Տուր ինծի սրինգը եւ երգէ՛

ՍԻՒԶԱՆ Խ.

Ամբողջ օրը այսօր կը թափառէի մտքովս երկու տեղ։
Ահաւոր կարօտ ունիմ Փարիզի հանդէպ… կամ ալ փարիզեան երիտասարդ տարիներու անվերջանալի թուացող ժամանակին կարօտ. ամեն բան դեռ կարելի էր, ամեն երազ, ամեն սէր հնարաւոր էր, անկուշտ ապրելու օրեր էին։
Քաղաքի որոշ փողոցներով կը սլքտամ, խենթենալու չափ սիրելի, խենթենալու չափ տհաճ, կլանուած սիրով , բուռն զգացումներով, դժուարութիւններով եւ յաջողութիւններով. երկար շարք մը յուսախաբութիւններու, որոնք հիմա կ՚անհետանան քաղաքին ընծայած լուսաւոր պահերուն դիմաց։
Ինքնավստահ էի, բայց հիմա կը դիտեմ ու հեռուէն կը տեսնեմ երիտասարդ աղջիկ մը պատրաստ ամեն խենթութեան, պատրաստ շուռ տալու գրուած ու չգրուած բոլոր օրէնքները…. վախերու կծիկ մը սրտին պատէ-պատ զարնուելու պատրաստ, եւ մանաւանդ կը յիշեմ սիրոյ հարուածները հակակշռելու ճղճիմ փորձերս։
Փարիզ կը սիրեմ քեզ ի խորոց ստի…

Յետոյ միտքս կ՚երթար ու կու գար Լիբանան. յատկապէս բնութիւնը, որ հիմա աւելի ու աւելի կը գնահատեմ։ Կեանքը բնութիւնն է, բնութիւնն ու մենք շաղկապուած ենք հազարաւոր թելերով, ջուրէն մինչեւ ծառ ու մինչեւ Պէքաայի դաշտերուն հովերն ու անտանելի տապը. միտքս կու գան մեծ մօրս ամառատունը, թզենիներու եւ խաղողի պարտէզները. առաւօտեան մշուշին մէջ կը վազեմ պարտէզ՝ թուզ քաղելու համար, ձեռքիս բարակ-կլորակ հաց ու պանիր. երկար փաթթոց մը ընել, ու շարունակել թռչկոտիլ, վազել, վազել. այս յուշերը մանրուքներ կրնան ըլլալ. սակայն կարծես հիմա էութեանս առանցքը կը կազմեն։ Մեծ բանաստեղծ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի քերթուածը/երգը շրթներուս վրայ է ժամերէ ի վեր. հոն է ամեն ինչ. հոն է տունը, դաշտը, հացը, ջուրը եւ տխուր սրինգը.

«Տուր ինծի սրինգը եւ երգէ,
քանզի երգը գաղտնիքն է գոյութեան
քանզի սրինգի ձայնը կը մնայ
երբ կ՚աւարտի ինքը՝ գոյութիւնը.
քո՞ւ համար նաեւ անտառը տուն է
դուն մտե՞ր ես այս վտակի ջուրը,
ինչպէս ես
բարձրացե՞ր ես ժայռերը
լողացե՞ր ես անոր բոյրերուն մէջ
թաց մարմինդ չորցուցե՞ր ես անոր լոյսին տակ
փորձե՞ր ես արշալոյսի գինին խմել
աստուածային բաժակներով
նստե՞ր ես, ինչպէս ես, միջօրէին
խաղողի ողկոյզներուն միջեւ
ոսկի ջահերու պէս
կախուած
պառկե՞ր ես, ինչպէս ես,
գիշերը խոտին վրայ
երկինքը որպէս հսկայ վերմակ
ու մոռնալ գալիքը
մոռնալ անցեալը.
տուր ինծի սրինգը եւ երգէ՛
Մոռցի՛ր հիւանդութիւն ու դեղ
Քանի որ ես ու դուն սոսկ տողեր ենք
ջրով գրուած »

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *