Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 12 — Հանգոյցներ» առցանց հատորը, որ կը բաղկանայ չորս մասէ՝ «Խրախճանք», «Գարուն ա, ձուն ա արել…», «Չարտուղի պատմութիւններ» եւ «Հայեր»՝ 27 գրութիւններով, 72 էջ։
Իր ներածական «Երկու խօսք»-ին մէջ, հեղինակը կը գրէ.
«Առաջին մասը կը պարունակէ զանազան խրախճանքներու կամ տօնակատարութիւններու առթիւ ապրուած պահեր, մտորումներ։
«Երկրորդին յօդուածները կապուած են բնութեան, յատկապէս ձմռան, ձիւնին ու սառանձրեւին, որոնք մեր կեանքին անբաժան մասը կը կազմեն այս քաղաքին մէջ։
«Երրորդ մասը զարտուղի պատմուածքներ են, թէեւ առնչուած մեր առօրեային, սակայն տարօրինակ դարձուածքներով, որոնք ոչ միայն հաճելի պատում մը կրնան հանդիսանալ, այլեւ մտածելու նիւթ հայթայթել։
«Վերջապէս չորրորդ մասին մէջ պիտի հանդիպինք հայերու, որոնց գոյութիւնը, կեանքն ու մտածումները աննկատ չեն անցած գրողին աչքէն»։
Վրէժ-Արմէն դիտել կու տայ, թէ բոլոր գրութիւններն ալ, կը հանդիսանան շարունակութիւնը իր նախորդ հատորներուն, յատկապէս «Ոստայն 4 — Իմ ուղեպատումը» հատորին, «քանի որ բոլորը իրարու միացնող ընդհանուր յայտարարը մեր ապրած առօրեան է։ Օրատետրային, յուշագրական եւ ուղեգրական բնոյթ կը կրեն անոնք ու պատումի մը ոճով ընթերցողը հաղորդ կը դարձնեն զիս յուզող, մտահոգող, խանդավառող կամ անհանգստացնող ու զայրացնող հարցերուն։ Այդ հարցերը կ՚արծարծուին տարբեր ձեւերով՝ մնալով միշտ հեղինակին կիզակէտին վրայ», կ՚աւելցնէ ան։
Այս հատորը հարստացած է Գրիգոր Ակոբեանի կտաւներով, որոնք կը զարդարեն շապիկի առաջին էջը, ինչպէս նաեւ չորս մասերը իրարմէ բաժնող էջերը։
Հեղինակին վերջին ինը հատորները՝ սկսեալ «Ոստայն 4»-էն, մատչելի են ընթերցողին Հայերէնblog կայքէջի «Գիրքեր» բաժնին մէջ։ (https://hayerenblog.wordpress.com/ Գիրքեր)։ Այնտեղ կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակի ոչ-անձնական բնոյթի նամականին, որ հետզհետէ պիտի ամբողջանայ։
12 յունիս 2019