Գէորգ Յակոբճեան
Իմ նախկին աշխատանքիս մէջ, վարժանքներու ընթացքին, յաճախ մասնակցողներէն կը խնդրէի, որ թուղթի մը վրայ գրեն հինգ ամենակարեւոր իրերը, որոնք իրենց հետ պիտի վերցնէին, եթէ իրենց տունը կրակ առնէր: Երբեք չէի պատկերացներ, որ այս վարժանքը, որուն մասին յաճախ մտորումներով եւ տեսական պատասխաններով կը խօսէի, իմ ու հազարաւոր այլ լոս անճելըսաբնակներու ապրած իրականութիւնը պիտի դառնար: Բայց ահա՛, եկուր եւ տես, որ գիշերուան ճի՛շդ կիսուն, փոթորկախառն հրդեհներուն պատճառաւ, կը փորձէի հինգէն-տասը խուճապահար վայրկեաններու մէջ Լոս Անճելըսի նորակառոյց մեր տունէն տարհանուիլ: Տունէն դուրս գալ, այն մտավախութեամբ, որ հաւանաբար չվերադառնանք ու ամե՛ն ինչ որ կերտած էինք տարիներու ընթացքին՝ կորսնցնենք:
Այդ ճգնաժամի գագաթնակէտին, ես եւ Անին պէտք էր ամեն կերպ կեդրոնացած մնայինք: Ի՞նչ առնենք մեզի հետ. ի՞նչ ձգենք. ի՞նչ պահենք, ի՞նչը իսկապէս կարեւոր է: Եւ այս բոլորը պէտք էր ընէինք, նախքան մեր զաւակները իրենց խաղաղ քունէն արթնցնելը: Մեր առաջնահերթութիւնը պարզ էր՝ պաշտպանել զիրենք որեւէ սարսափելի փորձառութենէ: Անոնք վերջինները պիտի ըլլային իրենց տաքուկ անկողիններէն դուրս եկող: Անին ու ես, մի քանի երկվայրկեան իրարու աչքերու մէջ նայեցանք, լու՜ռ մնացինք ու առանց բառ մը խօսելու հասկցանք զիրար եւ անմիջապէս անցա՛նք գործի:
Մէկ վայրկեանէն հագուած էինք արդէն: Յետոյ սկսանք ամենանախնական իրերը հաւաքել՝ կարեւոր փաստաթուղթեր, անձնագրեր, հագուստ, ծածկոցներ, ջուր, այստեղ-այնտեղ պահուած քիչ մը կանխիկ գումար, բջիջային լիցքաւորողներ, բժշկական դիմակներ, թաց սրբիչներ, առաջին օգնութեան իրեր: Թոհուբոհիս մէջ, դարձեալ կանգ առի: Մէկ պահ հայելիին մէջ նայեցայ եւ դէմքիս վրայ այսպէս կծու եւ արհամարհական ժպիտի մը ուրուագիծը յայտնուեցաւ. «Հինգ ամենաարժէքաւոր իրե՜րը…»
Ո՛չ մէկը այդ «արժէքաւոր» իրերէն մեր ձեռքն էր: Ոչ մէկ յուշանուէր ճամբորդութիւններէս, ո՛չ մէկ գիրք հարիւրաւոր գիրքերէս, ո՛չ մէկ արժէքաւոր իր, ո՛չ մէկ յուշ մեր ամուսնական կեանքէն, մեր ծնողներէն ու մեծ հայրերէն, ո՛չ մէկ յիշատակ ընկերային-միութենական կեանքէ, ո՛չ մէկ լուսանկար կամ յուշանուէր: Ո՛չ մէկ ակադեմական վկայական, վկայագիր, գնահատագիր, պարգեւ կամ արուեստի կտոր, որ ապահով կերպով պահած էի կեանքիս ընթացքին՝ Սուրիայէն մինչեւ Անգլիա, ապա Լիբանան, Հայաստան, Զուիցերիա, Աւստրիա, Փորթուկալ եւ ի վերջոյ՝ Ամերիկա: Ես գիտակցաբար այս բոլորը ետեւ ձգած էի: Իսկ եթէ ուզէի վերցնել, ճգնաժամի գագաթնակէտին անհնար էր զանոնք կազմակերպել, ընտրել եւ տարբերակել:
Երբ պզտիկները ծածկոցներու մէջ փաթթած ու տաքուկ անկողիններէն դէպի ինքնաշարժ կը տանէի, խոր եւ կրքոտ հայեացքով մեր տունին նայեցայ, կարծես թէ վերջին անգամը ըլլար: Ա՛յդ տեսարանը մտքիս մէջ դրոշմեցի ու առանց վարանելու անմիջապէս առաջ շարժեցայ: Ծխապատ, փոշիով ու կայծերով լեցուն ճանապարհներով քաոսի մէջէն անցանք, մինչեւ որ ապահով վայր մը հասանք:
Այսօր, կրակը մեր թաղամասին մէջ հանդարտեցաւ, ու մենք տուն վերադարձանք: Մինչ այս պահը կրակը չխլեց այն, ինչ որ կառուցած էինք, բայց փորձառութիւնը իր խոր հետքը պիտի ձգէ մեր մէջ: Ու ամբողջ օրը այսօր ինքզինքիս մէկ բան կը կրկնեմ. «Երբե՛ք, այլեւս բնա՛ւ որեւէ մէկուն պիտի չհարցնեմ, թէ ինչե՛ր են անոնց հինգ ամենակարեւոր իրերը, որոնք արտակարգ դրութեան մը մէջ իրենց հետ պիտի վերցնէին»:
Երբ միակ նպատակը սիրելիներու ֆիզիքական գոյատեւումն ու փրկութիւնն է, ի՜նչ որ «արժէքաւո՜ր» իրեր կ’ենթադրուին, երկրորդական ու անկարեւոր կը դառնան: Իսկ ինչ որ իսկապէ՛ս կարեւոր է – մեր սիրելիները, անոնց անվտանգութիւնը ու մանաւանդ մեր սրտի ու մտքի յուշերը – ո՛չ մէկ պայուսակի մէջ կարելի է տեղաւորել:
Լոս Անճելըս
8 յունուար 2025, ժամը 21:30