Փառքի երախին

Նորա Պարութճեան

մենք այսահար զոհերըն ենք սին փառքին
քանի մեր սէրը սկիզբէն եւ ետ
դաւաճանի անոր արեան
կեանքի իր բաժինը նուիրեց

ու մենք իջանք, տակաւ իջանք
դատելու փոխան
ֆանթազմներու մեղկ շուկան՝
աժան գինով ծախու հանել
աստուածատուր իմացութիւն
եւ մարդկային պայքար ու սուգ
սրբազան

նահանջն դէպի ազատութիւն
այսուհետեւ
սրբագրութիւն չի ճանչնար
անցնելու համար մաքսատունէն
պիտ’ վճարենք գինն ապրանքին
փտած մեր կոյր հաւատքին
պիտի թողունք իբր արգիլուած ինչք հնաբոյր
ձանձրացուցիչ պատմութիւնն մեր քաջութեան
ծաղրի ձեռքին մանուկ ժամանց
ծեր շուայտին՝ գիջութեան ցոփ խաղալիք

որո՞ւ համար
ի՞նչ ցոյց տալու
ո՞ր աստուծոյ բուրվառին վերջին խունկը ծխելու
կը փութանք
մենք մեզ այսքան մերժելով
տրուելու
փառքի ստոր երախին
ծամուելով փշրուելով չորնալու

Փարիզ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *