Դոկտ. Աբէլ քհնյ Մանուկեան, ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐԸ

«Սիփան» հրատ., Պէյրութ, 2022, 216 էջ

Խմբագրութեան կողմէ. Ընթացիկ տարուան մայիսին Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ դոկտ. Աբէլ քհնյ Մանուկեանի «Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագուհիները» ուշագրաւ ուսումնասիրութիւնը։ Ստորեւ կու տանք հեղինակի բացատրականը՝ հատորի շահեկանութիւնը ընդգծող։

Կանանց խորան բարձրանալու եւ ծիսական արարողութիւններուն մասնակցելու հարցը սերտօրէն առնչուած է զանոնք Եկեղեցւոյ նուիրապետական դասուն մէջ ներգրաւելու խօսոյթին հետ։ Կանանց քահանայական ձեռնադրութեան հարցը երկար ժամանակէ ի վեր եւ տակաւին այսօր կը հանդիսանայ Եկեղեցիին ուղղուած կարեւորագոյն մարտահրաւէրներէն մէկը։ Առաքելահաստատ Եկեղեցիները ցայսօր թոյլ չեն տար, որ կանայք քահանայական ձեռնադրութիւն կամ օծում ստանալով՝ քահանաներու հետ իրաւահաւասարօրէն ծառայեն Եկեղեցւոյ ծիսական ասպարէզին մէջ։ Սակայն պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը միանշանակ այդպէս չէ եղած։ Նախնական Եկեղեցիին մէջ եղած են աշակերտուհիներ, մարգարէուհիներ, այրիներ եւ սարկաւագուհիներ, որոնք քրիստոնէական վաղ շրջանի համայնքներու կազմակերպութեան մէջ գործուն մասնակցութիւն ունեցած են եւ ի նպաստ քրիստոնէութեան տարածման բերած են իրենց կարեւոր ներդրումները։ Միայն Միջնադարուն է, որ կանայք, ինչ-ինչ պատճառներով, հետզհետէ դուրս կը մղուին Եկեղեցւոյ մէջ հեղինակաւոր պաշտօններ զբաղեցնելու դիրքերէն։
Եթէ այսօր կինը կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, — ըլլան անոնք տնտեսական, քաղաքական, գիտական թէ մշակութային, — աչքի կ՚իյնայ այլազան նուաճումներով, ապա ո՞րն է անոր արդար դերն ու տեղը Եկեղեցւոյ մէջ, աւանդական ինչպիսի՞ նախադրեալներ կան այնտեղ կնոջ ծառայութեան դաշտը ընդարձակելու, անոր եկեղեցանուէր աշխատանքին սատարելու, զայն արդիւնաւորելու եւ իրաւամբ արժեւորելու համար:
Ի տարբերութիւն առաքելահաստատ այլ Եկեղեցիներու, Հայ Եկեղեցին ոչ հարկադրաբար, այլ աւանդաբար քրիստոնէական նախնական Եկեղեցւոյ կեանքէն եզակի աւանդ մը իւրացուցած է եւ զայն իր ծոցին մէջ պահելով հասցուցած է մինչեւ մեր օրերը։ Եթէ ոչ քահանայագործելու իշխանութիւն, ապա ան չէ զլացած հայ կնոջ շնորհելու Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան եռաստիճան կարգէն եպիսկոպոսութեան եւ քահանայութեան նախորդող առաջին աստիճանը, որ սարկաւագութիւնն է։ Սոյնը առանձնայատուկ տուչութեամբ սարկաւագուհին միանշանակ կը լիազօրէ եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու հետ միասին Տիրոջ Եկեղեցիին եւ Անոր հաւատաւոր հօտին ծառայելու։
Թէպէտ տժգոյն, գուցէ եւ այսօր կեցած տխուր հոգեվարքի մը սեմին, բայց դեռ չմեռած, այլ տակաւին սրտի զգալի տրոփներ արձակող եւ ապրելու հրայրք ունեցող այս աւանդը սեռերու հարցին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ հանդուրժողութեան եւ լայնախոհ ոգիին գերազանց դրսեւորումն է, որ միաժամանակ կը վկայէ անոր ունեցած շարունակական եւ անշեղ կապին մասին քրիստոնէական հնագոյն Եկեղեցւոյ աւանդութեան հետ։
Սոյնը զինք առաւել եւս կ՚արժեւորէ օրինակելի դիրքով մը՝ Ընդհանրական Եկեղեցիին մէջ ժամանակէ մը ի վեր եւ տակաւին այսօր ու հետզհետէ աւելի պարտաւորեցուցիչ դարձող նաեւ կանանց նուիրապետական պաշտօններ տրամադրելու նիւթին միջեկեղեցական մակարդակով քննարկման առնչութեամբ։
Բոլոր մարդոց հաւասարութիւնը քրիստոնէական հաւատքի անյեղլի սկզբունքներէն մէկն է։ Ուստի Եկեղեցիին մէջ նուիրապետական պաշտօն շնորհելու կամ ձեռնադրուելու առաջնահերթ պայմանը պէտք է հիմնուած ըլլայ նորընծային հոգեւոր կոչումին եւ ուսումնական պատրաստուածութեան եւ ոչ թէ սեռային տարբերութեան վրայ։
Զգոյշ պէտք է կենալ եկեղեցւոյ հոգեւոր ու ծիսական կեանքին մէջ կանանց վերստին ներգրաւելու մերժողական կարծրատիպերէ եւ աւանդամոլութեան թունդ եռանդէ մղուած՝ եպերելի անշարժութեամբ եւ անտարբերութեամբ մեր Եկեղեցին հաստատութենական կարծր եւ զառամած մարմինի մը վերածելէ։ Ան պէտք է մեր հաւատաւոր ժողովուրդին համար շարունակէ ըլլալ հոգեւոր ներշնչարան մը եւ կենսատու աղբիւր Աւետարանի ճշմարիտ կեանքին։
Առկայ հատորը կը ներկայացնէ սարկաւագուհին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ աւանդութեան մէջ՝ պատմական զարգացման այլազան փուլերով։ Ան կը յորդորէ հայ ժողովուրդի հաւատաւոր զաւակները, առաւել եւս Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականութիւնը, թոյլ չտալու, որ այս սրբակրօն եւ հայաշունչ աւանդութիւնը արդի կեանքի ու աշխարհիկ բարքերու կոհակներէն խորտակուի, այլ ընդհակառակը՝ ժամանակի պահանջներուն համահունչ մասնաւոր հոգածութեամբ զարկ տրուի անոր զարթօնքին ու բարգաւաճումին Հայ Եկեղեցւոյ արգաւանդ անդաստանին մէջ։
ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *