Ռուբէն
Ընթերցողին կը ներկայացնենք Ռուբէնի (Մինաս Տէր Մինասեան) յուշերէն վերցուած այս էջերը, ուր ան կը պատմէ 1908-ին Վանի մէջ կայացած ուշագրաւ հանդիպման մը մասին հայազգի ոստիկանապետ Մէհմէտ էֆէնտիին հետ, որուն նախապէս հանդիպած էր նախորդ տարին Մշոյ մէջ։ Նշենք, որ Մէհմէտ էֆէնտիի կերպարը ընդգրկուած է նաեւ Խաչիկ Դաշտենցի «Ռանչպարների կանչը» վէպին մէջ որպէս «մանազկերտցի վարժապետ պարոն Աւետիս», որ դաւանափոխ կ՚ըլլայ եւ կը դառնայ ոստիկան Մէհմէտ էֆէնտի։ Ազգային տագնապի այս բախտորոշ օրերուն տեղին է անգամ մը եւս կարդալ այս էջերը, որոնք իւրատեսակ լոյս կը սփռեն ներկայ իրադարձութիւններուն վրայ։
Հորիզոն գրական
Մէհմէտ էֆէնտիի մօտն եմ։ Նոյն հսկան է, թիկնեղ բարձր, կուրծքը դուրս եւ գլուխը բարձր: Ան ճամբու կը դնէ ինձ ուղեկցողը եւ մենք առանձին կը մնանք. կը փոխուի յանկարծ եւ կը համբուրէ զիս:
— Բոլորէն կը փախչիս, ոչ «աղդ է պակաս, ոչ մաղդ» զիս կը փնտռես, ուրեմն երախտամոռ մէկը չես: Եթէ դու չգայիր, ես քեզ պիտի փնտռէի։
Բարձրացանք իր ընդունարանը. ան մենակ էր, միայն ծառայող մը ունէր , պատրաստ հրամանի:
— Ըսէ մէկ տեսնեմ , ինչպէս է քէֆդ, կը հարցնէի։
— Մի հարցներ, ես ժամեն ելած եմ եւ ճամիի մէջ ալ տեղ չունիմ , հայերու համար թուք մը, լորձունք մը. թուրքերու համար՝ աղտոտ թրիք: Մէկին համար ուրացող, դաւաճան միւսին համար «տէօնմէ», անհաւատ: Այժմ դու ըսէ, ե՞ս եմ երջանիկ թէ դու։
Իր ներքին տառապանքը դէմքին ելաւ եւ սեւ ամպի նման ծածկեց։
— Այս Սահմանադրութի՞ւնն ալ չեկաւ փոխելու դրութիւնդ։ Այժմ կարելի չէ՞ քօղերը պատռել։ Գուցէ ես կարողանամ օգտակար ըլլալ քեզ։
— Սահմանադրութիւն, Սահմանադրութիւն… կը կրկնէր Մէհմէտ էֆէնտին եւ տարօրինակ ժպիտ մը եկաւ երեսին։ Քեզի պէս կը մտածէ նաեւ Դարմոյենց աղջիկ Զոհրաբը (իր կինը՝ Անգին Դարմանեան), կ՚ըսէ՝ վերջ տալու է այս երկակենցաղութեան։ Դուք չէք հասկնար որ մահ կը սպառնայ։ Թէրսի պէս եօթը երեխաներ ալ իրար ետեւէ, աղջիկ ու տղայ, շարած է։ Գիւլլին, Մաքրուհին, Իւսուֆը, Ազոն եւ միւսները կը հարցնեն ինձ, «Մենք ի՞նչ ենք». չեն հասկնար լակոտները, թէ ինչ կացութեան մէջ կը դնեն զիս այդ հարցումներով. կը պատասխանեմ. — «Դատարկ հարցումներ մի ընէք, ձեր մօր հարցուցէք». բայց այդ պատասխա՞ն է: Կը վախնամ իմ լակոտներէն, կ՚ուզեմ փախչիլ անոնցմէ, խիղճս կը տանջէ, ես եօթը շղթայով կապուած եմ անոնց։ Կը սիրեմ, կ՚ատեմ զանոնք եւ ամենէն շատ ինքզինքս կ՚ատեմ, որ զանոնք այդ վիճակին մէջ եմ դրած: Սահմանադրութիւնը եկած է աւելի դժոխք դարձնելու մեր կեանքը։ Ես այս ազատութեան հառայ հռոցին բնաւ չեմ հաւատար: Շփում ունիմ ամենքին հետ, պաշտօնիս բերումով բոլորին հոգին ալ պիտի գիտնամ. լաւ գիտեմ որ մազաչափ բան չէ փոխուած. աւելի մոլեռանդ , աւելի դաժան են դարձած, քան առաջները։ Առաջ ես հանդուրժելի էի. այժմ, այս պատուանշանները վրաս, փուշերու վրայ եմ նստած։ Կ՚ըսես՝ վարագոյրը պատռել. այդ դիւրին է, բայց գիտե՞ս որ համազօր է ոչ թէ միայն իմ մահուան, որմէ այլեւս չեմ վախնար, այլ նաեւ ինձ հետ ութը հոգիի մահուան: Փրկութիւնս արտասահմանն է. բայց հայերը պիտի ընդունի՞ն զիս իրենց մէջ։ Քեզմէ աւելի գիտեմ հայերին. բացի հատ ու կենտ մարդկանցմէ, մնացածներու խելքը գրպանին կամ սրտին մէջ է. անոնք չպիտի հասկնան զիս: Յետոյ, ինը հոգիով ինչպէս պիտի ապրինք, այս դիրքերէն յետոյ իբր մուրացկա՞ն, իբր հալածակա՞ն: Ատոր դիմանալու ոյժ չէ մնացած այլեւս։
— Հին ռէժիմի եւ նորի միջեւ տարբերութիւն չե՞ս զտներ, հարցուցի:
— «Նալլաթ սլիկին ալ, պլիկին ալ»: Տարբերութիւնն այն է, որ հին ռէժիմին դուք արթուն էիք, ներկայիս հարբած ու քնած էք։ «Օսմանլի արաբայընան տաւշան տութար» (Օսմանցին կառքով նապաստակ կը բռնէ )…
— Ուրեմն կ՚ըսես որ թէ հին եւ թէ նոր ռէժիմին դէմ ըլլանք:
— Այդպիսի բան չըսի. ուզէք ալ չէք կրնար. երկուքը մէկ–մէկ ձեզմէ զօրաւոր են, երկուքը միասին՝ աւելի զօրաւոր։ Ձեզմէ մի քանին կը հասկնան վտանգը եւ գալիքը, բայց ընդհանրութիւնը՝ նոր ռէժիմը փրկարար լաստ է դարձուցած: Այս դրութեան մէջ, եթէ քնած չմնաք, մեծ բան է, ձեր իսկ ընկերները չպիտի կարողանաք արթնցնել։ Ես ի՞նչ կարծիք կրնամ տալ, «Քաչալը եթէ դեղ ունենար, նախ իր գլխուն տազը կը բժշկէր»:
— Ես գտած եմ միջոց մը — մեր ծրագրին համաձայն՝ «Ինքնավարութիւն»։
— Այդ գիտէի արդէն, կան արդէն ներքին տեղեկութիւններ այդ մասին, որ դու Սահմանադրութեան հետ չես եւ երազներու ետեւ ինկած ես: Ըսի մեր ծուռը ծուռ է մնացած եւ չի գիտեր ինչ բաթախ է ինկած։
Այդ ալ դարման չէ։ Քու սկզբունքը կրնայ հող գտնել Բալկաններու մէջ, բայց այնտեղի ժողովուրդները ընդհանրապէս Օսմանեան Կայսրութենէն բաժանուելու կողմնակից են։ Կրնայ հող գտնել Եմէն, Իմամ Եահեայի, Սէյիտ Իտրիսի, հաշէմիտներու, վահաբիթներու եւ այլ արաբ ցեղերու մօտ, րոնք Խալիֆայութեան մրցակիցներ են: Բայց դուք «կեաւուր» էք, անոնց համար ուղեկից եւ ոչ թէ դաշնակից կրնաք ըլլալ: Հող կրնայ գտնուիլ քրդերու մօտ, բայց անոնց համար դուք «խաֆիր» էք։ Ձեր ընկերներ պիտի ըլլան Դրբոյի Սայիտ, Ղասըմ բէկ եւ Մուսա բէկ, որուն Վէհիր խոստացեր է ազատել։ Լազ, Չէրքէզ եւայլն ոչինչ բաներ են։ Կը մնան թուրքերը, որոնց մէջ ոչ մէկ հոսանք չի կրնար ստեղծուիլ այդ ուղղութեամբ: Անոնք իրենց արաբայով այդ նապաստակները մէկ մէկ կրնան որսալ: Ցաւօք սրտի՝ դուն ալ քու մտադրութեանց մէջ հիմք չունիս եւ ցանկութեանդ հակառակ պիտի իյնաս չուզած տեղդ:
— Այլ խօսքով՝ դատապարտուած ենք, ընելիք չկայ, զլուխներս առնենք եւ գետին մտնենք, ըսի անոր՝ քիչ մը չարացած։ Ան նկատեց ասիկա եւ ըսաւ.
— Ես ընդհանրապէս սուտ կը խօսիմ եւ ատոր համար «բաշ կոմիսէր» եմ։ Քեզ հետ չուզեցի սուտ խօսիլ եւ ահա համողուեցայ, որ «ճիշտ խօսողին փափախը ծակ պիտի լինի»։ Ես բնաւ չըսի որ անելիք չկայ, ես բնաւ չըսի որ գլուխներդ առած գետնի մէջ մտնէք. ընդհակառակը՝ ըսի որ դժբախտաբար հայերը հարբած եւ քնացած են, պէտք է արթնցնել։ Կ՚ըսեմ որ այսօր այդ ճանապարհներով ընելիք չունիք եւ վնասակար է. կ՚ըսեմ թէ «Էվտէքի պազար չարշուտա կէչմէզ» (տան մէջ եղած հաշիւը շուկայի մէջ չանցնիր): Ասիկա չի նշանակեր թէ ամեն ինչ անյոյս է եւ դատապարտուած էք։ Երէկը տարբեր էր այսօրէն։ Վաղը անպայման տարբեր պիտի ըլլայ այսօրէն. ըսածս այն է, որ արթուն, պատրաստ եղէք, գուցէ վաղը մի այլ լոյս ծագի։
* * *
Մէհմէտ էֆէնտիի մտքերը քամած էի: Խօսեցանք ասդիէն անդիէն. ան շատ տեղացիասէր էր եւ շարունակ տեղեկութիւններ կ՚ուզէր իր ծանօթներու մասին, դրուագներ կը պատմէր: Այսպէս կ՚արտայայտուէր իր բնագաւառի մասին։
— Աշխարհ պտտիս՝ տարօնցիի նման ինքնուրաց, հաւատով, ազնիւ ու քաջ, հայրենասէր, ջէմարտ եւ առաքինութիւններով օժտուած ժողովուրդ չես կրնար գտնել. անոր էութիւնը սրտին մէջն է։ Ատոր համար ալ թերի է:
Աշխարհ պտտիս՝ տարօնցիի նման լայն թեւերով թիթեռնիկ չես գտներ, անոր նման անհոգ, իր անցեալը, ներկան մոռացող, դատումը արհամարհող, պարզ լոյսէն շուարող եւ երփներանգ գոյներէն գայթակղող. կարմիր կովի պէս իր կաթը կը թափէ եւ ատոր համար ալ ծաղր ու ծանակի առարկայ է:
Հարցուցի իր կարծիքը Վանի եւ Վասպուրականի ժողովրդեան մասին։
— Ի հարկէ այս ժողովուրդը չեմ ճանչնար տարօնցիի նման։ Տարբեր է։ Մեզի պէս՝ պետ, պետ (մեծ, մեծ) չեն, բայց պզտիկութեանը մի նայիր, ասոնց կէսը գետնի վրայէն, կէսը գետնի տակէն կը քալէ։ Այնքան արագ եւ ժրաջան են, որ լուն ուռեցնելով կրնան ուղտ ձեւացնել։ Մենք մեր բարձած ուղտին արժէք չենք տար, ասոնք, ընդհակառակը, ուղտ չունին, ուղտ կը ծախեն։ Ասոնց երջանկութիւնը իրենց տունն է, ասոնց ասպարէզը՝ տնէն մարագ եւ մարագէն տուն։ Մենք, ընդհակառակը, մեր տները կայան, իսկ ձիու ասպարէզը երջանկութիւն։ Մերոնք՝ կամ բէկ, կամ պահապան. ուր ձին կոխեց՝ հարազատ է։
— Այդ տարբերութիւնները կառավարութիւնը կը տեսնէ՞։
— Թուրք պաշտօնեան հայվա՞ն կը կարծես: Թուրքը կը ղեկավարէ, իսկ ղեկավարելը շատ նուրբ արհեստ է, զոր ան ունի, անկախ կրթութենէն։ Կառավարութեան համար, Վանը մի կատու է, իսկ Մուշը՝ մի գայլ. մէկը կը համարուի պիծկի բոյն, միւսը՝ մի վոհմակ: Այդ նմանութեանց համաձայն ալ իր վերաբերմունքը կ՚որոշուի: Հակասութիւն չկայ, երբ Վանի մէկ կուսակալն այնքան հանդուրժող կը դառնայ, գիտնալով յեղափոխականները՝ թոյլ կուտայ որ հայերը ազատ շրջին, իրենց ոսկերչութիւնը, դերձակութիւնը եւ վաճառականութիւնը շարունակեն։ Այդ անոր կուրութեան, թուլութեան կամ վախկոտութեան հետեւանք չէ. լայնախոհութիւն, բարութիւն ալ չէ, որովհետեւ նոյն կուսակալը, երբ կը փոխադրուի Բիթլիս, Մուշ, կը դառնայ անողոք եւ կտրուկ։ Բացատրութիւնը պարզ է. — անոնք համոզում ունին, որ Վանը ճանկան եւ անտանելի կատու է, որ, բացի իր տնէն եւ տան մարագէն, անտարբեր է իր իսկ հարեւանի տանը հանդէպ, որ հրդեհի է բռնուած։ Նայէ Վանի շուրջ. Վանի սահմաններուն վրայ՝ Ատրպատական, Սալմաստ, ուրկէ կը սնուի Վանը, Սամսոն խանէն յետոյ, մեր Մջոն է բուն հրամանատարը։ Ուրմի՝ Սմբատը, Խոյ՝ Զուլումաթը. իսկ Բիթլիսի նահանգին համար՝ Վանը ոչ մէկ յեղափոխական, կռուող չէ տուած։ Որպէսզի քեզի պարզ դառնայ պետական ըմբռնողութիւնը, պատմեմ մէկ ժողովի մասին, որմէ կ՚ըմբռնես ամեն ինչ։ Երբ ձեր պահեստները բռնուեցան, անոնց քանակը եւ որակը բոլորս շշմեցուց։
Թահիր փաշայի մօտ հաւաքուած էինք բոլոր զինուորական, ոստիկանական ղեկավարներս. Կուսակալը կը յայտնէ. — Շատ շատ վտանգաւոր կացութեան մէջ ենք. մենք մեզ չխաբենք։ Անշուշտ նոյնքան, եթէ ոչ անոր տասնապատիկը պահեստներ կը գտնուին լեռներու մէջ, Իշխանի տրամադրութեան տակ եւ այդ վտանգաւոր Արամը՝ շրջաններն ալ զինած ու ցրած ոյժեր ունի եւ մեր գլխուն փորձանք կը պատրաստէ։ Ուստի շատ զգոյշ եւ արթուն պէտք է ըլլալ. հետեւեալները ձեզմէ կը պահանջեմ։ — Ա. — Զօրքերը պահել զօրանոցներու մէջ, երբ անոնց վրայ յարձակող չկայ. անոնք ոչնչի չպիտի խառնուին եւ սպայ թէ զինուոր չատ սիրալիր պիտի ըլլան ժողովրդեան հետ։ Բ. — Ոստիկանութիւնը խստիւ հետեւելու է որ իսլամները գրգռութիւններ չընեն։ Գ.— Ոչ շուկայի, ոչ փողոցի, ոչ ալ տներու մէջ չվիրաւորել, չխոշտանգել, չձերբակալել, չհետապնդել, չհարցաքննել ոչ մէկ քաղաքացի, թէկուզ գիտնաք որ ամենավտանգաւոր անձն է, թէկուզ անոր տան մէջ պահեստներ ըլլան։ Չձերբակալել անոնք իսկ, որոնց մասին nրոշում կայ։ Խուսափիլ ամեն կերպ դէպքերէ։
Լաւ հասկցէք. բոլոր խռովութիւններու պատասխանատուն Արամն է եւ իր դրսեցիները։ Անոնց դէմ է կառավարութիւնը։ Անոնք եկած են տեղացիները գայթակղեցնելու, կոտորել տալու, անոնց նամուսը, պատիւը, դրամը փճացնելու։ Դուրս՝ դրսեցիները. տեղացիները, միամիտ թէ գայթակղած, իրենց ամենօրեայ աշխատանքներուն. ներում բոլորին եւ նոյնիսկ դրսեցիներուն, եթէ աչքի չերեւան, հեռանան մեր երկրէն։
Ես հասկցայ, լռեցի: Հիւսնին չէր հասկնար, իր հետ բերած էր երկար ցանկ մը կասկածելիներու, կ՚ուզէր խիստ միջոցներ։ Հոս է որ կուսակալը պայթեցաւ եւ իր գոյնը ցոյց տուաւ:
— Ես կ՚ըսեմ թէ դրութիւնը ծանր է. կարծես մենք տխմար ենք, ինքն է քաջը, եւ իր միջոցներով կ՚ուզէ ամեն ինչ լուծել։ Ձեզպէսները պետութեան քանդիչներ են. ես եմ պետութիւնը հոս, իմ ըսածին դէմ եղողները «խայիններ» են։ Երբ դուք մեղուն հանգիստ կը թողուք, ան ձեզ երբեւէ խայթա՞ծ է։ Դուք սիրով, հանգիստ կը մօտիկնաք մեղուանոցին եւ իր պահեստի մեղրը կը հանէք կ՚ուտէք, շատ շատ ծուխ մը կը փչէք, բայց այդ թալանի համար մեղուները ձեր վրայ յարձակա՞ծ են։ Իսկ եթէ արջի նման վարուիք, փայտը առնէք եւ խառնէք մեղուանոցը, տեսած չէ՞ք, որ անձնազոհութեամբ կը յարձակին եւ կրնան ձեզ սպանել։ Ալ ի՞նչ կ՚ուզէք, մեղրի պահեստներ դատարկած էք, դէհ, գոհ մնացէք, անոնք գառան պէս հանգիստ մնացած են, այլեւս մի խառնէք, որ այս փորձանքը անցնի։
Վանեցիներու տըզզոցին մի նայիք, ոչ ալ անոնց խօսքէն վախեցէք. ինչ կուսակցութեան պատկանելու լինին, արժէք մի տաք, բոլորն ալ հանգիստ անվնաս կը մնան եթէ զիրենք հանգիստ թողնէք։ Այս կամ այն նպատակին համար իրենց կեանքը տուողը չեն, բայց երբ վտանգը իրենց հասնի՝ կը դառնան վագր, ազատում չկայ։
Հոս միայն մէկ թշնամի կայ, որ գիտէ թէ ինչ կ՚ուզէ. ան արժանի է փաշա կոչուելու, Արամն է։ Հոն լեռներու մէջ մէկ բէյ կայ, Իշխանն է։ Ասոնք են փեթակներու մայրը եւ այժմ թէ քաղաքի եւ թէ գիւղերու առաջնորդն են. ասոնք են այդ պահեստները պատրաստած։ Սնոնք վերացնելը շատ դժուար է, բայց մի բան չեն հասկցած եւ ատկէ պէտք է օգտուիլ։ Կը կարծեն թէ այս ժողովուրդը կ՚երթայ իրենց ետեւէն։ Այո, կ՚երթայ, եթէ մենք դրդենք զայն մեր անխորհուրդ քայլերով, իսկ եթէ մենք ժողովրդին ձեռք չտանք, անոնց ետեւէն մեռնող չի լինիր։
Կուսակալի բոլոր նախատեսութիւնները մէկիկ մէկիկ հաստատուեցին, թէպէտ շատերը կասկածանքի մէջ էին։ Շուտով Արամը բանտ մտաւ տեղացիներու աջակցութեամբ. բամպակով Վան վիլայէթը խեղդուեցաւ, առանց արիւնի։
Մենք ոստիկան ենք , ոստիկանի գործ ըրինք, քիչ մը օգնեցինք, բոլոր ածականները որ կու տան Արամին ու Իշխանին, նախ դարբնուած էին մեր մօտ։ Եղած բաները ձեւաւորուելով կը տարաձայնուէին, չեղած բաները, կամ ուրիշին կողմէ եղած բաները կը կազմակերպուէին եւ կը վերագրուէին անոնց եւ կը տարաձայնուէին։ Եղած ամբաստանութիւնները, (ոմանք Դաւոյի անունով ստորագրուած) բոլորն ալ խմբագրուած են ոստիկանութեան ձեռքով։ Բայց Արամ բոլորիս համար կը մնայ յարգանքի եւ պատուի առարկայ։
Անցեալ օրն իսկ, երբ Արամը ճառեց իր թաթար լեզուով, մէկը կողքիս ըսաւ. «Հայութիւնը անարժան է այսպիսի մարդ ունենալու, օսմանցիի արժանի է այս մարդը»։ Ես ալ այդ կարծիքն ունիմ, թէեւ մարդուն ըսի որ Արամ «խային» է:
Խօսակցութիւնը բերի բոլորովին ուրիշ հարցի մը շուրջ:
— Քարի վրայ եղած արձանագրութիւններ, բեւեռագիր կամ հայերէն հաւաքած էի. ունէի նաեւ հաւաքած 23 տետրակ հայերէն, քրդերէն երգեր, պատմուածքներ, որոնք արխիւներու թէ զէնքերու հետ բռնուած են եւ կարծեմ թէ քու ձեռքի տակէն անցած են։
Կոմիսէրը ժպտեցաւ եւ ըսաւ.
— Ինչպէս չէ, ես չէի գիտեր որ նման հետաքրքրութիւններ ալ ունիս. գրուած են Կառկառ 1906 յունուար–ապրիլ։ Անոնք տեսած եմ։ Յիշատակագրերը, արձանագրութեանց պատճէնները, երեք թէ չորս տետրակներու հետ միասին ծրարի մը մէջ կապած եմ, իմ տեղեկագիրը կազմած եւ կնքած հաստատած եմ։ Մեծ ծրար մըն ալ, 18–20 տետրակ, կը մնայ իբր անպէտք թուղթ։
Ես շատ ուրախացայ եւ հարցուցի, թէ ի՞նչ կրնայ ընել այդ երկու ծրարները ետ տալու համար ինձ։
— Մէկ ծրարի համար ոչինչ չեմ կրնար ընել, բացի պետական հրամանէն. իսկ այն ծրարը, որուն չեմ կցած իմ զեկուցումը, կարելի է գողնալ։ Կ՚ուզես գո՞ղ դառնամ։
Ըսի՝ կ՚ուզեմ , խաթերս համար։ Ան խոստացաւ։
Իսկ միւս ծրարները, կուսակցական արխիւները, որոնք նոյնպէս պատմական թղթեր են դարձած, ինչպէ՞ս կարելի է ստանալ առանց գողութեան, հարցուցի։
— Ես ճարը չունիմ։ Անցեալները կուսակալը ինձ կ՚ըսէր. «Լաւ ժողովուրդ է հայը, կարծեմ քու մէջ այդ ազգի արիւնէն կայ. այդպէս կ՚ըսէ Հիւսնի բէյը»։ Այդ կը նշանակէ որ շնորհիւ վանեցիներու բոշբողազութեան, կասկածելի եմ արդէն։ Թող Արամը լրջօրէն ետ պահանջէ եւ քիչ մը իր արժանիքները ցոյց տայ։ Կաշառքով՝ անհնարին է , որովհետեւ կաշառքը հետապնդողներէն մէկն ալ ես եմ։ Եթէ Հիւսնին կաշառէք, անոր ծակը կը կոխեմ. բայց ան չի կաշառուիր, ինձմէ կը վախնայ։
— Լաւ, չլինի՞ր այդ պարագային, որ Արամ միաժամանակ պահանջ դնէ բռնուած զինամթերքը ետ ստանալու։
— Կառավարութիւնը պիտի ըսէ. «Հին ժամանակ հրաման էր, մենք առինք զէնքերը ինչ որ անիրաւ էր։ Այժմ համամիտ ենք վերադարձնելու, բայց նորէն հրամանի տակ ենք։ Ձեր յեղափոխական ընկերները, Իթթիհատի կոմիտէն թող համաձայնին եւ հրամայեն, մեր աչքին վրայ»։ Անոնք ալ իրար վրայ պիտի ձգեն եւ ձեզ օրօրեն։
Ես բաժնուեցայ այս լաւ հայէն, որուն արտաքին կեանքը իսլամական էր, հագուստը՝ թրքական, բոլոր ձեւերը՝ ոստիկանական, իսկ ներքին աշխարհը, զգացումները, ապրումները զուտ հայկական։ Քանի որ անոր չեմ հանդիպիր այլեւս, անոր մասին լսածներս ըսեմ , առանց երաշխաւորելու անոնց ճշտութիւնը։
Սահմանադրական շրջանին շուտով զայն Վանէն կը հեռացնեն Հալէպ եւ Դամասկոս, պաշտօնի բարձրացումով. Դամասկոսէն կ՚ուղարկեն Մուսուլ իբր ոստիկանութեան պետ։ Կու գայ Ընդհանուր պատերազմը եւ հայութեան տեղահանութիւնը։ Իր աւագ որդին իբր զինուորական կը կռուի բանակին մէջ անգլիացիներու դէմ եւ կը սպանուի Եգիպտոսի ճակատը։ Ինքը Մուսուլի մէջ, տարագրուածներուն օգնելու համար աւելի անզգոյշ կը դառնայ եւ կասկածի տակ կ՚իյնայ։ Իր բախտէն, անգլիացիները մօտիկցած կ՚ըլլան եւ անոնց շնորհիւ իր ընտանիքով կը փոխադրուի Պոլիս, ուր մտած էին Դաշնակիցները։ Սկիւտարի Մէրքէզ–կոմանտան կ՚ըլլայ եւ այդ պաշտօնին էր, երբ իմ հրաւէրը կ՚առնէ անցնելու Երեւան իր ընտանիքով։ Անպատասխան կը թողու հրաւէրս, երեւի գիտնալով նախապէս Երեւանի անկումը եւ մեր վախճանը։ Այդ ժամանակամիջոցին, նախքան քէմալականներու Պոլիս մտնելը, իր զաւակները մկրտել կու տայ Զաւէն Պատրիարքի միջոցով, իր աղջիկներէն մէկը, որ ամուսնացած էր թուրք սպայի հետ, բաժանել կու տայ եւ ոմանք Ամերիկա, ոմանք Պարսկաստան կը ճամբէ իր ազգականներուն մօտ։ Կարծեմ իր կնոջ՝ Անգինին հետ կը մնայ միայնակ, կը մահանայ եւ իբր իսլամ կը թաղուի։
(Ռուբէն, «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Ե. հատոր, էջ 255-263։ Առաջին հրատ., Լոս Անճելըս, 1951)