւի խաբուսիկ ճառագայթներուն կ՚ընկերանան ձիւնի ոլորապտոյտ կոյտերը։ Դարձեալ մօրս ձայնն է ականջիս՝ «խենթերը միայն ճամբայ կ՚ելլեն»։
— Մենք վաղը ինչպէ՞ս Մոն Թրամպլան պիտի երթանք. նուազ քսան պիտի ըլլայ։
— Մի մոռնար, որ ես Թորոնթօ ծնած եմ եւ՝ փետրուարին։
— Ես Պէյրութ եւ օգոստոսին. ուրեմն, ես գիրքս կ՚առնեմ կրակարանին քով կը նստիմ։

Քեպէգ նահանգը կը դիմաւորէ մեզ, սահմանուած արագութենէն աւելի քշելու տուգանքներու ցանկն ալ հետը։ Bienvenue! Պահուըտած ոստիկանները Օնթարիօ նահանգի ինքնաշարժ որսալու ետեւէ են. մեր պարագային չեն յաջողիր, գիտենք իրենց ծակն ու ծուկը։ Կ՚ուղղուինք դէպի Մոնթրէալ. համեմատաբար Թորոնթոյի՝ հին քաղաք մը, ճամբաները՝ միշտ խորտուբորտ, մայրուղիները՝ նեղ, ու անհամբեր վարորդները՝ շատ։ Երբեմն Պէյրութի քշողները կը յիշեցնեն, շատեր հաւանաբար արաբ են։
Կը շարունակենք դէպի Հին Մոնթրէալի նեղլիկ թաղերէն՝ Սէն-Ժան-Պաթիսթի վրայի Մարիոթ պանդոկը ու հազիւ կը յաջողինք մտնել ցած ու պզտիկ կառատունը։ Հազար ու մէկ պայուսակները սենեակ հանելէ յետոյ, վրայ կը հասնի օրուան կարեւորագոյն հարցումը.
— Ի՞նչ պիտի ուտենք

Հին Մոնթրէալը ունի իր հրապոյրը. նեղլիկ, քարքարոտ թաղեր, արուեստանոցներ, համով հոտով ճաշարաններ, Նոթրը-Տամ եկեղեցին եւ այլն։ Այսինքն՝ Մոնթրէալ գացողը եթէ Հին Մոնթրէալի շրջանը չէ գացած, ուրեմն բան չէ հասկցած Մոնթրէալէն։ Գլխարկ, վզնոց, ձեռնոց, վերարկու՝ վերէն վար ծածկուած, ձիւնի փաթիլներուն տակ ձեռք-ձեռքի կը սահինք դէպի Սեն-Փօլ փողոց։ Ի՜նչ հաճելի է ձիւնի վրայ քալելը, բայց հաւանաբար ոչ այդ կնկան համար, որ իր մէկ մեթր կրունկով հազիւ կենալ կը յաջողի։ Լաւ որ քովինը փաթթեր է զինք, այլապէս…։ Կը դիտեմ անցորդները. ոմանք թեւանցուկ, վայելուչ ու հմայիչ, ոմանք առանձին, տոպրակ մը իրենց թեւին տակ՝ կը շտապեն։ Քիչ անդին, անկիւնը հաւաքուած շարքի կը սպասեն ճաշարան մը մտնելու։ Հազար ու մէկ վերարկուներուն մէջ աչքիս կը զարնէ մերկապարանոց աղջիկը. կ՚երեւի ան ալ փետրուարին ծնած է։
Գեղեցիկ են ցուցափեղկերը, մանաւանդ՝ ձմռան ամիսներուն։ Կաղանդի զարդարանքներուն ու գոյնզգոյն լոյսերուն վրայ հանգիստ բազմած են ճերմակները, դրոշմելով բնութեան անխուսափելի կնիքը։
Մեր քիթերը մեզ կ՚առաջնորդեն դէպի մեր նախընտրած ճաշարաններէն մէկը, Սեն Փոլի վրայ. քիչ մը սպասել կայ, սեղան չենք ապահոված բայց երկար չի տեւեր, կը վստահեցնէ քաղաքավար Փիեռ ու մեր վերարկուները կը ստանձնէ։ Վայրկեաններ անց, պատուհանին մօտ նստած, ճաշացուցակը կը կարդանք, մինչ կարմիր գինին կը հոսի գաւաթներուն մէջ։
Փոխուա՜ծ է. ամեն ինչ փոխուած է։ Ո՞ւր է փութինը։
— Օ՜ չեղաւ. առանց փութինի. քիչ անդին փութինի ճաշարանը կայ, երթա՞նք։
— Հիմա եթէ ելլենք ամօթ կ՚ըլլայ,— կ՚ըսէ աւելի փափկանկատ Յակոբը. առաւել՝ հոն փութինէն զատ բան չկայ։ Եկեր ենք հիմա, ընթրիք մը ընենք, եթէ տեղ մնաց փութին կ՚առնենք պանդոկ կը տանինք։
Կէս թթուած երեսով առաջին ումպը հազիւ առած՝ վրայ հասաւ Ազնաւուր։
Ձիւն, գինի եւ Ազնաւուր։ Ո՞վ կը համարձակի տեղէն շարժիլ հիմա. Աստծոյ դէմ մեղանչելու պէս բան մը։ Եկան լեցուն պնակները, գացին պարապները։ Քիչ մը թմրած ու Ազնաւուրով գինով՝ թեւ-թեւի՝ մտանք Մոնթրէալ Փութին։
Փութին. ուրկէ՞ բուսաւ՝ մարդ չի գիտեր, բայց խայտառակը համով է։ Կէս դարէ ի վեր Քեպէգի մէջ համբաւաւոր դարձած այս ուտելիքը հազար ու մէկ տարբերակի առիթ տուած է։ Պարզ է. առ գետնախնձորը, կտրտրէ, տապկէ, վրան աւելցուր իւղոտ հեղուկ մը՝ կրէյվի, վրան նետէ մակարդ պանիր, յետոյ ինչ որ սիրտդ ուզէ թափէ վրան. ես մակարդ պանիրէն յետոյ չեմ շարունակեր։ Ծանր, լիովին կշտացնող բան մը, մանաւանդ երբ արդէն ընթրիքդ ըրած ես. բայց երբ ախորժակդ ատոր համար սրած էիր, պիտի ուտես։

Առաւօտ կանուխ կ՚ուղղուինք դէպի Մոն Թրամպլան. որոշած եմ ներսը մնալ, այս պաղուն ձիւնի վրայ սահիլը գործս չէ։ Թէեւ սովորաբար սահիլը գործս չէ, բայց…։
Սուրճ, թէյ, կրակի բոցեր եւ… Մեծարենց. զիրար գրկած վերացած ենք։
Անօթեցայ։ Յակոբը որոշուած ժամուն հասաւ ու.
— Ի՞նչ պիտի ուտենք
— Չեմ գիտեր, դուն ինչ պիտի ուտես, բայց ես հոն ՊիվըրԹէյլզ (BeaverTails) մը տեսայ. հետն ալ փութին կայ, եթէ ուզես։
— Լաւ, ես հաւով սալաթ մը կը գտնեմ, թերեւս քու ՊիվըրԹէյլզէդ կտոր մը առնեմ յետոյ…
ՊիվըրԹէյլզ. բառացիօրէն եթէ մտածես, ախորժաբեր չէ։ Ջրաշան կամ կուղբի պոչ կը նշանակէ։ Ջրաշունը Գանատայի խորհրդանիշ կը համարուի։ Տասնամեակներէ ի վեր տեսակ-տեսակ համեմներով ու բաղադրիչներով պատրաստուած այս խմորեղէնը յատուկ վայրերու մէջ, փոքր կրպակներու պատուհանէն կը վաճառեն։ Հոտը կ՚առնես քիլոմեթրէ մը անդին ու պոչ կը բռնես։
Հանդարտ անկիւն մը կը փորձենք գտնել. արեւը մեր կռնակին՝ կրակարանի մը շուրջ, մեծ ու գունաւոր բազկաթոռներու վրայ կը բազմինք՝ ես ու պոչս, Յակոբն ու իր կանաչները։
Անդորրութիւնը երկար չի տեւեր սակայն. վրայ կը հասնի «մարեւ»ը։
— Ալօ՜, Թամար, խանգարեցի՞։
— Չէ բնաւ։
— Ե՞րբ պիտի առնէք գիրքերը…
— Այսօր չէ, վաղը առտու հաւանաբար, ճամբայ չելած։
— Նայէ, Յակոբին ալ հարցուր, քնէֆէ՞ կամ մանաիշ կամ… բոլորն ալ կայ. մենք իննին հոն կ՚ըլլանք։ Յետոյ արագ մը ցուցահանդէսին ալ կը մտնէք…

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *