Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
2023-ին, Պէյրութի Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատան կողմէ հրատարակուեցաւ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքը, որ հեղինակին հրատարակած չորրորդ հատորն է: Գիրքը խմբագրած եւ համադրած է ընկերալեզուաբանութեան դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, մեկենասութեամբ Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքէն տոքթ. եւ տիկ. Յարութիւն եւ Մարօ Ճէպէճեաններու, գիրքը ձօնուած է հեղինակին առջինեկ թոռնիկին՝ Լիլիա Ճէպէճեանին, հինգերորդ սերունդը իրենց ընտանիքին՝ հետեւեալ նախադասութեամբ՝ «Թող որ հայուն պատմութիւնը կեանքդ լեցնէ սիրով, յոյսով եւ լոյսով»: Գիրքին էջադրումն ու կողքի ձեւաւորումը կատարած է Մեղրի Շամմասեան, իսկ կողքի նկարը կը կոչուի «Միութիւն», որ գործն է գեղանկարիչ-ճարտարագէտ Քրիստ Իսկէնտէրեանի:
Գիրքը կը բաղկանայ 395 էջերէ, առաւել բովանդակութիւնը: Բաժնուած է ժամանակագրական կարգով՝ ըստ գրութիւններուն գրուած թուականներուն, որոնք են 2018-2022՝ հինգ տարիներու վրայ երկարող ժամանակահատուածով մը: Գիրքը կը սկսի «Տպաւորութիւններ հեղինակին երկրորդ հատորին հրատարակութեան առթիւ» բաժինով մը, ապա խմբագիրին խօսքը եւ ներածական մը՝ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, Սփիւռք գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանին կողմէ: Անկէ ետք կը սկսին հեղինակին գրիչին պատկանող ստեղծագործութիւնները, հետեւեալ բաժանումով. 2018-ին՝ 21 գրութիւն, 2019-ին՝ 18-ը, 2020-ին՝ 19-ը, 2021-ին՝ 18, 2022-ին՝ 15 գրութիւն, ընդհանուր՝ 94 գրութիւն:
Նախ մէջբերեմ վկայութիւն մը, Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի կողմէ արձանագրուած գիրքին առաջին բաժինին մէջ. «Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքը գրական գեղեցիկ ծաղկեփունջ մըն է: Մեծածաւալ սոյն հատորին մէջ կը հանդիպինք միշտ նոր անունի մը, որ կը բերէ նորութիւն մը սփիւռքահայ կեանքէն, ուր հեղինակը ինքնատիպ ոճով եւ գրական ճաշակով կ՚աշխատի համադրել մեր ազգային ապրումներու հարազատ ոգին: Իմաստով մը այս գիրքը յիշատակարան մըն է մեր սփիւռքահայ կեանքին»: Հետաքրքրականը այն է այս տպաւորութիւններուն, որ զանոնք մեծաւ մասամբ կարելի է վերագրել հեղինակին այս հատորին: Օրինակ մանկավարժ, գեղանկարիչ Վարդան Թաշճեան կ՚ըսէ. «Հրայր Ճէպէճեան ինչ նիւթի մասին որ կը խօսի՝ քիչ մը փիլիսոփայութիւն, քիչ մը մարդակերտում, քիչ մը վերլուծում, քիչ մը գաղափարախօսութիւն, միշտ ալ վերադարձ կը կատարէ հայու արմատներուն, դէմ է ձուլումին, այլասերումին եւ շարունակ կը ձգտի ազգային, կրօնական, քրիստոնէական ինքնութեան պահպանումին»։
Այո, հեղինակին գրութիւններուն մէջ կայ փիլիսոփայութիւն. օրինակ իր «Հաշուեյարդար» գրութեան աւարտին, հեղինակը թագաժահրի օրերուն, երբ ինքզինք կալանաւորուած կը զգայ Քուէյթի իր տան մէջ, հետեւեալ խորհրդածութիւնը կ՚ընէ. «Քուէյթի տանս մէջ կալանաւորուած, ծովը դիտելով հաշուեյարդար կը կատարեմ կարծես: 1975-էն մինչեւ այսօր: Այդ կեանքին բոլոր ելեւէջներուն մէջէն բանաստեղծին հետ ես ալ կ՚ըսեմ. «Կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց»: Բանաստեղծին պատասխանը դիպուկ է. «Ինչ որ տուի ուրիշին»: Ի՞նչ բանն է, որ պիտի տանք ուրիշին: Բարին: Ի՞նչ կեանքեր պիտի կերտենք այս ժահրէն ետք: Բարին: … Իւրաքանչիւրիս կազմաւորուող կեանքին մէջ կայ մէկ միացնող եւ հասարակ յայտարար մը, որ կը դառնայ մարտահրաւէր, այդ ալ մեր կեանքերը ինչպէս լիցքաւորել է` անկախ աշխարհագրական տուեալներէ եւ պայմաններէ: Լիցքաւորումի գրաւակա՞նը` «Այն որ կու տանք ուրիշին»: անպայմանօրէն Բարին»:
Դոկտորին գրութիւններուն մէջ ցայտուն է մարդակերտումը՝ միշտ շաղախուած քրիստոնէական ուսուցումներով, որ առիւծի բաժինը կը կազմէ իր հատորին բովանդակութեան. ան անուղղակի կերպով նկատել կու տայ, որ կարելի չէ տարանջատել մարդկային արժէքները քրիստոնէական արժէքներէն, միշտ մէջբերելով Աստուածաշնչական համարներէն եւ զանոնք ներկայացնելով երբեմն իր ապրած դէպքերուն, անձնաւորութիւններուն (հայ թէ օտար), անոնց մտածողութիւններուն ընդմէջէն: Օրինակ՝ իր «Ինչպէս ժամանակները կրնան փոխուիլ» գրութեան մէջ կ՚ըսէ. «Քրիստոս մեզի տուաւ Արժէքի կեանք մը։ Եթէ այս կեանքը մեզի համար է, պէտք է որ տանք զայն ուրիշին՝ բոլորին։ Այս Արժէքով է, որ կեանքեր կը կերտենք՝ իմ, քու եւ անպայմանօրէն բոլորիս, որ ժամանակներու հետ չի փոխուիր»:
Հեղինակին գրութիւններուն մէջ միշտ առկայ է վերադարձ դէպի հայկական արմատներ, ուր որ ալ գտնուի՝ հայրենիք թէ սփիւռք, հայաշատ գաղութներու մէջ թէ սակաւաթիւ հայեր հաշուող երկրի զանազան ցամաքամասերու վրայ, ձուլումի եւ այլասերումի պատկերներուն ընդմէջէն կը փորձէ գտնել ազգային ջիղը, կառչիլ անոր ու անով յոյսն ու հաւատքը վառ պահել. օրինակ երբ կը խօսի Ռումանիոյ հայ գաղութին մասին կ՚ըսէ. «Մաշող գաղո՞ւթ: Թերեւս: Բայց ապրած է տարիներու ընթացքին ու տակաւին ապրող է այսօր ու նաեւ ապրեցնող»:
Հեղինակը իր եւ իր հերոսներուն ընդմէջէն ինքնութեան որոնում կը կատարէ ապա շեշտը կը դնէ այդ ինքնութեան պահպանման վրայ. օրինակ իր «Ամեակներ ապրուած փորձառութիւններու ընդմէջէն» գրութեան մէջ կ՚ըսէ. «Տեսայ նաեւ ինչպէս այս փորձառութիւններու շղթան իրարու հետ կապուած եւ զիրար ամբողջացնող իրականութիւն դարձած է, թէ ինչպէս այդ փորձառութիւնները կամաց-կամաց կազմեր են ազգային ինքնութեան հասկացողութիւնը, որ համահայկական է եւ մեր բոլորին կը պատկանի: Մերն է, հայկական է, իւրայատուկ է եւ իւրաքանչիւր հայ պէտք է իւրացնէ ու պահէ զայն, մէկ կողմէ սորվելով անցեալէն, իսկ միւս կողմէ պահելու համար ներկան եւ կերտելու համար ապագան»:
Ձեւով մը կարծէք դոկտ. Ճէպէճեան սփիւռքահայ իրականութեան ու գոյութեան թարգմանն է, որուն գրութիւններէն ազդուած փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան իր ներածականին մէջ կ՚ըսէ. «Սփիւռքի տեւական շնչառութեան մէջ հայրենիքը որոնումներից դէպի նպատակ բացուող հանգրուանն է, գոյապայքարի թիրախը, այն հաստատուն է դարձրել արեւմտահայութեան ինքնութեան դժուարին ոլորաններից մայր ճանապարհ ձգուող ճանապարհը»:
Ապա իր ներածականը կ՚աւարտէ ըսելով. «Ահա թէ ինչու, ամբողջացնում է իր գրքում Հրայր Ճէպէճեանը, քանի որ «հայն ալ ունեցած է, ունի եւ երեւի պիտի շարունակէ իր սփիւռք(ներ)ով ապրիլ, պիտի պահէ իր տեսլականը հայապահպանումի մեծ առաքելութեան մէջէն»:
Սփիւռքահայութեան հոգեբանութիւնը ամենայն հարազատութեամբ յաջողած է ներկայացնել հեղինակը իր հերոսներուն ընդմէջէն. օրինակ՝ իր հայութեամբ հպարտ հայը, երբ կը ներկայացնէ Նաթալին. «Ես հպարտ հայ եմ», ըսաւ Նաթալին, «կ՚ուզեմ իմ բաժինս բերել ժողովուրդիս կեանքին համար»: «Հայկական ուղեւորութիւն մը» ձեռնարկին ամբողջ հասոյթը տրամադրուած է սուրիահայութեան օգնութեան ֆոնտին: Ու տակաւին, ան չի զլանար առանց ակնկալութեան իր բաժինը բերելու որեւէ հայկական բարեսիրական ձեռնարկի: Նոյնիսկ իր ճանապարհորդութեան ծախսերը ինք կը հոգայ, երբ կը հրաւիրուի ուրիշ երկրէ մը` հայկական ձեռնարկի մը իր բաժինը բերելու համար»:
կամ այլ տիպար մը, օրինակ՝ Ռումանիոյ մէջ ապրող 26 տարեկան Արմիկ որ կ՚ըսէ «կ՚ամչնայի որ հայ եմ, քանի լաւ հայերէն չեմ խօսիր…»: Ուրիշ տիպար մը՝ Խաչիկ Տէտէեան, որ միշտ ուրիշի փնտռտուքի մէջ եղած է, եւ այդ փնտռտուքին ընթացքին հասկցած է ի՛րը, մե՛րը, հայկակա՛նը. «Ահա այն ատեն միայն հաւատացի, որ մերն իրաւամբ ուրիշ է… որ Հայաստան աշխարհ կոչուած այս դրախտը իրաւամբ հրաշք մըն է հողեղէն»:
իսկ այդ փնտռտուքի աւարտին համոզուած է որ մեր ցեղը պիտի համախմբուի իր հայրենի հողին վրայ, երբ կը մէջբերէ անոր այս տողերը. «Պիտի գայ օրը, երբ ովկիանոսի ալիքներուն տեղատուութեան հետ մեր ցեղի տեղատուութիւնը աւարտի պիտի, ու ովկիանոսի մը նման լուծէ հայրենիքն իմ, տարանջատուած իր ցեղի բեկորները իր մէջ»:
Հեղինակը կը փորձէ նաեւ խորը թափանցել հայկական սփիւռքին, զայն զատորոշող տուեալները ներկայացնել եւ հայ պահելու միջոցներու որոնումներ ընել. «Հայկական սփիւռքը կը տարբերի այլ ազգերու սփիւռքներէն, որովհետեւ հայը ունի պահանջատիրութեան իրականութիւնը: Հայը իրաւազրկուած ժողովուրդ է, եւ Սփիւռքը մինչեւ այսօր կը տքնի, որպէսզի տիրանայ իր արդար իրաւունքին: Այս ընելու համար անհրաժեշտ է, որ սփիւռքահայը պահէ իր ազգային ու մշակութային ինքնագիտակցութիւնը եւ հաւասարակշռէ իր հայկական ու տեղական ինքնութիւնները: Դժուար առաքելութիւն մը, բայց ոչ անկարելի: Անհրաժեշտ է որոնել նոր միջոցներ` մեկնելով կեանքի ստեղծած աշխարհաքաղաքական, տնտեսական եւ կենցաղային նոր իրավիճակներէն եւ տեղեկատուութեան շնորհած մեծ նուաճումներէն», կ՚ըսէ ան:
Ուշագրաւը այն է, որ գրութիւններուն աւարտին յաճախ իր խօսքը ուղղած է նախ՝ ինքնիրեն, ապա ընթերցողին եւ համայն հայութեան, անով մարտահրաւէր նետելով նախ ինքնիր առջեւ, ապա ընթերցողին ու բոլորիս. օրինակ կ՚ըսէ. «Բուժումը կը սկսի ինձմէ։ Բայց նաեւ քեզմէ եւ իւրաքանչիւր հայէն։ Որովհետեւ նոր, (վերա)նորոգուած եւ բուժուած հայն է որ պիտի կրնայ կերտել նոր, (վերա)նորոգուած եւ բուժուած հայրենիքը։ Այս է տրամաբանական հոլովոյթը նորոգուելու եւ նորոգելու»։
Այս հատորին մէջ կան բազմաթիւ յուշագրութիւններ, իր մանկութենէն, պատանեկութենէն, երիտասարդութենէն, հասնելով մինչեւ տպագրուած թուականը, եւ հեղինակը կը յայտնէ, որ ձեւով մը յուշագրութիւնը իրենց ընտանիքին մէջ աւանդութիւն մըն էր, կը յիշէ, թէ իր հօրեղբայրը Հալէպէն կ՚աշխատակցէր հայկական թերթերու եւ իր տան մէկ բաժինը յատկացուցած էր հայկական մամուլին: Այսպիսով հեղինակն ալ պահած է այդ սովորութիւնը եւ գրած (եւ յուսանք, որ կը գրէ տակաւին) իր յուշագրութիւնները, սկսեալ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն, հասնելով մինչեւ Սուրիոյ պատերազմը, Լիբանանի տագնապը, նաւահանգիստի պայթումը, եւայլն: Ճիշդ է, որ պատմագէտներ պիտի գրեն այս շրջաններուն պատմութիւնը, սակայն այնտեղ ապրող ժողովուրդին կեանքը, առօրեայ կենցաղը, բարքերն ու սովորութիւնները կ՚արձանագրուին յուշագրութիւններ գրողներուն կողմէ: Եւ ինչպէս «Հորիզոն Գրական»ի խմբագիր Վիգէն Աբրահամեան կ՚ըսէ. «Յուշագրութիւնները պատմութեան կմախքին վրայ միս ու մկան կ՚աւելցնեն»: Այս առումով հարուստ է հեղինակին այս հատորը նման գրութիւններով:
Ճէպէճեան Լիբանանի նաւահանգիստի պայթումի օրերուն ճշգրտօրէն կը նկարագրէ Լիբանանէն դուրս ապրող լիբանանահայուն հոգեբանութիւնը, երբ կ՚ըսէ. «Հասկցայ, թէ արցունքներուս ետին կար իրականութիւն մը, որ կարելի չէր թաքցնել։ Հասկցայ, թէ աշխարհագրական հեռաւորութիւնը ջերմութիւնս եւ սէրս Լիբանանի նկատմամբ չէ պակսեցուցած։ Լիբանան ծնած եմ, եւ Պէյրութը տունս է։ Ճիշդ է, որ շատ կը ճամբորդեմ եւ յաճախ աշխարհագրականօրէն հեռու կը մնամ Լիբանանէն, բայց միշտ կար ու կը մնայ տուն վերադառնալու գրաւականը»:
Ան կը խօսի նաեւ Սուրիոյ անապահով վիճակը անտեսելով, Հալէպ վերադարձած իր հօրեղբօրորդիին մասին եւ կ՚ըսէ. «Այո՝ Վանիկ չվերադարձաւ։ Մնաց հոն, ուր շատ կը սիրէր։ Այն Երազային Հալէպը, որուն մէջէն կը տեսնէր իր կերտած յատուկ հմայքը։ Եւ մնաց իր տան մէջ՝ «պապենական տունը», որուն մէջ շատեր կերտուեցան եւ որուն հիմքը մարդկային արժէքն էր։ Վանիկին կեանքը սկսաւ այդ արժէքներով, Հալէպի «պապենական տան» մէջ եւ աւարտին հասաւ նոյն արժէքներով, նոյն տեղը՝ Հալէպի «պապենական տան» մէջ»:
Հեղինակին յուշերուն մէջ կ՚արձանագրուին պատմական այնպիսի դէպքեր եւ իրադարձութիւններ, որոնք հաւանաբար փախուստ տան պատմագիրներուն գրիչներէն. օրինակ Հայաստանի «Արարատ» ֆութպոլի խումբին մասին եւ անոր արձանագրած յաղթանակներուն մասին, որոնց մենք՝ սփիւռքահայերս, օրին հիացմունքով կը հետեւէինք: Ապա այդ մէկը կը կապէ այսօրուան մեր հերոս-մարզիկներուն, որոնցմէ մէկն է Հենրիկ Մխիթարեանը, որ չմասնակցեցաւ Պաքուի մէջ կայացող մրցումներուն:
Հայրենիքն ու Արցախը չէին կրնար տեղ չգրաւել այս հատորին մէջ, որոնց մէջ կ՚արտայայտէ իր ցաւն ու մխիթարութեան որոնումը, աւելին՝ հայուն փրկութիւնը իր հողին կառչելով, երբ կը գրէ «Եռաբլուրին պատգամը», ըսելով. «Պատմութեան եւ կեանքի սլացքին հետ հայը պիտի կրէ այս ցաւը` Եռաբլուրին ցաւը: Բայց Եռաբլուրի ցաւին մէջ կայ պատգամ, որ կու գայ նահատակ տղոց անշնչացած մարմիններէն: Անոնք կենդանի չեն, բայց իրենց ձայնը լսելի է: Անոնք կ՚ըսեն. «Հայրենիքը պէտք է պահենք: Հայրենիքը պէտք է կերտենք»:
Նախապէս յիշեցի, որ առիւծի բաժինը կը կազմէ կրօնական ու քրիստոնէական դաստիարակութեան ուսուցումը, երբեմն քարոզութեան ձեւով, երբեմն ալ անուղղակիօրէն դէպքերու, պատումներու եւ անձնաւորութիւններու ընդմէջէն, անոր մէջ գտնելով կեանքի իսկական արժէքը, անոր մէջ գտնելով յոյսն ու ելքը այս դժուարին պայմաններուն մէջէն. «Եթէ չարին գրոհները շատ էին եւ տակաւին դժուար դիմադրելի, եւ անոր յարձակումներուն դիմաց կրեցինք «պարտութիւն», բայց կը մնայ ամուր պահել մեր դիրքը եւ դիրքորոշումը` իբրեւ անհատ եւ հաւաքականութիւն: Պիտի կարենա՞նք ըսել, թէ դասալիք չեղանք եւ «բարի պատերազմը պատերազմեցանք», անոր «ընթացքը կատարեցինք» եւ անպայմանօրէն «հաւատքը պահեցինք»: Երբեք մտահան պէտք չէ ընել, թէ Պօղոս առաքեալին մատնանշած պատերազմը շարունակուող եւ կրկնուող իրադարձութիւն մըն է մարդկային կեանքի պատմութեան ընթացքին»:
Վերջապէս հեղինակին կարգ մը գրութիւններուն մէջ կան նաեւ երգիծական դրուագ մը սահեցնելու կարողութիւնը՝ ամէնէն յուսահատիչ պարագաներուն մէջ նոյնիսկ, որոնցմէ մէկն է քորոնայի շրջափակման ժամանակ իր տիկնոջ այս առաջարկին ներկայացումը. ««Հրա՛յր, ես կրնամ մազերդ կտրել»։ Ճիշդ է, որ կեանքս նուիրած եմ տիկնոջս՝ Արտային եւ ընտանիքիս, բայց ոչ մազերս։ «Իսկ եթէ ծուռիկ-մուռիկ կտրես։ Եկուր հրաժարիր այս քաջագործութենէն», եղաւ վերջնական որոշումս՝ Արտային այս մտայղացումին»։ Ապա՝ «Կ՚ուզեմ դուրս ելլել։ Դուրս ելլել ի՞նչ ընելու համար։ Մազե՞րս կտրելու։ Վստահաբար շատ աւելին»:
Կան նաեւ չափազանց հետաքրքրական տեղեկութիւններ, օրինակ՝ «Երբ անգլիական բապը կը վերածուի հայկական առաջնորդարանի», որմէ վստահ եմ որ շատ քիչեր տեղեակ են:
Հեղինակին ոճն ու լեզուն կը կրեն յստակութեան ու դիւրընկալման դրոշմը: Հոն առկայ է, ըստ տուեալ նիւթին, իրադրական ոճը, այսինքն միջավայրին եւ խօսակիցին հետ առնչուած ոճը, սակայն յուշագրութիւններուն մէջ ընդհանրապէս տիրապետող է փաղաքշական ոճը, որ ունի ջերմ, մտերմիկ ու բարեկամական լեզու, երբ ան կ՚արտայայտէ շրջահայեացութիւն, լայնախոհութիւն եւ երկայնամտութիւն, սէր եւ համակրանք, բայց մանաւանդ երբ կը ներշնչէ յոյս ու հաւատք:
Հուսկ կը ձայնակցիմ խմբագիրին՝ դոկտ. Արտա Ճէպէճեանին, երբ իր խօսքին մէջ կ՚ըսէ. «Ճէպէճեանը հպարտ է, որ հայ ծնած է: Ակներեւ է «ազգագրական պատկերներ»ուն մէջ, թէ ան կը փնտռէ հայը, կը սիրէ հայը՝ անոր լեզուն, պատմութիւնը, եւ մշակոյթը, կ՚ըմբոշխնէ հայուն հետ զրուցելը, կը վայելէ հայուն մտիկ ընելը, եւ կը հիանայ հայուն ստեղծագործ մտքին եւ վերապրելու համոզմունքին վրայ: Տեսիլք, կամք, եւ յոյս ոչ միայն կ՚արտացոլան այս հատորին մէջ ամփոփուած 2018-էն մինչեւ 2022 տարիներուն հրատարակուած իւրաքանչիւր յօդուածի մէջ, այլ անոնք ապրուած ճշմարտութիւններ են Հրայր ՃԷպէճեանին համար: Հրայրը՝ կանուխէն որբացած, ապրած պատերազմներով բզկտուած երկրի մէջ, ականատես եղած ընտանեկան ողբերգութիւններու, հարիւր լեզուներէ աւելի Աստուածաշունչ բաշխած միլիոնէ աւելի մարդոց՝ անհանդուրժողական երկիրներու մէջ, ընթերցողին հետ կը բաժնէ ապրելու եւ վերապրելու իր գաղտնիքները եւ իր ճամբուն քարտէսը»: