ԽՈԿՈՒՄՆԵՐ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»-Ի ՎՐԱՅ

ԳԱՌՆ
Գ.(*)

26
Օրհնեալ ես, Տէր,
ստեղծագործութեան մէջ ամբողջ.
օրհնեալ ես, Տէր,
երկինքներուն եւ երկրին մէջ.
օրհնեալ ես, Տէր,ցերեկ եւ գիշեր ու ամէն ժամ եւ ամէն րոպէ,
քանզի բոլոր օրհնաբանութիւններն
ու օրհներգութիւնները
քեզմէ կը ծագին եւ կը բխին՝
իբրեւ զարմանալի նշաններ
յաւերժական աբբայութեանդ։
Ու թէեւ ամենակատարեալներն անգամ
մեղաւորութեամբ վայելչազրկեալ
կը մատուցուին քեզի,
սակայն երբ հաճիս՝
զանոնք փառքով կը զգեստաւորես։

27
Անստուե՜ր ծագում…
Ի՜նչ զարմանալի զօրութիւն երեւակայութեան,
որ չի կրնար պատկերացնել իր տեսածը,
բայց կը սքանչանայ անով.
ի՜նչ զարմանալի զօրութիւն բանականութեան,
որ չի կրնար մտածել իրեն յայտնին,
բայց կը սաւառնի անով:
Եթէ Լոյսիդ ամենաբաշխ ճառագայթումէն
շողակ մը չարարէր
երեւակայութեանս եւ բանականութեանս
անդրանցական թռիչքը,
ապա երեւակայել չկարենալով հանդերձ՝
քեզ անստուեր պիտի չկրնայի երեւակայել.
եւ խորհիլ չկարենալով հանդերձ՝
քու մասիդ որպէս այնպիսին պիտի չկրնայի խորհիլ։

28
Առաջին Լոյս,
քեզ կը խոստովանիմ,
որովհետեւ դուն յաւիտեաններուն մէջ
հաղորդութիւնն ես Լոյսին հետ,
որ քեզմէ կը ծագի.
եւ Լոյսին հետ՝
որ քեզմէ կը բխի։
Քեզ կը խոստովանիմ,
որովհետեւ դուն սկիզբէն կը բարբառիս
խօսք-հաղորդութիւնը արարչագործ:
ով Լոյս խոստովանեալ։

29
Որո՞ւ վստահիմ, Տէր,
ինքզինքի՞ս,
քեզի հաճելի ըլլալու ճիգերո՞ւս,
տարտամօրէն գիտցածներո՞ւս,
կասկածելի իմաստութեա՞նս,
անվայր բնակութեա՞նս,
երերուն քայլերո՞ւս,
յարափոփոխ հասցէի՞ս։
Եթէ չճաշակեմ
երկիւղիդ շնորհած անվախութիւնը,
եւ եթէ չըմպեմ
անտարակոյս վստահութեան աղբիւր սէրէդ,
ապա անապատին մէջ հովերէն քշուող
փշատունկերուն պիտի նմանիմ…

30
Ով Տէրն անտարտամ հանգիստին,
Դուն է, որ կը լուցանես յոյսը մեղաւորին,
որպէսզի ան
իր հոգիին աղքատացմամբ,
սեփական եւ այլոց մեղքերուն համար
զղջողական սուգով,
հեզութեամբ,
արդարութեան քաղցով ու ծարաւով,
եւ անոր հաստատման համար մարտնչումով,
ողորմածութեամբ, սրտամաքրումով,
խաղաղութեան սիրով եւ անոր համար ճգնութեամբ,
կամ, ի մի խօսք,
Որդիիդ աշակերտելով՝
մարգարէանայ այն օրը,
որ ճառագայթներովդ դրոշմուած
յաւիտենական երանաւէտութիւնն է։

31
Դուն Խօսքովդ
արարեցիր գոն,
այլ նաեւ անով կնքեցիր բոլոր յաւիտենութիւնները.
նոյնիսկ երբ երկինքն ու երկիրը անցնին,
պիտի չանցնի անիկա,
քանզի անով պիտի արարես
նոր երկինքներ եւ նոր երկիրներ։
Անով կեանքը պիտի առնէ
կերպարանքներ նոր,
եւ փչմամբդ վերաշնչաւորուի:
Իսկ իմանալիութիւնդ պիտի տիրէ հզօրեղապէս,
ինչպէս արեւը պայծառագոյն ցերեկներու։

32
Քու փառքդ պատմողներ ունիս
երկինքը, երկիրը, ծովերը,
բուսականութիւնը, կենդանի արարածները
որոնք ամէնքը քոյրերս եւ եղբայրներս են։
Անոնց հետ՝ նաեւ բնութիւնս կը պատմէ փառքդ,
ով անճառելի Տէր։
Մեր բոլորին պատմութիւնները
հեզ կամ հեզագոյն կամ ստուերային բարբառներ են,
սակայն շնորհքովդ կ՚արձանագրուին
որպէս ինքնայայտնութեանդ նշաններ։
Եւ դեռ,
դուն կը հագնիս
գոյութեան եզրերով մեզի մատչելի բազում տեսիլներ,
որպէսզի մեզ մերձաւորութեանդ մէջ արթնցնես,
ով անսահմանելի Տէր,
որ մեզի համար
սահմանափակուիլ յանձն կ՚առնես ամէն օր։

33
Սուրբերուն մէջ կը բնակիս դուն, Տէր,
անոնց՝ որոնք սրտի ճգնութեամբ,
եւ աննիւթական օծմամբդ
ցօղի բիւրեղութիւն կը ներզգենուն։
Անոնց մէջ
պատկերիդ արեգակնային անդրադարձումն է,
որ կը վկայէ քու մասիդ։
Քանզի ո՞վ է մարդը,
որ կարենայ քու մասիդ վկայել, ով անվկայելի։
Միայն սրբութեանդ Հաղորդութիւնը,
որպէս աղբիւր կենդանարար,
Վկայութեան Խորանն է Սուրբ Անուանդ։

34
Սիրառատ բարերարութի’ւն,
որ հրաշալի գիշերուան մէջ
բոլոր զգայարանքներու եւ զգացումներու,
եւ կամքի ու բանականութեան,
կը բոցավառիս
առանց հոգին մոխրացնելու։
Աղերսողիս ալ ընծայէ
քեզի կատարելապէս յանձնուելու հրեղէն շնորհքը,
որպէսզի երանաւէտ սեղանէն
Էութեանդ քաղցրահամ հացը ճաշակեմ,
եւ ըմպեմ բաժակիդ արբեցնող բերկրանքը:

35
Աներկբայելի է խոստումդ, Տէր,
որովհետեւ Դուն
կատարեալ սիրովդ կը նոյնանաս անոր,
որպէսզի յաւերժական ելք ըլլաս ինծի,
եւ առաջնորդես
դէպի անպատրանք օրը…

36
Ծածկոյթ անցանկալի եւ ծածկոյթ ցանկալի։
Անցանկալին թանձր խաւարն է,
որ խաւարային մառախուղով
պատանքումն է ինքզինքիս։
Իսկ գիշերը՝ ծածկոյթ ցանկալի,
կրթիչ մթութիւնը իսկութեանդ,
զիս հրաւիրող
մինչեւ առագաստը անմատոյց լոյսին,
յարկը գերազուարճ…

37
Որդիդ ծառայական կերպարանք զգեցաւ, Տէր,
որպէսզի թէ’ յայտնէ
յաւերժական մարդասիրութիւնդ,
եւ թէ’ աւետարանէ ծառայել,
որովհետեւ անիկա
կենսաւորող նմանութիւնդ կը բերէ։
Դուն, Տէր,
քեզի մերձեցողին կեանքը
անկողոպտելի զգեստովը ծառայութեան
կը լուսազարդես իբր վառ լապտեր…

*) Գ. 1-12 թիւերը՝ «Հորիզոն Գրական»ի յունուար 2019-ի մէջ: 13-25 թիւերը՝ նոյն, ապրիլ 2019-ի մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *