Գորոնագրութիւն — ՄԻԵՒՆՈՅՆՇԱԲԹԻՆԵՐՈՒ ԹԱԽԻԾԸ

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

«Համավարակէն յետոյ» մը տակաւին չկայ: Չէր մտածուած այն ժամանակ, Ժահրի առաջին ալիքին գագաթնակէտային ժամանակներուն, երբ կարծես թէ անհրաժեշտ էր ապրուող տիսթոփիային գտնել Bred Easton Ellis-ի American Psycho-ի THIS IS NOT AN EXIT-էն տարբեր աւարտ մը:
Հարաւային կիսագունդին մէջ Դադար 2 է — Pausa 2. արժանթինցի լրագրող Hugo Alconada Mon-ի նոր լոյս ընծայած գրքի խորագրին հետեւումով (քսանհինգ անձնաւորութիւններու խորքային հարցազրոյցներու հաւաքածոյ մը, ուր անոնք կը խորհրդածեն Ժահրին բովէն անցած աշխարհի մասին): Երկրորդ ալիքը արդէն երկու ամիս է կ՚իջնէ, վարակուողներու եւ մահերու թիւերը կայունացած են ցած հարթակի մը վրայ, պատուաստի սատանայացում չէ եղած, ընդհակառակը, պատուաստումի պահանջարկ կայ, ինչ որ փաստ է որ հիւսիսի ամբոխներու ամենայիմարացած եւ բանականազուրկ հատուածներուն հակապատուաստ զառանցանքները արձագանգ չեն գտած դեռ-ոչ-այնքան-զարգացած հարաւին մէջ: Գարուն է, ամառուան զզուելի տօթին նախաճաշակը արդէն կը հրամցուի օր ընդ մէջ, բայց այդ մէկը լաւ լուր է:
Դիմակազերծման ազատագրական ժեսթը ժողովրդական չէ: Ամեն պարագայի թելադրելի չէ, ոչ ալ հետաքրքրական, առնուազն մարդատեաց հոգիներու համար, որոնք այնպէս ալ չեն հետաքրքրուած բնութեան ու տիեզերքի կենսաբանական այս զուգադիպութեան ամբողջով (միակ անձկութիւնը գոյութեան ալկորիթմացման եւ Ժահրի վերացափոխութեան մրցավազքին մէջ առաջինին յարաբերական դանդաղութիւնն է՝ ամեն ինչ թուայնացնելու ամեն ինչի ժահրաքալիփսէն առաջ. Metaverse-ը տակաւին նոր պիտի բարելաւէ Second Life-ը, որ, ըստ երեւոյթին, այնքան չհամոզեց մարդ արարածը իր կենսաբանական էութենէն անցնելու միւս կեանքին կամ անմահութեան):
Բջիջային պաստառին վրայ թուային յատուկ մատիտով կ՚արձանագրես «18.11.2021 համավարակէն ի վեր առաջին անգամ կը նստիմ Starbucks»: Համավարակէն առաջ չես յիշեր ե՛րբ էր վերջին անգամ առաւօտեան գրասենեակ հասնելէն առաջ հոն նստեցար: Այնքան բնական կը թուէր այն, որ արձանագրելու պէտք չկար. գրի կ՚առնէիր քանի մը տող, որոնք կրնային քերթուածանալ, կամ կը մնային հոն՝ ոչնչանալու համար մեծ մոռացութեան մէջ: Համավարակէն ի վեր առաջին անգամ նստիլ հոն, ուր ներկայութիւնդ արձանագրուած է մատուցողներու թէ իրերու յիշողութեան մէջ,— եւ զարմանալիօրէն դեռ չէ սրբուած…,— գիտակցի՞լն է արդեօք «նոր» բնականին: Փոփոխութիւնը ակնյայտ է նաեւ միւս ժեսթերուն մէջ՝ շաքարաման չկայ, ոչ ալ միւս ույտուրմաները, որ սթարպաքսուրճին մէջ կը խառնէիր որպէս Փանորամիքս քուրմին փոսիոն մաժիքին գերիրապաշտականօրէն իրական տարբերակը, եւ որ կը հրամցուին սուրճը խառնելու յատուկ փայտիկին հետ:
Դադար 2-ը կրնայ երրորդ ալիքին նախորդող պահը ըլլալ: Այնպէս ինչպէս առաջին դադարը, որ որպէս այդպիսին չբանաձեւուեցաւ այն ատեն, այսինքն՝ Ժահրի երկրորդ գալստեան նախորդող ամառուան ընթացքին, երբ կրկին բարձրացող ալիքի դաժան մահացութեան մասին ոչ իսկ կը մտածուէր: Մարմինները հիմա պատուաստուած են, կրկնակի, եւ ամեն մարդ կը սպասէ երրորդ սրսկման: Երրորդ ալիքը պիտի գայ կ՚ըսեն, բայց պիտի չըլլայ շանթահարիչ, առնուազն ոչ սպասուած Տելթա տարբերակին չափ, որ այնպէս ալ ուշացաւ աճելու եւ բազմանալու հարաւային կիսագունդին մէջ, քանի որ իրմէ նուազ զարգացած ու նուազ վարակիչ տարբերակը արդէն պլիցքրիկային աւեր մը գործած էր…
Կրնայ ըլլալ նաեւ, որ համավարակը արդէն տեղավարակի կը փոխակերպուի, ինչ որ «դադարին» կու տայ այլ զգայնութիւն. ապրիլ՝ ենթադրելով, որ համավարակ չկայ հակառակ դիմակներուն, ալքոլին, սոցիալական հեռաւորութեան ու հեռակայ աշխատանքային ռեժիմի որոշ շարունակականութեան, մէկ խօսքով՝ ապրիլ նոր նորմալով, եւ հանդիսատես ըլլալ այլուր, երրորդ, չորրորդ թէ հինգերորդ, ամեն պարագայի՝ «չպատուաստուածներու համավարակի» նոր թափին, մինչեւ որ այն հոս ալ հասնի:
Ժահրը եկած է մնալու, բայց յետհամավարակն է արդէն, «յետ»՝ բան մը որ չի վերջանար աւարտելէ եւ անորոշ նորը, որ չի կրնար անոր տեղը առնել: Հիմա արդէն իր հմայքը կորսնցուցած յետարդիականութիւնը այս գոյավիճակի իմաստասիրական բանաձեւման փորձն էր: Սպանացի Manuel Vilas իր նորագոյն վէպին՝ Los Besos-ի («Համբոյրները») լոյս ընծայման առիթով տուած հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ, թէ Աֆղանիստանէն ԱՄՆ-ի հեռացումը իր մէջ ունի շատ «յետհամավարակեան թախիծ»: Կը յիշես երեսուն տարի առաջ Francis Fukuyama եւ իր «Պատմութեան աւարտ»ի թեզը «Պաղ պատերազմին» յաջորդող աշխարհի մասին, ուր այլեւս գաղափարախօսական մրցակցութիւն չկայ, քանի Պատմութեան հեկելեան տրամախոհական զարգացումը եկած է ցոյց տալու, որ շուկայական յարաբերութիւններու եւ ազատական ժողովրդավարութեան տնտեսաքաղաքական զարգացման բնորդին այլընտրանք չկայ… եղեր։ Այդ յետպաղպատերազմեան աշխարհը, կ՚ըսէ Fukuyama իր յօդուածի աւարտին, պիտի ըլլայ ձանձրացուցիչ եւ թախծոտ:
Յետհամավարակեան թախիծը սակայն ձանձրոյթին թախիծը չէ, այլ՝ միեւնոյնշաբթիներու յաջորդականութեան շարունակականութիւնը, պատշգամին վրայ, ուր առիթը չես փախցներ վերադառնալու Vilas-ի վէպին, որ համավարակին մասին է, եւ Ժահրին, եւ ինքնամեկուսացման, բայց մանաւանդ վաթսունի մօտ արդէն յառաջացած տարիքին սիրոյ մասին, սիրելու, այսինքն՝ դպնալու արգելքի Օրուելեան մթնոլորտին մէջ հասկնալու, որ «ուրիշ մարմնի մը ցանկութիւնը միակ իրականն է այս աշխարհին մէջ: Միակ որոշիչը», ինչպէս կը գրէ հեղինակը Սերվանթէս կարդալով իր լոքտաունի ժամանակ:
Եւ կը մտածես այն գիրքերուն ու ժապաւէններուն մասին եւ միեւնոյնշաբթիներու իրերարայաջորդականութեան, եւ անոնցմէ առաջ,— եթէ «առաջ» մը կար երբեւէ,— այդ բոլոր տարիներուն, որ կերտեցին քեզ եւ թերեւս, թերե՜ւս, ալկորիթմացման քաղաքակրթական Մեծ Վերացափոխութեամբ քեզմէ ձգեն այն ինչ որ ես՝ «ոչինչ անանուն», ինչպէս վէպին զուգահեռ ընթերցուող գողտրիկ քերթուածը քեզ կը յուշէ այնքան մտերիմ:

Պուէնոս Այրէս

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *