Սակաւաբանութիւն

Արմենակ Եղիայեան

Կը կոչուի նաեւ «նուազասացութիւն»:
Սակաւաբանութիւնը ոճաբանական այն յարատեւ ու համատարած օրէնքն է, որ խօսողը կը մղէ թօթափելու լեզուէն այնպիսի բաղադրիչներ, որոնք ենթադրաբար անհրաժեշտ չեն կամ իբր այդպիսին չեն ընկալուիր հաղորդակցութեան շղթային մէջ եւ առանց անոնց ալ խօսքը կը շարունակէ պահել իր իմաստը:
Ան ձեւով մը աւելորդաբանութեան հակառակ երեւոյթն է:
Ան յատուկ է աշխարհի բոլոր լեզուներուն:
Այս գործընթացը կրնայ ընդգրկել ամբողջական նախադասութիւններ, բառեր, վանկեր ու հնչիւններ՝
ա) երբեմն առանց վնասելու խօսքի հաղորդակցական արժէքին, նոյնիսկ աւելի կուռ, հեզասահ ու տպաւորիչ դարձնելով զայն,
բ) իսկ երբեմն ալ աւելի կամ պակաս վնասելով անոր՝ իմաստային ու ոճական զոյգ հարթակներու վրայ:
Բոլոր պարագաներու ան թելադրուած է ուժերու տնտեսումի այն մնայուն օրէնքով, որ կը մղէ մեզ նուազագոյն ճիգով եւ խօսքային նուազագոյն ատաղձով շարադրելու մեր միտքերը:
Կը զանազանուին՝
1) Պատմական սակաւաբանութիւնը,
2) Հաւաքական սակաւաբանութիւնը,
3) Անհատական սակաւաբանութիւնը:

* * *

1. Պատմական սակաւաբանութիւն

Պատմական սակաւաբանութեան հնագոյն ակունքներուն կը գտնենք մեր բաղադրեալ բառերը՝ բարդ եւ ածանցաւոր, որոնք սկզբնապէս եղած են շարահիւսական ազատ բառակապակցութիւններ եւ հետագային, լեզուի զարգացումին զուգահեռ, ամփոփուած են՝ ձերբազատելով իրենց կարգ մը տարրերէն, խտանալով ու կազմելով մէկ բաղադրեալ բառ:
Այս ալ կը նշանակէ, որ այսպիսիներուն իմաստը աւելին է քան իրենց բաղադրիչներու թուաբանական գումարը:
Օրինակ՝
գետաձի «գետի ձի» չի նշանակեր, այլ կը նշանակէ «գետի մէջ իր ժամանակը անցընող եւ ձիու նմանող անասուն մը»:
Բաղդատենք այս երկուքը. երկրորդը, որ բաղկացած է 10 բառէ, որքան հարուստ է այլազան հասկացութիւններով, որոնք զեղչուած են առաջինէն եւ որոնք սակայն լռելեայն կ’իմացուին լեզուն ճանչցողներուն կողմէ:
Նաեւ՝
պատրաստակամ՝ «պատրաստ կամ(ք)» չի նշանակեր, այլ՝ «տուեալ քայլը յօժարութեամբ ստանձնելու տրամադրութիւն ունեցող»:
Պարագան աւելի կամ պակաս նոյնն է գրեթէ բոլոր «իսկական» կոչուած բարդ բառերուն:
Քիչ մը տարբեր են կցական բարդութիւնները, որոնց բառիմաստը շատ յաճախ հակամէտ է նոյնանալու իրենց բաղադրիչներու թուաբանական գումարով. օրինակ՝ այսօր կցական բարդ բառին նշանակութիւնը գրեթէ հաւասար է այս օր շարահիւսական ազատ կապակցութեան իմաստին. այնպէս ալ՝ նոյնպէս-նոյն պէս, այսքան-այս քան եւ այլն. սակայն նոյնիսկ ասոնց պարագային շատ յաճախ նկատելի է իմաստային որոշ անհամապատասխանութիւն մը. «այսքան» կը նշանակէ «ասոր քանակութեամբ» կամ «այս քանակութիւնը ունեցող», ուր երկու բացատրութիւններն ալ իրենց ծաւալով կը գերազանցեն բարդ բառին արմատներու քանակութեան գումարը:
* * *
Ածանցաւոր բառերուն մէջ կը զանազանենք նորագոյն ածանցները, եւ պատմական ածանցները, որոնց ծագումնաբանութիւնը մթագնած է:
Նորագոյն ածանցով օժտուած բառերը շատ կը մօտենան սովորական բարդ բառերուն, որոնց բաղադրիչները ծանօթ են:
Օրինակ՝
—«հանդարտօրէն» մակբայը կը նշանակէ «հանդարտ ընթացքը կամ գործելաձեւը իբրեւ օրէնք ընկալելով»:
Մինչ «իւղ-ոտ» ածականը բացատրելու համար ստիպուած ենք ծանօթ բառով մը փոխարինել անոր ածանցը, օրինակ՝ «իւղ-ունեցող» կամ «շատ իւղ պարունակող»:
Հարկ չկայ ըսելու, թէ մեր խօսքը որքան պիտի խեղճանար, եթէ կարելի չըլլար բարդ ու ածանցաւոր բառերով արտայայտել շարահիւսական վերոնշեալ ազատ կապակցութիւնները, ժամանակի ու ճիգերու որքան մեծ կորուստ պիտի պահանջէր մարդկային հաղորդակցութիւնը, չհաշուած տակաւին հարցին գեղագիտական երեսը, որ իր կարգին շատ պիտի տուժէր:
Բարդ ու ածանցաւոր բառերու կազմութիւնը պէտք է շատ հին՝ հազար-ամեակներու երեւոյթ եղած ըլլայ հայերէնի մէջ: Անոր նմանակը կը գտնենք հնդեւրոպական այլ լեզուներու՝ մասնաւորաբար յունարէնի, այլեւ լատիներէնի մէջ:
Այս ծիրէն ներս անշուշտ եւ անխուսափելիօրէն պէտք է տեղի ունեցած ըլլան զանազան փոխառութիւններ: Ինչ կը վերաբերի հայերէնի կատարած հաւանական փոխառութիւններուն, ապա նկատելի է փոխառութիւնը թարգմանաբար` մաքուր հայկական արմատներով կատարելու մնայուն ճիգ մը:
Օրինակ՝
—Գետաձի բառացի թարգմանութիւնն է յունարէն ἱπποπόταμος-ին` “hippopotamos”, ուր hippos կը նշանակէ ձի, potamos` գետ:
Լատիներէնն ու անոր հետագայ բարբառները՝ իտալերէնը, ֆրանսերէնը, սպսներէնը, փորթուգալերէնը եւ այլն պարզապէս կրկնած են յունականը:

* * *

Սակաւաբանական մեծ փոփոխութիւններ կրեցին գրաբարի բառամթերքի բայական շերտի հազարաւոր բառեր, որոնց աշխարհաբարեան կառոյցը զգալիօրէն տարբեր է գրաբարինէն:
Այսպէս՝ անցողական սեռի մեծաթիւ բայեր՝ աշխարհաբար անցան թօթափելով իրենց բառային ծաւալին մէկ կարեւոր մասը:
Օրինակ՝
—բազմացուցանել (5 վանկ) —> բազմացնել (3)
—մեծացուցանել (5 վանկ) —> մեծցնել (2/3 վանկ)
—բնակեցուցանել (6 վանկ) —> բնակեցնել (3 վանկ)
—դառնացուցանել (5 վանկ) —> դառնացնել (3 վանկ)
—զօրացուցանել (5 վանկ) —> զօրացնել (3 վանկ)
—կեցուցանել (4 վանկ) —> կեցնել (2 վանկ)
Ասոնք աշխարհաբարի մէջ եւս կը պահեն իրենց անցողական սեռը:
Խորքին մէջ փոփոխութիւն կրողը եղած է գրաբարեան անցողական ածանցը. ացուցանել դարձած է ացնել, ուցանել դարձած է ցնել: Մինչ բայարմատները մնացած են անփոփոխ:
Անդին տասնեակ մը նոյնատիպ բայեր բոլորովին պարզուած են.
—ապացուցանել / ապացուցել
—հատուցանել / հատուցել
—զեկուցանել / զեկուցել
—մատուցնել / մատուցել
—ծանուցանել / ծանուցել
—յարուցանել / յարուցել
—կառուցանել / կառուցել
—ուսուցանել / ուսուցել
—կացուցանել / կացուցել
—սնուցանել / սնուցել

* * *

Գրաբարը ունէր կարգ մը ճոռոմ կառոյցներ, որոնք բաղկացած էին անցողական բային դիմաւոր ձեւով, որ իբրեւ լրացուցիչ կ’առնէ իր սեփական անորոշ դերբային գործիականը. այսպիսիներուն տիպարն է բազմացուցանելով բազմացուցանել-ը:
Օրինակ՝
—Բազմացուցանելով բազմացուցից զտրտմութիւն քո (1) (Ծնունդք, 3/16):
Նաեւ՝ մեծացուցանելով մեծացուցանել, հրաժարելով հրաժարիլ եւ այլն:
Ճիշդ չենք գիտեր, թէ այս եւ նմանները բնի՞կ էին, թէ՞ փոխառութիւն:
Յունարէնը կ՞ըսէ՝
—Πληθύνων πληθυνῶ τὰς λύπας.
(Pletհounon pletհouno)
Որ բառացի կը նշանակէ՝
—Բազմիցս բազմացուցանեմ…
Ինչ որ տարբեր է հայերէնէն, թէեւ բաւական թելադրական:
Ուրեմն նոյնիսկ եթէ փոխառութիւն էին, ապա հայ թարգմանութեան մէջ նկատելի է բոլորովին ինքնուրոյն՝ հայեցի ըլլալու ճիգ մը:
Մեր աշխարհաբար թարգմանիչները չեն պահած այս ոճը, այլ միայն սովորական մակբայով մը լրացուցած են դիմաւոր բայը:
—Քու յղութեանդ ցաւերը խիստ պիտի շատցնեմ:
Լատիներէն բնագիրը ոչ մէկ նմանութիւն ունի.
—Multiplicabo ærumnas tuas.
Այսինքն՝ բազմացուցից կամ պիտի բազմացնեմ ՝առանց որեւէ լրացումի:
Աշխարհաբար լեզուն բոլորովին անտարբեր չէ մնացած գրաբարի վերոյիշեալ ոճին հանդէպ, ինչպէս ցոյց կու տան հետեւեալ ասոյթները՝ անիծելով անիծել, ատելով ատել, կաղալով կաղալ եւ այլն:

* * *

Ունինք այնպիսի անցողական բայեր, որոնք աշխարհաբարի մէջ վերածուած են պարզ ներգործական բայերու՝ միաժամանակ փոխելով թէ՛ իրենց ծաւալը, թէ՛ սեռը:
Օրինակ՝
—ազատեցուցանել —> ազատել
—ազդեցուցանել —> ազդել
Անդին ամփոփուած են ներգործական ու չէզոք ածանցաւոր բայեր եւս՝ կորսնցնելով իրենց ածանցէն մասնիկներ միայն:
Օրինակ՝
—հագանիլ —> հագնիլ
—հեծանել —> հեծնել
—մեռանիլ —> մեռնիլ
—տեսանել —> տեսնել
—մոռանալ —> մոռնալ
—ճանաչենալ —> ճանչնալ
Կը գտնենք նոյնիսկ իրենց ածանցը բոլորովին նետած ու պարզ կանոնաւոր դարձած բայեր:
Օրինակ՝
—անիծանել —> անիծել
—անջատանել —> անջատել
—դիզանել —> դիզել
—թքանել —> թքնել > թքել
—լքանել —> լքել

* * *

Բայերէն բացի ամփոփումի, կծկումի առարկայ դարձած են սովորական բառեր եւս: Ստորեւ տեսնենք օրինակներ:
որպէսզի շաղկապը, որով կը սկսի ստորադասական բարդ նախադասութեան ստորադաս բաղադրիչը եւ կը ծառայէ ցոյց տալու գլխաւորին նպատակը, ժամանակին հետ հակում ունեցած է դառնալու որ:
Օրինակ՝
— Աղբիւր գացի, որպէսզի ջուր խմեմ:
Ի՞նչ նպատակով գացի՝ ջուր խմելու նպատակով:
Արդի հայը հակամէտ է ըսելու՝
—Աղբիւր գացի, որ ջուր խմեմ:
Տակաւին աւելի առաջ երթալով՝ ան նաեւ կ’ըսէ.
—Աղբիւր գացի՝ ջուր խմելու:
Ի՞նչ նպատակով գացի՝ խմելու:
Ինչպէս կը նկատենք ամբողջ ստորադաս նախադասութիւն մը հետզհետէ վերածուեցաւ մէկ տրական հոլով դերբայի՝ խմելու:
Եւ ընդունինք, որ այս վերջինն է ամենէն կոկիկն ու բարեհունչը, այլեւ ամենէն սակաւաբանը, այլ հարց թէ վերը բերուած բոլոր կաղապարներն ալ կենդանի են եւ ունին զուգահեռ կիրարկութիւններ:
Կծկումի առարկայ դարձած են՝
—ճանապարհ —> ճամբայ,
—առաւօտ —> առտու,
—երեկոյ —> իրիկուն:
Ասոնց առաջին տարբերակները քիչ մը աւելի գրական հնչեղութիւն ունին: Երեքն ալ մաս կը կազմեն գրաբարին, մինչ ամփոփ ձեւերը յառաջացած են հետագային ու չեն գտնուիր «Նոր հայկազեան»-ի մէջ, որ գրաբարի բառարան է:
Ասոնք եւ նմանները, որոնց թիւը կը հասնի հազարներու յատուկ եղած են հեռաւոր ռամկօրէնին, որ անյիշելի ժամանակներէ կազմուած է գրաբարին զուգահեռ եւ կիրարկուած է ռամիկին՝ հասարակ ժողովուրդին կողմէ: Իսկ աշխարհաբարը իր գիրկը շատ լայն բացաւ նման բառերու առջեւ՝ իւրացնելով կամ պահելով հանդերձ գրաբարեան տարբերակները:
Փաստօրէն արդի հայերէնը կը կիրարկէ թէ՛ մէկը, թէ՛ միւսը:
Աշխարհաբար բառարանները տեղ կու տան երկուքին ալ:

Հնչիւնական զեղչումներ
Յարաբերաբար գրաբարին՝ աշխարհաբար անցած են մեծաթիւ բառեր, որոնք կորսնցուցած են իրենց մէկ կամ մէկ քանի հնչիւնները:

ա) Բառամէջի հնչիւններու կորուստ
Բաղաձայնի կորուստ՝ բարշ-բաշ, մրսիլ-մսիլ, գորշ-գոշ, զոհր-զոհ, խարշել-խաշել, կարշն-կաշն, հարշիլ-հաշիլ, մարշիլ-մաշիլ, նիրհ-նիհ, շարժիլ-շաժիլ-ժաժիլ, վերհ-վեհ, վիրճիլ-վիճիլ, քարշել-քաշել եւ այլն:
Ձայնաւորի կորուստ՝ ատեան-ատեն, գեհեան-գեհեն, պատճեան-պատճեն, ցորեան-ցորեն, որոնց մէջ սղած է «ա» ձայնաւորը:
Ծանօթ. — 1. Արեւելահայերէնը կը շարունակէ ըսել մրսիլ: 2. Եթէ խարշ եւ կարշն արմատները կորսնցուցած են իրենց «ր» բաղաձայնը համապատասխան բայերուն մէջ, այլուր կը պահեն զայն. օրինակ՝ աղեխարշ եւ կարշնեղ ածականներուն մէջ: 3. Բացաստի՝ ունինք կաշմբուռն ածականը, որուն առաջին՝ կաշն արմատը դարձած է կաշմ իրեն յաջորդող «բ» բաղաձայնին բերումով: 4. Քարշ արմատը նոյնութեամբ պահպանուած է քարշակ բառին մէջ:

բ) Բառավերջի հնչուններու կորուստ
«Ն» բաղաձայնի կորուստ՝ ակն-ակ, անձն-անձ, ափն (եզերք)-ափ, բեռն-բեռ, բուրգն-բուրգ, բուռն-բուռ, գառն-գառ, գեղմն-գեղմ, դուռն-դուռ, եզն-եզ, երկն-երկ, եօթն-եօթը, թոռն-թոռ, ինն-ինը (ինըն-ինը), լեառն-լեռ, կաթն-կաթ, կամն-կամ, կողմն-կողմ, հարսն-հարս, հիմն-հիմ, ձեռն-ձեռ, ձուկն-ձուկ, ճիգն-ճիգ, ճուռն-ճուռ, մասն-մաս, մատն-մատ, մուկն-մուկ, նուռն-նուռ, շուրթն-շուրթ, ողն-ող, ոսպն-ոսպ, ոտն-ոտ, որդն-որդ, որմն-որմ, ունկն-ունկ, ջերմն-ջերմ, ռունգն-ռունգ, սերմն-սերմ, տասն-տասը (տասըն-տասը), տուտն-տուտ, փուռն-փուռ (2) եւ այլն:

«Ն» բաղաձայնով օժտուած էին գրաբարի բոլոր բայանունները՝ ազատումն, անջատումն, բաբախումն, խոստումն, ուսումն եւ այլն. ասոնք հազարներով աշխարհաբար անցան առանց բառավերջի «ն»-ի՝ ազատում, անջատում, բաբախում եւ այլն:
Այս խումբի բառերը ներկայիս ունին երկու հոլով. աշխարհաբարեան՝ ազատումի, անջատումի եւ այլն. բայց զուգահեռ կը կիրարկուի գրաբարեան հոլովումն ալ՝ ազատման, անջատման, ուր պահպանուած է բառավերջի «ն»-ն:
Բառակազմութեան առթիւ այս պարզացուած ձեւերուն գրեթէ բոլորը կը վերականգնեն իրենց կորսնցուցած «ն» բաղաձայնը. այսպէս՝ ակնոց, անձնական, ծովափնեայ, բեռնակիր եւ այլն: Այսպէս է, քանի որ մեր բաղադիր բառերուն մեծ մասը նոյնութեամբ ժառանգած ենք գրաբարէն, իսկ նորակերտ բառերուն առթիւ ալ ընդհանրապէս հետեւած ենք գրաբարի բառակազմութեան օրէնքներուն՝ պահելով արմատներուն «ն» բաղաձայնը:
Քանի մը բառեր, ինչպէս՝ արծուի, հիւսիսի, պատասխանի, տեղի կորսնցուցած են իրենց «ի» ձայնաւորը՝ արծիւ, հիւսիս, պատասխան, տեղ:

Հոլովական պարզացում կամ բարեշրջում
Աշխարհաբարը գրաբարի 10 յարաբերաբար բարդ հոլովները իւրացուց հետեւեալ եղանակով.

Գրաբար                   Աշխարհաբար
—կոչական      քաղա՛ք                     քաղա՛ք
—ուղղական   քաղաք                     քաղաք
—հայցական   զքաղաք                  քաղաք
Ծանօթ. — Հայցականի այս պարզացումը դժբախտաբար սկսաւ շփոթ յառաջացնել աշխարհաբարի մէջ, քանի որ հայցականը, կորսնցնելով իր «զ» նախդիրը, նոյնացաւ ուղղականին հետ, ինչի հետեւանքով այլեւս զանազանելի չէր նախադասութեան ենթական եւ անձի անուն ուղիղ խնդիրը: Այս պատճառով ալ արեւելահայերէնը սկսաւ անձի անուն ուղիղ խնդիրը կազմել տրական հոլովով.
Կարոն կը սիրէ Մարոյին
Արեւմտահայ ռամիկը նմանապէս կ’ըսէ՝
Կարոն կը սիրէ Մարոյին
Իսկ գրական արեւմտահայերէնը կը պահանջէ ըսել՝
Կարոն կը սիրէ Մարոն
Ուր ստոյգ չենք գիտեր, թէ ո՞վ է սիրողը եւ ո՞վ է սիրուողը:

—սեռական           քաղաքի             քաղաքի
—տրական            քաղաքի              քաղաքի
—բացառական   ի քաղաքէ          քաղաքէ
—պատմական   զքաղաքէ           քաղաքէ
—գործիական    քաղաքաւ           քաղաքով
—պարարական զքաղաքաւ        քաղաքին շուրջ
—ներգոյական   ի քաղաքի        քաղաքը
կամ քաղաքին մէջ

armenag@gmail.com

(Շարունակելի)

1) Կ’ակնարկէ կանացի երկունքի ցաւերուն:

2) Արեւմտահայերէնը ամփոփած է գրաբարեան ճանաչենալ բայը, որ դարձած է ճանչնալ:
Մինչ արեւելահայերէնը նոյնութեամբ պահած է գրաբարեան ճանաչել տարբերակը:
Այս զոյգը յատկանշական է անով, որ ածանցաւոր եւ պարզ տարբերակները գրաբարի մէջ ունէին նոյն անկանոն ժամանակաձեւերը՝ ծանեայ-ծանեար-ծանեաւ…ծանի՛ր եւ այլն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *