ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ.
ՍԱՂՄՈՍ 14
Կը նզովե՞ս…կը նզովեմ…իսկ ի՞նչ կը նզովես:
Դուն՝ կոչեցեալդ Բանին մարմնացելոյ անդամ մը ըլլալու,
որ ոլորապտոյտներուն երերացող ուղեւոր մըն ես,
ո՞ր տունկի ճիւղերուն:
Անոր՝ որ ճշմարի՞տը եւ ճշմարտութի՞ւնն է,
եւ որուն վրայի անպտուղ ճիւղերը ըսուած է, թէ ինչ կ՚ըլլան,
մինչ պտղատուները կը յօտուին՝ վասն առաւել պտղաբերութեան:
Ինքզինքիդ մասին բարձր կարծիք չունի՞ս:
Կ՚ապաւինիս ամենագէտ վարկածներուն եւ ըսի-ըսաւներո՞ւն,
որոնք ապացուցած են՝ թէ վերջ ի վերջոյ մեծ վախին շփոթութիւններէն են,
զայն ծածկելու թշուառ յաւակնութիւններ:
Գիտցի’ր, թէ բոլորը գանգի վայրին վրայ կանգնեալ՝
հրաշակերտ եւ զօրեղ փայտին առջեւ չեն դիմանար:
Յիրաւի, նզովեալները բոլոր՝ նզոված են նզովողները բոլոր,
եւ ամենքը իրարու մէջ դեւեր ալ տեսած են,
ու բրտութիւն, վայրագութիւն եւ աքսոր եւ սպանութիւն տարածած:
Փարիսեցիութիւնը ոճիրներու սկզբունքն է:
Բարի լուրը կը հրաւիրէ մտքի կատարեալ անդրակերպումին, շրջումին դէպի ապագայ,
եւ սպիտակ ու թուխ թեւաւոր երկու ձիով սեփական կառքը վարելու ըստ Բանին…
_ Ոչ ոքի թոյլ մի տար, Տէր, սեփական նեղ անկիւնով հպարտանալ,
այլ տուր հեզութիւնը ապաշխարութեան ինքնաքննութեամբ իմաստնանալու:
Նաեւ ընդհանուրին միշտ շնորհէ
խորհուրդով, խօսքով եւ գործով փառաբանութիւնը յաւիտենականիդ,
եւ բազմաձայն երգերով գոհութիւն մատուցելը Կեանքին համար:
ՍԱՂՄՈՍ 15
Աղէտներուն աղէտը հարուածած էր քեզ,
եւ տարագրութեան անապատը երիցս քառասնամեայ թափառումներուդ վայրն է այսօր…
Բարերդ եւ բառերդ այլեւս արեւահամ չեն, վասնզի մոռցուած են,
երաժշտութիւնդ այլանդակուած է ըստ աղաւաղման հոգիիդ,
յիշատակներուդ վառման ծաղիկներն ու վարդերը հողմէն անհետացած են,
եւ ներքին քաղցրութիւններուդ պարերն են աններդաշնակութիւններ,
սէրդ՝ ապասերում մըն է տիեզերական գերութեան,
կացութեանդ ողբերգականութեան յուշազրկումը խաբէութիւններով կ՚օրօրէ քեզ,
ներքին ինքնութեանդ լեզուն ալ ոչ աղօթք է եւ ոչ ալ գիրք,
չես երթար դէպի երկիր մը խոստացուած,
ոտքերուդ տակէն քաշուածը շփոթութիւններու պատմութիւն մըն է,
երանի թէ ըլլար հեքիաթ մը, եւ դուն իմաստութեամբ օծուէիր,
իսկութենէն հաղորդազրկուածութիւնն ես, եւ սիրերգութիւն մը՝ աղմկալից խրախճանքներու,
խորհրդանշաններդ ալ կատարելութիւններ չեն՝ որոնց նմանիս:
— Տէր, իսկ Դուն որ յիսուն արդարի համար քաղաք մը կը փրկես,
Դուն որ քառասունհինգ արդարի համար քաղաք մը կը փրկես,
Դուն որ քառասուն արդարի համար քաղաք մը կը փրկես,
Դուն որ երեսուն արդարի համար քաղաք մը կը փրկես,
Դուն որ քսան արդարի համար քաղաք մը կը փրկես,
Դուն որ տաս արդարի համար քաղաք մը կը փրկես,
գէթ երեք արդարի համար գագաթէդ լսէ թէ’ տարագրութեան անոնց աղաղակը,
եւ թէ՝ շիջած աղաղակը բազմութեան,
եւ բռնի ստիպէ որ Մովսիսանման անյայտ մարգարէ մը քովդ բարձրանայ
ու զայն առաքէ՝ վասն մեր ինքնազատագրութեան…եւ խոստացուած Նայիրեանի վերստեղծման:
ՍԱՂՄՈՍ 16
«…Եւ վատնեաց զինչս իւր», կ՚ըսէ առակը:
Վատնեցի, Տէր, շնորհը պատկերիդ,
եւ հեռանալով եղծեցի «արասցուք մարդ» խօսքիդ բարերարութիւնը,
որով կը սահմանուէր իմ հոգիի լինելութեան ճանապարհը՝
երկարող մինչեւ Խորհուրդդ խորին:
Այսպէս հրաժարեցայ նմանելէ քեզի,
ուստի՝ ըստ եւ ընդ Էութեանդ, եւ՝ գոյին երխօսաբար իմ ինքնացումէն:
Վատնեցի, Տէր, շնորհը Լոյսիդ Ճառագայթին,
որ խոնարելով կը դրոշմուէր իմ մէջ որպէս բնակութիւն ներքնագոյն յարկիս:
Այսպէս հրաժարեցայ պայծառութենէն,
որ իմաստութիւնն է բոլոր ժամանակներուն նշանները եւ ժամանակները կարդացող:
Վատնեցի, Տէր, շնորհը Սրբութեանդ օրէնքին եւ պատուիրաններուդ քաղցրութեան,
Մէյ մը ձիակառքին թեւաւոր թուխ ձիէն ախորժելով,
մէյ մըն ալ թեւաւոր սպիտակ ձիէն ախորժելով:
Այսպէս հրաժարեցայ երկինքէն, որ Կեանքն է յաւէտ այժմէական:
Վատնեցի, Տէր, շնորհը Հովիւիդ առաքելութեան վասն մոլորեալ ոչխարիս:
Այսպէս հրաժարեցայ Ճրագիդ լոյսով գտնուելէ:
Վատնեցի, Տէր, շնորհը հետս խօսիլ հաճելուդ, եւ խօսելուդ,
եւ՝ Ս. Հոգիիդ բարեխօսութեան:
Այսպէս հրաժարեցայ անդրանցական ունկնդրութենէն եւ տեսողութենէն:
Վատնեցի, Տէր, շնորհը տնտեսելու պարգեւներդ,
եւ չունեցայ լոյսի որդիութեան յանձնառութիւնը եւ ստեղծամտութիւնը,
եւ փոխանակ ինծի վստահուած փոքր ծառայութիւնը ամբողջապէս ստանձնելու,
մեծ ասպարէզներու արժանի համարելով ինքզինքս՝ ոչինչը ունեցայ:
Այսպէս հրաժարեցայ կոչումէն՝ որ ըստ իմ կարողութեան տրուած էր ինծի:
Վատնեցի, վատնեցի եւ վատնեցի, Տէր…
բայց զարմանալիօրէն Դուն դեռ չես հրաժարած ինձմէ,
եւ նորէն կու գաս անայլայլ ողորմութեամբդ գտնելու զիս՝ անառակը որ եմ:
ՍԱՂՄՈՍ 17
Ինչպէ՞ս էր, որ ատելութիւնդ փոխուեցաւ խաւարային ցանկութեան,
եւ չկրցար կամ չկամեցար հասկնալ՝ թէ խաւարը չի վաներ խաւարը,
այլ կը նոյնանայ անոր, այլ անոր մէջ կը շարունակէ իր նոյնութիւնը (չ)ապրիլ:
Ո՞վ էր որ քեզ յանձնեց անգիտացումին գերութեան,
երբ քեզի տրուած էր ճրագ մը՝
քալելու եւ յառաջանալու կեանքին փորձութիւններուն մէջէն դէպի Բարիին պայծառութիւնը:
Դուն ամեն օր պիտի ատէիր կամ հատելով նետէիր մէկ կողմ չարն ու չարիքը,
բայց ատեցիր կամ հատելով նետեցիր մէկ կողմ այն՝
ինչ արդարութիւն պիտի ըլլար թէ’ քեզի եւ թէ՝ այլոց:
Հեզ լոյսը որ ունէիր որպէս պարգեւ եւ որպէս շնորհ կը ձանձրացնէ՞ր:
Անով էր, սակայն, որ իսկութեանդ մայրերը նոյնիսկ մութին մէջ կորած խրճիթներդ
պլպլագին լուսաւորելով մխիթարութիւնը շնչած,
եւ շնչաւորած էին դարերդ.
եւ էութեանդ հայրերը տառապագին ժամանակներուն մէջ անգամ
բարձրանալով դժուարամատչելի լեռները՝ արարած խոնարհ սրբարաններդ
ու Խորհուրդէն ըմպած ինքնացումին առաքինութիւնը:
Ա’յո, աղէտներ քեզմէ չհրաժարեցան,
այլ բազմահոլով կուտակումներով խուժեցին վրադ:
Ա’յո, պառակտումներ անպակաս եղան
եւ ստրկամտութիւնը յաճախեց քեզի:
Ա’յո, աքսորներ եւ պանդխտութիւններ քեզ սփռեցին մինչեւ ի ծագս աշխարհի,
եւ հիւծեցար ու հիւծեցար:
Ա’յո, աղէտներուն Աղէտն ալ քեզ հարուածեց եւ տարագրեց,
եւ ապատ անապատներուն մէջն ես հիմա,
ամենուր՝ թէ’ մնացորդին մէջ պապենականին եւ թէ՝ անկէ դուրս:
Կացութանդ ողբերգականութիւնը հեզ լոյսդ ամբաստանելու համար չէ:
Կացութեանդ ողբերգականութիւնը քեզի տրուած ճրագը ամբաստանելու համար չէ:
Շնորհիւ այն լոյսին ու ճրագին է, որ կը ճանչնաս զայն:
Դուն խոնարհիր ստանձնելու այն ճանաչումը, եւ գերութենէդ ելք կ՚ունենաս:
Եւ ճանաչումդ գալիք ցերեկներուն մէջ ամպի սիւն կ՚ըլլայ,
ու գալիք գիշերներուն մէջ՝ կրակի սիւն, եւ քեզ կ՚առաջնորդէ…
ՍԱՂՄՈՍ 18
Ով մարդ, դուն էակ անծանօթ, որ անսահման Էութենէն ես
եւ ինքնութիւնդ լինելութիւն մըն է դէպի անդրանցականը,
դուն կարողութիւններով, պարգեւներով եւ շնորհներով հարուստ մը՝
կոչուած ես տնտեսութեան ասպարէզի մը,
որպէսզի Լոյսին որդի ըլլաս:
Աստուծոյ բարեկամութիւնը կը շահի՞ս դուն՝
կարողութիւններդ ի գործ դնելով այնպէս՝
որ յաւիտենական Բարեկամը փառաւորուի:
Աստուծոյ բարեկամութիւնը կը շահի՞ս դուն՝
պարգեւներդ ի գործ դնելով այնպէս՝
որ յաւիտենական Բարեկամը փառաւորուի:
Աստուծոյ բարեկամութիւնը կը շահի՞ս դուն,
շնորհներդ ի գործ դնելով այնպէս՝
որ յաւիտենական Բարեկամը փառաւորուի:
Եթէ կարողութիւններդ, պարգեւներդ եւ շնորհներդ կը ծառայեն Անոր փառաւորման՝
պիտի լիանաս լոյսով մը,
որ անդրանցականը կ՚ապրի որպէս Ներկայի ու Վայրի արթնութիւն մը:
Արթնութիւն վստահարար, արթնութիւն յուսարար,
արթնութիւն սիրարար, արթնութիւն ստեղծարար…
ՍԱՂՄՈՍ 19
«Հրաժարիմք ի Սատանայէ» կ՚ըսէ աղօթքը,
իսկ աստ եւ անդ, աջ ու ձախ կ՚ըսեն,
թէ փրկութեան համար պատրաստ են անոր հետ համագործակցելու…: _
Աrդ դուն, Սատանա, յաջողած ես յիշուիլ որպէս փրկարար,
դուն՝ որ խաբէութիւնն ես, պատիրութիւնն ես, չարակամութիւնն ես,
ու ընթացքն անոնց, եւ ուժը կործանարարութեան,
եւ տեսնուած էիր՝ թէ կայծակի նման երկինքէն ինկած ես:
Ահա դար մը եւս բռնութիւններու եւ բրտութիւններու.
ահա դար մը եւս քաղաքներու կործանման եւ մոխրացման.
ահա դար մը եւս կոտորածներու եւ ցեղասպանութիւններու.
ահա դար մը եւս արմատախլումներու եւ տարագրութիւններու,
եւ դուն կը յիշուիս որպէս փրկարար:
Եթէ այս աշխարհին իշխանութիւնն ես՝ ըսեմ, արդար չեմ ըլլար աշխարհին հանդէպ.
եթէ այս աշխարհին պատուիրանն ես՝ ըսեմ, դարձեալ արդար չեմ ըլլար.
եթէ այս աշխարհին օրէնքն ես՝ ըսեմ, վերստին արդար չեմ ըլլար.
եթէ այս աշխարհին հոգին ես՝ ըսեմ, դեռ արդար չեմ ըլլար.
եթէ այս աշխարհին զգացումներուն, ճաշակներուն, գաղափարներուն եւ միտքերուն,
եւ կամեցողութեան հարազատագոյնն ես՝ ըսեմ, յար արդար չեմ ըլլար աշխարհին հանդէպ:
Դուն չէիր եւ եղար որպէս չէութիւն, ապացոյց՝ ոչնչարարութիւնդ:
Ոչնչացնողիդ նմանակը ոչնչացնելու համար համագործակցիլ է պէտք ոչնչացնողիդ,
նմանիլ քեզի՝ որ խոստումն ես ցանկութիւններու խաբէական դրախտին,
նմանիլ քեզի՝ որ խոստումն ես ազատութիւններու ցնորական դրախտին,
նմանիլ քեզի՝ որ խոստումն ես նմանակներէդ զերծ նմանակներուդ դրախտին,
կամ վայելչութեան՝ որ մահուան հովիտն է: _
Հոգեհերձեալ մարդ արարած, փրկութիւնդ աստուածգիտութեան մէջ է,
եւ ոչ թէ հրապոյին անոր՝ որ անառակութենէ անառակութիւն կը տանի քեզ,
մինչեւ ժամանումը վախճանականօրէն չէանալուդ:
ՍԱՂՄՈՍ 20
Տէր, անսհման է ողորմութիւնդ,
եւ իւրաքանչիւր ռոպէ կը խոնարիս մինչեւ խոտը՝ որ եմ:
Եւ քանի կը խոնարհիս՝ կ՚արթնցնես եւ կ՚աճեցնես ինքնաճանաչումը
ու կը բխեցնես գոհաբանութիւն մը արդարագոյնիդ իմաստութեան:
Ինչպէս ծառերը վայելուչ, ինչպէս ծաղիկները գեղապսակ,
Դուն՝ խոտերն ալ կ՚օրհնես:
եւ շնորհիւ օրհնութեանդ՝
խոտերը կը տարածուին որպէս մարգագետիններ
եւ որպէս դալար արօտավայրեր:
Այս խոտին ալ օրերը պիտի անցնին,
պիտի փչէ հողմը, եւ պիտի չըլլայ ու հետքն ալ պիտի չերեւի:
Շնորհէ, որ խոտն այս յաւիտեան մնայ ողորմութեանդ մէջ:
(Շարունակելի)