ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
ԱԶԱՏ ՇԱՐԱԴԱՍՈՒԹԻՒՆ
Շարադասական այն ազատութիւնը, որուն ակնարկեցինք նախորդիւ, չի վերաբերիր միայն ենթակայ-ստորոգիչ հերթագայութեան, այլ ան շատ աւելին է: Այս ցոյց տալու համար առնենք միջին ծաւալով նախադասութիւն մը, որ ենթակայէն ու ստորոգիչէն բացի օժտուած է բայական երկու (վարդին ու բոյր մը) եւ գոյականական մէկ՝ (հաճելի) լրացումներով.
ա. Բնութիւնը հաճելի բոյր շնորհած է վարդին:
Տեսականօրէն՝ այս հինգբառանի նախադասութիւնը կարելի է գրել 1x2x3x4x5=120 տարբեր շարադասութեամբ, որոնց բոլորն ալ ընդունելի չեն լեզուականօրէն, բայց բաւական կարեւոր թիւ մըն ալ ընդունելի է. բերենք քանի մը նմուշներ:
բ. Բնութիւնը վարդին հաճելի բոյր շնորհած է:
գ. Հաճելի բոյր շնորհած է բնութիւնը վարդին:
Շարադասական այս ազատութիւնը յատուկ է հոլովառու լեզուներուն, ուր նախադասութեան առարկայանիշ անդամներու շարահիւսական իմաստը կ՚ընկալուի շնորհիւ անոնց կրած հոլովներուն: Մինչ հոլովէ զուրկ լեզուներուն մէջ շարադասական կայուն դիրքերու շնորհիւ է, որ կը բնորոշուի բառերուն կատարած պաշտօնը նախադասութեան մէջ, եւ այս պատճառով ալ այդ դիրքերը անհպելի, անփոփոխելի են:
Այս ընթացքով՝ ֆրանսերէնը, իտալերէնը, անգլերէնը, սպաներէնը… դատապարտուած են մեր ա. օրինակը ներկայացնել միայն մէ՛կ շարադասութեամբ, թերեւս մէկ-երկու ճղճիմ ու բռնազբօսիկ այլազանութեամբ, մինչդեռ իրենց հեռաւոր մայրը՝ լատիներէնը, որ հոլովառու էր, ազատօրէն կրնար խաղալ իր շարադասութեամբ. այսպէս, օրինակ՝
— Natura rosae iucundum odorem dedit.
Այս շարադասութեամբ ան կը նոյնանայ մեր բ. օրինակին, սակայն կարելի է սա եւս ազատօրէն փոփոխել ու ստանալ մեծաթիւ ընդունելի տարբերակներ:
Ենթադրելի է, թէ նոյն ազատութեամբ օժտուած են բոլոր հոլովառու լեզուները:
ՊԱՐՏԱԴԻՐ ՇԱՐԱԴԱՍՈՒԹԻՒՆ
Այսուհանդերձ հայերէնի շարադասութեան այս համատարած թուող ազատութիւնը ունի կաշկանդումներ, որոնք ի յայտ կու գան, երբ ենթական եւ ստորոգիչը կ՚օժտուին լրացումներով:
ա) Ենթակայի (որ է նաեւ որեւէ գոյականի) լրացումներ
Հայերէնի մէջ ենթական կամ նախադասութեան գոյականական որեւէ անդամ կրնայ ունենալ երեք լրացում՝ որոշիչը, յատկացուցիչը եւ բացայայտիչը: Օրինակ՝
«Թորոսին անփորձ եղբայրը՝ Մարկոսը, ճամբորդեց»:
—Թորոսին՝ սեռական հոլով յատկացուցիչ «եղբայրը» ենթակային,
—անփորձ՝ որակական ածական՝ որոշիչ «եղբայրը» ենթակային,
—Մարկոսը՝ բացայայտիչ «եղբայրը» ենթակային:
Որոշիչ
Որոշիչը խօսքի որեւէ մաս է, որ, դրուելով գոյականին վրայ, կը բնորոշէ կամ ցոյց կու տայ անոր որեւէ մէկ յատկութիւնը. օրինակ՝ «աշուն» գոյականին կրնանք տալ հետեւեալ որոշիչները՝ ոսկի աշուն, պայծառ աշուն, այս աշունը, մէկ աշուն, ուշացած աշուն, վաղ աշուն եւ այլն. շեղով բառերը որոշիչներ են «աշուն» գոյականին, որ «որոշեալ» կը կոչուի:
Գրաբարի մէջ որոշիչի շարադասութիւնը առհասարակ ազատ էր արձակի թէ ոտանաւորի մէջ, սակայն ընդհանրապէս նախընտրութիւնը կը տրուէր յետադաս որոշիչին, օրինակ՝ աշխարհ հեռաւոր, քաղաքս այս, որդիք երկու, մշակք լիացեալք եւ այլն:
Աշխարհաբարը ունի իր իւրայատկութիւնները:
Արձակի մէջ որոշիչը դարձաւ նախադաս լրացում, եւ այս շարադասութիւնը շատ կայուն է, մանաւանդ եթէ կազմուած է մէկ բառէ, ինչպէս տեսանք օրինակներով: Սակայն երբ նոյն գոյականը ունի մէկէ աւելի որոշիչներ կամ եթէ որոշիչը կազմուած է մէկէ աւելի բառերով, այսինքն՝ բառակապակցութեամբ մը, ապա կարելի է դիւրաւ շրջել ու տանիլ զայն գոյականին ետեւը. օրինակ՝
—Ի՞նչ հիւանդութիւն է այս՝ անծանօթ ու անհանդուրժելի (Շաւարշ Նարդունի):
—Հայրս՝ այն ատեն քառասուն տարեկան, բարեկամի մը տան մէջ հանդիպեր էր մօրս՝ տասնութամեայ դեռատի աղջիկ… (Զապէլ Եսայեան):
Յետադաս որոշիչները բութով մը կը տրոհուին որոշեալ ենթակայէն կամ գոյականէն:
Իսկ ոտանաւորի մէջ ազատ է շարադասութիւնը, եւ կարելի է ըսել, որ յետադաս որոշիչը շատ փնտռուած է իր ոճական արժէքին բերումով. օրինակ՝
—Կը սիրեմ անոնց նիւսը բիւրածալ,
Ռունգերնին տամուկ, բիբերնին խոշոր,
Ուր կայ դաշտերուն երազն անայլայլ (Դ. Վարուժան):
—Սիրում եմ մեր երկինքը մուգ, ջրերը ջինջ, լիճը լուսէ,
Արեւն ամռան ու ձմեռուան վիշապաձայն բուքը վսեմ… (Ե. Չարենց):
—Մայրս ունէր ձեռներ բարակ, մոմէ մատներ՝ երկար ու նուրբ (Վ. Տէրեան):
Նկատենք, որ միակի որոշիչը բութ չ՚առներ իրմէ առաջ:
* * *
Շարադասութեամբ կը զանազանուին համասեռ եւ տարասեռ որոշիչները:
ա) «Համասեռ» կը կոչենք այն որոշիչները, որոնք կը պատկանին խօսքի նոյն մասին, օրինակ՝ բոլորն ալ ածական են, կամ գոյականը կը բնորոշեն նոյն տեսանկիւնէն. օրինակ՝
«Ընդարձակ, օդասուն, լուսաւոր ու զով սենեակներ էին»:
Չորս որոշիչներն ալ ածական են: Այս պարագային որոշիչները կը տրոհուին ստորակէտերով. վերջին երկուքը սովորաբար կը շաղկապուին եւ/ու համադասական շաղկապով, որմէ առաջ ստորակէտ չի դրուիր: Համասեռ որոշիչներուն շարադասութիւնը ազատ է. կարելի է տեղափոխել զանոնք, օրինակ՝
«Լուսաւոր, օդասուն, զով ու ընդարձակ սենեակներ էին»:
բ) «Տարասեռ» կը կոչենք այն որոչիչները, որոնք ընդհանրապէս կը պատկանին խօսքի տարբեր մասերու կամ կը բնորոշեն գոյականը տարբեր տեսանկիւնէ. օրինակ՝
«Այս երկու ոխերիմ թշնամիները օր մըն ալ հաշտուեցան»:
Այս՝ ցուցական դերանուն, երկու՝ քանակական թուական, ոխերիմ՝ որակական ածական: Այս պարագային որոշիչները չեն տրոհուիր եւ անոնց շարադասութիւնը կայուն է: Թոյլատրելի չէ, օրինակ, գրել՝
— Երկու այս ոխերիմ թշնամիները…
— Ոխերիմ այս երկու թշնամիները…
* * *
Պարտինք զանազանել որոշիչ ածականի հետեւեալ երկու տեսակները եւս.
ա) որակական ածական, որ օժտուած է բաղդատութեան աստիճանով. օրինակ՝ մեծ, բարձր, լուսաւոր եւ այլն. կրնանք ըսել՝ աւելի մեծ, նուազ մեծ, ամենէն մեծ. կամ՝ աւելի բարձր, նուազ բարձր, ամենէն բարձր եւ այլն:
բ) յարաբերական ածական, որ զուրկ է բաղդատութեան աստիճանէ. օրինակ՝ դպրոցական, դաշտային, երկաթեայ... մէկը չի կրնար աւելի դպրոցական, նուազ դպրոզական, ամենէն դպրոցական ըլլալ կամ ալ ըլլալ աւելի երկաթեայ, նուազ երկաթեայ, ամենէն երկաթեայ եւ այլն. նման հասկացութիւններ գոյութիւն չունին:
Երբ գոյական մը այս երկուքը իբրեւ որոշիչ ունի, ապա գոյականին կից կը դրուի որակական ածականը, զայն կը նախորդէ յարաբերականը. օրինակ՝
—քաղաքական սուր պայքար
—դաշտային բուրաւէտ ծաղիկներ
—երկաթեայ ամուր դարպաս
Օրինակ՝ «Հայր ու որդի զոհուեցան հայրենական մեծ պատերազմին»:
Թոյլատրելի չէ գրել՝ «զոհուեցան մեծ հայրենական պատերազմին»:
Յատկացուցիչ
1. Յատկացուցիչը ենթակայի կամ գոյականի սեռական հոլով այն լրացումն է, որ ցոյց կու տայ լրացեալի պատկանելութիւնը կամ որեւէ մէկ առնչութիւնը սեռական հոլովին ցոյց տուած առարկային՝ անձին, անասունին, իրին, երեւոյթին եւ այլնի հետ. օրինակ՝ Թորոսին ինքնաշարժը, կատուին պոչը, ծառին ճիւղը, պատմութեան աւարտը, գիրքին բովանդակութիւնը, մեր տունը եւ այլն:
Յատկացուցիչներով լրացեալ գոյականները «յատկացեալ» կը կոչուին:
Յատկացուցիչը եւս նախադաս լրացում է, ինչպէս ցոյց կու տան օրինակները: Իսկ եթէ լրացեալ գոյականը արդէն կը կրէ որոշիչ մը կամ որոշչային բառակապակցութիւն մը, ապա յատկացուցիչը կը նախորդէ որոշիչը, ինչ ծաւալ ալ ունենայ այդ որոշիչը. օրինակ՝
—Մեր պատմական հայրենիքը Հայկական բարձրաւանդակն է:
—Թթենիին հասուն պտուղները սկսան թափիլ:
—Կատուին նորածին ձագուկները կը մլաւեն:
—Իմ սուրբ հայրենիք, դուն սրտիս մէջ ես:
—Երկրի քաղաքական այս խառնակ կացութեան մէջ ի՞նչ կ՚ընէք:
Այս պարագային լրացեալ գոյականը մէկ կողմէ յատկացեալ է, միւս կողմէ որոշեալ. օրինակ՝ հայրենիքը գոյականը որոշեալն է «պատմական» ածականին եւ յատկացեալն է «մեր» դերանունին: Նոյնպէս ալ միւսները:
Անշուշտ բացառուած չէ, որ յատկացուցիչը ունենանայ ի՛ր լրացումները. օրինակ՝
—Մեր թթենիին հասուն պտուղները սկսան թափիլ:
—Ընդարձակ բակի թթենիին հասուն պտուղները սկսան թափիլ:
—Մեր ընդարձակ բակի թթենիին հասուն պտուղները սկսան թափիլ:
—Մեր ընդարձակ բակի հսկայ թթենիին հասուն պտուղները սկսան թափիլ:
* * *
Յատկացուցիչի շարադասութիւնը գրաբարի մէջ ազատ էր, սակայն ընդհանրապէս կը կիրարկուէր յետադաս դիրքով. օրինակ՝
—հայր մեր … սուրբ եղիցի անուն քո… եկեսցէ արքայութիւն քո… եղիցին կամք քո… զհաց մեր հանապազորդ… թող մեզ զպարտիս մեր… առաւօտ լուսոյ… գանձդ ողորմութեան…
Աշխարհաբար արձակի մէջ ան նախադաս է, ինչպէս տեսանք օրինակներով, սակայն կը հանդիպինք յետադաս գործածութեան շատ հազուագիւտ օրինակներու եւս. այսպէս՝
—Ի՜նչ պիտի չտայի, եթէ դիմացի լեռնագագաթներուն վրայ կառուցուած ըլլային ամրոցներն ու բերդերը քաջակորով պապերուս (Արամ Հայկազ, «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ», էջ 210): «Եւ գիտնայի, որ անոնց քարաշէն ու հաստ պատերուն ետեւ պահակ կը կենան աղեղները հայ բանակներուն» (անդ): «Ես կը յիշեմ կախարդական այդ գիշերը Քիւրտիստանի լեռներուն» (անդ, էջ 211):
Բազմակի, ինչպէս նաեւ բազմանդամ յատկացուցիչը կրնայ ազատօրէն յետադաս կիրարկուիլ. օրինակ՝
— Խոհանոցէն դուրս կը հոսէր սուր հոտը սխտորին, ապուխտին ու երշիկին:
—Չէր յաջողեր ձերբազատիլ յիշատակէն այդ գիշերուան սարսրալի դէպքերուն:
Մինչ չափածոյի մէջ, միշտ ոճաբանական նպատակով, սովորական է անոր շրջումը՝ յետադասութիւնը. օրինակները կը քաղենք Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը»-էն:
—կը պատռէ լանջն հողերուն (Մուսայիս)…
—զի շուքին տակ ուռիին (անդ)…
—մշակներն են իմ գիւղիս (Մշակները)…
—Գլուխն իրենց, զոր կը հակեն առջևը սուրբ խորանին,
Պսակուած է միշտ ոսկի փոշիներովը յարդին (անդ)…
—աղքատ մ՚այսօր ճրագին մէջ տաճարին (Ցան)…
—կ՚երկարի շուքը թեւիդ (անդ)…
ՍԵՌԱԿԱՆ ՈՐՈՇԻՉ
Արեւմտահայերէնի մէջ սեռական հոլով գոյականը կրնայ կիրարկուիլ յօդով կամ առանց յօդի. օրինակ՝ ծառ-ծառի-ծառին, պատ-պատի-պատին, սեղան-սեղանի-սեղանին եւ այլն: Արեւելահայերէնի մէջ ան մի՛այն առանց յօդի կը կիրարկուի:
Առանց յօդի կիրարկութիւնը կը կոչենք «անորոշ սեռական»:
Անորոշ սեռականի մէջ յատկացուցիչի իմաստը շատ տկար է կամ գրեթէ բացակայ է. անորոշ սեռականը արեւմտահայերէնի մէջ որոշիչի յատկութիւն ունի ճիշդ ածականի պէս:
Օրինակ, երբ կ՚ըսենք «պատի ժամացոյց», — մենք նկատի ունինք ոչ այնքան ժամացոյց մը որ պատին կը պատկանի, որքան ժամացոյցի տեսակ մը, որ պատին կ՚ամրացուի եւ ոչ թէ կ՚անցնի թեւին կամ կը դրուի սեղանին վրայ: Շատ սովորական է ժամագործին ցուցափեղկին մէջ դրուած ժամացոյցին ակնարկելով հարցնել. «Այս պատի ժամացոյցը որքա՞ն կ՚արժէ»,— ուր բոլորովին ժամացոյցի տեսակին կ՚երթայ մեր ակնարկութիւնը, քանի տուեալ ժամացոյցը պատին վրայ ալ չէ:
Նոյն որոշչային իմաստը կը գտնենք՝ թեւի ժամացոյց, սեղանի ժամացոյց, գործի մարդ, որսի շուն, խնձորի ծառ, ուտելու հաց, կարդալու գիրք, ձեռքի գործ, առաջին կարգի աթոռ, նոյն տարիքի ընկերներ… բառակապակցութիւններուն մէջ:
Այսպիսի սեռականները յաճախ դիւրաւ ածականով մը կրնան փոխարինուիլ, ինչպէս՝ ձեռքի գործ = ձեռային գործ:
Օրինակ՝
—Այդ թեւիդ ժամացոյցը որքա՞ն կ՚արժէ (թեւիդ-սեռական յատկացուցիչ):
Այս պարագային ժամացոյցին պատկանելութիւնը նկատի առնուած է. ան թեւինն է:
—Այդ թեւի ժամացոյցդ որքա՞ն կ՚արժէ (թեւի-սեռական որոշիչ):
Այս պարագային ժամացոյցին տեսակը նկատի առնուած է. ան թեւի է:
Ծանօթ. – Կրնայ պատահիլ, որ սեռական հոլով բառ մը ճիշդ իրեն յաջորդող բառին չվերաբերի, այս պարագային անոր վրայ կը դնենք բութ մը. օրինակ՝
— Մեր՝ գիւղի տան վարագոյրը պիտի փոխենք:
Յատկացեալն է տան, որ հեռու է «մեր» յատկացուցիչէն. ասոնց միջեւ կայ գիւղի:
—Քու՝ ինծի փոխ տուած գումարդ կը վերադարձնեմ:
ԲԱՑԱՅԱՅՏԻՉ
Կը պատահի, որ ամեն խօսող կամ գրող ենթադրէ, թէ իր խօսակիցը կամ ընթերցողը չի հասկնար կամ դժուարութիւն ունի հասկնալու այսինչ կամ այնինչ գոյականը. ուստի կը փութայ բացատրել, լուսաբանել, պարզել զայն տարբեր անունով մը, բառով մը կամ բառակապակցութեամբ մը: Այդ, անունը, բառը կամ բառակապակցութիւնը կը կոչուի «բացայայտիչ»:
Օրինակ՝
— Երեւանը՝ Հայաստանի մայրաքաղաքը, շատ ընդարձակեցաւ:
Բացայայտիչն է Հայաստանի մայրաքաղաքը, որ Երեւան յատուկ անունին բացատրութիւնն է անոնց համար, որոնք գաղափար չունին մեր մայրաքաղաքին մասին: Բուն բացայայտիչը «մայրաքաղաքը»-ն է, Հայաստանի՝ անոր յատկացուցիչն է: Երեւանը, այս պարագային, կը կոչուի «բացայայտեալ»:
Բացայայտիչը ենթակային կամ գոյականին երրորդ՝ վերջին լրացումն է:
Նաեւ՝
—Թորոսը՝ Մարկոսին եղբայրը, դասընկերս է:
—Այնտեղ էր առիւծը՝ կենդանիներու թագաւորը:
—Որքա՜ն շուտ անցաւ ամառը՝ մեր խաղի եղանակը:
Ուրեմն բացայայտիչը յետադաս լրացում է, կը դրուի բացայայտիչէն ետք, եւ այս շարադասութիւնը պարտադիր է: Եթէ փոխենք զայն, կը փոխուին պաշտօնները եւս. օրինակ՝
—Հայաստանի մայրաքաղաքը՝ Երեւանը, շատ ընդարձակեցաւ:
Այս պարագային բացայայտիչն է Երեւանը, իսկ բացայայտեալը՝ Հայաստանի մայրաքաղաքը:
Ինչպէս կը նկատէք, բացայայտիչին եւ բացայայտեալին միջեւ կը դրուի բութ մը:
Միւս կողմէ՝ ամեն կարելի պէտք է ընել, որ այս երկուքին միջեւ ուրիշ բառ չմտնէ. բացայայտիչը անմիջապէս յաջորդէ բացայայտեալին. օրինակ՝
—Անիին տուի գիրքը՝ ընկերուհիիս:
Այստեղ Անիին բացայայտեալին եւ ընկերուհիիս բացայայտիչին միջեւ ինկած են «տուի գիրքս» բառերը, ինչ որ ընդունելի չէ: Պէտք է ունենայինք՝ «Գիրքը տուի Անիին՝ ընկերուհիիս»:
Պէտք է գիտնալ, որ բացայայտիչէն ետք կը դրուի ստորակէտ. տե՛ս օրինակները:
Կան բացառութիւններ, որոնց մասին ուրիշ առիթով կը խօսինք:
* * *
Կան երկու կանոններ, որ պէտք է լաւ իմանալ:
ա) Բացայայտիչը կ՚առնէ այն հոլովը, որ ունի բացայայտեալը: Այս երեւոյթը կը կոչուի «հոլովական համաձայնութիւն». այսինքն՝ բացայայտիչը կը համաձայնի բացայայտեալի հոլովով. օրինակ՝
—Արան՝ դասընկերս, շատ ուշիմ մանչ մըն է: (ուղղական)
—Արային՝ դասընկերոջս, այցելեցի այսօր: (տրական)
—Արայէն՝ դասընկերոջմէս, շատ բան սորված եմ: (բացառական)
—Արայով՝ դասընկերովս, միշտ կը հպարտանամ: (գործիական):
Ուրեմն ընդունելի չէ հետեւեալը.
—Արայով՝ դասընկերս, միշտ կը հպարտանամ:
բ) Եթէ բացայայտեալը ունի յետադրութիւն մը, ան կ՚անցնի բացայայտիչին. օրինակ՝
—ամեն մարդ կը խօսի Արային մասին:
ամեն մարդ կը խօսի Արային՝ դասընկերոջս մասին:
—Շատ ուրախացանք Արային համար:
Շատ ուրախացանք Արային՝ դասընկերոջս համար:
—Ո՞ւր գտնեմ Արային նմանը:
Ո՞ւր գտնեմ Արային՝ դասընկերոջս նմանը:
—Ոչ մէկը մօտեցաւ Արայէն բացի:
Ոչ մէկը մօտեցաւ Արայէն՝ դասընկերոջմէս բացի:
—Մենք յաջողեցանք Արային շնորհիւ:
Մենք յաջողեցանք Արային՝ դասընկերոջս շնորհիւ:
Ուշադրութի՛ւն. ստորակէտ չի դրուիր բացայայտիչին եւ յետադրութեան միջեւ:
Այսինքն սխալ է՝ «Մենք յաջողեցանք Արային՝ դասընկերոջս, շնորհիւ»:
Սակայն կը գրենք՝
—Ոչ մէկը մօտեցաւ բացի Արայէն:
Ոչ մէկը մօտեցաւ բացի Արայէն՝ դասընկերոջմէս:
—Մենք յաջողեցանք շնորհիւ Արային:
Մենք յաջողեցանք շնորհիւ Արային՝ դասընկերոջս:
Այսպէս է, քանի այս վերջին երկու օրինակներուն մէջ «բացի» եւ «շնորհիւ» բառերը յետադրութիւն չեն այլեւս, այլ իբրեւ նախադրութիւն գործածուած են:
Ահաւասիկ օրինակ մը, որ երկու սխալ կը բովանդակէ եւ շատ տարածուած է.
—Սխալ՝ Այս բոլոր զոհողութիւնները Հայաստանին համար ըրինք՝ մեր հայրենիքին:
—Ճիշդ՝ Այս բոլոր զոհողութիւնները ըրինք Հայաստանին՝ մեր հայրենիքին համար:
Ուրեմն յետադրութիւնը՝ համար, տարինք բացայայտիչին ետեւը դրինք:
Իսկ ըրինք բայը, որ սխալմամաբ ինկած էր բացայայտիչին եւ բացայայտեալին միջեւ, — ուր ոչ մէկ ուրիշ բառ պէտք է մտնէ, — տեղափոխեցինք աւելի առաջ, չէ՞ որ ազատ է մեր շարադասութիւնը:
Ուշադրութի՛ւն. թոյլատրելի է, որ բացայայտիչին եւ բացայայտեալին միջեւ իյնայ էական բայը, որուն վրայ կ՚անցնի բութը. օրինակ՝
—Այդ եկողը Սոնան է՝ մանկութեան ընկերուհիս:
—Ինծի միակ օգնողը դո՛ւն եղար՝ երբեմնի մրցակիցս:
—Առասպելը պատմողը Մովսէս Խորենացին է՝ հայոց պատմահայրը:
* * *
Բացայայտեալին եւ բացայայտիչին միջեւ երբեմն կը մտնեն այն է, այսինքն, իմա (=իմացի՛ր), այլ խօսքով բառերը, որոնք աւելի ցայտուն կը դարձնեն բացայայտումը. օրինակ՝
—Այս գրողը մեր մեծագոյն վիպասանն է, այն է՝ Ռաֆֆին:
—Վէճը աներձագին, այսինքն՝ կնոջը եղբօր հետ էր:
—Հարցնողը հաստատութեան տնօրէնն է, իմա՝ պարոն Սարոյեանը:
—Անոր պատիժը պէտք է ըլլայ մեկուսացումը, այլ խօսքով՝ մութ բանտը:
Ուշադրութի՛ւն կէտադրութեան. այս ցայտուն դարձնող բառերը տրոհուած են՝ ձախէն ստորակէտով եւ աջէն՝ բութով:
armenag@gmail.com