Եգիպտականք

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Խմբագրութեան կողմէ. Նկատի ունենալով, որ այս գրութիւնը աւելի լաւ կ՚ընկալուի իր պատկերազարդումներով, ընթերցողին կը թելադրենք զայն կարդալ թերթի տպագրեալ օրինակէն։

Սիրելի՛ բարեկամներ,
Այսօր կը սկսիմ նոր բնաբան մը՝ եգիպտագիտութիւնը:
Որ շատ կը խօսի իմ սրտիս եւ որուն վրայ տարիներ աշխատած եմ՝ առանց մեծ արդիւնքի, որովհետեւ տարիքս չէր ներեր լրիւ ընկալելու նման նիւթ մը, որ շատ երիտասրդ՝ հազիւ 18-20 տարեկանի ուղեղ եւ յիշողութիւն կը պահանջէ: Իմս եղաւ ուշացած սէր մը, ըստ այսմ ալ՝ սորվածներուս 95%-ը մոռցած եմ:
Այդ բոլորէն մնացած են թանկագին պատառիկներ, որ կը բաժնեմ բոլորիդ հետ:

Եգիպտագիտութիւնը շատ ընդարձակ մարզ մըն է, որ կ՚ընդգրկէ՝
—Եգիպտոոսի պատմութիւնը՝ 3200 Քա. մինչեւ 390 Քե.(1),
—Եգիպտոսի կրօնքը,
—Եգիպտական ճարտարապետութիւնը,
—Եգիպտական գրականութիւնը,
—Նկարչութիւնն ու քանդակագործութիւնը,
—Եգիպտերէն լեզուն (իր տարբերակներով),
—Եգիպտական գիրերը (իրենց տարբերակներով):
Շատ քիչեր կը նուիրուին եգիպտագիտութեան, որովհետեւ… ան այլեւս փոր չի կշտացներ, սակայն այդ սակաւ նուիրուողները կը դառնան անոր ստրուկը ու այդպէս ալ կը մնան իրենց ամբողջ կեանքը. այսպիսիներէն թուենք՝ Jean-François Champollion, Karl Frédéric Lépsius (մեծ հայասէրին հայրը), Auguste Mariette (Եգիպտական թանգարանի հիմնադիրը), Gaston Maspero, Kurt Sethe, sir Alan Gardiner, Gustave Jéquier, Gustave Lefebvre, Howard Carter (Թութանխամոնի դամբարանին գիւտարարը), Lord Carnarvon (Հովարդ Կարտերը գործը ֆինանսաւորող անգլիացի մեծահարուստը) եւ ուրիշներ:
Մենք պիտի խօսինք մասնաւորաբար եգիպտական գիրերու մասին, որովհետեւ անոնք` այդ գիրերը, դարձան բանալին ամբողջ եգիպտագիտութեան, մանաւանդ անոնք են որ սկզբնապէս գերեցին ապագայ մասնագէտներու ու նուիրեալներու միտքն ու հոգին:
Յատկապէս այդ գիրերէն հնագոյնը՝ մեհենագիր տարբերակը (hyéroglyphes):
Ստորեւ նախաճաշակ մը, որ կու տայ Cliopadra (Կղէոպատրա) անունը: Ուրեմն կարելի է տառ առ տառ վերծանել գրութիւնը՝ լատինատառ արձանագրութեան առաջնորդութեամբ:
Սկսելու համար՝ ձախէն առաջին ուղղանկիւն-եռանկիւնը C կամ K տառն է, անոր տակը գտնուող առիւծը՝ L է եւ այսպէս շարունակ:

* * *

Եգիպտոսը հնագոյն ժամանակներէ սկսած արժանացած է զանազան տիրակալներու, պատմաբաններու, զբօսաշրջիկներու, այլեւ հասարակ մարդկանց հետաքրքրութեան՝ առանց թօթափելու այն թանձր քողը, որ կը ծածկէր իր ինքնութիւնը: Այդ ինքնութեան խորքը կը գտնուէին մեհենագրերը, որ է գրային համակարգը ընդհանուր առմամբ, որ անծանօթ կը մնար:
Թուենք թէկուզ Քա. Ե. դարու յոյն պատմաբան ու աշխարհագիր Հերոդոտոսը, որ շրջեցաւ ամբողջ երկիրը՝ հասնելով մինչեւ Վերին Եգիպտոս, ու այնքան հետաքրքրական տեղեկութիւններ կտակեց մարդկութեան ականատեսի իր գրիչով, սակայն ոչ մէկ բառ արձանագրած է ան եգիպտական գրային համակարգին մասին:
Հին կտակարանին մէջ կը գտնենք հատուկենտ ակնարկութիւններ կարգ մը փարաւոններու անուններուն, չհաշուած Յովսէփ Գեղեցիկի ու անոր յաջորդներուն աւելի քան հինգհարիւրամեայ կեցութիւնը Եգիպտոսի մէջ: Այս բոլորը եգիպտերէն ոչ մէկ տառի վերծանումին օգնած են:
Այդպէս ալ շարունակուեցաւ աւելի ուշ՝ հետագայ այցելուներուն կողմէ:
Եգիպտական գիրերը շարունակեցին առեղծուած մնալ:
Իսկ այդ գիրերը… ամեն տեղ էին. անոնք ողողած էին ամբողջ Եգիպտոսը, ուր ամեն կոթող, ամեն քար ու խիճ, ամեն շարժական ու անշարժ առարկայ ծածկուած էր գիրերով:
Ոչ մէկ մշակոյթ այնքան շատ կառչած է գիրին ու գրած է, որքան եգիպտականը:
Եգիպտացիին համար գիրով ու գիրին շնորհիւ է, որ իրերը կ՚իմաստաւորուէին, գոյութիւն կը ստանային ու կ՚արժանանային յաւիտենականութեան, որուն խորհրդանիշն էր գիրը, յատկապէս՝ մեհենագիրը:
Թութանխամոնի (Քա. 1341-1323) դամբարանէն դուրս բերուած մօտ 5000 առարկաներէն բոլորը կը կրեն արձանագրութիւն մը՝ արքայական գահէն սկսեալ մինչեւ կառքը, մահճակալը, բազկաթոռները, պահարանները, տուփերը, մուճակները, նետերն ու աղեղները, մատանիներն ու օղերը, ամաններն ու գաւաթները, դգալներն ու դանակները, մանեակներն ու ապարանջանները, տէգերն ու նիզակները: Արձանագրութիւններով ծածկուած էին դամբարանին պատերը, յատկապէս այն թաղման խուցին, ուր զետեղուած էր դագաղը՝ մէջը մոմիայով: Դագաղ ըսի, պէտք է ճշդենք՝ մոմիան պարփակուած էր մէջմէջի դրուած հինգ դագաղներու մէջ, որոնց երեսները ամբողջութեամբ ծածկուած էին ոսկեայ թերթիկներով՝ իրենց փորագիր արձանագրութիւններով, ընդհուպ մինչեւ վերջինը, որ ոսկեայ մարդակերպ դագաղ մըն էր, ձոյլ ոսկիով կերտուած, որ կը գրկէր մոմիան, նմանապէս արձանագրութիւններով ծածկուած:
Այս իւրայատուկ ու եզակի գանձը անվթար կը գտնէք Գահիրէի Եգիպտական թանգարանին մէջ, ուր յատուկ բաժանմունք մը յատկացուած է անոր:
Այս արձանագրութիւնները ունէին քանի մը տարբերակներ, որոնց պիտի յընթացս ակնարկուի. ամենէն տպաւորիչը մեհենագրերն էին, իսկ այդ դամբարանի բոլոր առարկաները արձանագրուած էին մեհենագրերով:
Գիտնանք տակաւին, որ Թութանխամոնի դամբարանը ամենափոքրն է փարաւոններու դամբարաններուն, ուր կը գտնենք տասնապատիկ, երբեմն քսանապատիկ աւելի ծաւալուն դամբարաններ, որոնք օրին յորդած եղած են ոսկիով եւ մեհենագրերով. ոսկին մեծ ագահութեամբ յափշտակուած է ժամանակի ընթացքին գանձագողերու կողմէ, իսկ արձանագրութիւնները… ըստ ամենայնի մնացած են:
Ամենածաւալուն արձանագրութիւնները կը գտնուէին բուրգերու ներքին սենեակներու պատերուն ու առաստաղներուն վրայ: Միւս կողմէ՝ անցնող քանի մը դարերուն գտնուած են, — ու կը շարունակեն գտնուիլ, — հարիւրաւոր՝ յարաբերաբար աւելի համեստ դամբարաններ եւս՝ մասթապա-ներ, որոնք նմանապէս կը յորդին արձանագրութիւններով. ասոնց մեծ մասը դիմում են առ աստուածները` խնդրելով փրկել ննջեցեալի հոգին եւ արժանացնել զայն յաւիտենական կեանքի, որ կը բնորոշուի ne?e? – նեխեխ մեհենագրով՝ :
Մեհենագրերու վերծանումը պիտի սկսէր 19-րդ դարու առաջին քառորդին:
Այդ սխրանքին ետին կանգնած էր Jean-François Champollion-ը, որ իր կարգին կը կանգնէր Ռոզեթեան կոչուած քարին վրայ, իսկ սա իր ետին ունէր… Napoléon Bonaparte-ը:
Այսպէս, ամեն բան սկսաւ… Նապոլէոնով:

* * *

Որ 19 մայիս 1798-ին Ֆրանսայի Թուլոն նաւահանգիստէն ճամբայ կ՚ելլէր հսկայական նաւախումբով մը, որ կը փոխադրէր 40 000 ցամաքային զինուոր, — ճիշդ Աղեքսանդր մեծի ունեցածին չափ, — եւ 10 000 նաւազներ: Այս աննախընթաց արշաւին կը միանային նորանոր նաւեր ֆրանսական այլ նաւահանգիստներէ՝ կազմելու համար 400 միաւորէ աւելի հաշուող ահռելի նաւատորմիղ մը, որուն առաքելութիւնը պիտի ըլլար գրաւել Եգիպտոսը՝ փակելու համար Հնդկաստանի ճամբան անգլիացիներուն առջեւ:
Այդ բանակին կ՚ընկերանային շուրջ 300 պատմաբաններ, ճարտարապետներ, նկարիչներ, բժիշկներ, լեզուաբաններ, ինչպէս նաեւ գիտութեան ու արուեստի այլ ներկայացուցիչներ:
Մայիսի 19-ին անոնք կը գրաւեն Մալտա կղզին եւ այնտեղ կը հաստատեն նոր վարչակազմ մը, իսկ յուլիսի 1-ին ոտք կը դնեն Աղեքսանդրիոյ նաւահանգիստը:
Այդ կեցութիւնը պիտի տեւէր մինչեւ 1801:

Հազիւ ոտք դրած եգիպտական հողի վրայ՝ ֆրանսացիներու առաջին գործը եղաւ Աղեքսանդրիոյ ափին կառուցել արդիական նաւահանգիստ մը, եւ առ այս բանուորները սկսան քար կրել դէպի ծովափը: Ձեռք բերուած քարերէն մէկը ունէր արտասովոր կառոյց մը. անոր մէկ կողմը բոլորովին ողորկ էր եւ կը կրէր անծանօթ արձանագրութիւններ, ուր յստակօրէն կը զանազանուէին երեք տարբեր ոճեր: Դժուար չեղաւ հաստատել, որ ստորին շերտը հին յունարէն էր, իսկ այնտեղ ներկայ լեզուաբանները միւս երկու շերտերուն մէջ իսկոյն ճանչցան եգիպտական գիրերու երկու տարբերակներ՝ բուն մեհենագրերը (hyéroglyphes) եւ աւելի ուշ ժողովրդականացած բոլորգիր տարբերակը, որ օրին յոյները կոչած էին demotika, այինքն՝ ժողովրդագիր կամ ռամկագիր (demos = ժողովուրդ, ռամիկ):
Արշաւախումբը եւ առաջինը Նապոլէոն ինք խոր յուզումով կ՚անդրադառնային, թէ դէմ-յանդիման կը գտնուէին պատմական աննախադէպ գտածոյի մը:
Քարին գտնուած վայրը կը կոչուէր Rachid, եւ քարն ալ ֆրանսական բերնի մէջ աղաւաղուելով կոչուեցաւ Rosetta կամ Pierre Rosetta, այսինքն՝ Ռոզեթեան քար:
Նկարիչները իսկոյն գործի անցան եւ թուղթի վրայ ընդօրինակեցին ու բազմագրեցին քարին արձանագրութիւն(ներ)ը: Եւ… բարեբախտաբար:
Քանի քիչ անց վրայ հասաւ անգլիացի ծովակալ Նելսոնը, մեծ վնաս հասցուց ֆրանսական նաւատորմիղին, իւրացուց ֆրանսացիներու ձեռքբերումները, որոնց կարգին… Ռոզեթեան քարը, որ այնուհետեւ սեփականութիւնը դարձաւ Բրիտանական թանգարանին, Լոնտոն, ուր եւ կը մնայ ան մինչեւ այսօր:
Այս արշաւանքին մնացեալ հանգամանքները չեն մտներ մեր սերտողութեան մէջ. փափաքողները կրնան դիմել համացանցին, ուր ան պատմուած է մանրամասնօրէն:

* * *

Արձանագրութեան բովանդակութիւնը մասնաւոր հետաքրքրութիւն չի ներկայացներ. ան հրամանագիր մըն է, որ հրապարակուած է 196-ին (Քա.) օրուան յոյն փարաւոնին՝ Պտղոմէոս (Ptolռmռ-Ptolmis) Ե.-ի կողմէ: Քարին չափերն են 112,3 x 75,7 սմ մակերեսով, պազալթանման զանգուած մը, որ կը կշռէ մօտաւորապէս 760 քկ:
Այս կոթողը (տեսնել ստորեւ), ինչպէս նկատելի է, շատ վիրաւոր է. անկէ անջատուած են բազմաթիւ կտորներ՝ իրենց ետին ձգելով ընդամենը 14 տող մեհենագիր, 32 տող ռամկագիր (ամենաամբողջականը տողերու երկարութեան տեսակէտէ) եւ 54 տող յունագիր ոչ-ամբողջական հատուածներ:
Հակառակ այս բոլորին՝ ան կը հանդիսանար թանկագին գործիք մը, որուն ճիշդ օգտագործումէն կախեալ էր ակնկալուած յաջողութիւնը: Որուն լծուեցան շատեր, եւ որոնց մէջ յատուկ յիշատակութեան արժանի դաձաւ Champollion-ը:
Անոր յունական շերտի թարգմանութիւնը տեղի ունեցաւ 1803-ին, իսկ եգիպտական շերտի գոհացուցիչ թարգմանութիւնը պիտի սպասէր 20 տարի եւս, եւ զայն կատարողը պիտի ըլլար նոյն ինքն Շամպոլիոնը՝ 1822-ին:
Մինչ այդ Եգիպտոսի տարածքին գտնուեցան վերոնշեալ հրամանագրի նմանակին կտորտանքները, ինչպէս նաեւ գտնուեցան այլ երկլեզուեան բնագրեր, որոնց բոլորին գիտական համբերատար օգտագործումով ծնունդ առաւ եգիպտագիտութիւնը:

* * *

Շամպոլիոն, գերօժտուած մանուկ մըն էր, որ ծնած էր 1790-ին, Figeac, Lot` հարաւային Ֆրանսա: Եղբօրը քաջալելանքով եւ օժանդակութեամբ ան նուիրուեցաւ լեզուներու ուսումնասիրութեան: Անչափահաս պատանի՝ արդէն կը խօսէր ու կը գրէր լատիներէն, հին յունարէն, եբրայերէն, արաբերէն եւ… ղպտերէն. այս վերջինը սորված էր ՝ դիւրացնելու համար վերծանումը հին եգիպտերէնի, որ իր բոլոր ճիգերուն կիզակէտն էր եւ որուն մէկ բարբառն էր ղպտերէնը:
Անոր գիտելիքները կատարելագործելու համար՝ եղբայրը զինք կը տանի Փարիզ, ուր երկու տարի Collège de France-ի մէջ կը հետեւի լաւագոյն լեզուաբաններու դասերուն:
Եւ այնուհետեւ ան կը նուիրուի իր մեծ երազին՝ մեհենագրերու վերծանումին:

(Շարունակելի)
Պէյրութ

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *