Աղբահաւաք(*)

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Աւարտած եմ Համալսարանի փիլիսոփայութեան ճիւղը, սակայն ասպարէզով աղբահաւաք եմ։ Գիտական պատրաստութեանս եւ ասպարէզի ընտրութեանս միջեւ այս երեւութական հակադրութիւնը կամքովս չէր անշուշտ։ Պարզապէս քաղաքին մէջ տիրող անգործութիւնը ինծի ստիպեց, որ ի վերջոյ անտեսեմ ազատ ընտրութեան բոլոր տեսութիւնները, որոնք միշտ կը յաղթանակէին համալսարանական բոլոր թեզերուս մէջ, եւ որոնք, ինչպէս կը հաւատայի հիմնուելով ամենէն խոր վերլուծումներուն տրամաբանական եզրակացութեանց վրայ, կոչուած էին լուսաւորելու իմ եւ ուրիշներու ուղին, եւ ընդունիմ ընտրել այն միակ պաշտօնը որուն կարիքը կը զգայ ընկերութիւնը՝ աղբահաւաքութիւն։
Անգործութեան իրողութիւնը չզարմացուց ձեզ։ Որպէս քաղաքակիրթ քաղաքաբնակներ` վարժուած էք ամեն օր թերթերուն մէջ կարդալու քաղաքակրթութեան հիմնական ազդակներէն եղող անգործութեան մասին, առանց որուն այնքան քաղաքական անձնաւորութիւններ` անգործ պիտի մնան: Բայց կրնամ երեւակայել զզուանքի արտայայտութիւնը որ գծուեցաւ ձեր դէմքին վրայ, երբ անդրադարձաք որ կոչումիս ազնուականութիւնը չեմ յարգած։ Սակայն այսպէս կը պատաhի ամեն անգամ որ կարգը աղբերը հաւաքելու կու գայ։
Հաւատացէք անկեղծութեանս, որքան ալ որ դժուար ըլլայ այդ՝ գիրքերուն մէջ ճանչցած տագնապներս կրնան շուարումի՛ մատնել տագնապներու կարօտախտով տառապող գոյապաշտ անգործը, սակայն անօթի մնալու գաղափարը այնքան կը համեստացնէ մարդ արարածը, որ ան շատ դիւրութեամբ կը զոհէ համալսարանական նոյնիսկ ոչ-կեղծ վկայականներուն հպարտութիւնը, եւ ամբողջական յանձնառութիւն կը վերցնէ ի խնդիր ստամոքսի դատի պայքարին։ Անշուշտ իր ստամոքսին դատին։
Դժուար է մարդոց համոզել, որ իմ հագուստս փողկապաւոր պարոնի մը զգեստին չափ մաքուր է։ Կամ՝ էր, երբ առաջին անգամ հագուեցայ զայն, եւ յետոյ է որ աղտոտեցաւ այլոց աղբերով։ Ըսել չեմ ուզեր որ ես ինքս ուրիշներէ աւելի մաքուր եմ, սակայն ոչ-ոք ինքզինք իր գարշահոտութեան պատասխանատու կը զգայ, կամ նոյնիսկ կը գիտակցի անոր։ Նոյնիսկ անմեղ սեպուած երեխան, երբ կարեւոր պարտականութիւն մը կատարելու գիտակցութեան լրջութեամբ իրենց տան աղբի տոպրակը կը բերէ կառքիս մէջ դնելու, չի կրնար իր դէմքին վրայ բնազդաբար գծագրուող ծամածռութիւնը զսպել, հակառակ դէմքիս վրայ երեւցող բարի ժպիտին։ Գալով չափահասներուն, անոնք նոյնիսկ ժպիտս չեն նկատեր, որովհետեւ երբեք իրենց աղբերը մինչեւ կառքս բերելու ժամանակը չունին, այնքան որ զբաղուած են։ Չեմ վշտանար. գիտեմ որ բնական երաշխիքով մը մարդկային ընկերութիւնը չի կրնար գոյութիւն ունենալ առանց աղբերու ինչպէս որ գերբնական երաշխիք մը մարդուն մեղաւոր ըլլալու գոհունակութեան ապահովութիւնը կու տայ: Միւս կողմէ, չափահասները այնքան խորացուցած են ընկերութեան մէջ իւրաքանչիւրին պատշաճ դեր մը վերապահուած ըլլալու գիտակցութեան ըմբռնումը, որ պէտք չունին բացատրելու թէ ինչու իմ պարտականութիւնս է իրենց աղբերը հաւաքելը:
Գործի կը սկսիմ առտու կանուխ, երբ տակաւին մարդիկ փողոցը ողողած չեն ըլլար, եւ նոյնիսկ աղբին հոտը իր հարազատութիւնը կը պահէ։ Կը սկսիմ հաւաքել շէնքերուն առջեւ կոկիկ կերպով` շարուած աղբի տոպրակները, ուր իւրաքանչիւր ընտանիք իր թափթփուքները ամփոփած կ՚ըլլայ։ Բոլոր աղբի տոպրակները իրարու կը նմանին, եւ հարցական է եթէ աղբերուն տէրերը իրենք կրնա՞ն իրենց աղբերը ճանչնալ, տունէն դուրս դնելէն ետք զանոնք։ Ոչ թէ մտաւորական հետաքրքրութեան մը գոհացում տալու համար, այլ պարզապէս որովհետեւ տունէն դուրս դրուած աղբերը դրացիներու միջեւ սուր բանավէճերու առիթ կու տան, յաճախ երրորդ կողմի մը միջամտութեան կարիքը ստեղծելով, թէեւ այս իրողութիւնը հարցը աւելի կ՚աղտոտէ: Առաւօտ կանուխ փողոց դրուած աղբի տոպրակներուն բերանները լաւ գոցուած կ՚ըլլան, եւ երբեմն նոյնիսկ ճանճերը չեն կրնար գիտնալ, որ կապոյտ, սեւ, եւ կամ այլ գոյնի թափանցիկ այդ տոպրակներուն մէջ երեւցող գոյնզգոյն առարկաները` մարդոց աւելցուքներն են որոնցմէ հարկ է ազատուիլ։ Արդէն ճանճերը կը նախընտրեն մարդոց աղբերը՝ մարդոցմէ։
Հարկ է մօտենալ որեւէ թաղի հաւաքական աղբանոցին, կարենալ հասկնալու համար մարդոց միջեւ հաւասարութեան գաղափարը, որովհետեւ իւրաքանչիւր թաղի համար կենսական անհրաժեշտութիւն դարձած հաւաքական աղբանոցին մէջ մարդոց աղբերը ոչ մէկ ձեւով կը տարբերին իրարմէ: Թաղային աղբանոցները կը կենդանանան եւ կ՚աճին օրուան ընթացքին, երբ մարդիկ փողոց կը թափին: Հոն ոչ-ոք ամօթխածաբար աղբերը տոպրակի մէջ կը պահէ։ Կենդանի պատկեր է տեսնել, թէ՝ ինչպէս մարդիկ` հեռուէն կը շպրտեն աղբի տոպրակները. պահ մը կարծես սքանչացած կը հետեւին օդին մէջ ոլորապտոյտ ճամբորդող տոպրակին, որ աղբերուն մէջ իյնալով կը բացուի եւ մէջի աւելցուքները դուրս կը ժայթքին։ Այն ատեն միայն մարդիկ կ՚անդրադառնան որ հարկ է աճապարանքով հեռանալ այն վայրէն, ուր ամեն մարդ իր աղբերը կը թափէ. զզուելի իրականութիւն։ Թաղին աղբանոցը մաքրելը հաւաքական ճիգի կը կարօտի: Երբեմն աղբերը այնքան կը շատնան, որ աղբանոցը կրակի տալու հարկը կը զգացուի։ Սակայն միշտ ալ աւելներու եւ կրակի բոցերու մաքրագործումներէն խուսափած աղբեր կը մնան աղբանոցը վերակենդանացանելու համար:
Միայն անօթի շուները, փողոցային կատուներն ու կոյուղիներու առնէտները չեն, որ գիշերային իրենց խնջոյքներուն համար աղբանոցները կը խառնեն։ Առ երեւոյթ, մեր թաղին աղբանոցը չի տարբերիր այլ թաղերու աղբանոցներէն. սակայն անոր միակ իւրայատկութիւնը այն է, որ ամեն օր, մօտաւորապէս միեւնոյն պահուն, չափահաս, գրեթէ տարիքոտ մարդ կարգին կը խառնուի աղբերուն։ Երեք անիւով երեխայ փոխադրելու յատուկ կառք մը ունի ան, եւ ամեն օր զայն լեցնելու չափ ապրանք կը գտնէ աղբանոցին մէջ։ Ոչ անօթի շուները, փողոցային կատուներն ու կոյուղիներու առնէտները մարդոց նախանձելու պէտք չունին, եթէ երբեք տեսնեն այդ մարդը որ յաղթական զօրավարի մը նման կը կանգնի աղբերու բլուրին վրայ, եւ գիտնականի մը հետաքրքրութեամբ կը պեղէ զայն: Յետոյ, գտածները կը շարէ կառքին մէջ, եւ սեփականատէրի մը գոհունակութեամբ կը շարունակէ ճամբան։ Մարդիկ բարեւ կու տան եւ կը խօսակցին հետը. ոչ-ոք կը նշմարէ որ կառքին մէջ եղածները թերեւս իր աղբերն են։ Ես ալ աղբերով լեցուն կառք մը կը քշեմ. բայց երբեք չեմ մտածած որ այդ աղբերը կրնան տակաւին այնքան մը պիտանի ըլլալ, որ սպառողական շուկայի ապրանքի վերածուին։ Եւ վստահաբար անգամ մը որ շուկայ իջնան, ոչ-ոք կասկածի տակ պիտի առնէ անոնց աղբ ըլլալու իրողութիւնը եւ մերժէ գնել զանոնք։ Փաստ՝ ծանուցումները. վկայ՝ վաճառականները, որոնք երբեք սուտ չեն խօսիր այնքան ատեն որ յաճախորդը տրամադիր է գնելու, նոյնիսկ եթէ գնածը աղբ ըլլայ: Այսպէս, բոլոր թաղեցիները սուրճի գաւաթի մը շուրջ բոլորուած կը հաստատեն, թէ աղբանոցը խառնող մարդը պատուաւոր կերպով հարստացած աղքատ մըն է։ Աղբ խառնելը պարզ սովորութիւն մըն է, որմէ, ուրիշ շատ մարդոց նման, այդ մարդն ալ չի կրնար ձերբազատուիլ։ Միայն թէ երբ աղքատ էր, աղբանոցը կը խառնէր գիշերները որպէսզի մարդ չնկատէ, իսկ հիմա որ հարստացած է՝ օր ցերեկով։ Եւ դարձեալ ոչ-ոք կը նկատէ։
Մեր թաղի աղբանոցը կը գտնուի պատմական դեր ստանձնած կառոյցի մը մուտքին։ Պետական թէ դիւանագիտական կազմեր հիւրասիրած այդ կառոյցը աւերակի վերածուելէ ետք պիտանի դարձած է, ապաստան տալով ոչ միայն աղբերուն, այլ նաեւ՝ անտէր մնացած ընտանիքի մը, որ կառոյցին կիսափուլ մէկ երկու սենեակները կը գործածէ որպէս բնակարան։ Ընտանիքը անշուշտ աղքատ ընտանիք մըն է, որովհետեւ պատմութեան կուռ օրէնքներէն մէկը հարուստներուն բացարձակապէս կ՚արգիլէ աղբանոցներուն մէջ ապրիլ, որքան ալ որ անոնց բնակարաններուն մաքրութիւնը շատ մեծ հարց մը ըլլայ: Բարեխնամ պետութեան մը անդուլ ճիգերուն շնորհիւ գաղթական քաղաքացիի հպատակութիւն ստացած այդ ընտանիքը պետական արտօնագրի պէտք չէ ունեցած աղբանոցին մէջ բնակելու համար, որովհետեւ թշուառութիւնը անհայրենիք ժողովուրդներու մենաշնորհը չէ այլեւս։ Ըսել թէ ընտանիքին հայրը անգործ է, եւ հետեւաբար պէտք է գոյութիւն չունեցող իսկ պետական նպաստը ստանայ, սխալ է։ Փաստօրէն կինը երբեք չի յոգնիր երկու երեխայ շալկելէն՝ նորածին մը գիրկին մէջ եւ նոր ծնելիք մը յաւիտենական կերպով ուռած արգանդին մէջ։ Հիմա գիտցա՞ք թէ որուն ուղղուած է «աճեցէք եւ բազմացէք» աստուածային պատգամը, որուն խորհուրդին հեշտանքը այնքան լաւ կը վայելէ աղբերուն մէջ կէս-կուշտ կէս-անօթի խաղցող երեխաներէն զատ ոչ մէկ սեփականութիւն եւ այդ երեխաներուն նախապատրաստութեան հաճոյքէն զատ ոչ մէկ հաճոյք ունեցող այդ մարդը։ Եւ չեմ գիտեր տնտեսական ո՞ր եկամուտի խորագրին տակ կարելի է դնել այդ երեխաներն ու անտէր շուները, որոնց ոչ մէկ տեղ կայ նոյնիսկ աղբանոցէն պիտանի աղբեր յայտնաբերող մարդուն կառքին մէջ, տրուած ըլլալով որ ստրկութեան դարը պաշտօնապէս անցած յայտարարուած է։
Կան աղբեր զորս վտանգաւոր է տեղէն շարժել, տրուած ըլլալով, որ եթէ գրգռուին, կրնան համաճարակի պատճառ դառնալ։ Փողոցին մէկ անկիւնը դրուած կ՚ըլլան հնամաշ քանի մը բազկաթոռ, որոնց կամ զսպանակները կ՚երեւին, կամ ալ ոտքերը չկան, մոխիրով լեցուն եւ տակաւին մխացող սեւցած թիթեղ մը, քանի մը աւազի տոպրակ, եւ տեղերը ամբողջացնելու համար՝ գունաթափ ու պատռտուած դրօշակ մը, որուն շատոնց ոչ-ոք ուշադրութիւն կը դարձնէ: Յառաջդիմութեան համար պայքարող եւ աւանդական արժէքներուն վրայ անշարժացած ժողովուրդի մը հիւրասիրութեան մտասեւեռումը խորհրդանշելու կոչուած բացօդեայ հիւրանոց մը չէ այդ անկիւնը։ Թէեւ յոգնած ճամբորդը ոչ միայն իրաւունք չունի աւանդաբար այլ ձեւով յոգնածներու վերապահուած այդ բազկաթոռներուն վրայ նստելու, եւ նոյնիսկ թելադրելի է որ շուտ հեռանայ հոնկէ, սակայն քաղաքին հիւրասիրութեան տենչը խորհրդանիշներու պէտք չունի արտայայտուելու համար. մուտքի արտօնագիր զլացող պետութիւնները, որոնք այնքան հպարտ են իրենց բարգաւաճ քաղաքներով, պէտք է ամչնան գիտակցելով որ այս քաղաքին մէջ շատեր ելքի արտօնագիր կը սպասեն, մինչ այդ վայելելով տեղացիներուն բարեխնամ հիւրասիրութիւնը այնպիսի վայրերու մէջ, ուր ոչ մէկ զրօսաշրջիկ այցելած է տակաւին։ Փողոցային կարիքներու յարմարած առտնին առարկաներով կահաւորուած այդ անկիւնը, թաղին կարեւորագոյն անկիւնն է. թաղին դիրքն է, ուր շպրտուած են կիսափուլ – կամ փլելիք – պատերուն վրայ խծբծուած լոզունգներուն յաւերժացման ի խնդիր զինեալի ասպարէզին նուիրուածներ։ Առաւօտ կանուխ փողոցը աւլած ատենս, միշտ այդ տեղը նստած կ՚ըլլան գիշերուան պահակ զինեալները։ Անքնութենէ տառապող անոնց աչքերուն, կամ հազիւ վերջին ծխախոտ մը փչելու ոյժ ունենալու իրողութեան մի հաւատաք. անոնց առնական կարեւորութիւնը կը դրսեւորուի իրենց ոտքերուն մէջտեղը պինդ կեցած զէնքերով։ Ամեն անգամ որ այս զէնքերը տեսնեմ անոնց ոտքերուն մէջտեղը, ձեռքս բնազդաբար տաբատիս առջեւի մասը կը տանիմ վստահ ըլլալու համար որ ոչինչ դուրս մոռցած եմ։ Եւ այնքան գոհունակութիւն կը զգամ, որ ամեն ինչ բնական է մօտս եւ ցուցադրութեան կարիքը չեմ զգար, մասնաւորաբար ուրիշներու ճարտարարուեստին աղբերուն դիմելով: Սակայն նոյնիսկ գործի պարագային զգոյշ կը գտնուիմ հինգ-վեց մեթր բարձրութիւն ձգելով իմ եւ զինեալներուն միջեւ։ Միշտ յարգանօք կը բարեւեմ անոնց, բայց իրենց պարտականութիւնը – պատմութիւն կերտել – այնքան ծանր է, որ անոնք կը դժուարանան մարդկային ներկայութեան մը կարեւորութիւն տալու եւ հազիւ թէ կոյուղիները մտնելու ուշացած առնէտ մը, կամ կիսամեռ բզէզ մը կը յաջողին խանդավառել կամ խուճապի մատնել զանոնք։ Անոնց նստած անկիւնը անկարելի է մաքրել առանց իրենց կասկածը արթնցնելու. նախանձախնդիր են իրենց զինուորական ու կուսակցական գաղտնիքները, որոնց տրամաբանութիւնը հարկաւ որ անհասկնալի է հասարակ մահկանացուին համար, ոչ-ոքի յայտնելու։ Երբեմն անոնց դէմքերը կը տեսնեմ ոտքերուս տակ. անտարբերօրէն բզկտուած հերոս նահատակներու որմազդներուն մնացորդներն են անոնք, որոնք նոր ցուցադրուող ժապաւէնի մը ծանուցումին նման քանի մը օր փայլելէ ետք, անցորդներու ոտքերուն ցեխին կը յանձնուին, եւ անոնցմէ ցեխոտ աղբ մ’իսկ չի մնար յիշատակի համար։ Որովհետեւ հարկ է միշտ մաքրել հին ծանուցումները, այնքան որ հերոսանալու տենչը վարակած է թմրեցուցիչի տեւական ազդեցութեան տակ եղած գլուխները։ Նահատակ-հերոսներուն նկարներն ալ մաս կը կազմեն ազգային մշակոյթին. այլապէս շատ մը պետութիւններ այսքան մեծ ներդրումներ պիտի չընէին այս քաղաքին մէջ, որուն հետեւողական քանդումը տնտեսական անհրաժեշտութիւններէ կը բխի։ Պէտք է ըսել որ նահատակ-հերոսներուն պատկերները դիւրին է մաքրել եւ շուտով մոռնալ. նոյնիսկ առօրեայ գործ եղած է, այնքան դիւրին կը բուսնին ու կը մեռնին. աւելի դժուար, գրեթէ անկարելի է պատերը մաքրել լոզունգներէ, որոնք նոյնիսկ շարժանկարի սրահներուն պէտքարաններն ալ կը զարդարեն։ Այդ լոզունգները մաքրելու համար հարկ է պատը, երբեմն ամբողջ շէնքը փլել: Բայց այդ պարտականութիւնը ինծի չէ վստահուած, ոչ ալ ադոր համար վճարուած եմ։ Արդէն ուրիշներ գրեթէ ամեն օր կը փորձեն կոյր որակուած ռմբակոծումներու միջոցին դիմելով. թէեւ ոչ-ոքի արիւնը այնքան առատօրէն ժայթքած է, որ գէթ մէկ լոզունգ սրբէ:
Ամեն պարտաճանաչ աղբահաւաքի նման ես ալ իրաւունքներուս գիտակցութիւնը ունիմ։ Այսպէս, գիտեմ որ փողոցները մաքրելէ առաջ՝ իմ շահերս պէտք է մաքուր պահեմ։ Այդ իսկ պատճառով առիթ չեմ փախցներ այս կամ այն նախարարին յայտարարած գործադուլին նեցուկ ըլլալու, եւ երբեմն պաշտօնակիցներուս հետ ցոյցի կը մասնակցիմ ամսականի յաւելում պահանջելու համար։ Հպարտօրէն կ՚անցնինք փողոցներէն, ուր աղբի հսկադէզեր զօրավիգ կը կանգնին մեզի (պէտք է ըսել որ գարշահոտութիւնը եւ համաճարակներուն սպառնալիքը մեր ռազմագիտական զէնքերն են)։ Կը հաւաքուինք պետական պատասխանատուի մը խանութին կամ բնակարանին առջեւ, որ ցարդ որոշ աղբերէ զերծ մնացած է, եւ կը պոռանք ու կը կանչենք: Վերջապէս, մեր պատասխանատուները – որոնք բոլորն ալ համալսարանաւարտ են, եւ թէեւ աղբեր չեն հաւաքեր, սակայն աղբահաւաքներուն շահերը կը պաշտպանեն. ըսել կ՚ուզեմ արհմիութեան պատասխանատուները – կը տեսակցին պետական անձնաւորութեան հետ, եւ ամեն անգամ կը յաջողին խոստումներ շահիլ: Ադոր վրայ գոհունակ կը ցրուինք, թէեւ յաջորդ օրուան մեր աշխատանքը որակի եւ քանակի տեսակէ բազմացած կ՚ըլլայ: Բայց հարցը սկզբունքին հետ կապ ունի, եւ ոչ թէ աղբերուն, եթէ միայն կարելի ըլլար զանազանել երկու հարցերը։ Թերթերը, որոնք աղբերուն մէկ կարեւոր տոկոսը կը կազմեն, կ՚անդրադառնան մեր պահանջքներուն։ Եւ հաւատացէք որ հանգիստի օր չկայ աղբահաւաքին համար։
Նոյնիսկ Տիրոջ օրը, երբ մարդ արարածը կոկիկ հագուած կ՚երթայ փառաբանելու Ստեղծիչին գործը, ես զբաղուած կ՚ըլլամ անոր աղբերը հաւաքելով։ Որովհետեւ նոյնիսկ չաշխատող մարդը, եթէ ոչ մասնաւորաբա՛ր չաշխատող մարդը, չի կրնար չաղտոտել: Յատկապէս հոն ուր մարդիկ կը հաւաքուին աղբերը բնականաբար կը շատնան: Բնաւ չէ՞ք այցելած աղօթատեղի մը, ժողովասրահ մը, կամ ալ ձիարձակարան մը խաղերը վերջանալէն ետք։
Բոլոր աղբերը եւ մնացորդները չէ որ ծով կը թափեն։ Մեռելոցի օր մը, մտածեցի որ հարկ է գերեզմանոցը աւլել. հոն առնուազն աղբերը չեն հոտիր։ Սակայն գերեզմանոցի պահակին դէմքի արտայայտութենէն կռահեցի, որ հոն աւլելիք ոչինչ կայ։ Չէի կրնար ժխտել, որ գերեզմանոցին պահակը այդ օր իր կարեւորութիւնը ստացած էր կենդանիներուն մօտ փաստօրէն դրամ հաւաքելու իր արկղը կը լեցուէր՝ իր իրաւունքն էր օգտուելու կենդանիներէն՝ ծառայելով անոնց մեռելներուն։ Նախընտրեցի եզրակացնել որ գերեզմանոցին աղբերը այն աղբերէն են, զորս մարդիկ կը սիրեն պահել, գուրգուրալ անոնց վրայ, եւ յաւերժացնել զանոնք, պարզապէս վստահ ըլլալու համար որ իրենք ողջ են։
Կը ճանչնամ մարդ մը որ աղբ կ՚ուտէ։ Մեծ մարդ մըն է ան. անշուշտ բոլոր մեծ մարդերը աղբ կ՚ուտեն, բայց ես ըսել կ՚ուզեմ որ հսկայ է ան. տակառի նման ուռած փորով, մեծ գլուխով, ոտաբոպիկ, սակայն զգեստաւորուած միեւնոյն տարազին մաս կազմող տաբատով եւ բաճկոնով մը, կամ ինչ որ մնացած է անոնցմէ։ Չեմ կարծեր որ մուրացկան մըն է ան։ Երբեք ձեռքը չ’երկարեր դրամ ուզելու համար։ Թերեւս գիտակցելով որ իրեն տրուած դրամը պիտի չկարենայ ծամել, եւ ոչ-ոք պիտի ուզէ իր ձեռքէն դրամ առնել. յամենայնդէպս, կը կասկածիմ որ ան երբեք դրամ տալ գիտէ: Կարծեմ խօսիլ իսկ չի գիտեր. կամ թերեւս քանի մը աղօթք, զորս մրթմրթալ սորված է երբ ժամանակին կը հաւատար մարդկային գութին եւ մուրացկանութեան արհեստով կը զբաղուէր. որովհետեւ բոլոր մուրացկանները աղօթել գիտեն, եւ հակառակը։ Փողոցի շուներուն հետ կարգի կը կենայ, սպասելով որ մսավաճառներն ու բանջարեղէն ծախողները իրենց աւելցուքները թափեն աղբանոցին մէջ։ Ապա կը մօտենայ եւ կը զատէ աղբերուն ամենէն կակուղները՝ ճարպ, միսի կամ ջիղի քանի մը կտոր ունեցող ոսկոր, աւրուած բանջարեղէններ, ծալլապատիկ կը նստի մայթին վրայ անցորդներուն մէջ, առանց նեղանալու անոնց քայլերէն, ճաշը կը փռէ առջեւը եւ կը թխէ։ Խնջոյքը աւարտելէն ետք կը փռուի գետին ու կը քնանայ: Ոչ-ոք կը մօտենայ անոր, թէեւ բոլոր սուրբերն ու մարգարէները տարբեր պատկեր չեն ձգած. միակ տարբերութիւնը այն է, որ սուրբերն ու մարգարէները շատ խօսած են, իսկ աղբ ուտող մարդը այդ իսկ չ’ըներ։ Ան պարզապէս կ՚ամբողջացնէ կենդանի մնալու ամենէն հիմնական պաշտօնները` շնչել, սնանիլ։ Կը մնայ սերնդագործութիւնը, որուն մասին ան երբեք չի մտածեր. կամ որովհետեւ համոզուած է անոր ամբողջական անպէտքութեան, եւ կամ ալ որովհետեւ մարդկային արժանիքներէն իրեն մնացած է միայն եսասիրութիւնը, զոր հասցուցած է զարգացման այնպիսի մակարդակի մը, որ սերնդագործութեան անպէտք ըլլալու գիտակցութիւնը նուաճէ: Օր մը մտածեցի որ, քանի որ ան ոչ-ոքի կը խանգարէ, հարկ է զայն ոչնչացնել։ Փորձեցի աւլել զինք: Աւելս կոտրեցաւ, սակայն ինք քունէն չարթնցաւ:
Յաճախ կը թեքերիմ` բոզանոցներու շուրջ, սիրոյ թափթփուքներ հաւաքելու համար։ Մի կարծէք որ չեմ հաւատար սիրոյ մաքրութեան. փաստօրէն, աւելիս տակ կ՚իյնան գործածուած ապահովիչներ եւ բոզանոցներէն դուրս ելլող պարոններուն քայլերը։ Ներողութիւն խնդրելու պահուն կը նայիմ անոնց դդումցած երեսներուն, եւ կը մտածեմ թէ ո՞վ աւելի յուսախաբ մնացած է իրենցմէ՝ տան մէջ յաւերժական սիրոյ ծիսակատարութեան աղախին դարձած իրենց կինե՞րը, թէ այդ սէրը ծախու հանող ներսի բոզերը։ Օր մը, շատ անսպասելիօրէն, գործածուած ապահովիչներու կողքին գտայ նաեւ արիւնոտ թարախով ներկուած քուրջի կտոր մը։ Դրօշակ չէր գտածս, այլ՝ կնոջ իւրայատուկ իր մը, որ բնաւ տեղին չէր։ Անորոշ վախ մը զգացի։ Չեմ գիտեր ինչու, կինը միշտ հանելուկ մնացած է, յատկապէս բոզանոցներուն մէջ։ Նոյնիսկ ամենէն պատուաւոր հաշուուածները։
Առտու մը, զօրաւոր պայթում մը լսուեցաւ թաղի մը մէջ։ Աղբահաւաք մը որ կը փորձէր թաղին աղբանոցը մաքրել, ուշադրութիւն չէր ըրած աղբերուն մէջ թաքնուած ականին, որ պայթելով օդը նետած էր աղբերուն խառնուած մարդկային մարմին մը: Հիւանդատար կառքը, ոստիկանները, աղբահաւաքները եւ հետաքրքիրներու խումբ մը հաւաքուեցան դիակին եւ աղբերուն շուրջ։ Սարսափի եւ գութի քանի մը խօսքերէ ետք, մարմինը դրուեցաւ կառքին մէջ, հիւանդանոցին մէջ դիազննուելէ ետք՝ փոսի մը մէջ թաղուելու համար: Աղբահաւաքները գործի լծուեցան մաքրելու համար փողոցին մէջ սփռուած աղբերը, որոնց խառնուած էին մարդուն մնացորդները, եւ մասնաւորաբար՝ ուղեղի անպէտք ու լպրծուն բեկորներ։ Որովհետեւ աղբահաւաքը պէտք եղածէն աւելի հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էր ականին հանդէպ։

Պուենոս Այրես

*) Այս պատմուածքը առաջին անգամ լոյս տեսած է մեր 1988-ի յուլիսի թիւով։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *