«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Զ.

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ահա երկու գիրք եւս, որոնք տակաւին չէին տեղաւորուած գրադարանիս մէջ՝ սպասելով, որ իրենց մասին ալ քանի մը տող գրեմ։
Առաջինը Արամ Հայկազի «ՉՈՐՍ ՏԱՐԻ ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆԻ ԼԵՌՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ»-ն է, որուն առաջին տպագրութիւնը (յԱնթիլիաս) օրին ունեցած եմ՝ հեղինակին մակագրութեամբ ալ օժտուած, եւ որուն 50-ամեակին առթիւ է, որ լոյս տեսած է այս մէկը 2022-ին, Երեւան, 608 էջերով։ Հրատարակութիւնն է «Հայաստան» հրատարակչութեան՝ ՀՀ ԳԱԱ Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան ինստիտուտի գիտական խորհրդի որոշմամբ։ Գեղատիպ, կարծրակազմ այս հատորը (Մելինէ Ղարախանեանի համակարչային ձեւաւորմամբ) հրատարակութեան պատրաստած ու ծանօթագրած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, «Հորիզոն գրական»-ի աշխատակից Մարգարիտա Մամիկոնի Խաչատրեանը, խմբագիրը՝ պատմաբան Գէորգ Գրիգորի Եազըճեանը, որ անձամբ ալ կատարած է համակարգչային շարուածքը, իսկ համակարգչային մանրակերտը պատրաստողը՝ Կարինէ Դաւթեանը։ Տպագրութիւնը՝ «Եգէա»-ի։
Արամ Հայկազ, որ Մեծ եղեռնէն պրծած է 1915 – 1919 պահուըտելով թուրքերուն եւ քիւրտերուն մէջ, գիրքը նուիրած է «հոն մնացողներուն»։ Նոր հրատարակիչը կը նշէ, որ այս հատորը «նախատեսուած է Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեամբ, բռնի իսլամացած հայերի հարցերով հետաքրքրուողների եւ ընթերցողների լայն հասարակութեան համար»։ Եւ ի հարկէ հայ գրականութեան սիրահարներուն համար։
Բացի բնագրէն, որուն մէջ նուազագոյն ճշգրտումները կատարուած են եւ որ կը պահէ հեղինակին ուղղագրութիւնն ու կէտադրութիւնը, հատորը կը բովանդակէ հարուստ ծանօթագրութիւններ, հայերէն ու շարք մը օտար բառերու եւ դարձուածքներու բառարան (որոնց մէկ մասը ատենին հեղինակն իսկ կատարած էր) եւ Խաչատրեանի ծաւալուն վերլուծութիւնը՝ «Պատանեկութեան “համեմատաբար երջանիկ” չորս տարիների յիշատակները» խորագրով (որուն առաջին մասը լոյս տեսած է նաեւ «Հորիզոն գրական»-ի 2022-ի սեպտեմբերի թիւով)։ Կ՚արժէ այստեղ տալ անոր վերջին տողերը, որոնք աւելի քան այժմէական կը հնչեն մանաւանդ ներկայիս.
20-րդ դարն սկսեցինք ազգային մեծագոյն ողբերգութեամբ, անցանք համաշխարհային երկու պատերազմների բովով, ստեղծեցինք ու կործանեցինք երկու հանրապետութիւն եւ դարն աւարտեցինք Արցախեան ազատամարտում շքեղ յաղթանակով… 21-րդ դար մտանք իբր թէ թեւաւորուած՝ Երրորդ հանրապետութեան հովանու տակ հզօր պետականութիւն կերտելու հեռանկարով, բայց անմիտ-անմիտ խօսեցինք թշնամուն գթալու, խղճալու, պատերազմի դէմ կռուելու ու մարտադաշտ դարձած հողի տառապանքի մասին… Թւում էր՝ սա մի քանի «մտաւորական» եւ «պետական այր» յորջորջուող տականքի ինքնատիպ երեւալու ճիգն էր միայն, այնինչ թուրքը վաղուց մեր մէջ է, ու պարզուեց՝ ոչ միայն տէր չենք կանգնել մեր յաղթանակին ու հողին, այլեւ կորցրել ենք ազգային ու մարդկային մեր դիմագիծը, վերացնում ենք սահմաններ ու վերաձեւում պատմութիւնը՝ յանուն ստի ու համատարած ստախօսութեան…
Սա՞ է ՀԱՅի մաքառման, գոյատեւման հզօր Ոգու մեր ընկալումը…
«Ուրացողնե՞ր ենք», — կը հարցնէր Արամ Հայկազը։

* * *

Շատ հետաքրքրական է, որ երկրորդ գիրքն ալ, որուն պիտի անդրադառնամ, նոյնպէս վերահրատարակութիւն մըն է (առաջին անգամ լոյս տեսած Պաքու՝ «Գործ» հանդէսին մէջ, 1917-ին) եւ նոյնպէս առնչուած Ցեղասպանութեան եւ հրատարակուած գրեթէ նոյն օրերուն՝ 2022-ին։ Սա՝ կամքէս անկախ։ Չապէլ Եսայեանի «ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԸ ՀՈԳԵՎԱՐՔԸ»-ն է («Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ» ենթախորագրով)՝ Մարկ Նշանեանի յառաջաբանով։ Նշենք հետեւեալը. 256 էջանոց այս հատորին հրատարակիչն է «Արաս»-ը, Ստանպուլ, հրատարակութեան պատրաստութիւնը՝ Սեւան Տէիրմէնճեանի, կողքը՝ Արէտ Կըճըրի, կողքի գեղանկարը՝ Արզու Պաշարանի (առնուած իր 2017-ի «դեռ… այնտեղ» ցուցահանդէսէն), տպագրութիւնը՝ Սենա Օֆսեթի, մեկենասը՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը։
Բացի հեղինակի կենսագրութենէն ու կարեւոր վկայագրութիւն մը հանդիսացող բնագրէն, որ արձանագրութիւնն է Հայկ Թորոյեանի պատմածներուն, եւ Մարկ Նշանեանի «Ձայնը եւ գրիչը» յօդուածին, որ մէկ նոր տարբերակն է իր «Պատկեր, պատում, պատմութիւն» գործի երկրորդ հատորին (2016, Երեւան) մէջ լոյս տեսած «Վկայագրութիւն եւ հեղինակութիւն» գրութեան, գիրքը կը բովանդակէ նաեւ Զապէլ Եսայեանի Վիգէն ծածկանունով ստորագրած «Գրագէտի մը յիշատակները» գործը, լոյս տեսած Սոֆիայի «Հայաստան» թերթին մէջ 1915-ին իսկ, ուր 37-ամեայ դաշնակցական գրագիտուհին կը նկարագրէ Մեծ եղեռնի առաջին օրերուն մթնոլորտը Պոլսոյ մէջ եւ իր փախուստը անկէ։
Նշանեան կը խօսի Եսայեանի վկայագրողի դերէն ետ՝ արուեստագէտ-գրողի դերին գալուն մասին ու կ՚ըսէ. «Հո՛ն է, որ ջնջումէն պիտի ազատէր, հո՛ն է, որ տարբերութիւնը պիտի հաստատէր։ […] Սարսափը չէ, որ կը ստիպէ իրեն ետքայլ մը կատարելու, դէպի զգլխիչ վարդենիները, դէպի արուեստը։ Վկայագրութիւնն է։ Վկայագրութիւնը որպէս տարբերութեան ջնջումը զինք կը վերադարձնէ դէպի արուեստը, որպէս տարբերութեան արձանագրութիւնը»։
Մէջբերում մըն ալ կատարենք հեղինակէն, որ տրուած է նաեւ հատորի կողքի վերջին էջին վրայ. «Ինչ որ հայ կամ օտար ընթերցողը պիտի գտնէ այս արձանագրութեանց մէջ, գեր ի վեր կը մնայ ամենէն դժոխային երեւակայութենէ։ Հաստատ կերպով կարելի է ըսել. պատերազմի այս տիեզերական սարսափներուն մէջ, երբ աշխարհիս գրեթէ ամեն կողմերը մարդոց զգացումները բթացած են ամենօրեայ դժբախտութիւններու առթած ցնցումներէն, հայ ժողովուրդի տառապանքը այսու ամենայնիւ հանգամանքը ունի զարմացնելու համայն մարդկութիւնը եւ սոսկումով ու զարհուրանքով դղրդելու անոր խղճմտանքը»։
Բան մը կա՞յ փոխուած մէկ դար ու աւելի ետք։ Խղճմտանք կա՞յ ի վերջոյ…

(Վերջ)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *