«Ծփում է Սեւանը»

Վահէ Թղլեան

Իւրաքանչիւր հայ՝ Հայաստան այցելելով, իր տեսանկիւնէն կը դիտէ ու կը դատէ տեսածն ու վայելածը, նայած թէ Հայաստանի մէջ ինքզինք որքան հարազատ կը զգայ:
Մեր Հայրենիքը ճանչցած եմ դպրոցը՝ հայոց պատմութիւն սորվելով, գրականութիւն կարդալով, սերտելով հայ մշակոյթն ու մանաւանդ՝ հայրենասիրական երգերով։
Կար ժամանակ, երբ ինծի կը թուէր որ Հայաստան երթալը անկարելի երազանք էր:
Իսկ հիմա, Հայաստան երթալ՝ ժամանակի մէջ, կարօտի ճամբորդութիւն մըն է, առաւել եւս ուխտագնացութիւն է։
Տպաւորութիւններս հայրենիքի մասին, ընդհանրապէս զգացմունքային են ու վերադառնալու ցանկութիւնը միշտ կայ։

2 յունիս 2022
Այս անգամ՝ մեր կիզակէտը Գեղարքունիքի մարզն էր. փոքր խումբով ուղղուեցանք դէպի Սեւան, բայց հազիւ Կոտայք հասած՝ մեր Mini Van-ին գլուխը բաւական տաքցած էր, ու կ՚ընդդիմանար ճամբան շարունակելու, ստիպուած դիմեցինք Յարութի (զարմիկիս փեսային) օգնութեան: «Պրոբլեմ չունես Վահէ ջան» ըսելով՝ 20 վայրկեան չանցած արդէն հասած էր մեր քովը: Մեր ըմբոստ ինքնաշարժը մինակ թողած՝ շարունակեցինք մեր երթը ու գեղեցիկ օրուայ մը զուգադիպութեամբ վայր հասանք։
Հրաշք Սեւանը արեւը իր մէջ գրկած՝ մեզ դիմաւորեց։
Սիրունութի՜ւն:
Ինչ գովերգներ ըսես որ չեն երգուած Սեւանի ու առհասարակ մեր հայրենիքի մասին: Կը կասկածիմ որ ուրիշ ազգ մը հայերուս չափ հայրենասիրական երգեր ու գովասանքի գրականութիւն ունենայ: Բայց եկուր ու տես, որ իրականութիւն է: Հայաստանի իւրաքանչիւր անկիւնը գեղեցկութիւն ու պատմական կոթողներ կան:
Հայաստանի արեւը ուրիշ է։ Արարատեան դաշտի ժողովուրդը երբ իր ծիրանը կ՚ուզէ գովել՝ «մեր ծիրանը ջրի նման Հայաստանի արեւն է խմել» արտայայտութիւնը կ՚ունենայ։ Այս խօսքերը յաճախ կը լսես հայ գրականութեան մէջ. այնքան արեւու գեղեցկութեան ու ջերմութեան մասին կը կարդաս որ քիչ կը մնայ Արեւի հայկականութեան հաւատաս:
Սեւանայ լճի դիմացը Գեղամայ լեռնաշղթան է, բառերով չնկարագրուող տեսարան, որու մասին այնքան լսած ու կարդացած ենք. երբ կը դիտես՝ կ՚ուզես մանրամասնել լեռներու սիրունութիւնը: Լիճը ապշած չէր, այլ աչքեր հանդարտեցնող, բիւրեղացած կապոյտ շղարշով գեղեցկօրէն կը ծփար:
Ահռելի մեծ ջերմութիւն կը զգամ հայրենիքիս հանդէպ, երբեմն իրականութիւնը պատկերացումներուդ չի համապատասխաներ, այլ աւելի հզօր ու աւելի գրաւիչ է: Այդ զգացումը կը փաստես՝ երբ կը զգաս որ աչքերդ թրջուած են։
Ժամանակի ընթացքին, կղզին աստիճանաբար թերակղզիի վերածուած է. աստիճաններով կը բարձրանանք բլուրը, իր մամրակալուած ու խոտածածկ վանքով ու զոյգ եկեղեցիներով. հողմահարուած ու սպիացած քանդակներով, փայլքը կորսնցուցած եկեղեցին դարձած էր աւելի խորհրդաւոր ու տպաւորիչ։ Դարեր պարուրած սրբացած պատերը չես կրնար չհամբուրել ու անոյշ օծանելիքի նման քթածակերդ շոյող խունկի բուրմունքով՝ աղօթք կը շնչես։
Կղզիի վրայ կանգնած կը դիտեմ շուրջս՝ Սեւանը ամենահեքեաթային է: Հիասքանչ տեսարանով շունչդ կտրող զմայլանք։
Այստեղ կային իրենց նկարած գործերը վաճառող նկարիչներ, յուշանուէրներ ծախող փոքր կրպակներ։ Կը տեսնեմ թէ ինչպէ՞ս նկարիչ մը որոնող հայացքով կը փնտռէր իր ստեղծագործելիք համատեղ գեղեցկութիւնը:
Կային եւ պատեհապաշտ մարդիկ, իրենց աղաւնիներով։
Այս աղաւնիները՝ ինչպէս խոր Վիրապի աղաւնիները, առանձնայատկութիւններ ունին, ափիդ մէջէն թռելով՝ մտքիդ ցանկութիւնը կը տանին հասցէատիրոջ ու շուտով ետ կը վերադառնան՝ սպասարկելու համար յաջորդ ուխտաւորին։ Ի հարկէ մենք ալ մեր ցանկութիւնները վստահեցանք այդ աղաւնիներուն… ապա նկարուելով անմահացուցինք ժամանակի այդ պահը։

Սեւանի վրայ թռչող արագիլներ չկային, փոխարէնը կային ճաշարանին շուրջ թռչկոտող ճայեր։
Ապաւինած Յարութի խորհուրդին՝ պատրաստ էինք մեր կենացները բացայայտել ու քաղցրացնել մթնոլորտը: Մեր ստամոքսները պատրաստ էին համեղ «ձուկի գաթա»ի զոհը դառնալու։ Իսկապէս որ անկրկնելի համեղ էր ու մենք ճօճուելով հասանք ինքնաշարժ…
Եւ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, հասնէինք Սեւան ու անթառամ ծաղիկներ չտեսնէինք։
Յիշեցի Սեւանը գովերգող Յասմիկ Մանասերեանի «Ծաղիկներ» երգը, ու պահ մը վերադարձայ մանկութեանս գիրկը երբ Սեւանի նկարներով սիրահարուած ու ինքնուրոյն պատկերացումներով մտովի կը փոխադրուէի երազանքի վայրը:
Լճի շուրջբոլորը սիրուն մանուշակ ու անթառամ ծաղիկներ են. ճամբու եզրին, բլրակին վրայ, դէպի ծովակը նայող, Աղթամարի սիրավէպային արձանն էր, ճրագը ձեռքին։ Ակնածանքով կը նայիմ հեքեաթային Աղթամարին ու անթառամներ քաղելով՝ դեռահասի երազանքս կը յագեցնեմ։
Բարձր տրամադրութեամբ հրաժեշտ տուինք Սեւանայ լճին։
Վերադարձին այցելեցինք Տաւուշի մարզի Դիլիջան քաղաքի մօտ գտնուող, 10-րդ դարուն կառուցուած Հաղարծինի վանքը։ Հետաքրքրական էր տեսնել ուխտաւորներ, որոնցմէ ոմանք եկած էին դասական երթուղայիններով (ձիերով) ինչպէս նաեւ տասնեակ մը այցելու զբօսաշրջիկներ։ Ի բնէ հարազատ բնութեան գեղեցկութիւնը շքեղացնող պատմամշակութային կոթող մը՝ աստիճանաբար կեանքի կոչուելով ուխտավայր դարձած համալիր, ուր կենարար աղօթքը ու խնկաբոյր պատերը հոգիդ կը ջերմացնեն: Այստեղ բնութեան գրկին մէջ, անվճար գեղեցկութիւն կը վայելես. վանքի պատկերը ամբողջական է։ Կառոյցը տեսնելով կը մտածեմ. քարէն հիւթ քամող ժողովուրդ ենք:
Հաղարծինի վանք-համալիրը այցելելով՝ մենք պատմութեան հետ ձեռք սեղմեցինք, նկատի առնելով, որ համալիրի զոյգ եկեղեցիներու յարակից դամբարանի մէջ, թաղուած է բագրատունեաց 2 թագաւոր ու 3 իշխան ու ինչպէս շատ մը եկեղեցիներ, Հաղարծինը եւս ունեցած է արշաւանքներէ պաշտպանուելու գաղտնի թաքստոցներ:
Հաղարծինի վանքը Հայաստան այցելողներու համար՝ պարտադիր այցեվայր է ուր կը զգաս որ հայրենիքի հանդէպ սէրը՝ բնատուր տաղանդ է…
Վերադարձանք Երեւան՝ ճանապարհին եասամանի բուրումնաւէտ ծառերը ծաղկած էին՝ ու ես այդ ձգուող գեղեցկութիւնը տեսնելով, յիշեցի մեր Լելակը։
Մեր օրը յագեցած էր: Սեւան երթալով հոգեկան մեծ բաւարարութիւն ունենցանք ու մեր այցէն՝ մենք բացայայտեցինք հայրենիքի հանդէպ մեր ունեցած կապը, հարազատութիւնը, ու հայրենիքի հանդէպ զգացմունքները որոնք շատ տպաւորիչ էին ու կարելի է ըսել՝ բառի բուն կշռոյթով՝ «Հայաստան երկիր դրախտավայր»:

Թորոնթօ
Ապրիլ 2023

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *