ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ազնիւ

ՄՂՁԱՒԱՆՋ

Մթնշաղ է.
Թաղը անծանօթ.
Մտամոլոր կ՚անցնիմ ճամբաներէն։
Սէրս կը փնտռեմ,
Չեմ գտներ։
Արագ-արագ կը քալեմ,
Մէկը կը հետեւի զիս
Կը կարծեմ.
Կը դառնամ,
Բայց չեմ տեսներ։
Մութը կը բանայ թեւերը
Ու կրքոտ հայեացքով
Կ՚անցնի անձնութեանս ընդմէջէն։
Քիչ մը անդին
Աղոտ լոյսեր կ՚երեւին,
Փախչիլ կ՚ուզեմ,
Բայց չեմ կրնար
Դէպի լոյսերը կը յառաջանամ,
Սիրտս կը բաբախէ…
Սակայն չեմ յանձնուիր…
Գիտեմ հո՛ն է յուշերուս արքան։
Գինովի պէս ներս կը մտնեմ
Առանց դուռը թակելու,
Ա՜հ, ի՞նչ տեսնեմ…
Խառնիխուռն վիճակ,
Բոլորն ալ հարբած,
Կը համբուրուին յափշտակուած։
Բայց ես, դեռ կը փնտռեմ…
Սպասումս արցունքներով կը ցօղեմ,
Եւ վերջապէս…
Վերջապէս կը նկատեմ,
Կը մօտենամ,
Ո՜չ. ինքը չէր…
Կը նմանէր։
Հոն ուրիշ մը ապշած նստած
Հուրիները կը դիտէ…
Այո, ի՛նքն է։
Խորունկ շունչ մը կը քաշեմ։
Հազիւ ձեռքերս երկարած
Դէմքն ափերուս մէջ կ՚առնեմ,
Շրթունքներուն կը մօտենամ
Կամաց-կամաց, որ համբուրեմ…
Ընդո՛ստ, աչքերս կը բանամ.
Անկողինիս մէջն եմ։
Սիրակարօտ երազ էր…
Ա՜հ, բայց ինչո՞ւ երազ էր։
Երազ էր…

20 յունիս 2025

ՈՐՏԵ՞Ղ ԵՍ ՀԻՄԱ

Սիրելիս, որտե՞ղ ես հիմա
Չէ՞ որ խոստացար
Զիս տանիլ հեռու հեռաւոր
Դէպի ծովափն կախարդական.
Ամիսներ անցան…
Բայց դուն չեկար.
Ես գացի մինակ եւ տեսայ
Թէ ինչպէ՞ս
Փրփրադէզ ալիքները
Կը զարնուէին ծովու ափին,
Իսկ տաքուկ արեւը
կը լողար այնպէս չքնա՜ղ
հորիզոնին վրայ։
Միթէ յոգնե՞ր ես արդէն,
Թէ բանտեր են քեզ
Ուրիշ օտար կամարներ.
Չէ՛, չեմ հաւատար,
Կը յիշեմ ծարաւ շրթներդ
Եւ տարփանքը սրտիդ,
Որ կը զգայի ատեն-ատեն,
Երբ միասին կը վայելէինք
Աւազը ոսկեգոյն։
Արեւը կը սուզուէ՜ր յատակը ծովուն
Վերջալոյսը կը մօտենար…
Աղմկոտ հեքիաթ մը պատած էր հոգիս
Բնութեան մէջ, գիրկն էին անեզրութեան։

ԱՇՈՒՆ Է

Իրիկնամուտին կը քալեմ մինակ,
Աշնան ցուրտ քամին
Տարտղնեց փափուկ մազերս ճերմակ,
Շոյո՜ղ էր, շոյո՜ղ,
Կարօտի շունչ կար,
Կանչ մը անսովոր։
Դող անցաւ մարմնէս
Բարի ու սիրող։
Գիշերը հասաւ անուշ երազով,
Ու թաց մայթերէն
Հաւաքեց տարաւ ձայները բոլոր։
Անհուն խորհուրդ է
Գիշերը անդորր։

ԵՐԱԶ

Վերջալոյս էր.
Արեւը ցրուեց
Ոսկեգոյն փոշին.
Լուռ կը դիտէի
Անեզր երկինքը.
Երազ էր կարծես,
Յուշ էր թաւշեայ.
Իմ արեւ, իմ կեանք,
Կ՚ուզէի բռնել
Ձեռքերդ մոգիչ
Բայց իմ մօտս չես.
Դուն հեռու ես միշտ,
Ձայնդ կը զնգայ
Յաւերժ ականջիս.
Ու հեքիաթի պէս
Կ՚երգես գարունը,
Եւ մեր ուշացած
Սէրը խելագար։
Ինչպէս հասնիմ քեզ
Հեռաւոր իմ սէր,
Մնալ կարօտով
Ու միշտ ալ անհաս։

ԾՈՎԱՓԻՆ

Ծովեզերքն եմ։
Նստած եմ աւազին վրայ.
Կը գծեմ հորիզոնը ոսկեվառ
Ու կը սպասեմ իր դարձին.
Կը սպասեմ յամառ։
Ծովը խաղաղ է այսօր,
Արեւը ոտաբոպիկ իջաւ ջուրը
Եւ սուզուելով մայր մտաւ։

Անահմբեր եմ,
կը փնտռեմ զինք ինչպէս միշտ։
Ինք գիտէ
Նաեւ ես,
Որ կը սպասենք մենք զիրար։
Լոյսը հաւաքեց փէշերը
Եւ ես մնացի մինակ։
Մեղեդի մը կու գայ ականջիս։
Հեռուէն, շատ հեռուէն
Զիս կը կանչէ կը կարծեմ,
Խելառի պէս եմ արդէն.
Լռութեան մէջ կը շրջիմ։
Ալիքներուն ծափը
Նուագի պէս կը հպի
Ու կը յիշեմ
Առաջին համբոյրն անոր,
Որ շփոթի մատնեց զիս,
Ու երկա՜ր, շատ երկա՜ր,
Մնացի տենչանքիս մէջ…
Ակնթարթը սուրբ էր,
Բայց ինք չեկաւ…

1 յուլիս 2025

ԱԼԻՔՆԵՐԸ

Ալիքները բերին բերին
Մարգարիտները յատակին.
Կ՚ուզեմ հպիլ փրփուրներուն,
Զգալու երանգն անուրջներուն։

Ալիքները դեռ կը խօսին
Երեկի համբոյրներու մասին
Ու հեքիաթներ կը պատմեն
Սիրոյ տարփանքի ճամբին։

Մեծ-մեծ ալիքներ
Թեւերնին բացած
Կը մօտենան հակիլ
Ոտքերուս բոպիկ
Ու կ՚ոռոգեն զիս աւազին վրայ,
Կարօտը անծայր
Լսելու ծովու յատակին,
Մռունչը գաղտնի։

6 յուլիս 2025

ՍՊԱՍՈՒՄ

Թէ հեռու ես,
Գուցէ զբաղուած,
Ես քեզ կը սպասեմ։
Եթէ հեռանաս
Անձայն, անշշուկ,
Դեռ քեզ կը սպասեմ։
Ա՜խ թէ հեռանաս,
Առանց համբոյրիս
Նո՛ր քեզ կը սպասեմ։
Իսկ թէ մոռնաս զիս
Դեռ քեզ կը սպասեմ։
Եթէ բոլոր լոյսերս քեզ տամ
Ու անլոյս մնամ
Սէր իմ, կը սպասեմ.
Միայն թէ դուն գաս
Կարօտս վառես
Քեզ միշտ կը սպասեմ։

5 յուլիս 2025

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *