ՉՈՐՍ ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՎ ԿԸ ՀԱՐՍՏԱՆԱՅ ՄԵՐ ԳՐԱԿԱՆ ԱՆԴԱՍՏԱՆԸ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Կարօ Արմենեան, ՄԱՐՄԻՆ ԵՒ ԱՐԻՒՆ, երրորդ նուագ,
Զանգակ հրատարակչութիւն, Երեւան, 2024. 368 էջ։

Հատորին խմբագիրը՝ Յարութիւն Պէրպէրեան, կողքին՝ Յարութիւն Թորոսեանի գծանկարը, գրքին սկիզբը՝ Յարութիւն Արմէնեանի «Երկիր» ջրաներկը, հրատարակչութեան տնօրէն՝ Էմին Մկրտչեան, գեղարուեստական խմբագիր՝ Մարիամ Կանայեան, տեխնիկական խմբագիր՝ Նուարդ Փարսադանեան, ձեւաւորումն ու էջադրումը՝ Գրիգոր Յարութիւնեանի, կազմի ձեւաւորումը՝ Լիանա Աճեմեանի։
Կարծրակազմ ու գեղատիպ այս հատորը ձօնուած է բանաստեղծի կնոջ՝ Վրէժուհիին։
Արմենեանի այս բանաստեղծութիւնները խմբուած են չորս գլուխներու ներքեւ՝ «Ճգնութիւն», «Մայրաքաղաք», «Որդիք որոտան» եւ «Հայր»։ Բանաստեղծութիւններուն մէկ մասը «իր օրին տեղ գրաւած է մեր գրական մամուլի օրգաններուն մէջ», ինչպէս կ՚ըսուի «Վերջաբան»-ին մէջ։
Անկէ կը տեղեկանանք նաեւ, թէ իր առաջին եւ երկրորդ «Մարմին եւ Արիւն» գիրքերը (շատ աւելի փոքրաթիւ էջերով) լոյս տեսած են 1970-ին եւ 1977-ին, սակայն հիմա է միայն, որ երկար վարանումներէ ետք ու «ծանր սրտով» Կարօն լոյս կ՚ընծայէ այս հատորը, քանի որ մեր երկրի ու ժողովուրդի ներկայ արհաւիրքային իրավիճակին պատճառաւ «Գիրը կքեցաւ եւ բառերը կորնսուցին իրենց գոյութեան իրաւունքը», եւ քանի որ «Հողը եւ գիրը նոյն իրականութեան լրացուցիչ մասերն են։ Անոնք կ՚ապրին իրարմով»։
Հօրը ուղղուած իր վերջին գլուխին վերջին «Հայր» քերթուածը այսպէս կ՚աւարտի.
եւ ամէն որդի եւ ամէն դուստր
եւ ամէն թոռ
եւ ամէն թոռնորդի
որոնք կը կրեն
քու արիւնդ
այսուհետեւ պիտի երկնեն մեր յաղթանակը
ամէն օր ամէն օր ամէն օր ամէն օր ամէն օր
եւ մենք
դեռ պիտի ըսենք մեր վերջին
խօսքը
նոր բացոող
այս արեւին շեղբին պէս սուր
եւ վճռական

մի կասկածիր

Պիտի ուզէի, որ Կարօ Արմենեան հատորով մը մեզի մատուցէր նաեւ իր յօդուածները, որ ցրուած են մեր մամուլի էջերուն՝ տասնամեակներէ ի վեր։
Գիրքը ստանալու համար դիմել հեղինակին՝ gkarmenian@gmail.com

Գառնիկ Աւ.Ք.Գ., ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼԿԵԱՆՔԻ, Մոնթրէալ, 2024։

Ի մի բերուած են 50 սաղմոսներ, որոնք լոյս տեսած էին «Հորիզոն գրական»-ի մէջ։ Էջաթիւ չէ նշուած։ Գեղատիպ գունաւոր կողք մը՝ հայկական խաչքարերու գեղարուեստական համատեղումով մը։
Գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ տիկ. Սոնիա Մարութեանի եւ տէր եւ տիկ. Կարպիս ու Տընիզ Մարութեաններու՝ ի յիշատակ իրենց ամուսնին եւ հօր՝ Յարութիւնի եւ զաւկին ու եղբօր՝ Վահէի։
Գաղափար մը տալու համար հեղինակի ոճին մասին, ահա թէ ինչպէս կը բացուի հատորը (Սաղմոս 1-ը).
Խորհրդազգած գիշեր մը կը շնորհես աղօթողին,
Ով անքննելի յաւերժ մերձաւոր։
Դուն անմատոյց տաճարին գահակալդ մերձաւորութեամբ հանդերձ՝
գեր ի վեր ու անդին ես մեր զգայարանքներէն, երեւակայութենէն, միտքերէն եւ խօսքերէն։
Երկիւղալից ներիմացութիւնը երբ կ՚արժանացնես քեզի մատչելու,
անսահմանօրէն տարածուն խնկամպին մէջէն երկարած քղանցքիդ ծայրին կը կեցնես։
Եւ այնտեղ մեր կենցաղին եզրը հիմերէն կը ցնցուի միշտ՝
որովհետեւ հնութիւնը Նորութենէդ կը սոսկայ։

Ցանկալի պիտի ըլլար, որ գրութիւններու ներկայացումը որոշ գեղարուեստական միջամտութեամբ կատարուած ըլլար՝ ա՛լ աւելի արժեւորելու համար նորաստեղծ ու գեղաստեղծ այս սաղմոսները։
Շունչդ անսպառ, Տէ՛ր Գառնիկ։
Գիրքը ստանալու համար դիմել հեղինակին՝ Karnig.koyounian@sourphagop.net

Վարազդատ (Վ. Էթիէմեզեան), ՇԱԲՈՒԱՆ ՄՏԱԾՈՒՄԸ,
հրատարակութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատուն, Պէյրութ, 2023, 344 էջ։

Խմբագիր՝ Վ. Աւագեան, գրաշար՝ Շողիկ Պոյաճեան, էջադրող՝ Գօգօ Հաւանճեան։

Խմբագրին ստորագրած «Երկու խօսք»-էն ի յայտ կու գայ, թէ հատորը լոյս տեսած է հեղինակի ծննդեան 80-ամեակին առթիւ, իր վաղահաս մահէն (1996) 27 տարի ետք։ Ամփոփ կենսագրականէ մը անդին, հատորը կը բովանդակէ «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի մէջ 1981 – 1985 Վազգէն Էթիէմեզեանի գրած քաղաքական-քաղաքագիտական, ընկերային-իմաստասիրական բնոյթի 200 յօդուածներէն 109-ը՝ սկիզբը «Օրուան մտածումը», ապա «Շաբթուան մտածումը» վերտառութեան տակ, ուր «Երեւոյթներ սահմանելու իր ճիգին մէջ [ան] կը պեղէ ազգային-կուսակցական մեր արժէքներու համակարգը եւ այդ արժէքները կազմաւորող տուեալները։ […] Իր նշմարած թերութիւններուն եւ ախտավարակ երեւոյթներուն մասին ան կը գրէ սրտցաւօրէն եւ սրտբացօրէն։ Կը գրէ, կը տագնապի ու կը տառապի՝ իր ժողովուրդը վերադարձնելու համար իր ինքնութեան հարազատ ակունքին եւ վսեմագոյն տեսլականին»։
Վազգէնի «Ստեղծագործ մտքի անհրաժեշտութիւնը» յօդուածէն հետեւեալ մէջբերումը, որ խմբագիրն ալ ըրած է իր «Երկու խօսք»-ին մէջ, յատկանշական է հասկնալու համար հեղինակին հայեցակարգը. «Յարատեւ կռիւի պատգամը պարզ է եւ մէկին։ Ան, որ դաշնակցական է, իր կեանքի իւրաքանչիւր պահուն պէտք է ինքզինք զետեղէ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը գոյութեան կոչելու տարերքին մէջ, հիմնադիրներուն հետ միասնաբար կատարէ ա՛յդ եւ իր ժամանակի շեշտակի բնութագրումները, ա՛յդ եւ իր ժամանակի յարատեւ կռիւի դրօշին հանդէպ մշտարթուն բծախնդրութիւնը։ Ուրիշ խօսքով, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը շարքայինին առջեւ կը փակէ ամէն դուռ, որ զայն սովորամոլութեան, հետեւակութեան, հերկուած ակօսներէն հեզասահօրէն քալելու, ընդարմացումի եւ այլասերումի պիտի առաջնորդէր»։
Ահա գիրք մը, որուն էջերուն դիմելու է դաշնակցականը երբ վհատումի կամ հիասթափութեան պահեր կ՚ապրի, իսկ հասարակ ընթերցողը՝ որպէսզի լաւ հասկնայ այս կուսակցութիւնը։

Գիրքը ստանալու համար դիմել «Համազգային»-ի գրատարածներուն։

Գեղանի Էթիեմեզեան, ՍՏՈՒԵՐՆԵՐ, Պէյրութ, 2022, 136 էջ։

Յիսնեակ մը գրութիւններէ բաղկացած այս գրքոյկի կողքի ձեւաւորումն ու էջադրումը կատարած է Սագօ Գասապեան, իսկ տպագրութիւնը կատարուած «Տպարան Զարեհ եւ որդիք»-ի կողմէ։
Ընդհանրապէս յուշագրական բնոյթի են յօդուածները, ուր կը յիշուին հարազատներ, ընկերներ, երեւոյթներ մեր կեանքէն։
Գիրքը կը բացուի յօդուածով մը, որ վերնագրուած է «Յիշելն ուրիշ բան չէ, քան՝ տենչալ տակաւին», որ Եղիա Տէմիրճիպաշեանէն փոխառութիւն մըն է։ Ան այսպէս կը սկսի.
Շատ կանուխ է արթննալու համար, մանաւանդ յիշատակելի վազքի մը հեռանկարը ի սպառ չքացած է կեանքէս։ Սովորութեամբ, կեանքի պայմաններու պարտադրանքով ստեղծուած, կը շարունակուի ներքին ժամանակացոյցի [ժամացոյցի՞ ըսել կ՚ուզէ – Վ-Ա.] մը թիք-թաքը, երբ կենցաղայինէն դուրս, աջը-ձախ, ձախը-աջ տեղադրելէն անդին՝ մնացած են միայն յիշատակներս՝ կեանքիս թելը ամրապնդող։
Ուրիշ տեղ մը՝ «Վազգէն» վերնագրուած գրութեան մէջ, Գեղանի կը գրէ եղբօր մասին.
Չպեղուած քարահանքի նման էր։Միշտ ապրած եմ զինք լաւապէս չճանչնալու զգացողութիւնը։ Ինքն էր բեմին վրայ՝ ֆիզիքական եւ արտաքին նոյն կերպարանքով, գոյներու տարօրինակ համադրութեամբ, սակայն այն, ինչ որ կը մեկնաբանէր, երբեք կրկնութիւն չէր, երբեք հինը չէր։
Վերջապէս ընեմ երրորդ մէջբերում մը, որ «Նախաբան» վերնագրուած յօդուածին մուտքն է, որ լաւապէս կը բնութագրէ այս գիրքը.
Աւելի յաճախ բանաւոր խօսքը, զրոյցը եղած են հաղորդակցութեանս հիմնական միջոցը, դասարանէն մինչեւ բեմ։ Վիճակուած է հիմա, աւելի քան որեւէ ժամանակ, մենախօսութիւնը, որու ընդմէջէն կը բիւրեղանայ անցեալ մը, որ միայն իմս չէր եւ չի սահմանափակուիր միայն ներանձնական յոյզերովս։
Երկարամեայ դաստիարակ ու ազգային գործիչ ողբ. Գեղանիի այս յուշերը հրատարակելը գնահատելի գաղափար մըն է, բայց ափսոս, որ կը պակսին ներածական մը ու հեղինակին կենսագրականը։

(Մէջբերումներու պարագային անփոփոխ պահուած է հեղինակներու ուղղագրութիւնը)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *