ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ

Վ.-Ա. Ա.

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻ ՀԱՅ ԲԺՇԿՈՒՀԻՆԵՐ ԵՒ ԲՈՒԺՔՈՅՐԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ, տպագրութիւն՝ TLC Global Inc., Մոնթրէալ 2024, 189 էջ։
Սոյն հատորը, որ կը հրատարակուի Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութան Հայկական բաժանմունքին մեկենասութեամբ, ձեւով մը շարունակութիւնը եւ ամբողջացումը կը հանդիսանայ նոյն հեղինակին «Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ պատմութեան ընթացքին» գործին (տես «Հորիզոն գրական», փետրուար 2024) եւ 86 բժշկուհիներ եւ բուժքոյրեր։ Հանրագիտական բնոյթի կարեւոր յաւելում մը։

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, ՄԱՐՄՆԻ ՈՐՈՇ ՄԱՍԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԼԵԶՈՒԻ ԴԱՐՁՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒՆ, ԱՌԱԾՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՍԱՑՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ, տպագրութիւն՝ TLC Global Inc., Մոնթրէալ 2024, 167 էջ։
Բժիշկին հեղինակութիւններուն մէջ իւրայատուկ գործ մը՝ նոյնպէս Կիւլպէնկեանի մեկենասութեամբ լոյս տեսած։ Իր նախաբանին մէջ Հարպոյեան կը նշէ, թէ «մարդու մարմնի զանազան մասերուն անունները շատ յաճախ կը գործածուին մեր գրաւոր լեզուին մէջ։ Անկախ իրենց բառացի իմաստէն, այս անունները կը գործածենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ՝ աւելի իմաստ մը տալու մեր խօսքին, մեր ըսածին եւ այս կ՚ընենք առանց անդրադառնալու, կ՚ընենք ինքնաբերաբար՝ աւելի համ ու հոտ տալով մեր խօսքին»։ Մարմնի 50 մասերու վերաբերեալ շուրջ 3400 դարձուածքներով՝ գրեթէ բառարանային բնոյթի հատոր մըն է, որ կ՚արժէ ունենալ եւ միշտ օգտուիլ անկէ։

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, ԱՆԳԼԵՐԷՆ-ՀԱՅԵՐԷՆ, ՀԱՅԵՐԷՆ-ԱՆԳԼԵՐԷՆ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԱՄՓՈՓ ԲԱՌԱՐԱՆ, տպագրութիւն՝ TLC Global Inc., Մոնթրէալ 2024, 205 էջ։
Ամբողջովին բառարանային հատոր մըն է բժիշկ Հարպոյեանի այս վերջին գործը, որ ի մի կը բերէ իր «Բժիշկին խօսքը» եօթհատորեակին մէջ գործածուած շուրջ 3000 եզրերը՝ հայերէն ու անգլերէն համազօրներու փոխադարձ ցանկերով, առաւել՝ հայերէն 275 նոր բառերու ցանկ մը՝ մեծամասնութեամբ առաջարկուած ի՛ր կողմէ, մասամբ ալ՝ սոյն տողերը գրողին կողմէ։ Այս բժշկական ամփոփ բառարանը, ինչպէս զայն կը կոչէ հեղինակը, կրնայ նկատուիլ իր ամենէն կարեւոր ներդրումը մեր լեզուի զարգացման գործընթացին մէջ։ Վարձքը կատար։

Երեք հատորներն ալ կարելի է ստանալ ուղղակի բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանէն՝ հեռաձայնելով 450 686-3961 կամ 514 515-2977 թիւերուն։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *