«Որովհետեւ օդը պէտք է պայծառանայ»

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ

Խմբագրութեան կողմէ — Շողեր Ալին Մարգարեանի «Պատանեկան օրագիր, իններորդ դասարան» գիրքը ընթերցողին ներկայացուցած էինք մէկ տարի առաջ՝ մեր 2021 յուլիսի թիւով, սակայն թագաժահրային համաճարակի պատճառած սահմանափակումներն ու յետաձգումները պատճառ դարձան որ «Համազգային»-ը անոր շնորհանդէսը կատարէ միայն այս տարուան մայիսի 12-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Կէօնճեան» սրահէն ներս։ «Հորիզոն գրական»ի խմբագրական խորհուրդի անդամ Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան կատարեց գրքին ներկայացումը, որ կու տանք ստորեւ։

2019-ին Համազգային Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը հայերէն գիրքի մրցոյթ մը կազմակերպած է, ուղղուած 13-19 տարեկան պատանիներու, եւ դատական կազմի միաձայնութեամբ Շողեր Ալին Մարգարեանի «Պատանեկան օրագիր, իններորդ դասարան» գիրքը կը շահի մրցանակը, եւ գիրքը կը հրատարակուի Մոնթրէալի մէջ, 2021-ին, «Ինքն ա տիպ» հրատարակչատան եւ «Մելան» տպարանին կողմէ: Continue reading “«Որովհետեւ օդը պէտք է պայծառանայ»”

Բժիշկ Թապաքեանի նոր հատորը

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ

Օհան Թապաքեան, «Սարէն ձորէն», Մոնրթէալ, 2021, 214 էջ

Բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Սարէն ձորէն» գիրքը, վերջերս Մոնթրէալի մէջ հրատարակուած, ձօնուած է հայրենիքի պաշտպան հայոց քաջարի բանակին եւ Արցախի պատերազմին նահատակուած հայ զինուորներուն ու կամաւորներուն անթառամ յիշատակին:

214 էջերէ բաղկացած գիրքը, ինչպէս գիրքին խոհագիրը կը յուշէ, կը բովանդակէ այլազան նիւթեր. հեղինակը յառաջաբանին մէջ անոնց մասին կը նշէ հետեւեալը. «Սոյն հատորին գրութիւններէն մէկ քանին լոյս տեսած են «Հորիզոն» շաբաթաթերթին կամ «Հորիզոն գրական»-ի Continue reading “Բժիշկ Թապաքեանի նոր հատորը”