Լռութիւնն է իմ լեզուս

Նորա Պարութճեան

վաճառական չէ հոգիս
մրցումին մէջ տեղ չունիմ
յաղթելու համար
դիմադրողի պէտք չունիմ
ժամանակի քարտէսին վրայ
կէտ վարսելու կիրքին հետ
բարեկամութեան եզր չունիմ
հուրհրավառ խօսքերու մէջ
լռութիւնն է լռութիւնն է լռութիւնն է իմ լեզուս

դուրս պիտի գամ.
Քանի՜ կ’ըսեմ՝ դուրսի մարդ եմ այլեւս
ներս մնացող մարդոց հետ
բաժնելիք միտք բաժնելիք հաց բաժնելիք լաց ա՜լ չունիմ
պիտի քաշուի
հեղեղէն ետք ներծծուելիք ջուրի պէս
ամեն պայքար, ամեն ցասում, ինքնամոռաց հրդեհում

պիտի ապրի լոկ յաւակնոտ
ամենազօր կրկնութիւնը շրջապատին անտեղեակ
իր հաւկիթէն դուրս սողոսկող եռանդուն
քանիերորդ ձագին պէս
պիտի քալէ թփռտալով
պիտի քալէ ինքնավստահ
գիշատիչին աչքէն հեռու իր երազած ճամբայով

պիտի մնայ մոռացումը միս մինակ
իր գաղտնապահ խիղճին վրայ
շիրիմներու հարստութիւնն շալակած
ամեն սերունդ պիտի ատէ
անիծէ զայն հուրհրավառ խօսքերով,
որոնց դիմաց
լռութիւնն է լռութիւնն է լռութիւնն է իր լեզուն

Փարիզ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *