Աւելորդաբանութիւն (Բ.)

Արմենակ Եղիայեան

Սկիզբը նախորդ թիւով

Աշխարհաբարի մէջ՝ արեւելեան թէ արեւմտեան, ի հնուց անտի աւեր կը գործէ աւելորդաբանութիւն մը, որ կերպով, ձեւով, եղանակով, առոււմով գործիականներն են: Հայը կրնայ ասոնք, — յատկապէս առաջինը, — զետեղել որեւէ ածականի կամ մակբայի վրայ՝ որեւէ առիթով, եւ կիրարկել իբրեւ բայական ձեւի պարագայ, այսինքն՝ բային գործողութիւնը եղանակաւորող, որպիսութիւնը ցուցանող մակբայական բառակապակցութիւն:
Օրինակ՝
— «Երկու անօդաչու թռչող սարքերը ուղղակի կերպով հարուածած են իրենց թիրախները: Իսլամական դիմադրութիւնը յայտարարեց, որ անօդաչու թռչող սարքով յարձակում գործած է Սուրիոյ խորքը գտնուող Խատրա գիւղին մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանին վրայ՝ դարձեալ ընդգծելով, որ սարքը ուղղակի կերպով հարուածած է իր թիրախները» («Ազդակ», 8/11/23, էջ 1):
— «Մենք բարձր կը գնահատենք Իրաքի մնայուն կերպով Լիբանանի կողքին կանգնիլը» (Ազդակ, 23/7/2024, էջ 2):
Ասոնք գրողը չ’անդրադառնար, թէ լեզուական ինչպիսի մանուածապատ ու խայտաբղէտ անհեթեթութիւններ կը հնարէ ու կը փաթթէ հէգ ընթերցողի վիզին:
Ջնջենք առաջինին կերպով-ները, պիտի նկատենք, որ նախադասութիւնը իր իմաստէն ոչինչ, բացարձակապէս ոչինչ պիտի կորսնցնէ: Հեղինակը առանց ասոնց ալ կրնար շարադրել իր միտքերը: Տակաւին կը ծագի ուրիշ հարց մըն ալ. կարելի՞ է իրապէս զանազանել թիրախի մը ուղղակի հարուածումը. մի՞թէ գոյութիւն ունի թիրախ հարուածելու անուղղակի եղանակ մը կամ ձեւ մըն ալ, որպէսզի հարկ ըլլայ այստեղ շեշտել անոր ուղղակիութիւնը:
Ինծի ծանօթ չէ հարուածելու անուղղակի եղանակ ըսուածը: Թիրախ մը կա՛մ կը հարուածենք, կա՛մ կը վրիպինք, սակայն հարուածը չի կրնար կա՛մ ուղղակի , կա՛մ անուղղակի ըլլալ:
Այստեղ աւելորդ է ամբողջ բառակապակցութիւնը՝ ուղղակի կերպով-ը:
Հեղինակը չի վարանիր իր նախադասութիւնը «համեմելու» ուրիշ աւելորդաբանութեամբ մը, որ է երկրորդ գտնուող դերբայը՝ իրեն կից մէջ յետադրութեամբ՝ մէջ գտնուող:
Որքա՜ն աւելի կիրթ ու կոկիկ պիտի ըլլար ըսել՝ «Խատրա գիւղի ամերիկեան ռազմակայանին վրայ»:

* * *

Նմանապէս ուրոյն ու յատկանշական է երկրորդ օրինակը իր մնայուն կերպով-ով:
Եթէ զայն գրողը նուազագոյն նախանձախնդրութիւնը ունենար խուսափելու ճոռոմ ու աւելորդաբան ոճէ, ապա փոխարէնը պիտի ըսէր՝ յարատեւ կամ միշտ:
Եւ պիտի նաեւ վաղուց անդրադարձած ըլլար, որ հայերէնի մէջ ածականները կրնան առանձին՝ առանց եղանակաւորող բառի ալ բայական սքանչելի լրացում դառնալ. արդարեւ, ջնջենք ստորեւ բերուած օրինակներու մակաբոյծ բառերը, եւ անոնք ոչինչ պիտի կորսնցնեն իրենց իմաստէն, մինչ անդին պիտի շահին վայելչութեամբ ու բարեհնչութեամբ.:
— Բայց ժողովուրդը յաճախակի ձեւով կը գործածէ:
— Փորձեցին զանոնք նիւթական առումով շահագրգռել: (Այսինքն՝ նիւթապէս…)
— Հաւանաբար անցողակի կերպով ըսենք…:
— Սիրայօժար կերպով կը ստանձնեն…:
— Պարոնուհի Կոքս մնայուն կերպով օգնած է Արցախին:
Այսինքն՝ յարատեւ կամ միշտ կամ անընդմէջ
— Պքերքէի եւ Այն-Թինէի միջեւ մնայուն կերպով գործակցութիւն կայ:
— Թրքերէնին զուգահեռ կերպով գործածուած հայերէն մը…:
— Միջնորդ երկիրները կտրուկ եղանակով դէմ են միջամտութեան:
— Արաբական լիկան զգուշացուց ուղղակի կերպով միջամտութենէ:
— Կարգ մը գրգիռներ ուղղակի կերպով անդրադարձած են վրաս:
— Ոճի փոփոխութիւնը շատ յստակ ձեւով տեսանելի է:
Տակաւին կը հանդիպինք խստիւ կերպով, խստագոյն կերպով, անընդհատ կերպով, առժամեայ կերպով գրողներու ալ:
— Զինեալ գործողութիւնները պիտի շարունակուին անընդհատ կերպով» («Մարմարա», 5-11-15):
— Կառավարութիւնը առժամեայ կերպով ձեռք դրած էր պատերազմի տարիներու ընթացքին» (Ռոպեր Հատտէճեան):
Անընդհատ եւ առժամեայ ածականնները լայնօրէն բաւարար են:
Երկրորդը ունի այլ աւելորդաբանութիւն մը՝ ընթացքին-ը, որ կարելի է ջնջել:
Եթէ վերընթերցենք բոլոր օրինակները առանց իրենց մակաբոյծներուն, ապա պիտի անդրադառնանք լեզուական այն մեծ վայելչութեան, որ զգեցաւ մեր խօսքը եւ… հայերէնը:
Բաղդատել՝
— Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ, յոյսս դուք էք, ընկերներ:
— Ահա հանգիստ կերպով հող կը մտնեմ, յոյսս դուք էք, ընկերներ:
Որքան շքեղ է առաջինը, այնքան անճոռնի, ծանծաղ ու խայտառակ է երկրորդը:

* * *

Ածականին մակբայական կիրարկութիւնը հայերէնի մենաշնորհներէն մէկն է, որ ան ունեցած է ի վաղուց անտի, անյիշելի ժամանակներէ սկսեալ: Մեր գրաբար մատենագրութիւնը առատօրէն օգտագործած է զայն. քանի մը օրինակ՝
Պարզ ասա՛ մեզ:
— Եթէ ուղիղ մատուցանես եւ ուղիղ ոչ բաժանես՝ մեղար:
Մանր աղայցես ի նոցանէ
Ծածուկ ջանայք զնոյն գործել:
Թեթեւ կրիցէք զաշխատանսն:
Ազատ եւ անխտիր մեղանչեն:
— Իսկ ես աստ սովամահ կորնչիմ:
— Թերեւս ունայն իսկ արձակէր զիս:
— Եւ իբրեւ լուաւ թէ մեծաբարբառ աղաղակեցի...:
— Յայտնի լինիցին բանք ձեր, եթէ արդար խօսիցիք:
— Ապա իբրեւ մեծ իրքն համարձակ յայտնեցան ի լսելիս ամենեցուն:
— Արդ հաստատ գիտեմ զոր լուայն թէ ստոյգ է:
— Ի նոցուն հրապարակի աներկիւղ…զայսպիսի զգործ կարաց գործել:
Այսպիսի բիւրեղեայ մաքրութեամբ ու պարզութեամբ կ’արտայայտուէին մեր բնիկ լեզուն եւ նախահայրերը`ազատօրէն օգտագործելով ածականը իբրեւ բայական լրացում:

* * *

Մեր ածականներն ու մակբայերը եղանակաւորող բառով մը, ինչպէս՝ կերպով, ձեւով, եղանակով, առումով եւ այլնով օժտելու յոռի սովորութիւնը մեղանչում մըն է հայերէնի ոճաբանութեան հանդէպ:
Այս մոլութիւնը մեր մէջ հաստատուած է ազդեցութեամբը օտար լեզուներու, յատկապէս՝ ֆրանսերէնի, անգլերէնի, իտալերէնի, ենթադրաբար նաեւ՝ ռուսերէնի, որոնք կա՛մ ընդմիշտ զուրկ են ածականը իբրեւ բայական լրացում կիրարկելու յատկութենէն, կա՛մ շատ սահմանափակ ունին այդ յատկութիւնը:
Մերոնց ըրածը կոյր ընդօրինակութիւն մըն է: Կը բաւէ, որ զանոնք կիրարկելու փորձութեան քիչ մը դիմադրենք եւ պիտի յաջողինք ձերբազատիլ այդ մոլութենէն, այլեւ պիտի անդրադառնանք ոճական այն անուրանալի ու ակնբախ գերակայութեան, որով օժտուած է մեր լեզուն, որ անհամեմատ աւելի գեղեցիկ է այդ մակաբոյծ բառերու եւ ածանցներու բացակայութեան:
Աւելցնենք, որ ածականը իբրեւ բայական լրացում կիրարկելու մէջ արեւելահայերը լայնօրէն կը գերազանցեն մեզ, շատ յաճախ իյնալով ծանծաղ բռնազբօսութեան ու տափակ չափազանցութեան մէջ. օրինակ՝
—«Թուրքիան ընդգծուած թշնամաբար է տրամադրուած մեր դէմ» («Ազգ»):
—«Էնքան ճշմարիտ ու էնքան գեղարուեստական ո՞նց են գրել» (անդ):
—«Կարելի է պայմանական ասել» (անդ):
—«Նրանք շատ գրագէտ վերաբերուեցին կացութեան հանդէպ:
Արեւմտահայերէնը պարագայական նման կառոյցներու պիտի չհանդուրժէր՝ հեռու մնալով նման ծայրայեղութենէ, որ կ’ապաշնորհէ մեր ոսկեղենիկը:
Վերոնշեալներուն մօտաւորապէս համազօր է -օրէն, -աբար, -ապէս ածանցներու չարաշահումը: Այս ածանցները բնութեամբ մակբայակերտ են, ըստ այնմ ալ կը կազմեն շատ ընթացիկ ու կենսունակ մակբայներ՝ դրուելով գոյականներու ու ածականներու ետին, երբեմն մինչեւ իսկ մակբային վրայ. օրինակ՝ խստօրէն, հմտօրէն, լայնօրէն, հայրաբար, եղբայրաբար, ընկերաբար, նմանապէս, իրապէս, էապէս եւ այլն:
Ասոնց գոյականին կցումը՝ եղբայրաբար, հայրօրէն, գրեթէ ոչ մէկ խորթութեան տեղիք կու տայ:
—Ան եղբայրաբար թելադրեց հրաժարիլ:
—Ես հայրօրէն լայնաբաց երկու թեւերս պարզէի… (Մեծարենց):
Ուրիշ է պարագան երբ ածականին կը կցենք ասոնք:
Այս պարագային կրնան տեղիք տալ այլազան ճապաղութիւններու, եթէ ճիշդ ու տեղին չկիրարկուին: Խօսողէն ու յատկապէս գրողէն կախեալ է ճիշդ տնտեսում մը, մանաւանդ որ նոյն բառը տեղին համեմատ կարելի է գործածել թէ՛ ածանցով, թէ՛ ածանցազուրկ:
Բաղդատենք՝
հանդարտ նստիլ եւ հանդարտօրէն պատմել
համարձակ պատասխանել եւ համարձակօրէն նախաձեռնել
շռայլ ապրիլ եւ շռայլօրէն վարձատրել
Եւ այսպէս շարունակ:
Այս ածանցումը կրկնակի անտանելի կը դառնայ, երբ ան տեղի կ’ունենայ բնութեամբ մակբայի մը վրայ. օրինակ՝ ուղղակի+օրէն, անպայման+օրէն, մասնակի+օրէն, յաճախակի+օրէն եւ այլն հոն, ուր ուղղակի-ն եւ անպայման-ը, մասնակի-ն եւ յաճախակի-ն արդէն պատրաստի մակբայ են եւ լայնօրէն բաւարար են մեր միտքը նոյն յստակութեամբ ու ուժգնութեամբ արտայայտելու:
Բաղդատենք՝
«Ուղղակի տո՛ւն եկուր» եւ «Ուղղակիօրէն տո՛ւն եկուր
Որքան կիրթ, կոկիկ ու բարեհունչ է առաջինը, ակնյայտօրէն ծանր ու ծանծաղ է երկրորդը:
Նաեւ՝
—Նիւթերու մէկ զգալի մասը ուղղակիօրէն կ’առնչուի Հայաստանին:
Նիւթերու մէկ զգալի մասը ուղղակի կ’առնչուի Հայաստանին:
—Այս վնասը անպայմանօրէն պիտի հատուցես:
Այս վնասը անպայման պիտի հատուցես:
—Հակադարձութիւնը յանկարծակիօրէն կրնայ ի յայտ գալ:
Հակադարձութիւնը կրնայ յանկարծակի ի յայտ գալ:
Անցողակիօրէն ըսած ըլլանք:
Անցողակի ըսած ըլլանք:

* * *

Այս բոլորով հանդերձ կրնան պատահիլ պարագաներ, ուր ածականի մը առանձին կիրարկութիւնը գոհացուցիչ կամ վայելուչ չըլլայ. օրինակ՝
—Ամբողջ պարբերութիւնը գունազարդուած է ճաշակաւոր կերպով:
Կերպով-ին ջնջումը թերի պիտի դարձնէր մեր խօսքը, քանի որ ճաշակաւոր ածականը առանձին չի գոհացներ զայն: Ուրեմն կա՛մ կը պահենք կերպով-ը, կա՛մ ճաշակաւոր-ը կը դարձնենք ճաշակով:
Այլ օրինակ մըն ալ.
—Հեղինակին լայն պաշարը ակնբախ կերպով կը ցոլանայ իր գրիչէն:
Անպատեհութիւնը նոյնն է. ակնբախ ածականը չի յաջողիր առանձինն լրացնել կը ցոլանայ ստորոգիչը: Այս ածականին մակբայի վերածումը՝ ակնբախօրէն, գոհացուցիչ լուծում մըն է:
Իսկ ածական ալ կայ, օրինակ՝ բուռն, որ ո՛չ առանձին կը կիրակուի, ո՛չ ալ կը մակբայանայ. ուստի ստիպուած ենք անոր կցելու կերպով-ը, որպէսզի բայական լրացում դառնայ. օրինակ՝
—Թշնամի դիրքերը բուռն կերպով ռմբակոծուեցան:
Անշուշտ ոչինչ կ’արգիլէ, որ փոխարէնը ըսենք.
—Թշնամի դիրքերը բուռն ռմբակոծումի ենթարկուեցան:
Նոյն կացութեան մէջ կը գտնուի խստագոյն ածականը, որ բայական լրացում դառնալու համար կարիքը ունեցած է ձեւով-ի օժանդակութեան:
Խստագոյն ձեւով կը դատապարտենք Հանիէի ահաբեկումը:
Այսուհանդերձ կարելի էր խուսափել նման բառակապակցութեան մը բեռէն՝ գրելով խստագոյնս.
Խստագոյնս կը դատապարտենք Հանիէի ահաբեկումը:

Եզրակացնենք
—Փորձել բայը եղանակաւորել մի՛այն ածականով:
—Եթէ ածականը գոհացուցիչ կամ ի վիճակի չէ, ապա մակբայացնել զայն:
—Իսկ եթէ մակբայացումն ալ կարելի չէ, դիմել կերպով, ձեւով… բառերէն մէկուն օժանդակութեան:
Առանց աչքաթող ընելու օժանդակ այլ միջոցներ, ինչպէս է պարագան վերջին օրինակին՝ խստագոյնս, նաեւ՝ լաւագոյնս եւ այլն:

* * *

Վերջին տարիներս հայերէն խուժեցին օտարոտի բառեր կամ աւելի ճիշդը բառային անկոչ, անհասցէ, անմիտ ու աննպատակ կիրարկութիւններ, որոնք մօտիկ անցեալին չկային կամ այսքան չէին աղարտեր մեր լեզուն, յատկապէս լրագրականը: Ներկայիս տեղի ունեցողը համավարակ մըն է, որ չէ խնայած ոչ մէկ լրատու աղբիւրի:
Այդպիսիներէն են.
Վերաբերեալ — Բառարաններու մէջ խելօք մը բազմած՝ անմեղ, աննշմար դերբայ մըն էր այս, գրաբարեան կառոյցով, որուն աշխարհաբարը պիտի տար վերաբերող, սակայն չես գիտեր ինչո՛ւ մեր լեզուն վարժուած է հին ձեւին, ճիշդ ինչպէս կ’ըսենք անցեալ, մեռեալ՝ «անցած» եւ «մեռած» ըսելու փոխարէն:
Ահա այս անվնաս ու ըստ ամենայնի անտեսուած բառը յանկարծ անբացատրելի կենսունակութիւն մը ստացաւ եւ հիմա ան միշտ եւ ամեն տեղ է: Չկայ էջ մը, ուր ան երբեմն մինչեւ տասը-տասնհինգ կիրարկութիւն չունենայ: Բացէ՛ք «Ազդակ»-ի որեւէ թիւ եւ անոր յատկապէս քաղաքական մռայլ էջերը ու հեշտութեամբ պիտի հաստատէք ըսածս: Միւս բոլոր լրագրերը կը ջանան արժանապատուօրէն մրցիլ «Ազդակ»-ին հետ եւ այնքան ալ ետ չեն մնար: Վասնզի… սորվեցան, ըսել կ’ուզուի՝ վարակուեցան:
Ահաւասիկ օրինակներ.
—Դատարան ներկայացուած է գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ հայցադիմում մը:
—Պատերազմի ծագման վերաբերեալ իսկական ցուցանիշեր չկան:
Լեզուական եւ իմացաբանական բացարձակապէս ոչ մէկ դերակատարութիւն ունին այստեղ երեւցող զոյգ վերաբերեալ-ները:
Բռնագանձման վերաբերեալ՝ կը նշանակէ բռնագանձման վերաբերող, աւելի պարզ ասած՝ բռնագանձումին պատկանող: Արդ, «բռնագանձումին» սեռական հոլովը առանձինը այդ պատկանելիութիւնը ցոյց կու տայ արդէն. մեր լեզուն սեռական հոլովը ստեղծած է մասնաւորաբար պատկանելիութիւն ցոյց տալու. օրինակ՝
ծառին ճիւղը, այսինքն՝ ճիւղը որ կը պատկանի ծառին:
եղբօրս անունը, այսինքն՝ անունը, որ կը պատկանի եղբօրս:
Թորոսին կօշիկները, այսինքն՝ կօշիկները, որնք կը պատկանին Թորոսին:
Պատկերացուցէք պահ մը, որ ելլենք եւ ըսենք՝
— ծառին վերաբերեալ ճիւղը,
—եղբօրս վերաբերեալ անունը,
—Թորոսին վերաբերեալ կօշիկները…
Խաշած հաւն իսկ պիտի ըմբոստանար այս անմիտ կիրարկութեանց հանդէպ:
Եւ ահա ճիշդ ա՛յս կարգի այլանդակութիւնն մըն է, որ օրնիբուն, անարգել ու անսաստ կը կատարուի չտեսնուած փութաջանութեամբ մը: Ամեն սեռականի կը փակցնեն վերաբերեալ մը ու չեն կշտանար. ի սփիւռս եւ շատ աւելի… ի հայրենիս, անոնք պակասը չեն, կարելի է մինչեւ անգամ ըսել, թէ ոճաբանական այա գոհարը ներածուեցաւ արեւելահայերէն. բացէ՛ք որ կայանը կամ կայքը, որ կը ցանկաք, ու պիտի հաստատէք ըսածս. այլ հարց թէ մերոնք շատ կանուխէն խլեցին մրցանիշը, ինչպէս վայել է արեւմտահայուն, երբ հարցը կը վերաբերի լեզուական աղաւաղումի:
Եւ երկուստեք հաշտ ու համերաշխ կը վայելեն իրենց դափնիները:
Հրամեր էք.
— Բանաձեւին մէջ` անդրադարձ եղաւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ:
— Կենտրոն նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Գերասիմ Վարդանեանի վերաբերեալ քրէական գործով դատական նիստը:
—Հաստատուեցաւ նաեւ վիզաները ազատականացնելու վերաբերեալ նախագիծը:
—Կազայի պատերազմին վերջ տալու վերաբերեալ լաւատեսութիւնը երէկ կը վերածուէր հիասթափութեան:
—Ան նաեւ նշեց. «Կառավարութեան մօտ վերակառուցման վերաբերեալ յստակ ծրագիրներ չկան»:
Ահաւոր է մասնաւորաբար վերջինին հեղինակը, որ բոլորովին զուրկ է հայեցի մտածողութենէ: Այլապէս ան պարզապէս ու ինքնաբուխ պիտի գրէր.
—«Կառավարութիւնը վերակառուցման յստակ ծրագիր չունի»:
Ծանօթ.— Նոյնհետայն դուրս ձգեցինք նախ մօտ բառը. ծրագիր մը կառավարութեան մօտ չ’ըլլար, կառավարութիւնը «կ’ունենա՛յ ծրագիրը»: Միւս կողմէ՝ ծրագիրներ անորոշ յոգնակին դարձուցինք եզակի. ժխտական բային հետ իմաստ չունի յոգնակի կիրարկել: Որեւէ առարկայի անորոշ եզակիին ժխտումը կը նշանակէ տուեալ առարկային ամբողջական ժխտումը. օրինակ՝
դրամ չունիմ,
—ան խելք չունի,
—ծառին վրայ պտուղ չէ մնացած:
Ասոնք երեքն ալ ամբողջական ժխտումներ են, որոնցմէ ոչ մէկը յոգնակիի կը կարօտի, եւ իմաստով համահունչ են պետութեան ծրագիր չունենալուն:
Այս բոլորը չեն նշանակեր, թէ լեզուէն դուրս կը ձգենք վերաբերեալ բառը. քաւ լիցի:
Ան հայերէնի բառագանձին լիարժէք անդամ է ու կը պահէ իր բառային բոլոր իրաւունքները. եւ անփոխարինելի է, երբ ճիշդ կը գործածենք զայն. օրինակ՝
—Նեթանիահուի Կազայի վերաբերեալ յայտարարութիւնները շինիչ չեն:
Եթէ այս օրինակէն ջնջենք վերաբերեալ-ը, նախադասութիւնը կը փոխէ իր իմաստը:

Հարց — Յաջորդ նորարարութիւնը հարց բառն է, որ նոյն յաճախականութեամբ կ’աւերէ արդի հայ լրագրական լեզուն:
Ամեն գոյական կամ առարկայ արդի գրողին համար «հարց» մըն է. օրինակ՝
—ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի յարգումը չափազանց կարեւոր հարց է:
Թէ արար աշխարհ համաձայն է, որ այդ որոշումը յարգուի՝ համամարդկային իրողութիւն մըն է այս, սակայն ի՞նչ գործ ունի այստեղ հարց բառը, ի՞նչ կ’աւելցնէ ան բացայատ իրողութեան վրայ,— պարզապէս ոչինչ: Ան լեզուական ոչ մէկ դերակատարութիւն ունի այստեղ:
Կարդանք բերուած օրինակը առանց այդ չարաշուք հարց-ին ու պիտի անդրադառնանք, թէ ոչինչ պակսեցաւ:
—«ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի յարգումը չափազանց կարեւոր է»:
Այսպիսի բիւրեղեայ մաքրութիւն ու յստակութիւն ունեցող նախադասութիւնս ինչո՞ւ ծանրաբեռնեմ ու աղարտեմ անիմաստ բառով մը, որ հարց-ն է:
—ԻՒՆԷՍՔՕ-ն առանցքային գործօն է մշակութային արժէքներու ոչնչացումը կանխելու հարցին մէջ:
Նոյն անիմաստ, պոռոտ ու անմիտ, ծեքծեքուն ու անտեղի կիրարկութիւնն է հոն, ուր կարելի էր վայելչօրէն ու հայօրէն ըսել. «ԻՒՆԷՍՔՕ-ն մշակութային արժէքներու ոչնչացումը կանխող առանձքային գործօն է»:

(Շարունակելի)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *