Արմենակ Եղիայեան
Կրակվառիչ
Կրակը կարելի՞ է վառել…
Կարելի է վառել/այրել մատը, լեզուն, վրան-գլուխը, տուն մը, թէկուզ ամբողջ քաղաք մը՝ Հռոմի Ներոնին հետեւողութեամբ, բայց վառել կրակը… ահա այս է, որ ըմբռնելի չէ հոսհոսներուս, սակայն ըմբռնելի է արեւելահայուն:
Եթէ ծխախոտ մը ծխելու համար յանկարծ նկատեցիր, թէ լուցկի չունիս, ապա կրնաս դիմել արեւելահայ անցորդի մը եւ հարց տալ, թէ «կրակվառիչ» ունի՞ արդեօք:
—Խնդրեմ, — պիտի փութայ ան եւ գրպանէն հանէ քու գիտցած… հրահանդ:
Եւ այսպէս, այն սարքը, որ քեզի համար «կրակ կը հանէ», արեւելահայուն համար «կրակ կը վառէ», որքան ալ տրամաբանութիւնդ մերժէ… այս այսպէս է:
* * *
Կը թուի, թէ բառս ունի ժողովրդախօսակցական կիրարկութիւն միայն, քանի ան չէ մտած բառարաններու մէջ.
— Մալխասեանն ու Ակադեմիայի բացատրականները ընդմիշտ չունին զայն:
— Աղայեան ունի «կրակվառիչ. տե՛ս լուցիչ»:
— Լուցիչ-ին կը յղեն նաեւ Սուքիասեանի հոմանիշներու բառարանն ու Բարսեղեանի ուղղագրական-ուղղախօսական բառարանը, որ եղածներուն մէջ ամենածաւալունն է:
Իսկ այդ լուցիչ-ը հազիւ թէ ընդհանրանայ կամ կարենայ թէկուզ մասնակի ժողովրդականանալ, վասնզի շատ գրաբար կը բուրէ (լուցանել-լուցիչ), իսկ արեւելահայը լեզուական/բառային բծախնդրութեան համար նման յանձնառութեան տակ մտնողն ու քունը կորսնցնողը չէ. ան «կը վառէ իր կրակը», — դուն հազար ըսես, որ կրակը վառելու պէտք չունի:
Շատ հետաքրքրական պիտի ըլլար, որ լրագրող մը Ազգային ժողովի լուսապսակ պատգամաւորին հարցնէր, թէ «ի՞նչ կը հասկնայ լուցիչ ըսելով»: Նայինք թէ մէկն ու մէկը պիտի բան մը գիտնա՞ր, թէ՞ գայթակղած հարցնէր.
— Էդ ինչ ա՜՜՜…
* * *
Ափսոս է:
Մեր երկու բարբառներու բառապաշարի օժիտի յղացքը ակնկալուած ներդաշնակութեամբ չէ ընթացած. եւ թերացողը արեւելահայն էր, որ ծուէն-ծուէն զոհեց աշխարհաբարի այնքան զոհողութիւններով առկայացող պատուաբեր բառագանձը, շնորհիւ մասնաւորաբար Մխիթարեաններու նպաստին, առանց անտեսելու պոլսահայ բառակերտիչներու ու բառարանագիրներու այնքան փայլուն արգասիքը:
Արեւելահայը աչքին մէկ անկիւնով միայն դիտած է այս բոլորը, շատ աւելի ականջալուր մնալով ժողովրդախօսակցական հայերէնին՝ անյագուրդ իւրացնելով այնտեղ առկայ թրքաբանութիւններն ու մնացեալ օտարաբանութիւնները:
Մինչդեռ բոլոր կարելիութիւնները կային, որ զուգահեռ ընթանային մեր ճիգերը եւ միաձեւ բարեկարգուէին մեր զոյգ բարբառները:
Այսօր արդէն կը խօսուի «արեւմտահայերէնի բառարան»-ի մասին, եւ աւելի քան երեսնամեակ մըն է շրջանառութեան մէջ են Արտեմ Սարգսեանի եւ Ռուբէն Սաքապետոյեանի «Արեւմտահայերէնի բառարան»-ները, ուր կ’ակնարկուի աւելի քան 20.000 բառի, որոնք… «արեւմտահայերէն են», այսինքն՝ մուտք չեն գործած արեւելահայ բառարաններու մէջ: Ուղղակի շշմեցուցիչ է. մեր լեզուները ուրեմն այսքա՞ն հեռացած են իրարմէ հոն, ուր մենք միշտ ալ դաւանած ենք՝ ըլլալ նոյն ժողովուրդը եւ ունենալ նոյն լեզուն:
Ինչպէ՞ս ու ե՞րբ յառաջացաւ այս հրէշային անջրպետը:
Ո՞ւր փնտռել պատասխանատուները այս պատկերին:
Շատ պարզ է. արեւելահայ մտաւորականութեան մէջ, քանզի ա՛ն է հիմնական բաժանարարը՝ իր ռուսամոլութեամբ, օտարապաշտութեամբ եւ ասոնցմէ բխող այլասերութեամբ: Եւ նման ախտագին կացութեան մը լուծում բերելու նուազագոյն ճիգը չթափեց Տերմինաբանական կոմիտէն, որ արեւելահայերէնի բառապաշարը տնտեսող մեծագոյն հեղինակութիւնն էր:
Այս մտայնութեան զոհերէն մէկն ալ հրահանն է:
* * *
Հազարամեակներու հնութիւն ունի հրահան բառը:
Զայն զուգահեռ գործածած ենք երկար դարեր ու հազարամեակներ:
Կը բնորոշէր նախնական սարք մը, որ կը բաղկանար դիւրավառ նիւթէ մը, որ աբեթ կը կոչուէր: Իբրեւ աբեթ կը ծառայէին զանազան սունկեր, այլազան բոյսերու դիւրավառ կեղեւներ, բայց նաեւ տնայնագործական կծիկներ, որոնց նախանիւթը քուրջն ու բամպակն էր: Աբեթը բռնկեցնելու համար կը գործածուէր կայծքարը, որ պողպատի շերտի մը հարուածներու տակ կ’արձակէր կայծեր, որոնք կը բռնկեցնէին աբեթը:
Այս սարքը մեր բարքերուն մէջ գոյութիւն ունեցած է հազարամեակներէ իվեր. «Նոր հայկազեան»-ը կը թուէ զայն, կու տայ բազմաթիւ օրինակներ ու կը սահմանէ այսպէս.
— որ հանէ յիւրմէ հուր (թրք. çakmak “չաքմաք”)
— պողպատ եւ գայլախազ
Գայլախազ-ը՝ կայծքարն է:
Անշուշտ լուցկիի երեւումին հետ ան կամաց-կամաց նահանջեց, իսկ կազային այնքան կոկիկ ու գործնական սարքերու հետզհետէ ճոխացող տեսականիի երեւումով բոլորովին անհետացաւ:
Արեւմտահայը շատ բնական հակումով մը հրահան եզրը հետզհետէ փոխադրեց նոյն այս արդիական սարքերուն վրայ , եւ այնքան բնական ընթացք մըն էր այս, մանաւանդ որ շփոթի տեղիք ալ չէր մնար, քանի հին սարքը այլեւս անհետացած է մեր բարքերէն՝ ձգելով միայն իր անունը, որ իրերու բոլորովին բնական բերումով յատկացուած է նորին:
Թրքերէնը յաջողեցաւ ընել նոյն բանը. երբեմնի çakmak անունով բնորոշեց արդի սարքերը եւս ու վերջ:
Այս բնական քայլը չառաւ արեւելահայը:
Հրահան եզրը անոր լեզուական բարքերուն մէջ շարունակած է մնալ ու կը մնայ առ այսօր բառարաններու դիարանին մէջ՝ բնորոշելու համար միայն հին սարքը՝ պողպատ-կայծքար-աբեթ համոյթը, իսկ նորերուն յատկացուցած է լուցիչ՝ մերժուած եւ ճոռոմ եզրը, մինչ հանրութիւնը կը ճանչնայ կրակվառիչ այլանդակութիւնը՝ բոլորովին անհաղորդ մնալով այնքան կիրթ ու բարեհունչ հրահան-ին, որուն հաղորդ է յետին արեւմտահայը:
Քիչ մը հոգեւոր եզրաբանութիւն
Գիտէի՞ր ծագումը հետեւեալներուն.
—կաթողիկոս — յունարէն
—արքեպիսկոպոս — յունարէն
—եպիսկոպոս — յունարէն
—վարդապետ — պահլաւերէն/պարսկերէն
—աբեղայ — արամերէն/ասորերէն
—քահանայ — եբրայերէն/արամերէն/ասորերէն/արաբերէն
—դպիր — պահլաւերէն/պարսկերէն
Քրիստոսի եկեղեցին սկզբնապէս կը ճանչնար հոգեւոր միայն մէ՛կ կարգ, այն է՝ քահանայութիւնը կամ աբեղայութիւնը: Ինքը՝ նիւթական եկեղեցին, կը սպասարկուէր քահանայով մը կամ աբեղայով մը, որ իր կոչումը ստացած կ’ըլլար ձեռնադրութեամբ եւ օծումով, եւ աշխարհական սարկաւագով մը, որ զուրկ էր վերոնշեալ կարգէն:
Քահանան կրնար ամուսնացած ըլլալ կամ ամուրի մնալ. ազատ էր:
Սովորաբար, — ոչ անպայման, — ամուրի քահանաները մենաստան մը կը քաշուէին:
Քահանային վրայ ժամանակի ընթացքին աւելցաւ եպիսկոպոսութիւնը. եպիսկոպոսը հոգեւոր ոչ մէկ գերակայութիւն ունէր քահանային վրայ, ան վարչական կոչում մըն էր, տիտղոս մը, եթէ կ’ուզէք, որ կը տրուէր թեմի մը կամ վիճակի մը առաջնորդին: Այլ խօսքով՝ առաջնորդը ինքնաբերաբար «եպիսկոպոս» կը կոչուէր իր այս պաշտօնին բերումով:
Եպիսկոպոսը կամ առաջնորդը իր կարգին կրնար ամուսնացած ըլլալ կամ ամուրի:
Աւելի ուշ եւ հետզհետէ ասոնց վրայ աւելցան եկեղեցական միւս տիտղոսները՝ արքեպիսկոպոս, կաթողիկոս, որոնց բոլորն ալ վարչական բնոյթ ունին եւ, ինչպէս ըսինք, հոգեւոր գերակայութեան կամ ստորակայութեան հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունին. յաչս եկեղեցիին՝ բոլոր հոգեւորականները՝ ամուսնացեալ կամ ամուրի, ի՛նչ կոչում ալ ունենան, «քահանայ» կը կոչուին:
Եթէ ուշադրութիւն ըրած էք՝ պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան արարողութեան սկիզբը, կ’երգուի շարական մը, որ կը սկսի հետեւեալ բառերով. «Քահանայք եւ ժողովուրդք, հայցեմք ի քէն, Տէ՛ր բարեգութ …», — այսինքն՝ եկեղեցւոյ մէջ ներկաները կրնան ունենալ երկու կարգավիճակ. մէկ կողմէ՝ ժողովուրդը, որ աշխարհական հաւատացեալներու ամբողջութիւնն է, միւս կողմէ՝ քահանան(երը)՝ երէցը, եպիսկոպոսը, թէկուզ կաթողիկոսը, որ հոգեւորականներու ամբողջութիւնն է՝ անկախ անոնց ունեցած այլազան տիտղոսներէն, որոնց ամբողջական ցանկը վերը թուեցինք:
Կողմէ
Արդի հայերէնը խաթարող տարրերէն մէկն ալ այս աննշան ու ըստ ինքեան խեղճուկ բառն է, որ քիթը ամեն տեղ խոթելու հակամէտ է: Այո, այդ իրողութեան պիտի անդրադառնաք, եթէ քիչ մը ուշադրութիւն դարձնէք ձեր ընթերցած թերթերուն, յատկապէս «Ազդակ»-ի քաղաքական էջերուն, ուր տիրական ներկայութիւն է ան:
Հրամեր էք.
—«Պաղեստինեան ուժերուն եւ իսլամական շարժումներուն կողմէ կազմուած է հետաքննութեան յանձնախումբ մը» (Ազդակ, 4/8/23, էջ 1):
Այս կողմէ-ն անշուշտ հետեւանք է կազմուիլ կրաւորական բային՝ «կազմուած է իսլամական շարժումներուն կողմէ», եւ հարցն ալ այս է. ինչո՞ւ կրաւորական բայ գործածել, երբ ոչինչ կը ստիպէ անոր գործածութիւնը:
Բայի մը բնական կիրարկութիւնը անոր ներգործական առումն է՝ կազմել եւ ոչ թէ կազմուիլ. այլ խօսքով՝ « Պաղեստինեան ուժերը եւ իսլամական շարժումները կազմած են հետաքննութեան յանձնախումբ մը»:
Այլ խօսքով՝ այնքան ատեն, որ կարելի է մեր միտքը արտայայտել սովորական ներգործական բայով մը, ապա պարտինք որդեգրել այս վերջինը՝ առանց ծեքծեքելու եւ դիմելու կրաւորական բայի մը ու անոր պոչը հանդիսացող կողմէ յետադրութեան:
Բաղդատել՝
— Մեսրոպ Մաշտոց հնարեց հայերէն այբուբենը:
— Հայերէն այբուբենը հնարուեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ:
Մեր ոճը պիտի շահէր, եթէ «հետաքննութեան յանձնախումբ մը» ըսելու փոխարէն ըսէինք՝ «հետաքննիչ յանձնախումբ մը»:
Ուրեմն՝ «Պաղեստինեան ուժերը եւ իսլամական շարժումները կազմած են հետաքննիչ յանձնախումբ մը»:
Կողմէ-ի մոլուցքը այնքան տիրական է, որ մեր գրողները կրնան զայն բոլորովին աւելորդաբար եւս կիրարկել. ահաւասիկ օրինակ մը, որ շատ սովորական է.
— «Խիստ մերժելի է պաղեստինեան կազմակերպութիւններուն կողմէ այն համոզումը, որ Լիբանան լքուած երկիր է» (անդ):
Փորձեցէ՛ք փնտռել ու գտնել լեզուական այն նուազագոյն անհրաժեշտութիւնը այստեղ երեւցող կողմէ-ի կիրարկութեան. պիտի չգտնէք այդպիսին, որովհետեւ… չկա՛յ ան: Այս իրողութեան պիտի անդրադառնաք ջնջելով զայն, եւ պիտի նկատէք, որ ոչինչ կորսնցուց նախադասութիւնը իր պայծառութենէն, ընդհակառակը, շահեցաւ ան, քանի թօթափեց մտային աւելորդ ու անիմաստ բեռ մը. ահաւասիկ.
— «Խիստ մերժելի է պաղեստինեան կազմակերպութիւններուն այն համոզումը, որ Լիբանան լքուած երկիր է»:
Ոչինչ, բացարձակապէս ոչինչ կորսնցուցինք այդ չարաշուք կողմէ-ի ջնջումով:
Այս պարագային ալ կարելի է տակաւին աւելի հրապուրիչ դարձնել մեր խօսքը, եթէ որ շաղկապին փոխարէն կիրարկէինք թէ շաղկապը. ասոնք երկուքը թէեւ հոմանիշ են, այսուհանդերձ նոյնանիշ չեն: Որ կը կիրարկենք ստոյգ միտքեր արտայայտելու համար, թէ կը կիրարկենք հոն, ուր արտայայտուած միտքը… թէական է, մեր ամբողջական հաւանութիւնը չի վայելեր, ինչպէս այստեղ է. շարադրողը ինք չ’ընդունիր պաղեստինեան այն տեսակէտը, թէ Լիբանան լքուած է. ուրեմն՝
— «Խիստ մերժելի է պաղեստինեան կազմակերպութիւններուն այն համոզումը, թէ Լիբանան լքուած երկիր է»:
Պէյրութ