Բժ. Օհան Թապագեան
Իրերու սկիզբէն ի վեր մարդկային մտածումը իր իմաստասիրական առաջին պրպտումները ջուրերուն խորերը փորձեց: Եգիպտական դիցաբանութեան մէջ սկզբնական տարրը ջուրը եղած է Նուն անունով:
Աստուածները ծնան Տիամատ վիշապէն, որ անսահման ծովն է: Ամերիկայի բնիկներէն շատերուն համար թշնամի տարրը, ուրկէ պէտք է կորզել աշխարհը՝ ջուրը եղած է: Այս բոլոր վարկածները կը պարունակեն անհերքելի ճշմարտութիւն մը՝ ջուրին կենսական դերը:
Ծովափնեայ նախամարդը քանի-քանի անգամներ ականատես եղաւ անծիր ու յարաշարժ հեղուկին կատաղի ոգորումներուն, կամ արեւի եւ լուսնի շողերուն տակ անոր վեհափառ անդորրին:
Ծովը հսկայ վիշապ մը դարձաւ, գետը՝ օձ մը, առուակը մշտագեղ հարս մը, ստինքէն բարիք ու շրթունքէն երգ հոսեցնող: Մարդը ճանչցաւ ջուրին հրաշքը. անապատին մէկ անկիւնը ծուարած ակ մը տաճար մըն է պապակած ուղեւորին համար: Դրախտը անապատ պիտի դառնար առանց այդ սուրբ հեղուկին, որ է նաեւ մարդկութեան մեծագոյն բարերարը իբրեւ մաքրող ու բաժակ, ու մարդը պաշտեց ջուրը:
Մեր կերակրական դրութեան սնուցումի բովանդակ հաւասարակշռութեան մէջ առաջնակարգ է ջուրին դերը: Առանց ուտելիքի կարելի է օրերով կամ շաբաթներով ապրիլ, սակայն մէկ կամ երկու օրէն աւելի կարելի չէ մնալ առանց խմելու, որովհետեւ մէզը, քրտինքը, թոքային արտաշնչումը իւրաքանչիւր անհատի վատնել կու տան օրական երկու լիթրէն աւելի ջուր, զոր հարկ է փոխարինել. ջուրը ներածուելուն պէս ծարաւը անմիջապէս չանհետանար, որովհետեւ ժամանակ է պէտք ջուրին ծծուելով անցնելու արեան շրջանին մէջ. հետեւաբար անօգուտ է եւ նոյնիսկ վնասակար անհամբերութեամբ գաւաթներ պարպելը:
Ջուրը կը ներկայանայ հեղուկ, սառած կամ շոգի վիճակով. հարկ է նշել, որ այս վերջինը իր effet de serre յատկութեամբ կարեւոր դերակատարութիւն ունի կլիմայի կարգաւորման մէջ:
Երկրագունդի ջուրերու պաշարին մօտ ինիսուն եօթը առ հարիւրը աղի է, ու ըմպելի ջուրերուն քանակը հազիւ մէկ առ հարիւրը, սառած վիճակի մէջ անշարժացած կը մնայ բեւեռային շրջաններուն մէջ:
Սովորաբար գործածուած ջուրերն են անձրեւի ջուրը, ու նաեւ գետի ջուրը. անձրեւի ջուրը պատշաճ կերպով հաւաքուած, զտուած ու պահպանուած ջրամբարներու մէջ, ընտիր ջուր է, որ իր մէջ կը պահէ մարմնին անհրաժեշտ մթնոլորտին հանքային մասնիկները:
Աշխարհի վրայ չկայ ջուրի պակաս. թէեւ ներկայիս ամենուրեք՝ աշխարհագրական իր անհաւասար բաժանումն է, որ յաճախ վէճի նիւթ կը դառնայ կարգ մը պետութիւններու միջեւ:
Հինէն ի վեր մարդ արարածը միշտ պաշտած է ջուրը. Հելլէնին վառ երեւակայութիւնը բազմաթիւ աստուածներով ու ոգիներով բնակեցուցած է ջրաշխարհը. Ներիոս եղած է ծովուն գլխաւոր աստուածը: Պոսիդոն փովի այլ աստուած մը եղած է. ըստ Հելլենական դիցաբանութեան, ան ծնած է ովկիանոսէն ու իր զաւակները եղած են Ներէ եւ Իգնէր: Նոյն դիցաբանութեան մէջ գետերը կը պատկերացուին իբր պատկառելի ծերունի՝ գլխուն պսակ մը, ընկողմանած եղեգնուտի մը մէջ, քովը հաստափոր սափոր մը, ուրկէ ջուրը կը հոսի տեւաբար…:
Գերմանները թունդ բնապաշտներ՝ մասնաւոր յարում ունէին դէպի ծառերն ու ջուրը, Հռենոսը իրենց համար աստուած մըն էր, որ ունէր իր դուստրերը, որոնք կ՚ապրէին ջուրերուն խորը դիւթական պալատի մը մէջ:
Յորդանանի նուիրականութիւնը Քրիստոսով չէ հաստատուած, քրիստոնէութենէն շատ առաջ ան յարգուած էր. նոյնիսկ Յովհաննէս Կարապետի մկրտութիւնները անոր ջուրով կը հաստատեն Պաղեստինի այս գետին յատկութիւնները:
Եգիպտոս մէկ գետ ունի՝ Նեղոսը, առանց որուն երկիրը անապատին շարունակութիւնը պիտի ըլլար: Ըստ եգիպտական դիցաբանութեան Սեպ եւ Նուգ (երկիր եւ երկինք) գրկախառն կը հանգչէին Նախաջուրին խորը, անոնք ծնունդ տուին աստուածներու, որոնք իրենց կարգին ստեղծեցին Նեղոս գետը, որ դարձաւ ժողովուրդին պաշտամունքի առարկան: Գետը ունէր իր տօնը, որ մեծ հանդիսութեամբ կը նշուէր կանոնաւորաբար: «Ողջոյն քեզ Նեղոս» կ՚ըսէ հին օրհներգ մը, «դուն որ յայտնուեցար երկրի վրայ խաղաղութեամբ կեանք տուիր Եգիպտոսին»:
Ինչ որ է Նեղոսը Եգիպտոսի համար, նոյնն են Եփրատն ու Տիգրիսը Միջագետքի համար: Եփրատը նուիրական էր, որ նոյնպէս ունէր իր տօնը:
Ներկայիս աշխարհի վրայ բնակող աւելի քան 600 միլիոն մարդիկ ըմպելի ջուրի պակասէն կը տառապին. հարկ է նաեւ նշել, որ երկրագործական արտադրութիւններուն մօտ քառասուն առ հարիւրը կախեալ են ջուրէն:
Ջուրը իր կենսական դերին կողքին, ունի նաեւ մեծ անպատեհութիւններ. ան երբեմն առանց ազդանշանի, զայրանալով կը պոռփկայ ու դուրս գալով իր հունէն պատճառ կը դառնայ ողողումներու, աւերներու նաեւ աղէտներու:
Միջազգային գրականութեան մէջ կարգ մը գրագէտներ անդրադարձած են ջուրին կենսական դերին. ափրիկեցի ինծի ծանօթ բանաստեղծ մը երկար քերթուածով մը գովաբանած է ջուրը:
Հանրածանօթ ֆրանսացի գրագէտ Antoine de Saint-Exupéry իր «Petit prince»ի բերնով հետեւեալ նուրբ ձեւով կը նշէ ջուրին կենսական դերը. «Ինչ որ կը գեղեցկացնէ անապատը ցանցառ ծառերով շրջապատուած՝ ակին ջուրն է…»:
Մոնթրէալ