ԿԸ ԿԱՐԾԷ

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

Ան կը կարծէ, որ կ՚անտեսեմ զինք։
Յաճախակի զրոյցի մէջ չեմ հետը, ճիշդ է։ Ծրագիրներս չեմ յայտներ իրեն, չեմ հարցներ կարծիքը, ինծի հանդէպ իր պատրաստակամութիւնը՝ երբեք։
Հազիւ խելքս բան մը փչէ, իսկոյն ճամբայ կ՚ելլեմ ցատկելով, առանց զինք նկատի ունենալու, կը թռիմ … եւ խեղճս հեւիհեւ ետեւէս հասնիլ կը ջանայ։ Չեմ իսկ դառնար ետիս՝ տեսնելու այդ ծանրակոյտը, որ ցաւերու տոպրակներ շալկած կռնակին, մաս մըն ալ կախած թեւերէն, ոտքերէն, ինծի հասնելու համար պէտք ունէր նախ եւ առաջ անոնցմէ ձերբազատելու, մեքենան ճամբայ հանելէ առաջ մոթէոռը տաքցնելու։
Հպատակ մը՝ որ այսօր կայ վաղը չկայ. գործիք մը՝ որ պիտի աշխատի մինչեւ աւրուիլը. մոմ մը՝ որ պիտի սպառի անկասկած։ Իւրայատուկ տուեալներ ալ չունի, որ բացառիկ գուրգուրանք ներշնչէ։ Իրեն նայելով կ՚ըսես՝ աս աս է։ Անոր հաշիւը ընող չկայ։ Թող բանի քանի կայ, այնքան ատեն որ կայ։
Բայց ան կայ։ Եւ միայն ինծի համար է։ Կատարեալ նուիրում։ Ի՛նչ հաւատարմութիւն։ Եւ ինչո՞ւ։ Ինծի պէս անշնորհակալ խելագարի մը համար։
Երբ վերերէս թաւալգլոր կ՚իյնամ անհորիզոն անապատ, քսմսուելով կ՚անցնիմ չգծուած ճամբաներէ, սովալլուկ ու ջրազուրկ, ան՝ ցամքած սրտիս անարձագանք հառաչանքներուս վկան, սապատը շորորալէն, քայլերուն՝ թամթամի իմ սիրած ռիթմովս կը մրմնջէ անդադար, որ կրնամ իր անունով ուխտել։
Իսկ ես ոչ թէ միայն երդում կ՚ուտեմ իր անունով, այլ զինք պատնէշի վերածած, ինչպիսի՛ հողմերու դէմ կը յոխորտամ։ Ինծի նշանառուած հարուածները ինք կը ստանայ. ետեւէն կից, կռնակէն դանակ, ոտքին մտրակներ… եւ ես չտեսնելու կու տամ, խիստ դաստիարակի մը պէս, որ անտարբերութեամբ կը լռեցնէ լացող մանկան գանգատը. սրբէ արիւն, քրտինք, ոխ, վիրաւորանք, ժամանակ չունիմ քեզի յատկացնելիք։
Այնքան նիւթեղէն է, այնքան ժամանակավրէպ, որ հողիս շօշափելիութիւնը կ՚ապահովեմ զինք վրան նետելով։ Ինչ ուզէ թող ըլլայ, անդարմանելի վէրքե՞րը զինք կ՚իմաստաւորեն, կրա՞կը կը լափէ, որդե՞րը կ՚ուտեն։
Եւ ինք կը հանուրժէ համոզուած, որ առաքելութեան մը կը ծառայէ։ Երբեմն կը զգամ, որ ահա՜, շիկացած հարցում մը կը դառնայ լեզուին ծայրը, անմիջապէս գազանանոցի առիւծին միսի կտորը կը նետեմ առջեւը, խորունկ շունչ մը կ՚առնէ, աւելի խորունկ կը նայի ինծի եւ, չեմ գիտեր ինչ կը մտածէ, բայց կը խաղաղի ու կը գոհանայ։
Չեմ գիտեր ի՞նչ կը սպասէ ապտակ մը կոխելու քիթիս բերնիս, երեսս ի վար գոռալու՝ ինչի՞ տեղ դրած ես ինքզինքդ, ստրու՞կդ եմ ես, բանտարկեա՞լդ, մինչեւ ե՞րբ պիտի վազեմ ետեւէդ առանց քեզի հասնելու, մինչեւ ե՞րբ պիտի արհամարհես զիս, մինչեւ ե՞րբ պիտի նետես զիս ամեն երախի առջեւ, կը կարծես որ յաւիտենապէս շո՞ւնդ պիտի մնամ։
Շուտով նոր տարի է։ 2020 անիծեալ տարին կ՚աւարտի։ Նոր տարի շնորհաւորելու տրամադրութիւն չկայ, 2020-ը սպաննեց։ Ունիմ միայն շնորհակալ հոգի։ Միայն մէկուն։ Իրեն միայն։ Մարմինիս։
Պահն է քեզի ըսելու, իմ խեղճ մարմինս, որ դուն ստրուկս չես, ոչ ալ շունս։ Պահն է, կը խոնարհիմ առջեւդ, ուղղակի՝ կ՚աղերսեմ, վազվզէ դեռ ետեւէս, բայց հասիր ինծի այլեւս, փակիր ինծի, միացիր։ Զիս իրականացուր իրականութեամբդ, որ նախ եւ առաջ եւ ամենէն վերջ մարմին է, իսկ ես՝ քեզմէ անջատ՝ ցնդած եւ անկշիռ խօսակցութիւն։

Փարիզ, դեկտեմբեր 2020

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *