Մեր հին թաղը խայտաբղէտ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Նուէր՝ Արամ Հայկազի յիշատակին

Մթերքի մեր գերշուկան էինք, դուրս ելլելու պահուն կինս յիշեցուց, թէ լաւ կ՚ըլլար քիչ մը գումար քաշէինք մեր հաշիւէն, քանի որ եկող շաբաթ տունը մաքրողը պիտի գար, վճարելու դրամ պէտք է ըլլար մեր քով։
Ելքին մօտ զետեղուած դրամաբաշխ յատուկ սարքը չէր գործեր։ Կ՚երեւի պարպուած էր։ Դիմեցի մօտակայ արկղակալուհիին, որ սպիտակ մազերով, մշտաժպիտ ու ազնիւ ֆրանսուհի մըն է, մեզի հինէ՜ն ծանօթ։ Ինքն ալ եկաւ ստուգելու, դրամատան քարտս դարձեալ ներմուծեցի գործիքին մէջ, դարձեալ ի զուր։ «Եկուր, արկղէս տամ», ըսաւ։ Բացաւ, տեսաւ իր քով ալ շատ բան չկար, քանի որ գնորդները ընդհանրապէս քարտերով կը կատարեն իրենց վճարումները։ Դիմեց քիչ անդին գտնուող երիտասարդ արկղակալուհիին, բացատրեց որ ի՛նչ է ուզածս։ Այս վերջինին առջեւ երկու հոգի շարքի կը սպասէին, ես ալ գացի անոնց ետեւ համբերութեամբ սպասելու։ Ի վերջոյ դրամատուն երթալէն նախընտրելի էր այստեղ արագ կատարել մեր գործողութիւնը։ Կինս, մնալով ելքին մօտ, ինծի կը նայէր, կը զգայի որ ա՛լ քիչ մըն ալ անհամբերութիւն կար նայուածքին մէջ։
Քիչ ետք դադրեցաւ իմ կողմս նայելէ, կ՚երեւի մէկու մը հետ խօսքի բռնուեր էր։ Առնելիքս առի, միացայ իրեն ու ի՞նչ տեսնեմ. մեր նախկին թաղէն երկու դրացուհիներ էին, որոնց հետ կը զրուցէր ան։ Բարեւեցի, թէեւ սկիզբը անմիջապէս չճանչցայ դնչակալուած դէմքերը, սակայն երկուքին ալ աչքերէն հասկցայ թէ Հելէնն ու Ժանինն էին։
* * *
Հելէնը, որ մեր դիմացի տունը կը բնակէր, յունական ծագումով, Պրազիլիայէն ներգաղթած, կոլֆ խաղալ սիրող հնդիկ ճարտարագէտի մը կողակիցը դարձած, «նախ տխուր լուրերը տամ», ըսաւ։ Իրմէ գիտցայ, որ Ժանինին ամուսինը՝ Միշելը, վեց ամիս առաջ մահացեր էր, «Էրիքն ալ հիւանդ է»։
— Լուքեմիա ունի, — աւելցուց Ժանին՝ ակնարկելով զաւկին վիճակին։
Միշե՜լը։ Մեզմէ երկու տուն անդին էին ֆրանսայէն գաղթած այս զոյգը։ Մի՜շտ կ՚երազէր օր մը վերադառնալ իր ծննդավայրը, բայց քանի որ իրենց զաւակը հոս ծնած-մեծցած էր ու չէր ուզեր իրեն անծանօթ երկիր մը երթալ ու նոր կեանք մը սկսիլ, մայրն ալ չէր ուզեր հեռանալ այստեղէն։ Միշել՝ այդ բարձրուղէշ ու ներկայանալի մարդը, որ վարպետ ու մասնագէտ արհեստաւոր էր, վերջին տարիներուն հանգստեան էր կոչուած՝ բազմաթիւ տկարութիւններու պատճառաւ, սակայն բոլորիս կը հասնէր, ի՛նչ որ շտկելու պէտք ունենայինք՝ կու գար ձեռքովը կ՚ընէր գործը, սիրայօժա՛ր։ Ինքն էր, որ մեր խոհանոցի պատուհանին ճաղեր անցուց, որպէսզի գողեր անգամ մը եւս չկարենան դիւրութեամբ սողոսկիլ մեր բնակարանէն ներս։ Այդ պատուհանէն ու ետեւի մեր պատշգամէն կինս կը հետեւէր մեր աղջիկներուն, երբ կ՚երթային յարակից զբօսայգին՝ Քարինին ու իրենց այլ տարեկիցներուն հետ խաղալու։
— Հիմա լաւ լուրը տամ, — ըսաւ Հելէն, — միշտ YMCA լողալու կ՚երթամ։
Ան ուրի՜շ յիշատակներ արթնցուց։ Մեր այդ տանը մօտ էր մարզարանը, նոյնիսկ քալելով կարելի էր երթալ երբ օդը կը ներէր։ Ես ալ հոն կ՚այցելէի շաբաթը երկու անգամ՝ երկայնք լողալու համար։
— Շատ մաքուր է։ Միւս բաժինները չեն բացած այս համաճարակին պատճառաւ, սակայն լողաւազանը կը գործէ, ժամադրութեամբ է, քիչ մարդ ներս կ՚առնեն, միայն անդամները։
Քիչ մը եւս շարունակուեցաւ մեր խօսակցութիւնը, գիտցանք որ մեր շարատուներու այդ շարքին մէկ այլ բնակիչը՝ ծերուկ չինացին, ա՛ն ալ մահացեր էր։ Ի՛նչ հոգածութեամբ կը մշակէր իր ետեւի բակը, ուր տեսա՜կ-տեսակ բանջարեղէններ ու ծաղիկներ կը հասցնէր։ Միշտ չինական մարզանքներ կ՚ընէր, հակառակ որ քալելու դժուարութիւն ալ ունէր։ Յատուկ մարդատար մը կու գար ամեն օր զինք տանելու ու քանի մը ժամ ետք վերադարձնելու համար։ Կ՚երեւի ակումբ մը կ՚երթար ու տարեկիցներու հետ ժամանակ կ՚անցընէր, կամ ալ գուցէ հիւանդանոց՝ դարմանուելու։ Պատմուածքներուս հերոսներէն մէկն էր եղած, անմահացա՜ծ, առանց որ գիտնայ այդ։ Կը յիշէ՞ք, երբ ձիւնածածկ ինքնաշարժիս դուռը կը փորձէի բանալ, ինք իր պատուհանէն ձեռքով-ոտքով նշան ըրաւ, որ նոյն գոյնը բայց սխալ ինքնաշարժ մըն էր այդ մէկը, իմս աւելի անդին էր… Յարութը իր դասագրքերու շարքին ներառած էր այդ գրածս։
Յիշուեցան Միշելենց ու մեր միջեւ վերջին տարիներուն բնակող մեր չինացի դրացիները. այրը նոյնպէս վարպետ գործաւոր էր, ամեն ինչ ինք կը սարքէր։ Կառատան մտնուղին ի՛նք նորոգեց ու սալիկները զետեղեց այնպիսի ճշգրտութեամբ, որ նոյնիսկ այդ գործով զբաղող կապալառուները չեն յաջողիր կատարել երբեմն։ Իր երկու մանչերը մեր աչքին առջեւ կրթեց՝ սորվեցնելով ըլլալ կարգապահ, քաղաքավար, տան գործերուն մասնակից։
Վերջապէս մեր միւս կողմի դրացները, որոնց կինը պուրմացի էր, ամուսինը չին, արուեստագէտ, նկարիչ ու յաճախ անգործ, որոնց կու տայինք մեր աւելորդ իրերն ու կարասիները, որոնց աղջիկը քեպէգցի տղու մը սիրահարեցաւ ու ի վերջոյ գնաց անոր հետ կենակցելու, մինչ ծնողքը ամուսնալուծուեցան։ Մէկ տուն ալ անդին Օլիվիան էր, ազնուական ճամայքուհի մը, որուն յաղթանդամ մարզիկ զաւակը ուրիշ նահանգ փոխադրուեցաւ, բայց պարբերաբար կու գար մօրը այցելութեան։
* * *
Ապա իրարմէ հրաժեշտ առինք, մթերքով լեցուած մեր սայլակները քշեցինք, տոպրակները զետեղեցինք մեր ինքնաշարժներու բեռնախցիկը ու վերադարձանք տուն։
Բայց այդ քանի մը վայրկեաններու ընթացքին ամբողջ չորս տասնամեակի մեր կեանքը անցաւ մեր աչքերուն առջեւէն, այդ թաղին մէջ, որ մեզի հետ մեծցաւ ու զարգացաւ։
Ի՜նչ դրացիներ ունեցած ենք այդ տարիներուն, ի՜նչ թաղեկիցներ՝ այդ խայտաբղէտ թաղին մէջ. բազում հայեր, չինացիներ, քեպէգցիներ, եգիպտացիներ, իտալացիներ եւ այլն, եւ այլն։ Միացեալ ազգերու կազմակերութիւն ըլլայինք կարծես։ Փոքր տարակարծութիւններ, անհանգստութիւններ կը պատահէին, բայց բախտաւոր էինք, որ կրցանք ապրիլ համերաշխ ու խաղաղ, փոխադարձ յարգանքով ու յաճախ իրարօգնութեան փոխադարձ պատրաստակամութեամբ։
Այո, պատահական հանդիպում մը ի՜նչ մոռցուած էջեր կը բանայ յիշողութեանդ մատեանին մէջ։
Եւ կարելի չէր չյիշել ողբացեալ Արամ Հայկազը, որուն թաղեկիցներուն ալ ծանօթացեր ենք ի՛ր պատմուածքներուն ընդմէջէն…

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *