ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Դ.)

ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ.
ՍԱՂՄՈՍ 21

Պարզ ու յստակ իմաստութիւն մըն է, որ կ՚ըսէ.
«երբ տկար եմ՝ այն ատեն է, որ զօրաւոր եմ»:
Այնուհանդերձ՝ նախ կը զարմանաս,
քանի որ սովորութիւն մը ունիս կեանքը կարդալու ընտրելով հատուածաբար, Continue reading “ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Դ.)”

ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Գ.)

ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ.
ՍԱՂՄՈՍ 14

Կը նզովե՞ս…կը նզովեմ…իսկ ի՞նչ կը նզովես:
Դուն՝ կոչեցեալդ Բանին մարմնացելոյ անդամ մը ըլլալու,
որ ոլորապտոյտներուն երերացող ուղեւոր մըն ես,
ո՞ր տունկի ճիւղերուն:
Անոր՝ որ ճշմարի՞տը եւ ճշմարտութի՞ւնն է, Continue reading “ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Գ.)”

ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Բ.)

ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ.
ՍԱՂՄՈՍ 8

Սիմէոն Նոր Աստուածաբան կարդալով

Հոգի Տեառն, եկո՜ւր…դուն որ ցերեկ եւ գիշեր եւ յամենայն ժամ ու ռոպէ կ՚այցելես:
Եկո՜ւր, ծածկեալ խորհուրդ, դուն որ աղօթողներուն տկարութեան կը հասնիս, Continue reading “ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Բ.)”

ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Ա.)

ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ.

ՍԱՂՄՈՍ 1

Ագահութեան գերի եւ անգոհաբան էակ,
դուն կը յիշե՞ս, թէ դրախտ մը ունէիր, որ ապականեցիր ու կը շարունակես ապականել…
Ապշեցուցիչ է քու հանճարիդ մոլորումը:
Դուն պիտի տառապի՞ս որ արարչութիւնը հասցուցեր ես իր փրկութեան սպասումին: Continue reading “ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Ա.)”

ՏԵՆԴՈՏ ԽՈԿՈՒՄ ՄԸ

Հեղինակ՝ Թամըս Մըրթըն

Ի յուշ Ադոլֆ Այխմանի(1)

Թամըս Մըրթըն – Thomas Merton (1915-1968) կաթոլիկ վանական մըն էր, խորհրդազգած աստուածաբան մը, կրօնագէտ մը, յանձնառու մտածող մը, բանաստեղծ մը: Մեծ հռչակ ունեցաւ իր «Եօթնայարկ լեռը» («The Seven Storey Mountain») գիրքը, որ, ըստ էութեան, կը վերաբերի իր իմացական եւ հոգեւոր աճման, անդրակերպման, եւ քրիստոնէական հաւատքին մէջ վերածնունդին: Ուստի՝ ներքին ինքնակենսագրութիւն մըն է անիկա: 27 տարիներու իր գրականութիւնը՝ աւելի քան 50 գիրքերու ցանկ մըն է: Թարգմանիչը ձեռքի տակ ունի հրատարակելի Continue reading “ՏԵՆԴՈՏ ԽՈԿՈՒՄ ՄԸ”

ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՈԳԵՂԷՆԻՆ ՄԷՋ՝ ՎԱՍՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ. Ք. Գ.

(«ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄՈՒՄ», Ա. եւ Բ. հատորներ)

Հայոց անցեալի բազում յուշարձաններ եւ կոթողներ կը պատմեն ոգիէն, որ յարաբերական խաղաղութեան սակաւ պայմաններու եւ յաճախակիօրէն անտանելի կացութիւններու մէջ՝ պահած էր ժողովուրդ մը, մինչեւ անոր պանդխտաբար հեռանալը, եւ կամ՝ արմատախլուիլը, տարագրուիլը…: Անոնք նաեւ կը պատմեն մոռացութեան մասին: Ախտաճանաչում մը՝ որ Յ. Օշական կատարած էր: Մինչ Continue reading “ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՈԳԵՂԷՆԻՆ ՄԷՋ՝ ՎԱՍՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ”