Միշտ իր առաքելութեան ճամբուն վրայ

Գրական հորիզոն

Տարեդարձները կարեւոր իրադարձութիւններ կը սեպուին ընդհանրապէս, առիթ՝ յետադարձ ակնարկներու, փոխադարձ շնորհաւորանքներու, գնահատականներու եւ այլեւայլ տօնախմբութիւններու։ Այն աստիճան կարեւոր, որ յաճախ թուականն իսկ կը փոխուի ի խնդիր այլ նկատառումներու։ Բրիտանական երկիրները, Գանատան ներառեալ, գահակալի ծնունդը կը նշեն պայմանական թուականներու, անկախ գահակալի իրական ծննդեան թուականէն, գործնական նկատառումներէ ելլելով։ Հայկական միջավայրին մէջ ալ ընդունուած է այդ մօտեցումը։ Օրինակի համար՝ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը հիմնուած է 1890-ի ամառը, Թիֆլիսի մէջ կայացած շարք մը ժողովներու ընթացքին, բայց մեր համայնքները տասնամեակներէ ի վեր Հ.Յ.Դ. Օրը կը նշեն դեկտեմբեր ամսուն։
«Հորիզոն գրական»-ը 40 տարեկան դարձաւ անցեալ տարի, բայց ինչպէս մեր աւագ սերունդի շատ անդամներու պարագային, իր ծննդեան թուականը մշուշոտ է։ Պայմանականօրէն ընդունած ենք 1984-ի դեկտեմբեր ամիսը։
Հայ մամուլը հայ գրականութեան բեմն է հանդիսացած ի սկզբանէ։ Կրնանք ըսել նաեւ, որ հայ գրականութիւնը հայ մամուլի կենսանիւթն է եղած ի սկզբանէ։
Տարբեր չէր կրնար ըլլալ «Հորիզոն»-ի պարագային, որուն առաջին՝ 1979 մայիս 28-ի թիւի առաջին էջին վրայ պատուոյ տեղը կը գրաւէր Պարոյր Սեւակի «Սարդարապատ»-ը։ Անկէ ետք գրական գործեր չեն պակսած շաբաթաթերթին մէջ։ 1980 սեպտեմբեր 29-էն սկսեալ ԳՐԱԿԱՆ վերտառութեամբ էջ մը լոյս կը տեսնէր պարբերաբար, իսկ 1982-ի օգոստոսէն՝ ամսական բաժին մը՝ ԳՐԱԿԱՆ ՀՈՐԻԶՈՆ անուանուած։
Ուրեմն, ինչպէս նշուեցաւ, ԳՐԱԿԱՆ ՀՈՐԻԶՈՆ ամսական մշակութային յաւելուածը, իր ներկայ փոքրադիր չափով լոյս կը տեսնէ 1984 դեկտեմբերէն սկսեալ՝ թելադրութեամբ մեր երէց աշխատակիցներէն ողբ. Մարտիրոս Գաւուքճեանի՝ զայն շաբաթաթերթէն դիւրաւ անջատելու եւ ի հարկին հաւաքելու-պահելու դիւրութիւն ընծայելու համար ընթերցողին։ Այս ալ կը բացատրէ քառասնամեակի հանգամանքը։
ԳՐԱԿԱՆ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ անուանումով ան կը հրատարակուի 1986-1988՝ միաժամանակ «Հորիզոն»-ի ու Լոս Անճելըսի «Ասպարէզին մէջ», 1989 յունուարէն մինչեւ 2009 հանդիսանալով «Հորիզոն»-ի գրական յաւելուածը։ 2010 յունուարէն ան կը կրէ ՀՈՐԻԶՈՆ ԳՐԱԿԱՆ անունը։
Ընդհանրապէս ան բաղկացած է 16 էջերէ. պարբերաբար ու յատուկ առիթներու ան հրատարակուած է 24 էջերով, իսկ քանի մը առիթներու ալ իբր աւելի ծաւալուն առանձնատիպ՝ շնորհիւ գրասէր նուիրատուներու յատկացումներուն։ Յիշենք այդ առանձնատիպերը՝ 2005 նոյեմբերին՝ Հայ գրոց գիւտի 1600-ամեակին նուիրուած, 2004 դեկտեմբերին՝ 1937-ի Եղեռնի 70-ամեակին, 2009 նոյեմբեր-դեկտեմբերին՝այս յաւելուածի 25-ամեակին, իսկ 2012 դեկտեմբերին՝ Հայ տպագրութեան 500-ամեակին։
«Հորիզոն»-ի գրական էջերու ապա գրական յաւելուածի 1979-էն մինչեւ 1992 դեկտեմբերի բովանդակութիւնը լոյս տեսած է 1993 փետրուարին՝ արտահերթ թիւի մը մէջ, իսկ անկէ ետք իւրաքանչիւր տարուան բովանդակութիւնը՝ նոյն տարուան դեկտեմբերի կամ յաջորդ տարուան յունուարի թիւերուն մէջ։
Մինչեւ 2009 դեկտեմբերը խմբագրութիւնը ստանձնած է Վրէժ-Արմէն Արթինեան, իսկ 2010 յունուարէն սկսեալ՝ Վիգէն Աբրահամեան։ Պէտք է նշել, որ առաջին անգամ խմբագրին անունը երեւցաւ 1992 յունուարի թիւով։ Անկէ առաջ մեր բարքերուն մէջ չկար անուն նշելու սովորութիւնը… Խմբագրական խորհուրդի անդամներուն կամ օժանդակներուն անունները սկսան դրուիլ 1992-ի ապրիլէն սկսեալ։ Հետագային՝ 2007-ի հոկտեմբերէն «Խորհուրդ» անուանումը փոխարինուեցաւ «Կազմ»ով։
Տարիներու ընթացքին, խմբագրական կազմին անդամակցած կամ օժանդակած են հետեւեալ անձինք՝ այբբենական կարգով (խաչանիշով նշուած են մեզմէ առ յաւէտ բաժնուածները).

Աբրահամեան Սիմա
Աբրահամեան Վիգէն
Ակներեան Անոյշ
Աճէմեան Րաֆֆի
Աւագեան Հերմինէ
(Ստեփանակերտ)
Գարագաշեան Մհեր
Գոճայեան Արազ (Պուրճ Համուտ)
Գոյունեան Գառնիկ աւ.քհ.
Գրիգորեան Սեդա (օգն. խմբ.)
Դանիէլեան Վարդի
Դւոյեան Սիրանոյշ (Երեւան)
Երամեան Մարուշ (Հալէպ)
Թագւորեան Լենա
Թիթիզեան Սոնա
Թիւֆէնքճեան Վիգէն
Խաչիկեան Յակոբ †
Ժամկոչեան Լուսին
Մանճիկեան Լալէ
Մարգարեան Շողեր
Մինասեան Շաքէ †
Շահինեան-Արծրունի Շաղիկ
(Երեւան)
Շամլեան Հայդուկ
Շարապխանեան Էլիզ
(Թորոնթօ-Ուշի)
Շարապխանեան Մարգար †
(Թորոնթօ-Ուշի)
Չագմագճեան Սօսի †
Չաքմաքչեան Էլիզա
Պասմաճեան Գաբրիէլ †
Պասմաճեան Նշան (Աւքլանտ)
Պարութճեան Նորա (Փարիզ)
Պէրպէրեան Յարութիւն
Պուճիքանեան Րաֆֆի
Սարգիսեան Վիլմա
(Լոս Անճելըս)
Տէր Ղուկասեան Խաչիկ
(Պուենոս Այրես)
Տօնապետեան Թամար (Թորոնթօ)
Փաթաքֆալուի Լորա
Փափազեան Վարդգէս †
Քիլէճեան Սոնիա
Օխիքեան Նելլի

Գրական յաւելուածը կամ ներկայ անուանումով՝ «Հորիզոն գրական»-ը ունեցած է շուրջ 300 աշխատակիցներ, մեծ մասամբ Սփիւռքէն, որոշ թիւ մըն ալ Հայաստանէն ու Արցախէն։ Ամբողջական ցանկի հրատարակումը կը յետաձգենք աւելի հանգամանալից առիթի՝ 50-ամեակի բացառիկ թիւին։ Նաեւ, նախընտրեցինք նախկին թիւերէն քաղուածքներով յետադարձ ակնարկ չկատարել, այլ ընտրեցինք պատուածք մը՝ 1988-էն, որ կրնար նաեւ այսօր գրուած ըլլալ, եւ 1998-ի մայիսին Մոնթրէալի մէջ կայացած «Հայ մշակոյթը 21-րդ դարու սեմին — Խոչընդոտնե՞ր թէ՞ հնարաւորութիւններ» նիւթով լսարանի նիւթերը, որոնք տրուած էին նոյն տարուան մեր հոկտեմբերի եւ նոյեմբերի թիւերով, դարձեալ իրենց այժմէականութեան համար։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *