Հայդուկ Շամլեան
Նիւթը այնքան լայն է ու անծայրածիր, որ հարկաւոր է սկսիլ կարգ մը տարրական սահմանումներով, ինչպէս նաեւ հաստատել ներածական յատակագիծ մը, կարելի եղածին չափ ճշգրտօրէն շրջագծելու համար յատուկ սահմանները, որոնց միջեւ պիտի կատարուի այս գրութեան մէջ առաջադրուող վերլուծական փորձը:
Նախ, «մշակոյթ»ի յղացքը այստեղ պիտի հասկցուի երկու իմաստով: Առաջին, որպէս ժողովրդային հաւաքական ինքնութեան մը սովորական արտայայտութիւնը, որպէս ժողովուրդի մը անդամներուն միջեւ ապրելակերպի հասարակաց գիծերը։ Այս պարագային, այստեղ պիտի խօսինք «կենցաղային մշակոյթ»ի մասին: Երկրորդ՝ որպէս տուեալ ազգային հաւաքականութեան մը գեղարուեստական գործունէութիւնն ու արտադրութիւնը։ Այս տուեալն ալ այստեղ պիտի կոչուի «գեղարուեստական մշակոյթ»։
[…]
Յաջորդ յստակացումը որ հարկաւոր է կատարել, հայ մշակոյթի Սփիւռքի եւ հայրենիքի տարբերակներուն կը վերաբերի։ Քանի որ ասիկա քաղաքական–գաղափարական քարոզչական բնոյթով յօդուած մը չէ, որեւէ ձեւով, այստեղ ստիպուած չենք «Մէկ Հայրենիք – Մէկ Ժողովուրդ», «Դէպի Երկիր» եւ այլ նմանօրինակ լոզունգներու վրայ հիմնուած պատրանքներ հաստատել։ Հակառակ ծայրայեղութեան ալ երթալը անտեղի է: Հետեւաբար, բաւարարուինք այստեղ նշելով որ, նուազագոյնը մշակութային գետնի վրայ, պատմական-աշխարհագրական այլազան նկատողութիւններու պատճառով, հայ մշակոյթը, տակաւին եւ ցնոր տնօրինութիւն (գաղափարական խորունկ հասկացողութիւնները կարելի չէ ամբողջովին չէզոքացնել…), երկու տարբերակ ունի, մէկը Սփիւռքի մէջ, միւսը՝ Հայաստանի: Տեսութիւնը նոր չէ, այլ դժբախտաբար դասական եւ տեւական, անցեալի արեւելահայ-արեւմտահայ բաժանումը այժմ փոխարինուած ըլլալով Երկիր-Արտերկիր անխուսափելի երկուութեամբ:
[…]
Հայ կենցաղային մշակոյթի անկումը
Հայութեան պարագային, նախ դժուար է գտնել ընդհանուր տիրապետող ապրելակերպ մը: Քանի որ հայերը կը գտնուին քիչ մը ամեն տեղ, եւ ամեն տեղ ալ՝ այդ տեղի զանազան ու տարբեր շրջանակներուն մէջ, կրնայ թուիլ թէ կարելի չէ սահմանել «Հայ կենցաղային մշակոյթ»ի մը յստակ ու անվիճելի տուեալը:
Անկումի առաջին երեսը ասոր մէջ կը կայանայ արդէն:
[…]
Նախ, իր ֆիզիքական գոյութիւնը ընդգրկող օտար միջավայրէն ազդուող հայը, խորքին մէջ, որքանո՞վ հայ է, այն ինչ կը վերաբերի այն ապրելակերպի գիծերուն, որոնք անհերքելի կերպով որդեգրուած են ոչ-հայ շրջապատէն, որոնք արդիւնքն են օտար ազդեցութեան:
Իրականութեան մէջ, ամենէն վտանգաւոր, նաեւ ամենէն անդիմադրելի ձուլումը հոս է արդէն։ ամեն անգամ որ, պատշաճելու, շաղուուելու, յարմարելու նպատակով կամ պատրուակով, հայը կը սկսի ապրիլ, մտածել, ըմբռնել եւ արտայայտուիլ ոչ-հայուն պէս, անիկա անունով հայ կ՚ըլլայ միայն: Մնացեալը միայն պատրանք է եւ հաւաքական ինքնախաբէութիւն:
[…]
Լեզուի անկումը
Հայերէն լեզուի տագնապը այսօր հասած է անասելի աստիճաններու: Եւ հարցը, խորքին մէջ, կարծուածէն աւելի ծանր է հաւանաբար:
Որովհետեւ, հարցը հայերէն խօսիլ կամ չխօսիլը չէ: Ատիկա արդէն վերջաւորութիւնն է հարցին, եւ նոյնիսկ լուծումի ձեւ մը: Արդարեւ, այժմու տիրապետող այլընտրանքը այլապէս մտահոգիչ է ու խանգարիչ:
Հայերէն լեզուն, այսօր իր գործածուած վիճակին մէջ, պարզապէս անընդունելի է։ Կոշտ եւ հաստ առոգանութեամբ, ուղղակի օտար կամ իբրեւ թէ «հայացած» բառերով ու արտայայտութիւններով լեցուն, այն ինչ որ ատենօք հնչեղ մեղեդի էր, նուրբ քաղցրերգութիւն էր, այսօր վերածուած է ծակ թմբուկի աղմուկի, չճշդուած ջութակի անհանդուրժելի կաղկանձի, պոռչտուքի եւ մրթմրթոցի խառն տարօրինակութեան մը:
Ինչպէ՞ս եղած է որ, Ամերիկայի ցամաքամասին վրայ ծնած ու մեծցած պատանիներ, այսօր իրենց արդէն արտառոց «հայերէն»ը կը խօսին անստոյգ լեռնային շրջաններ յիշեցնող կոպիտ առոգանութեամբ մը։ Հեռաւոր նախահայրերու հետ հրաշքի համազօր հաղորդութի՞ւն մը արդեօք, լեզուական ետդարձ դէպի խորունկ ակունքնե՞րը, դէպի Երկի՞ր, բառին զօրաւոր ու տոհմիկ, «հայրենակցական» իմաստով… Հաւանական չէ։
[…]
Գացէք ու լսեցէք, մեր մանկապարտէզներէն սկսեալ մինչեւ ամենէն լուրջ ժողովասենեակներուն մէջ, անցնելով հիւրասենեակներէն, տուներէն… Հայերէնը հազիւ կայ, կայ միայն անոր շուքը եւ հետզհետէ հեռացող յուշը։ Հայերէնը կը հնչէ ինքն իր աւարտը յայտնող թաղման կոչնակի մը պէս, խլացնող ու ահաւոր ահազանգի մը պէս, որու ոչ ոք կարեւորութիւն կու տայ, ահաւոր ճիչի մը պէս որ աննշան կ՚անցնի: Եւ այսպէս, եթէ ձեր ականջները չպատռտուին, չարիւնոտին, այդքան ալ մի զարմանաք։ Բոլորս վարժուած ենք այս կացութեան, համակերպած ենք անոր, ընդունած ենք զայն:
Այս պայմաններուն մէջ, բնաւ հայերէն չխօսիլը նախընտրելի է: Նախընտրելի է որ մեր լեզուն վերջնականապէս մեռնի, քան թէ շարունակուի անոր այս զարհուրելի հոգեվարքը: Գթութեան սպանութեամբ՝ վերջ դնենք մնացեալ այս դանդաղ ու զուր չարչարանքին, եւ այս էջն ալ դարձած թող ըլլայ…
[…]
Անկումի ազդեցութիւնը գեղարուեստական մշակոյթին վրայ
Ժողովրդային այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ, ուր մշակոյթը կը ներկայանայ իր ամենէն մակերեսային, սին, տկար ու անհեթեթ վիճակին մէջ, զարմանալի չէ որ շատ փայլուն չըլլայ նաեւ վիճակը հայ գեղարուեստական մշակոյթին:
Հակառակ որոշ տեսութիւններու, արուեստը բացարձակօրէն ինքնանպատակ չի կրնար ըլլալ, կամ ալ այդպէս կրնայ ըլլալ մինչեւ որոշ աստիճան մը միայն։ Տարրական հանրային ընդունելութիւն մը, արձագանգ մը, հակազդեցութիւն մը կամ գոնէ ակնկալութիւն մը անհրաժեշտ են, որ արուեստը ենթարկուի որոշ հոլովոյթի մը, ապրի ու աճի, զարգանայ ու առաջանայ, արտայայտուի:
Հայ արուեստագէտը, այսօր, որո՞ւ համար պիտի ստեղծագործէ: Վասն ինչի՞, ի՞նչ մղումով, նպատակով պիտի տառապի ու ինքզինք տանջէ, արտադրելու համար, երբ որ իր մտային ու հոգեկան ցաւագին աշխատանքն ու անոր արդիւնքը պիտի արժանանան միայն ամբողջական անտարբերութեան, եթէ ոչ նոյնիսկ ծաղրանքի, համայն ժողովուրդին կողմէ:
Հարցը ժխտական քննադատութիւնները չեն, որովհետեւ ատով անգամ կրնայ սնանիլ, ներշնչուիլ եւ ոյժ առնել արուեստագէտը: Հարցը չհասկցուիլը չէ, որովհետեւ այդ ալ գեղարուեստական մարտահրաւէր մըն է, ստեղծագործական մղումի պատճառ եւ աղբիւր։ Խնդիրը, որեւէ տեսակի դիմաւորութեան, ստացման բացարձակ չգոյութիւնն է, հաւաքական ընդհանուր անզգայութիւնը՝ հայ արուեստագէտի ձգտումներուն, ճիգերուն եւ գործին նկատմամբ։
Հայ կենցաղային մշակոյթի վերոյիշեալ վիճակը նկատի ունենալով, ժողովրդային տգիտութիւնը միակ բացատրութիւնը չէ այս կացութեան։ Ինչ որ աւելի ծանր է, հայութեան նաեւ զարգացած ու մշակուած հատուածին անտարբերութիւնն է, անհոգութիւնն է, իսկական հետաքրքրութեան եւ հետեւաբար քաջալերանքի պակասն է, հայ գեղարուեստական մշակոյթի նկատմամբ։ Որոշ ձեւակերպութիւններէ անդին, խորքին մէջ, հայութեան մէջ այսօր ոչ ոք իրապէս ժամանակը կամ տրամադրութիւնը ունի արուեստով զբաղելու:
Այս ըսած, արդեօք միայն կենցաղային մշակոյթի անկումի՞ն պէտք է վերագրել հայ գեղարուեստական մշակոյթի խղճալի վիճակը… Հաւանաբար ոչ։ Տրամաբանութիւնը երկու ուղղութեամբ ի զօրու է, եւ գեղարուեստական լուրջ գործունէութեան եւ հոլովոյթի պակասը, իր կարգին, չի նպաստեր հայ առօրեայ մշակոյթի վերելքին:
[…]
Անկումի պատճառները
Հայ մշակոյթի (ասկէ անդին՝ իր վերոյիշեալ զոյգ երեսներով) անկումի հիմնական պատճառներէն մէկը… յոգնութիւնն է։ Հաւաքական ահարկու յոգնութիւն մը, աշխարհի մէկ կողմէն միւսը, եւ պատմութեան ընթացքին մէջ: Օտարութեան մէջ եւ հակառակ հովերու դէմ, անվերջ հոսանքի դէմ՝ հայութեան երկարատեւ ընթացքի դանդաղացումը, անդիմադրելի սպառումը, ուժալքումն ու մաշումը։ Հայը ձանձրացած է պայքարելէ, անվերջ դէմ դնելէ, ապրելու տեղ՝ շարունակ գոյատեւելէ: Հայը այլեւս ոյժը, մղումը եւ տրամադրութիւնը չունի հայ մնալու:
Մինչեւ ե՞րբ կարելի էր իրապէս տեւել տալ, ի զօրու պահել օտարութեան մէջ հայ ըլլալու այս անյոյս վարկածը, միամիտ երազը, բարի ցնորքը։
Մինչեւ ե՞րբ կարելի էր մենք մեզ եւ ուրիշները խաբել, կարծելով կամ կարծել ձեւացնելով որ Սփիւռքի մէջ իսկական հայ ըլլալը կարելիութիւն մըն է, հնարաւոր այլընտրանք մըն է։ Տասնամեակներէ ետք, եւ մանաւանդ մէյ մը որ վերջ գտան հայ ըլլալու մարմաջին կապուած կարգ մը աշխոյժ գործունէութիւնները, մէյ մը որ ամեն ինչ դարձաւ սովորական, որ ամենէն արտակարգ կացութիւնները անգամ, անվերջ կրկնուելով, դարձան ընթացիկ, մէյ մը որ հայապահպանման էական ճիգը համազօր եղաւ միօրինակութեան, կլոր-կլոր շրջագայելու, տեղքայլի, մեր ճակատագիրը կնքուած էր։ Ժամանակն ու իրականութիւնը վերջապէս հասան մեր ետեւէն, եւ հայութիւնը, հետզհետէ շնչասպառ, հետզհետէ աւելի յոգնած, սկսաւ դանդաղեցնել իր քայլերը, դանդաղեցնել դարերէ ի վեր բախտին ընդդէմ իր խելագար վազքը, տրամաբանութեան եւ անխուսափելիին ընդդէմ իր անբանական խոյանքը, դանդաղեցնել, դանդաղեցնել, դեռ մի քանի խաբուսիկ ցնցումներ ունեցաւ, կարծէք նորէն կազդուրուելու տպաւորութեամբ, յետոյ նորէն դանդաղեցաւ, դանդաղեցաւ, եւ վերջապէս, կանգ առաւ։ Հայութիւնը դադրեցաւ, ուժասպառ:
Այս պայմաններուն մէջ, վերջին 10-12 տարիներուն աւելի քան երբեք, սաստկացաւ հայու ինքնութեան տագնապը։ Ո՞վ է հայը: Ի՞նչ է հայը: Ինչո՞ւ համար՝ հայ: Տագնապին հետ մեծցաւ, շեշտուեցաւ, խորունկ բարդոյթը, հայու հակասական բարդոյթը, տարօրինակ խառնուրդ մը՝ հայ ըլլալ յամառելու եւ օտարէն տպաւորուելու բարդ զգացումներու, հարկադրաբար հայ մնալու բայց այդ հարկադրանքին դէմ տեւապէս կռուըտելու շփոթ յուզումներու, բարդոյթ մը, որու հետեւանքը ընդհանրապէս ոչ-հայ մշակոյթներու յոռեգոյն բաղադրիչները որդեգրելն ու իւրացնելն է։
Եւ ահա, շաղուուելու, յարմարելու պատրուակով, ծայր տուաւ տեղատուութիւնն ու նահանջը: Պատշաճելու արդարացումով, հոլովոյթի եւ բարեշրջումի պիտակին տակ, հայը սկսաւ ինքն իր էութեան հետ խարդախել. նուաճել ձեւացնել բայց տեղի տալ, գրաւելու երեւոյթով յանձնուիլ. իբրեւ թէ բացուիլ՝ բայց ինքզինք խեղդել, խրիլ, ընկղմիլ, անհետանալ: Դէպի առջեւ փախուստի այս շարժումին մէջ, հայը ետեւ ձգեց իր բովանդակութիւնը, իր միջուկն ու էութիւնը, եւ մնաց միայն անոր դատարկ կաղապարը, դիւրաբեկ պատեանը, դիմակն ու պատկերը, ետեւը՝ ունայնութիւն:
Յաջորդական սերունդներուն միջեւ ակնյայտ բաղդատական մը բաւարար է, տեսնելու համար թէ ինչպէս դէպի ետ գնաց հայը, ազգային գիտակցութեամբ եւ մշակոյթով, թէկուզ թերեւս բարելաւուեցաւ ան շատ մը այլ մակարդակներու վրայ, որոշ պարագաներու…
Արդարեւ, այս ամենուն խորքը կայ մեծ պարապութիւն մը, էական փլուզում մը, կոտրուածք մը, խորունկ սայթաքում մը։ Հայ մշակոյթը ինկած է ու կ՚իյնայ, որովհետեւ կորսնցուցած է իր հիմնական, կենսական յենարանը։ Հայը կը պարպուի իր գոյութեան իմաստէն, իր ինքնութենէն, իր մշակոյթէն, եւ այդ՝ մէկ խորունկ պատճառով, որ ազգի նահանջն է:
Հայու ազգային գիտակցութիւնը միակ երաշխիքն էր անոր գոյատեւման: ամեն ինչ կապուած էր անոր, կախեալ էր անկէ՝ լեզու, արժէքներ, ներշնչում, հոգեկան ու մտային առողջութիւն, պայքարելու ոյժ եւ տրամադրութիւն, համերաշխութիւն, յոյս, հպարտութիւն, ինքնութիւն… Եւ մանաւանդ, վեհագոյն ու տիեզերական պատասխանը՝ ամենէն ծանր առեղծուածներուն, հարցադրանքներուն: Ազգի գիտակցութիւնը ամեն բան կը պարզացնէ։ Ի՞նչ է հայը… Հայն է։ Ինչո՞ւ համար… Որովհետեւ: Ինչպէ՞ս… Անանկ: Ո՞վ է հայը… Ես, դուն, մենք… Մանաւանդ եւ յստակօրէն ոչ միւսը, անոնք… Հայ ազգի ու ազգութեան գաղափարը չի վերլուծուիր, չի տարրալուծուիր, չի բացատրուիր, չի սորվեցուիր, որովհետեւ բարձր է ու հեռու այդ բոլորէն: Ապրում, եւ ոչ ապրելակերպ. հաւատք, եւ ոչ կրօնք. զգայարանք եւ ոչ զգացում, մտային վիճակ եւ ոչ մտածում, նոյն ատեն կեցուածք եւ շարժում, ընթացք եւ մօտեցում, համոզում, ըմբռնողութիւն, բնազդ, շնորհք. ճշմարտութեանց ճշմարտութիւնը… Հայը է՝ ազգով միայն: Այլապէս, «Հայ ժողովուրդ» արտայայտութիւնը ոչ մէկ խորքի իմաստ ունի, եւ կը նշանակէ միայն հայ կոչուող անձերու կամայական խմբակցութիւն մը, պատահական համախմբում մը, առանց ներքին կենսական շաղկապումի կամ փոխադարձ հաւաքական քաշողականութեան, առանց ներքին որեւէ արժող իմաստի եւ տրամաբանութեան, առանց հաւաքական ինքնութեան եւ էութեան, առանց միացեալ հոգիի:
Հայ մշակոյթի անկումը անխուսափելի արդիւնքն է հայ ազգի գաղափարի ու գիտակցութեան վայրէջքին, տկարացման եւ կործանումին:
Անկումի հետեւանքները
Մօտաւորապէս 1975-էն 1985 երկարող ժամանակարշրջանը էական անկիւնադարձ մը կը հանդիսանայ այս կացութեան մէջ, գերագոյն լրումը՝ այս վիճակին:
Այսպէս, հայութեան հանդարտ ու մահացու ապազգայնացման որպէս ուղղակի հակազդեցութիւն, այս շրջանին է որ անձինք, փոխաբերական իմաստով ե՛ւ բառացիօրէն, իրենք զիրենք բզկտեցին, այրեցին, պայթեցուցին, խորտակեցին, լիովին զոհեցին, հակասական մոլուցքի մը մէջ, որ կը միտէր ինքնափճացման ճամբով վերահաստատելու հայ ազգի գաղափարը, հայոց ազգային ինքնութիւնը։ Այս շարժումը ծայրագոյն արտայայտութիւնն էր յղացքի մը որ կը կոչուէր… «յեղափոխական մշակոյթ»:
Այսպէս, հայ ազգի նահանջի բերումով հայ մշակոյթի հետզհետէ պարպուած ու նիւթազրկուած տեղը լեցնել փորձելու համար, կենցաղային ու գեղարուեստական մշակոյթներէն անդին, ծայրայեղ մակարդակի մը վրայ, ահա որ կը ստեղծուէր նոր մշակոյթ մը, «յեղափոխական մշակոյթը», որ ահարկու յուսահատութեան եւ վեհագոյն նուիրումի խառն հոգեվիճակի մը արտակարգ արտադրութիւնը կը հանդիսանար: Հայոց հաւաքական ապրելակերպը, այսպէս պահ մը, պիտի շնչէր շաչիւններու եւ պայթումներու ահացունց կշռոյթով, պիտի տեւէր ու դիմանար մահուան ու զոհաբերութեան ճամբով, պիտի արտայայտուէր եւ սահմանուէր ծայրայեղ արարքներու եւ գերիրական երեւոյթներու մոլորումին ընդմէջէն։ Իսկ գեղարուեստական տեսանկիւնէն, յիշեալ մշակոյթի ստեղծագործական երեսը կը յատկանշուէր դասական դարձած հերոսական անցեալի մը մանրակրկիտ վերարտադրումով, վերահաստատումով, գերագոյն ներշնչումով տոգորուած «արուեստագէտներու» կողմէ, որոնք կը յաջողէին նորէն անմիջական գոյութիւն տալ, կերպարանք, իրական տեսք ու կեցուածք, կենդանի ոգի, շունչ ու մարմին տալ՝ Գաղափարին:
Կարճ տեւեց այս ժամանակը, բարեբախտաբար: Որովհետեւ ոչ ոք արժանի էր այս աստիճան զոհողութեան, այս տարողութեամբ կորուստի: Այս շարժումի անմիջական դերակատարներու եւ հեղինակներու կատարածը, իրագործածը, անհամեմատօրէն կը գերազանցէր անկէ օգտուելու պատեհութիւնը վայելող հանրութեան արժէքը… Պատմականօրէն պժգալի, մարդկայնօրէն անընդունելի եւ անհանդուրժելի իրողութիւն մըն է թէ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը յոգնած էր հայ մնալէ, որպէսզի հայ ազգը եւ հետեւաբար հայ մշակոյթը յոյս ունենային դիմանալու, մղումը ունենային շարունակել վերապրելու, պէտք է որ գոյանար այդպիսի «յեղափոխական մշակոյթ» մը, իր ահաւոր յատկանիշներով եւ հետեւանքներով, իր եղերական տրամաբանութեամբ, իր անփոխարինելի զոհերով:
Ամեն պարագայի, եթէ յիշեալ շարժումը անցումի, փոխանցումի հանգրուան մը պիտի ըլլար՝ դէպի նոր ընթացք մը եւ նոր վերելք մը հայութեան համար, ձախողութիւնը ակնյայտ է: Հոգեվարքի վերջին ցնցում մը հանդիսացան այդ բոլորը, ողբերգութեան գագաթնակէտ մը, եւ այնտեղ վերջ գտաւ ամեն բան:
Այսպէս, այսօր, ստեղծուած ու հաստատուած է կեղծ հայու տիրապետող տիպարը: Անունով միայն հայանուն, մոլորած ու աղաւաղուած, խորապէս խախտած, ներկայի հայը, որ արդէն շատ բան չունի, մանաւանդ ու յատկապէս չունի մշակութային որեւէ հարազատ ինքնութիւն:
Այսօր, օտարացումը միակ փրկութեան ճամբան է, այն հայուն համար որ միջոցը, կարողութիւնը եւ հետեւաբար այդ այլընտրանքը ունի: Կամաւոր ու գիտակից օտարացում, փրկարար ձուլում, բացարձակ փախուստ՝ իսկապէս ազատելու, ազատագրուելու համար: Եւ այսպէսով, հայ իբրեւ թէ մշակոյթին ինչ-որ մնացորդացը կը մնայ թափթփուքներու անկարող ձեռքերուն մէջ, կը դառնայ անոնց խղճալի մենավաճառը:
«Օտար հայ»ու երեւակայական յղացքի ստեղծումը զուտ փորձ մըն է ծածկելու այս կացութիւնը: «Աշխարհի քաղաքացի» հայը չեղեալ գոյակ մըն է, որովհետեւ ազգային ազդակը էական բաղադրիչ մըն է մարդկային ինքնութեան: Մնացեալը զուտ ինքնախաբէութիւն է, կամ պարապ մարդոց պարապ խօսակցութիւն:
Ուրեմն, այսօր «հայ» կը մնայ միայն ան որ… հայ չըլլալու այլընտրանքը չունի: Սքանչելի համախմբում… Պայծառ ապագայ…
[…]
Վերջաբան
Միակ յոյսի նշոյլը, եթէ կայ, Հայաստանն է: Հայրենի հողի վրայ տակաւին կրնայ աճիլ, զարթնիլ, վերածնիլ հայ մշակոյթը, իր բոլոր երեսներով: Իսկ Սփիւռքի մէջ, տակաւին կրնայ ամբողջանալ իսկապէս «նոր հայուն» կերտումը, որ հիմնականօրէն կը նշանակէ հայ ծագումով օտարազգի — կամ աւելի ճիշդ՝ ապազգային եւ անհայրենիք — գոյակ մը, որու յանձնառու եւ ատակ տարբերակը որոշ չափով մը պիտի մասնակցի ու օգնէ Հայաստանի վերականգնումին, որպէս բարոյական եւ մտաւորական պարտաւորութիւն, որպէս ժառանգուած պարտադրանք։
Անշուշտ, վերջին ութը տարիներու փորձառութիւնը բացառիկ ապացոյց մը չէ այս հաստատումներուն… Սակայն նաեւ, չափով եւ տեւողութեամբ, բաւարար փորձառութիւն մըն ալ չէ, հերքելու համար այս տեսութեան հիմնաւորումը: Հետեւաբար, նոյնիսկ եթէ ժխտական նշանները շատ են, կարելի չէ ուրանալ որ Հայաստանի անկախացումը միակ իսկական յոյսը կու տայ եւ հնարաւորութիւնը կը ստեղծէ տակաւին փրկելու հայութիւնը, հայ ազգը, հայ մշակոյթը: