ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Ա.)

ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ.

ՍԱՂՄՈՍ 1

Ագահութեան գերի եւ անգոհաբան էակ,
դուն կը յիշե՞ս, թէ դրախտ մը ունէիր, որ ապականեցիր ու կը շարունակես ապականել…
Ապշեցուցիչ է քու հանճարիդ մոլորումը:
Դուն պիտի տառապի՞ս որ արարչութիւնը հասցուցեր ես իր փրկութեան սպասումին:
Եթէ տառապիս՝ ապա արեւը դարձեալ եղբայրդ պիտի ըլլայ.
եթէ տառապիս՝ ապա լուսինն ու աստղերը դարձեալ քոյրերդ պիտի ըլլան.
եթէ տառապիս՝ ապա հովն ու զեփիւռը քու միւս եղբայրնեդ պիտի ըլլան.
եթէ տառապիս՝ ապա ջուրերը քու միւս քոյրերդ պիտի ըլլան.
եթէ տառապիս՝ ապա բնութեան բոլոր տարրերը վերստին
քու եղբայրներդ եւ քոյրերդ պիտի ըլլան.
եթէ տառապիս՝ ապա մահն անգամ քու հարազատդ պիտի ըլլայ,
եւ դուն անկէ պիտի չսոսկաս,
որովհետեւ պիտի անդրադառնաս՝ թէ դուն ալ նման ես բոյսի կամ ծաղիկի,
որ օր մը կ՚անհետանայ,
բայց տառապանքդ սրտիդ մէջ պիտի արթնցնէ Տիրոջ երկիւղը,
որ յայտնիչն է Անոր ողորմութեան հոգիիդ հովանի,
եւ դուն պիտի միախառնուիս Անոր Էին, ուրկէ էիր:
Իսկ միախառնուելէ առաջ՝ պիտի ապրիս Իսկութեան Շունչով,
թէ բնութեան հետ եւ թէ՝ նմաններուդ:
Հիմա ելեր ես եւ սառն ու անապատային եւ կարմիր մոլորակի մը վրայ ապագադ կը փնտռես:
Փնտռէ’…գտի’ր…հասիր մինչեւ այլ մոլորակներ…
Փնտռէ’…գտիր…հասիր մինչեւ անհասանելի զարմանալի մոլորակներ…
Փնտռէ’…գտիր…հասիր մինչեւ դրախտ մը աւելի վայելուչ եւ աւելի փափկական,
բայց ագահութիւնդ պիտի չդադրի ապականելէ բոլոր գտնելիքներդ…
Ե՞րբ է, որ դուն իմաստութեան պիտի յանձնուիս՝ անով օծուելու համար,
եւ ուստի՝ նախ միակ բնակելի վայրիդ օրհնութիւններուն ներդաշնակուիս,
եւ գոհ սրտով ու արդարութեամբ վարուիս անոր հետ:
Հանճարդ յիմարացեալ չէ՞ ագահութեան մէջ…:

 

ՍԱՂՄՈՍ 2

Հոգեհանգիստ…
Խաղաղութիւն ձեզի մայրեր եւ հայրեր.
ձեր զաւակները ճենճերելով առյաւէտ մեկնեցան ձեզմէ
ու պիտի վերադառնան Խաղաղութեան հետ:
Խաղաղութիւն ձեզի կանայք եւ հարսնացուներ.
ձեր սէրերը ճենճերելով առյաւէտ մեկնեցան ձեզմէ
ու պիտի վերադառնան Խաղաղութեան հետ:
Խաղաղութիւն ձեզի մանուկներ.
ձեր հայրիկները ճենճերելով առյաւէտ մեկնեցան ձեզմէ
ու պիտի վերադառնան Խաղաղութեան հետ:
Խաղաղութիւն ձեզի…սգաւորներ բոլոր…
Ի՜նչ ահաւոր է, Տէր,
երբ մխիթարութեան խօսքը կ՚առկախուի մեր տկարութեան մէջ:
Փութա առաքելու վիշտերուն փարատիչ Խաղաղութիւնդ:
Թող արդարութիւնդ գայ ու բնակի սրտերուն մէջ,
եւ պատասխանատուութիւնը թագաւորէ ամենուր…
Հանգիստ ձեզի զինաւորներ,
դուք որ կեանքին աղուորութիւններէն յանկարծ զրկուեցաք,
Խաղաղութիւն պարգեւողին որպէս հրէղինացեալ զինաւորներ եկէք,
որ մեր ապականութեան խռովութիւնները ալ հուրէ ճարակուին…

ՍԱՂՄՈՍ 3

Ի լուր հօր մը անէծքին
Սառնամանիք ու արնագոյն մթութիւն էր,
եւ որդեկորոյս հայրերու եւ մայրերու անծէքը
բարկութեամբ բռնկելով արեւելքէն կը բարձրանար.
սիրակորոյս կիներու եւ հարսնացուներու անէծքը
բարկութեամբ բռնկելով արեւելքէն կը բարձրանար.
անհայրացեալ մանուկներու անէծքը
բարկութեամբ բռնկելով արեւելքէն կը բարձրանար…
Բարկութիւններուն արեւը կեանքի աղջամուղջ մը չէր բերեր,
կը բերէր մահուան աղջամուղջ մը,
ուր կը սաստկանար մթութիւնը եւ սառնամանիքը եւ հսկայ բոցերու թափուիլը
անզգամներու հեշտութիւններուն վրայ…
Ով ապականութիւն, դուն չէիր կրնար նախատեսել գալիք օրը խելագարութեան,
եւ նոյնիսկ եթէ կը նախատեսէիր՝ յանձնապաստանութեամբդ
անկէ խուսափելու կարելիութիւններով կ՚օրօրէիր վատնած ժամանակդ…
Դուն չուզեցիր հասկնալ անձիդ եւ արարքներուդ աղէտաբերութիւնը,
զանոնք արդարացնելու ճիգերուդ յիմարութիւնը,
որ ոչինչին բարեկամութիւն մըն էր եւ համագործակցութիւն:
Դուն օտարն էիր զղջումի առաքինութենէն,
ուստի՝ ոչ այլ ինչ քան մահը:
Ահաւոր են որդեկորոյսներուն, սիրակոյոյսներուն, հայրակորոյսներուն
համբոյրները իրենց սրտահատորներուն շիրիմին, ընդհանուր մեղկութեան մէջ _
համբոյրներ՝ որ խելագարութեան օրը կը կանչեն:
Ահաւորագոյն են համբոյրները անոնց՝
որոնք իրենց հարազատներուն շիրիմներն ալ չունին _
համբոյներ՝ որ խելագարութեան օրը կը շտապեցնեն,
որովհետեւ անոր դէմքին կը դրոշմուին անմիջապէս…
_ Տէր, մերձ ենք ընկղմելու,
քանի որ մեր մեղքերը բազմացան աւելի քան ծովու աւազները,
եւ ծանրացան աւելի քան անկշռելի կշիռը աւազներուն:
Օգնէ՜…

ՍԱՂՄՈՍ 4

Օ՜, իմաստութիւնը թռչուններուն,
որոնք ո’չ կը սերմանեն, ո’չ կը հնձեն եւ ո’չ ալ շտեմարաններու մէջ կ՚ամբարեն,
եւ սակայն կը կերակրուին Հայրիկէն երկնքի:
Մինչդեռ մենք՝ բանական կոչուածներս ագահանալով անձկութենէ անձկութիւն կ՚անցնինք,
զանոնք կը խառնենք, անքակտելի հանգոյցներ կ՚ընենք,
մինչեւ պատերազմներու կը հասցնենք,
եւ կը սպասենք, որ օր մը Աջդ, Տէր,
կամ առասպելական ուժեղ բազուկ մը,
եւ եթէ մեր անձերուն վրայ շատ մեծ համարում ունինք՝ մեր սեփական բազուկը,
սուրի հարուածով մը ահագնացեալ բարդոյթը լուծէ…
Օ՜, իմաստութիւնը թռչուններուն…
իմաստութիւնը ապրելու՝ կերակուրով հանապազօրեայ:
Անոնցմէ մի քանին ահա պարտէզի մը նայող պատուհաններէն կախ
կուտերով լեցուն ամանները կը զարդարեն գունաւոր թառումներով _
ցնծագին աղքատութիւն մը՝ որ իւրաքանչիւր օր
կեանքի պարգեւիդ հաղորդ է, Տէր:
Թռչունները ի բնէ աղքատներ են՝ որ իրենք զիրենք չեն կորսնցներ անձկութիւններուն մէջ:
Անոնք ուսուցանողներ չեն, սակայն կ՚ուսուցանեն, անուղղակիօրէն,
թէ կեանքն է կարեւորը, եւ այս օրը չապրուիր վաղուան համար մտատանջութեամբ:
Տէր, անոնք արդարութեան ժամանակիդ մէջն են,
եւ չեն պաշարուած ու ծանրաբեռնուած էականին մոռացումը տեւականացնող բեռներով:
Մինչդեռ մենք արդէն մեզ յանձնած ենք ագահութեան սպառումին,
եւ սպառուողներ ենք անկէ…:
Օ՜, իմաստութիւնը թռչուններուն:
_ Ով մարդ, դուն պիտի սորվի՞ս Երկնքի արքայութիւնը խնդրել,
եւ կատարել Աստուծոյ Կամքը:
Եթէ սորվիս՝ պիտի ապրիս առատութիւններուն մէջ արդարութեան,
եւ շտեմարաններդ անգամ՝ ոչ թէ անձկութիւններ պիտի պատմեն,
այլ ընդհանրական մարդասիրութիւն՝ որ գոհաբանօրէն կը թռչի Հոգիին հետ:

ՍԱՂՄՈՍ 5

Ճշմարիտ եւ ճշմարիտ է, Տէր,
թէ այս աշխարհի իմաստութիւնը յիմարութիւն մըն է:
Պատմութիւնը կ՚ապացուցէ ատիկա:
Եւ դուն մարդկային ողբերգութեան խաչափայտը բարձրացար,
որպէսզի մեր բրտութեան սաստկութիւնը տեսնենք:
Սաստկութիւն մը՝ որ իր անդադրում ոճիրներուն արդարացումը հնարեց միշտ:
Անիկա հրաժարեցաւ իմաստութենէն, որ սովորական չէր _
անիկա Երկնաւոր կալուածատիրոջ զաւակները՝
մեծ ու պզտիկ կտտանքներու ենթարկեց, կոտորեց ու տարագրեց.
Անոր ծառաները՝ նոյնպէս.
եւ քեզ ալ չխնայեց՝ աստուածայինին յայտնութիւնդ,
որովհետեւ իր ծինային բրտութեան գերին էր,
եւ չկամեցաւ աճիլ Իմաստութեանդ միաբանարար բանականութեան պարգեւիդ մէջ:
Այո, Տէր, դուն մարդկային ողբերգութեան խաչափայտը բարձրացար,
որպէսզի մեր բրտութեան սաստկութիւնը տեսնենք,
եւ տեսնելով՝ հասկնանք Խաչիդ բարոյագիտութիւնը.
այն՝ որուն նայիլը կ՚ազատէ անցեալի երջանկութիւններուն խաբէութիւններէն,
այն՝ որ կ՚ազատէ ներքին անապատացեալ տարածքներուն մէջ կիզող օձերու մահաբերութենէն,
այն՝ որ կ՚ազատէ զղջումի առաքինութեամբ,
այն՝ որ ազատելով նոր կեանք կու տայ…
Կենարար Խաչդ՝ մեր ազատագրութիւնն է եւ փրկութիւնը,
որովհետեւ Երկնաւորին Սէրը սաստկագոյն է:

ՍԱՂՄՈՍ 6

Խորհրդազգած գիշեր մը կը շնորհես աղօթողին,
Ով անքննելի յաւերժ մերձաւոր:
Դուն անմատոյց տաճարին գահակալդ մերձաւորութեամբ հանդերձ՝
յաւէտ գեր ի վեր ու անդին ես մեր զգայարանքներէն, երեւակայութենէն, միտքերէն եւ խօսքերէն:
Երկիւղալից ներիմացութիւնը երբ կ՚արժանացնես քեզի մատչելու,
անսահմանօրէն տարածուն խնկամպին մէջէն երկարած քղացնքիդ ծայրին կը կեցնես,
ինչպէս մարգարէն գրած է:
Եւ այնտեղ մեր կենցաղին եզրը հիմերէն կը ցնցուի միշտ՝
որովհետեւ հնութիւնը Նորութենէդ կը սոսկայ:
Ոչ ոք ի վիճակի է քեզ տեսնելու, ոչ իսկ՝ կը համարձակի.
ըստ տեսիլքին՝ անգամ երկու թեւով իրենց երեսը ծածկած
վեցթեւեան սերովբէները Բարձրեալիդ քով թռչող:
Ոչ ոք ի վիճակի է քեզ տեսնելու, ոչ իսկ՝ կը համարձակի,
ըստ տեսիլքին՝ անգամ երկու թեւով իրենց ոտքերը ծածկած
վեցթեւեան սերովբէները Բարձրեալիդ քով թռչող:
Խորհուրդ խորին, քանի էութեամբ սրբաբանները իրենց երեսները կը ծածկեն,
ապա իրենց աչքերով չեն կրնար քեզ տեսնել.
քանի իրենց ոտքերը կը ծածկեն,
ապա գիտեն՝ թէ կարելի չէ անձը կանգնեցնել առջեւդ:
Բայց անոնք քեզ կը տեսնեն սրբաբանութեամբ,
այլպէս պաշտումի իրենց թռիչքները պիտի չզարդարէին տաճարդ:
Եւ աղօթողը, որ բազմամեղ մըն է,
երկու ձեռքով՝ միայն երեսը կրնայ ծածկել, ու ոտքերը՝ չի կրնար, եւ չունի թեւեր թռչելու,
ուստի քեզ չի կրնար տեսնել, ոչ ալ առջեւդ իր անձով, ու առաւել եւս՝ իր ընթացքով կանգնիլ:
Եւ եթէ զայն նորոգելով արժանացնես Յարկիդ սեմին բերելու,
ան իր հնութենէն կատարելապէս ազատագրեալը չէ:
Երբ քեզ «Աստուած իմ» կը գոչէ ան՝ թէեւ կ՚օրհնես զինք,
բայց յաւիտենապէս կ՚ըլլաս գեր ի վեր ու անդին քան իր ջերմեռանդութեան հասողութիւնը.
երբ քեզ «Էութիւն» կը ճանչնայ՝ թէեւ անոր մտքին ճրագը վառ կը պահես,
բայց յաւիտենապէս կ՚ըլլաս գեր ի վեր ու անդին քան իր բանականութեան հասողութիւնը.
երբ քեզ «Կեանք» կ՚աւետարանէ՝ թէեւ անոր օրերը կը լիացնես քեզմով,
բայց յաւիտենապէս կ՚ըլլաս գեր ի վեր ու անդին քան իր տռոփներուն հասողութիւնը.
Երբ քեզ «Լոյս» կ՚իմանայ՝ թէեւ անոր հոգին կը պայծառակերպես,
բայց յաւիտենապէս կ՚ըլլաս գեր ի վեր ու անդին քան իր իմացութեան հասողութիւնը.
երբ քեզ «Սէր» կը կանչէ՝ թէեւ անոր սիրտը հուրովդ կը կիզես,
բայց յաւիտենապէս կ՚ըլլաս գեր ի վեր ու անդին քան իր սիրեցեալի հասողութիւնը.
երբ քեզ «Բարութիւն» կ՚ընդունի՝ թէեւ անոր ընթացքը կ՚ուղղես,
բայց յաւիտենապէս կ՚ըլլաս գեր ի վեր ու անդին քան իր բարոյական հասողութիւնը.
երբ քեզ «Ճշմարտութիւն» կ՚անուանէ՝ թէեւ անոր ներաշխարհը ստուգութեամբ կը յագեցնես,
բայց յաւիտենապէս կ՚ըլլաս գեր ի վեր ու անդին քան իր յայտնատեսութեան հասողութիւնը.
երբ քեզ «Արդարութիւն» կը խոստովանի՝ թէեւ անոր յանձնառութիւնը կ՚արիացնես,
բայց յաւիտենապէս կ՚ըլլաս գեր ի վեր ու անդին քան իր դատանիշներուն հասողութիւնը…
Այո, Տէր, անսահմանօրէն տարածուն խնկամպին մէջէն երկարած քղացնքիդ ծայրին՝
մեր կենցաղին եզրը հիմերէն կը ցնցուի միշտ վասն նորութեան,
որ պակուցողական սրբաբանութեամբ տեսանելի
յաւէտ գեր ի վեր ու անդին մերձաւորէդ է…

ՍԱՂՄՈՍ 7

Ահա վերստին օրհասական է պահը,
թշնամին իր սուրն է դրեր մեր կուրծքին, մեր վիզին, մեր թիկունքին, մեր ոտքերուն…
Լռե՞նք թէ բամբասենք եւ ամբաստանենք զիրար եւ ուրիշներ,
լռե՞նք թէ տրտնջանք մէկզմէկու, նաեւ՝ մինչեւ Բարձունքդ, Տէր,
լռե՞նք թէ անվախ ելլենք մարտի:
Արդարեւ, պիտի գայ օրը՝ երբ պատերազմի բոլոր զէնքները
եւ արիւնաթաթախ հանդերձանքները պիտի այրուին, հուրէ ճարակուին,
եւ երկնաւոր մանկութիւնը իր ուսերուն առնէ յաւիտենական իշխանութեան պատմուճանը՝
որպէս Մեծ Խորհուրդին աւետաբեր, սքանչելի խորհրդատու, հզօր Աստուած,
յաւերժութեան ծնող եւ հեղինակութիւն խաղաղութեան —
ու պիտի գայ իրաւունքի եւ արդարութեան արքայութիւնը:
Լռե՞նք թէ…
Բէեղզեբուղին թագաւորութիւնն անգամ կանգուն չի կրնար մնալ՝
եթէ ներքին հակառակամարտութեան մէջ է ինկած,
երբ ան դէմ կ՚ելլէ իր գործակալներուն, եւ գործակալները դէմ կ՚ելլեն իրեն:
Լռե՞նք թէ…
Արթնցի’ր, արթնցիր, եւ ոտքի’ կանգնէ…իմ ժողովուրդս ես դուն, – կ՚ըսէ մարգարէութիւնը:
Ա’յս պահուն, հի’մա արթնցիր եւ ժողովէ առաքինութիւններուդ զօրութիւնը՝
դուն որ կործանումի բաժակը ցմրուր խմեցիր:
Մխիթարութիւններէդ բիւրաւորներ մսաղացէն անցան, երկիրդ գրաւուեցաւ եւ աւերուեցաւ,
մնացորդը՝ մաս առ մաս պիտի գրաւուի եւ աւերուի:
Մխիթարութիւններէդ բիւրաւորներ անդառնալիօրէն հեռացան քեզմէ,
եւ արիւնաքամ լքուած ես դուն:
Մխիթարութիւններէդ բիւրաւորներ
իրենց անյուսութիւնը հեշտակեցութեամբ կը հասկնան եւ կը թարգմանեն:
Լռե՞նք թէ…
Ինչո՞ւ պիտի լռես… իսկ ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս պիտի խօսիս եւ…գործես:
Լսէ’ խոստումը վերյառնումիդ: Խոստումը Անոր՝
որ չորցած ոսկորները շնչաւորեց, ջիղեր հիւսեց անոնց վրայ եւ զանոնք միսով ծածկեց,
եւ անոնք վերապրեցան՝ յոյսին միաբանեցնող գիտութեամբ
(անմիաբանութիւնդ կը պատմէ հոգիիդ մէջ խաւարումը այն յոյսին):
Ապա պիտի տեսնես՝ թէ ի’նչ եւ ինչպէ’ս պիտի խօսիս եւ գործես:
Խօսքդ պիտի բարբառի հազարամեակներու փորձառութեանդ իմաստութիւնը
եւ շնորհները եւ արիութիւնը,
գործդ՝ իրաւունքն ու արդարութիւնը պիտի իրացնէ,
եւ դուն մեսիանման ազգ մը պիտի ըլլաս՝
մինչեւ Նոր Երկինքին եւ Նոր Երկրին հաստատուիլը ի մարդիկ հաճութեան դարերուն մէջ…

(Շարունակելի)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *