ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ — ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ, ամփոփում Հրանդ Պաստրմաճեանի «Հայոց պատմութիւն» ֆրանսերէն երկին, հայերէնի թարգմանուած Մուշեղ Իշխանի կողմէ, այժմէականացուած, առցանց հրատարակութիւն ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի Դաստիարակչական յանձնախումբի, Մոնթրէալ 2025, 100 էջ։

Հատորը վերահրատարակութիւնն է 1967-ին Մոնթրէալի ՀԵԴ «Լեւոն Շանթ» խումբի կողմէ լոյս ընծայուած հատորին։ Օրին ամփոփումը կատարուած է ու ներկայ հատորը վերախմբագրուած է Վրէժ-Արմէն Արթինեանի կողմէ։ Գեղարուեստական ձեւաւորումը՝ Անոյշ Ակներեանի։
Աւելցուած են մեր պատմութեան վերաբերեալ նոր տուեալներ եւ ժամանակագրական աղիւսակ մը՝ ընդգրկելով 1918-էն 2024 տարիները (քաղուած «Հայոց պատմութիւն – 12» հայրենի դասագիրքի ցուցակէն, տրամադրուած Խաչատուր Ստեփանեանի կողմէ, ու լրացուած)։ Շարագրումը՝ Սոնա Թիթիզեան-Կէտիկեանի կողմէ։
Հատորը ճոխացուած է դիցաբանական ու պատմական կարգ մը դէմքերու գեղանկարներով (պատրաստուած ու տրամադրուած Ռազմիկ Պերթիզեանի կողմէ) ու քարտէզներով (քաղուած «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՏԼԱՍ / HISTORICAL ATLAS OF ARMENIA» հատորէն, Բ. Հրատ., Ազգային ուսումնական խորհուրդի, Նիւ Եորք)։
Աշխատանքը ամբողջութեամբ սիրայօժար կատարուած է։
Գիրքին սկիզբը, «Բացատրութիւն մը» խորագրին տակ կը կարդանք. «Այս ամփոփ հատորը հանրագիտական-ցուցակագրական բնոյթի հրատարակութիւն մըն է, ուր կարելի է դիւրութեամբ գտնել մեր պատմութեան գլխաւոր փուլերուն դերակատար հանդիսացած դէմքերու անունները եւ անոնց գործունէութեան երեսները՝ վայրերու եւ թուականներու նշումով, ինչպէս նաեւ զինուորական, տնտեսական, ընկերային ու մշակութային որոշ երեւոյթներու տեղեկագրութեամբ»։
Թելադրելի է, որ ամեն յարկէ ներս ու համակարգչային թէ այլ հարթակներու պաստառներուն վրայ մնայուն իր տեղը ունենայ սոյն հատորը։

Հատորը ելեկտրոնային հասցէն.

https://horizonweekly.ca/wp-content/uploads/2025/08/ArmHistory_2.pdf

Վ-Ա.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *