ԼՈՒՍԻՆ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ
Խմբագրութեան կողմէ. Նկատի ունենալով, որ այս գրութիւնը աւելի լաւ կ՚ընկալուի իր պատկերզարդումներով, ընթերցողին կը թելադրենք զայն կարդալ թերթի տպագրեալ օրինակէն։
Ի՞ՆՉ Է ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ
Քանդակագործութիւնը, որ ծաւալային բնոյթ ունեցող արուեստ մըն է, կերպարուեստի ամենէն դժուար ճիւղերէն մէկը կը համարուի: Ան ունի երկու ենթատեսակներ՝ եռաչափ ծաւալով բոլորաքանդակը, որ կը թոյլատրէ շրջիլ քանդակին շուրջը եւ ամեն կողմէ դիտել զայն, եւ եւ երկչափ ծաւալով ռելիէֆը (իտալ.՝ rilievo) իր տարբեր տեսակներով (հարթաքանդակ, բարձրաքանդակ), որ կը մշակուի հարթ տարածութեան մը վրայ եւ զայն կարելի է դիտել միայն դիմացէն:
Արուեստագէտը քանդակելու շնորհքի կողքին պէտք է որոշ մկանային ուժ ունենայ, որպէսզի իր հոգեկան ապրումներուն եւ փափաքին համապատասխանելու կարողութիւնը զարգացնելու եւ հարազատ կերպով ցոլացնելու արուեստին տիրապետէ: Ան իր օգտագործած նիւթին ծանօթ ըլլալով հանդերձ, կրնայ դժուարութիւններու հանդիպիլ: Քանդակ մը կը ստեղծուի բարդ գործողութիւններով: Օրինակ՝ ապակիէ, հողային կամ կաւային բնոյթ ունեցող նիւթը շատ ծանր աշխատանքի, ծախսի եւ համբերութեան կը կարօտի: Քանդակագործութեան մէջ գործածուած կաւային նիւթերը պէտք է շաղուին, ծեծուին, լուծուին, եփուին, չորցուին, փորագրուին եւ ներկուին: Երկի մը պատրաստութեան որեւէ պահուն ան կրնայ աննշան սխալի մը հետեւանքով ճաքճքիլ եւ փշրուիլ: Այս դժուարութիւններու բերումով հայ արուեստագէտներէն քիչեր կը զբաղին քանդակագործութեամբ, հակառակ անոր որ այսօր քանդակագործական թեքնիքները բաւական յառաջացած են:
Անցեալին քանդակագործները ընդհանրապէս կ՚օգտագործէին կաւ, քար, փայտ, կերպընկալ, մոմ, մետաղ եւ այլ նիւթեր: Սակայն, ներկայիս քանդակ մը կարելի է գտնել ոչ-աւանդական նիւթերով ստեղծուած՝ միաձուլուած նիւթերով (փայտ, ապակի, մետաղ), թափօններու նիւթերով. օրինակ՝ հին ծորակի մը կտորներով, փշրուած ապակիներով, անգործածելի խտասալիկներով, բուրդերով եւ այլ տեսակի նիւթերով: Ինչպէս միշտ, այսօր եւս քանդակագործը ոեւէ արուեստագէտի նման կը փնտռէ նոր նիւթեր եւ ինքզինք արտայայտելու նոր միջոցներ:
ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Քանդակագործութիւնը Հայաստանի մէջ սկսած է շատ դարեր առաջ: Քարի դարէն մեզի հասած են Սիւնիքի Ուղտասարի ժայռապատկերները, որոնք սկզբնական քանդակագործութեան լաւագոյն օրինակները կը նկատուին:
Պղինձէ դարէն մեզի հասած են արձանիկներ՝ Օրինակ՝ Լճաշէնէն գտնուած արձանիկները (ցուլի արձանը, եւ այլն Ք.ա. 15-14 դդ), ուրարտական արձանիկները (Ք.Ա. 7-8 դար) եւ այլն:
Երկաթէ դարէն հասած են բազմաթիւ նմուշներ, օրինակ՝ Գառնիի տաճարի քանդակները, Նեմրութ լեռան քանդակները եւ այլն:
4-րդ դարէն մեզի հասած են խաչ-կոթողները, որոնց հիման վրայ հետագային ստեղծուած են բոլորիս ծանօթ մեր հիանալի խաչքարերը: Հայկական միջնադարուն (արաբական արշաւանքներէն մինչեւ 17-րդ դար) քանդակագործութիւնը մեծ վերելք մը ապրած է: 10-րդ դարէն մեզի հասած է հայ ճարտարապետ, քանդակագործ եւ նկարիչ Մանուէլի անունը, որուն մասին Թովմա Արծրունի պատմիչը (ապրած՝ 9-10-րդ դարերուն) հիացմունքով արտայատուած է: Մանուէլ քանդակագործ-ճարտարապետին կը պատկանի Աղթամար եկեղեցւոյ բարձրաքանդակը, ուր պատկերուած է Դաւիթի եւ Գողիաթի մենամարտը:
Քրիստոնէութեան շրջանին է, որ կոթողներու ու յուշարձաններու վրայ քանդակուած են Հին և Նոր կտակարաններէն նիւթեր, սուրբեր, Քրիստոսի, Աստուածամօր, Գրիգոր Լուսաւորչի եւ այլ կարեւոր անձերու պատկերներ:
Դժբախտաբար, քաղաքական անկայունութեան, պատերազմներու եւ երկրաշարժներու պատճառով գրեթէ մեզի անհասանելի եղած են շատ մը հայ քանդակագործներու գործերը եւ մինչեւ իսկ անոնց անունները:
ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻՆ
Այս շրջանին քանդակագործութիւնը վայելեց պետութեան հովանաւորութիւնը: Սփիւռքէն Հայաստան եկան արդէն կազմաւորուած քանի մը քանդակագործներ, որոնք ստիպուեցան պետական քարոզչական մեքենային իրենց տուրքը վճարելու: Հետագային, ի յայտ եկան ուշադրութեան արժանի շատ արուեստագէտներ, որոնցմէ շատերը աւարտած էին Փանոս Թէրլէմէզեանի անուան գեղարուեստի պետական ուսումնարանը (Հայաստանի առաջին նկարչական դպրոցը, որ գործած է տարբեր անուններով: Հիմնուած է 1921 թուականին, Երեւան): Այս շրջանին հայ քանդակագործներ անդամ եղան նաեւ Հայաստանի նկարիչներու միութեան (հիմնուած 1932-ին), որուն անդամներուն թիւը հասաւ մինչեւ 1200-ի (ըստ Վիքիփետիայի տուած վերջին տուեալներուն): Խորհրդային Հայաստանի մէջ քանդակագործութիւնը նոր վերելք մը ապրեցաւ ստեղծագործական հետաքրքրական նիւթերով և եղանակներու բազմազանութեամբ: Զանազան տեսակի քանդակները սկսան զարդարել հրապարակները, պուրակները, հանրային պարտէզները, թանգարանները եւ այլ վայրեր: Այս շրջանի հայկական քանդակագործութեան տաղանդաւոր դէմքերէն յիշենք Ռաֆայէլ Համբարձումեան, Արշամ Շահինեան, Արա Յարութիւնեան, Արտաշէս Յովսէփեան, Արա Շիրազ, Յարութիւն (Արթօ) Չաքմաքչեան եւ շատ ուրիշներ: 20-րդ դարու երկրորդ կիսուն մենք կը տեսնենք, թէ բարձր պատուանդաններու վրայ դրուած արձաններու կողքին կը տեղադրուին ազատ այլ լուծումներ առաջարկող արուեստի գործեր: Օրինակ՝ մինչեւ օրս աչքի կը զարնէ 1974-ին Արտաշէս Յովսէփեանի (1931-2017) ստեղծած Ալեքսանդր Թամանեանի յուշարձանը, որ կ՚անմահացնէ Երեւանի յատակագիծի հիմնադիրը: Քանդակը այս մեծ հայուն դիմագծերուն ու կազմութեան պարզ վերարտադրութիւնը չէ միայն: Քանդակագործը յաջողած է իր ստեղծած ձեւերով, շիտակ սանտրուած մազերով, մօրուքով, պեխով, ներկայացնել Թամանեանի անդրդուելի բնաւորութիւնը: Հոն չենք տեսներ Թամանեանի կրած հագուստին ծալքերն ու անոնց մանրամասնութիւնները, քանի որ քանդակագործը մեր ուշադրութիւնը կ՚ուզէ հրաւիրել այս մեծ մարդուն անհանգիստ միտքին եւ հոնկէ բխած արգասիքին վրայ:
Խորհրդային Հայաստանի ժամանակաշրջանին, հասկնալի պատճառներով հայ կին քանդակագործներու շարքը տղամարդոց պատկառելի թիւէն չափազանց նուազ եղած է: Սակայն, հպարտօրէն պէտք է ըսել, որ կին քանդակագործներն ալ ստացած են գեղարուեստի վերաբերեալ յատուկ ուսմունք, աւարտած ըլլալով Երեւանի Փանոս Թէրլէմէզեանի անուան գեղարուեստական ուսումնարանը կամ նոյնիսկ Հայաստանէն դուրս գտնուող օտար արուեստի կեդրոններու դասընթացքները:
Հոս կ՚արժէ յիշել այդ փաղանգին պատկանող քանի մը քանդակագործ կիներու անունները. Հրանուշ Յակոբեան, Էդդա Աբրահամեան, Հերիքնազ Գալստեան, Սեդա Օսիպեանց, Նունէ Թումանեան, Սիլվա Մնացականեան, Թերեզա Միրզոյեան, Հռիփսիմէ Սիմոնեան եւ Այծեմնիկ Տէր Խաչատրեան (Ուրարտու):
(Շարունակութիւնը յաջորդիւ)
Մոնթրէալ