Խմբագրութեան կողմէ

Համայն հայութեան համար ծանր եղաւ անցնող տարին։ Որպէս իր ժողովուրդին խօսնակը՝ գրողն ու արուեստագէտը պիտի արտայայտեն անոր իղձերը, վիշտերը, ուրախութիւնը, ցասումը։ 2021-ի այս վերջին թիւով կու տանք արցախաբնակ մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու գրիչին արգասիքը ներկայացնող մի քանի մտորումներ ու քերթուածներ, փորձելով լուսարձակի տակ առնել պայքարի առաջագծին ամենամօտ գտնուողներու կարծիքներն ու մտքերը, եւ ընթերցողին հասցնել համացանցային համայնակուլ ժխորին պատճառով ինքնստինքեան շրջափակման մէջ յայտնուած առողջ ձայները։

ՀՈՐԻԶՈՆ ԳՐԱԿԱՆ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *