Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի բանաստեղծական հատորը

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, «Սահմանելի»։ Երեւան, Զանգակ, 2024, 124 էջ։
Ս.Ա.Յ.

11 յունիս 2024-ին իր դիմատետրի էջով Խաչիկ Տէր Ղուկասեան գրած էր.
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ, ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ, ԴԱՍԱԿԱՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԵԱՄԲ ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԸ ԳՐԵՆՔ…
Հաճելի զուգադիպութեամբ, Կարօ Արմէնեանի ՄԱՐՄԻՆ ԵՒ ԱՐԻՒՆ. ԵՐՐՈՐԴ ՆՈՒԱԳ, Մարուշ Երամեանի ՏԱՐՓԱՆՔ եւ իմ՝ ՍԱՀՄԱՆԵԼԻ հատորները լոյս տեսան միեւնոյն շաբթուան ընթացքին: Մարուշին հատորը Գահիրէ տպուած է, Կարօ Արմէնեանի եւ իմ հատորները՝ nԵրեւան, Զանգակ հրատարակչատուն:
Երեքն ալ որպէս հասարակաց յայտարար ունին բանաստեղծութիւններու ժանրի պատկանիլը, արեւմտահայերէնով եւ դասական ուղղագրութեամբ գրուած ըլլալը:
«Սահմանելի» հատորը հրատարակուած է Երեւան, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի հովանաւորութեամբ։ Գիրքը նուիրուած է Գրիգոր Պըլտեանին։ Կողքի նկարն ու ձեւաւորումը կատարած է Շողիկ Տէր Ղուկասեան։ Այս հատորը կը մէկտեղէ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանէն երեք տասնեակէ աւելի քերթուածներ ու արձակ բանաստեղծութիւններ՝ գրուած տարբեր վայրերու եւ ժամանակներու մէջ։
Գիրքը կը սկսի ներածականով, ուր հեղինակը կը մէջբերէ արժանթինցի գրող, հրապարագիր Լէյլա Կեռիերոյի 29 մայիս 2021-ին սպանական «Էլ Փայիս» թերթի իր սիւնակէն եզրակացումին, թէ «Գրելը մարմնին մէջ կը մտնէ տարբեր ձեւերով»։ Խաչիկ Տէր Խուկասեանի համար Կեռիերոյի եզրայանգումի բացատրականը շատ աւելի շուտ տուած էր Մարուշ Երամեան, երբ Հորիզոն գրականի էջերուն վրայ անդրադարձած էր իր Պըլտեանին ղրկած անտիպ հաւաքածոյին։
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան գրել սկսած է Պէյրութի Համազգային Նշան Փալանճեան ճեմարանի նստարաններէն։ Ինչպէս իր ներածականին մէջ կը յիշէ, գրելը իր մարմնին մէջ մտցուցած են երեք ուսուցիչներ՝ Գրիգոր Շահինեան, Մուշեղ Իշխան եւ Եոլանտ Աճէմեան։ Ապա սկսած է յղել քերթուածներ Հորիզոն գրականին, Յառաջի Միտք եւ Արուեստին, Բագինին ու այլ պարբերաթերթերու։
Մարուշ Երամեանի երկու խօսքը կը յաջորդէ ներածականին։ Մարուշ Երամեան «Սահմանելի» հատորի առաջին 42 անտիպ հաւաքածոյի մասին 2000-ին գրած է՝ Տէր Ղուկասեանի քերթուածները կը մտածեն քերթուածը, լռութիւնը եւ այս երկուքին մէջ բռնուած լեզուն։ Իսկ 2022-ին այս հատորի մասին Մարուշ Երամեան հաստատած է. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի քերթողութեան էական գիծերը փոխուած չեն, բայց հասունութիւն մը կայ արդէն իր տողերուն մէջ եւ փորձառութեան կնիքը։ Քիչ արժանիքներ չեն ասոնք։
Այս հատորի առաջին բանաստեղծութիւնը գրուած է Պէյրութ, 11 յունիս 1986-ին, — երբ Լիբանան քաղաքացիական պատերազմի մէջ էր եւ ուր Խաչիկ Տէր Ղուկասեան հասակ առած է, — արձակ խոհեր են քայքայումի մը առանձնութիւնը պեղելու՝ ո՞վ, ու՞ր, եր՞բ հարցադրումով եւ ուր հեղինակը կ՚ապրի բառերով միայն եւ հարցերը կը մնան անպատասխան։ Յաջորդ քերթուածները մահը, լռութիւնը, սահմանը, տեղը, ու քերթուածը կը խոկան եւ ուր կան փշրուած երազներ։ Հոն կայ անհեթեթն ու Beckett, Neruda, T.S. Elliot, Baudelaire, Jorge Luis Borges, Վահէ Օշական… եւ կան նաեւ բազմաթիւ յղումներ dirty realism-ի Charles Bukowski-ին (1920-1994), ինչպէս էջ 37-ի «Երէկ գիշեր անկարելի եղաւ» խորագրեալ քերթուածը, էջ 76, 77, 78, 79, 80, 81 քերթուածները։ Քերթուածները գրուած են տարբեր վայրերու եւ թուականներու, Պոսթըն, Պուէնոս Այրէս, Երեւան, Պէյրութ։ Հոն են նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի 2020-ի պայթումին ապրումները՝ արտայատուած անգլերէնով, 2020-ի թագաժահրի օրերն ու պարտադրուած մեկուսացումները, հոն է մեր անկարութիւնը՝ ի տես Արցախի կորուստին (էջ 116).
Լուրեր ճակատէն

Հարկ չկայ նեղութիւն կրելու
մէկ ուրիշը վստահաբար կը սպաննէ քու փոխարէն։
Կը սպաննէ այնքան հանգիստ որքան դուն
բազկաթոռիդ մէջ
պատկերասփիւռին դիմաց։
18.07.2020

Բազմալեզու, բազմերանգ մտածումներ, զգացումներ կը բացուին Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի բանաստեղծութեան ընդմէջէն։ Բանաստեղծը իր արձակ թէ չափածոյ քերթուածներուն մէջ միշտ իմացութեամբ կը գրէ բառին մասին, Սփիւռքի, լեզուին մասին.
Եւ լեզուն այս,
(ոչ միւսը՝ բառերու սպանդանոց)
ոչ-վայրը կերտեց
ուր ե(ղա)նք
Մենք
Սփիւռք։
(էջ 120)

Գիրքի վերջին քերթուածը կը շեշտէ այս (էջ 121).
«Սփիւռքահայ ըլլալ մը կայ…»
Վահէ Օշական
Ոչ մեկնումին է, ոչ ժամանման
ճանաչումը ինքնութեանդ,
այլ՝ շարժումին մէջ յաւերժ

Գիրքը կարելի է ստանալ առցանց, Զանգակ հրատարակչատունէն՝ zangakbookstore.am/sahmaneli

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *