Մարուշ Երամեան
ԲՌՈՒՆՑՔ
Միշտ ալ զգուշացած եմ վերջնական կարծիքներ յայտնելէ, մանաւանդ գիրով, մանաւանդ փշոտ հարցերու շուրջ, ինչպէս է Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս է թրքականութիւնը:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին քաջ գիտէինք, որ նոր հարիւրամեակ մը կը թեւակոխենք առանց մեր հարցերը լուծած ըլլալու. նոր հանգրուան մը կը մտնենք, բայց ծրագիր չունինք. ունենալու հեռանկար ալ չունինք, իսկ ամենէն գէշը՝ չենք մտահոգուած այդ ապագայով, որ վաղուց եկեր-հասեր է արդէն:
Որոշեցի խօսիլ, հանդարտօրէն, մէկ առ մէկ թուելով այն բոլորը, որ արդէն 10-ամեակէ մը ի վեր կը կրծէ զիս: Որոշեցի խօսիլ, որովհետեւ ա՛լ չեմ կրնար տեսնել իրողութիւնը եւ լուռ մնալ, թէեւ արդէն ուշ ըլլայ թերեւս:
Ուշ ենք բոլորս. ուշացեր ենք. հասնելու յոյսը ամէն օր աւելի եւ աւելի կը հեռանայ:
2013-ին, երբ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումը սկսաւ ծրագրուիլ, մեծաշռինդ յայտարարութիւններուն տակ չլսուեցաւ մամուլի մէջ արձանագրուած խնդրանքս՝ ո՞ւր է երկրորդ հարիւրամեակի մեր ծրագիրը…
— Ջարդուեր էինք, ջարդեր էին, չէին ընդուներ բացայայտ իրողութիւնը, նոյնիսկ կը համարձակէին յերիւրանք համարել զայն:
— Եւ որովհետեւ չէին ընդունած, հետեւաբար հատուցում ալ չէին վճարած, ինչպէս գերմանացիները՝ հրեաներուն…
— Մեր փոքր երկիրը իր ազատութիւնը վայելելու փոխարէն, սկսաւ կորուստներ ունենալ. երկրին մէջ ապրողը չէր տեսներ, կամ չէր ուզեր տեսնել ատիկա, մինչ մենք Սփիւռքի հեռուներէն կը տեսնէինք եւ սրտակոտոր կը հետեւէինք ու կը շարունակենք հետեւիլ գահավիժող դէպքերուն:
— Կար ժամանակ, երբ թուրք մտաւորականը կ՚ըսէր՝ «Թուրքը ինքզինք ճանչնալու համար պէ՛տք է Յակոբ Օշական կարդայ»: Այսօր մենք չենք ճանչնար թուրքը, որ նոյնն է, ինչ որ էր հարիւր տարի առաջ: Այն օրերուն թուրքը իր տարազով եւ եաթաղանով յստակօրէն կը ճանչցուէր: Այսօր եաթաղանը փոխարիներ է քաղցր դիւանագիտութեամբ, աննշմարելի դաւերով: Այսօր թուրքը գիտէ՛ օգտուիլ մեր դոյզն սխալներէն: Օրինակ, երբ ամէն մեծ անունի համար կ՚ըսենք՝ «Հայ է, արմատներով հայ է». ասոր վերջին օրինակը Կաթողիկէ աշխարհին նորընտիր քահանայապետն էր, Ուաշինկթըն ծնած «արմատներով հայը»:
Թուրքը ասիկա կը ծանուցէ աշխարհին, այլ օրինակներ ալ կու տայ, ի վերջոյ ըսելու համար՝ «Նոյն ձեւով ալ կ՚ըսեն՝ Ղարաբաղը հայկական է…» եւ կը համոզեն աշխարհը, որ չ՚արժեր հայերուն ըսածին ականջ կախել, մանաւանդ երբ երկրին վարչապետն ալ ջուր կը լեցնէ իրենց ջաղացքին:
Անիծուած ըլլանք կարծես նման վարչապետ մը ունենալով:
Կա՛մ կռնակս կը դարձնեմ ու կը հեռանամ,
Կա՛մ կուրծքս բացած կը յառաջանամ…
Երկու պարագային ալ ցաւը կա՛յ.
Տարբերութիւնը իմ ընտրութիւնս է…
Այսօր կը կենանք մեր կորուստներուն՝ կորսնցուցածներուն եւ կորսնցնելիքներուն առջեւ, եւ կը փորձենք միջոցներ գտնել, գոնէ նուազագոյնի իջեցնելու համար անոնց տարողութիւնը:
Պիտի կարենա՞նք: Թերեւս, միայն եթէ բռունցքուինք միտքով ու հոգիով:
ՊԶՏԻԿ ՃԱՌԱԳԱՅԹԻՆ ՀԷՔԵԱԹԸ
Կար ու չկար, երկու աստղ կար, իրարմէ հեռու, բայց շատ մտերիմ: Անոնց կարօտի ալիքներէն ծներ էր պզտիկ ճառագայթը: Եւ որովհետեւ ճառագայթներուն էութիւնն է ճամբորդել, պզտիկ ճառագայթը, ծնած պահուն իսկ, սկսեր էր ճամբորդել: Անցեր էր տիեզերքէ տիեզերք, փոխադրուեր էր մոլորակէ մոլորակ եւ երկար, լուսնային տարիներ ետք, եկեր-հասեր էր մեր մոլորակը: Հոս ալ ճամբորդեր էր, անցեր գուղեր, քաղաքներ, ոստաններ, ծովեր ու գետեր եւ ամէն տեղ մարդիկ այնքան հեռու էին իրարմէ, որ չէին կրցած ցանցել պզտիկ ճառագայթը:
Մինչեւ որ, օր մը, պզտիկ ճառագայթը հանդիպեր էր երկու անձերու, որոնք իրարու մօտ նստած, խաղաղ եւ անդորր կը զրուցէին: Պզտիկ ճառագայթը պահ մը դիտեր էր զիրենք, ու յետոյ յիշեր էր, որ պէտք է շարունակէ ճամբորդութիւնը: Բայց երբ փորձեր էր անցնիլ ու շարունակել ճամբան, չէր կրցած: Երկու անձերը այնպէս մօտ էին իրարու, որ պզտիկ ճառագայթը բռնուեր-մնացեր էր անոնց միջեւ:
Երկու մտերիմ, բայց հեռու աստղերը, ի վերջո հանգստացած, յուշիկ մարեր էին:
ԹՌՈՒՑԻԿ
Անօթութեան պէս բան մըն է. անգամ մը որ ինքզինք զգացնէ, ա’լ ազատում չկայ. գլուխդ ասդին-անդին պիտի զարնես, ճգնիս, փորձես լռեցնել այդ պահանջը։ Կը փորձես։ Կը յաջողի՞ս թէ ոշ, ամբողջովին ուրիշ հարց է։
Ճիշդ թռուցիկ շինելու պէս։ Նախ կը գրաւէ հաճոյքը, գեղեցիկ, հեզասահ թռչող ու ոստոստող թռուցիկին հաճոյքը, յետոյ հաճոյքը գիտակցութեան, որ քուկդ է այդ գեղեցկութիւնը, եւ դեռ հաճոյքը անոր երկար թեւերէն բռնած, դաշտերուն մէջ վազելու, հովին հետ, վեր-վեր նայելով, առանց ուշք դարձնելու քարին, որուն կը դպի ոտքդ ու կը սպառնայ ձգել քեզ, կամ առուակներուն, որոնց մէջ կը կոխկռտես, վրադ գլուխդ ցեխոտելով։
Այս բոլորը կը գրաւեն քեզ, իբրեւ գեղեցիկ, հմայիչ ու կարելի երազ, գալիք օրերէն մէկուն մէջ իրագործելի։
Եւ կը սկսիս:
Եթէ դիմացար ժամեր ու ժամեր տեւող կտրել-փակցնելու աշխատանքին, որ պէտք է ըլլայ ամբողջութեամբ ճշգրիտ, մաքուր, առանց սեւ աշխատանքի հետքերուն,
եթէ կրցար մեթրեր հաշուող թելերն ու չուանները, առանց թնճկոտելու, պէտք եղած տեղերը կապել ու յետոյ կծկել ամբողջ թելը այնպէս, որ քակուի դիւրին եւ հեզասահ շարժումով,
եթէ յաջողեցար ընտրել լաւագոյն դաշտը, ուր կը փչեն ամենաճիշդ հովերը, զայն տանելու խիտ ու բարձր ծառերուն հակառակ ուղղութեամբ,
եւ օրը, ուր արեւը ըլլայ փայլուն, բայց ոչ կիզիչ, ուր հովը ունենայ ճիշդ քուկինիդ պէս տրամադրութիւն, ըլլայ պատրաստ քեզի հետ խաղալու այս խաղը:
Դեռ, եթէ բախտդ բերէ, ու քեզի հետ ուրիշ երկու-երեք հոգիներ եւս ըլլան հոն, մասնակցելու նոյն խաղին, առանց խճողելու հրապարակը, առանց դառնալու խանգարիչ,
եթէ սկսար խաղը եւ կրցար շարունակել, առանց իյնալու, առանց թելերը թնճկոտելու, գտած ու բռնած հովին ուղղութիւնը, ճիշդ ուղին, ճիշդ երկինքները,
այն ատեն կը կենաս պահ մը, ու երկար նայուածքով եւ խորունկ երանութեամբ կը դիտես ձեռագործդ:
Յետոյ, պաշտօնապէս ու վերջնական, խորագիրը կը դնես։
Անօթութեան պէս բան մըն է, անգամ մը որ ինքզինք զգացնէ, ա՛լ ազատում չկայ։
Գրել։
* * *
Երկինքը հրեայի գոյն
Հողը հոլոքոսթի հոտ
Փոքրերը խունկ կը դառնան
Քուլայ-քուլայ բարձրացող
Աղելու երկինք մը քայքայուող
Մահն իսկ կու լայ
սեւանձրեւ
ու կ՚ըսէ՝
ԵՍ մարդերէն կը սոսկամ…
ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ
Մօրս
Սնարիդ մօտ (դերափոխութեամբ)
յիշելով ապահովութիւնը բառերուդ
վերապրելով տագնապներս բացակայութենէդ
նոյնքան անկարող հիմա ցաւիդ առջեւ
որքան վաղուց յոգնածութեանդ
Ծաղիկները լուռ կը թօշնին
նինջդ չխանգարելու մտահոգութեամբ
եւ աչքերէդ յիշատակներ խոյս կու տան
առանց թոյլտւութեան
կը հաւաքեմ զանոնք փշուր-փշուր
որքան կրնամ
ու կը պահեմ
նեղ օրերուս համար
Սնարիդ վերեւ
խաչելութիւն մը տխրութեամբ
կը ծանրանայ
(Օգոստոս 23 — Այսօր մօրս տարեդարձն է)
ՄԵԾԱՏԱՌՈՎ ԿԸ ՎԱԽՆԱՆՔ
Այո՛, կը վախնամ, կը վախնանք ազգովին, որովհետեւ ինչ որ կը պատահի եւ դեռ շարունակէ պատահիլ հաւանաբար, ո՛չ միայն տրամաբանական չէ, այլ ամբողջովին հակառակ է մեր համոզներուն, հաւատքին, դար մը եւ աւելի մեր ապրածին:
Ունինք երկիր մը, պետութիւն մը, ժողովուրդ մը, որոնք այսօր ո՞ւր կ՚երթան: Եթէ երկիրը «խաղաղութեան» ճամբան բռներ է, պետութիւնը պահուըտուք կը խաղայ ժոովուրդին հետ, որ ա՛լ յոգնած, կը հեռանայ, կ՚ուզէ հեռանալ, դիմանալու կարողութիւնը ա՛լ կորսնցուցած: Որքա՞ն կարելի է դիմանալ ամէն օր կրկնուող այս դէպքերուն:
Մենք սփիւռքահայերս քիչ մը աւելի կը վախնանք, որովհետեւ ինչպէս կ՚ըսեն՝ երբեմն հեռուէն դիտողը աւելի յստակ կը տեսնէ դէպքերը: Կը վախնանք, որովհետեւ մեր աչքերուն առջեւ քար առ քար կը քակուին հիմերը մեր լինելութեան:
Շատերս ջայլամի նման մեր գլուխը աւազին մէջ դրած, կը կարծենք պաշտպանուած ըլլալ: Իրականութիւնը սակայն այն է, որ այդ աւազին մէջ եղողները եթէ չեն տեսներ իսկ, ապա շատ լաւ կը լսեն, գիտե՛ն, բայց որովհետեւ խօսքէն աւելի գործին կը հաւատան, կը լռեն, շարունակելով իրենց ուղեղը լարել, ելք մը գտնելու համար: Կը հաւատան նաեւ, թէ խենթերը կրնան հնար գտնել, եւ կը ցանկան խենթանա՜լ, մէկ անգամ գոնէ խենթանա՛լ եւ հնար գտնել:
Հայաստանը մեր կռուանն էր, մեզմէ իւրաքանչիւրին ապահովութիւնն էր, նոյնիսկ երբ տարբեր մարդիկ տարբեր վերաբերմունք ունէին՝ շատեր կ՚ուզէին պահել երկիրը այնպէս ինչպէս որ է (նախապէս ալ՝ Սովետի օրերուն կային անոնք), շատեր կ՚ուզեն փոխուած, բարելաւուած տեսնել… բայց բոլորին համար ալ Հայաստանը այն հսկայ պատն էր, որուն կռթներ էինք, որուն հիմերը մեզի զօրավիգ էին…
Մենք սփիւռքահայերս ուր որ ենք, մերուեր ենք, կ՚ապրինք ու կ՚աշխատինք, զաւակ եւ սերունդ կը հասցնենք, բայց … Բայց մը կայ, որ անվիճելիօրէն կը կապուի Հայաստանին: Սփիւռք ենք, զօրաւոր ենք, բայց մեր հաւասարակշռութիւնը եւս կարեւոր է. իսկ այդ հաւասարակշռութիւնը կը յենի հայրենիքին:
Ու երբ այսօր մեծատառով Վախի մասին կը խօսիմ, պարզապէս այդ կռուանին երերալը կը զգամ:
Դժբախտաբար, հակառակ բոլոր ճիգերուս, դեռ չխենթացայ որ կարենայի բարւոք լուծում մը յղանալ:
Կ՚երեւի պէ՛տք է ազգովին խենթանանք, այդ լուծումին հասնելու համար:
Գահիրէ