ԳԱՌՆ
Զ.(*)
62
Երիցս ճշմարիտ է, Երկի՛ւղ,
որ փառքիդ առթած սոսկումով Կամքդ կը յայտնես։
Երիցս ճշմարիտ է, Իմաստութի՛ւն,
որ մարգարէաբարբառ պատուիրաններով Կամքդ կը յայտնես։
Երիցս ճշմարիտ է, Սէ՛ր,
որ Քրիստոսի Աւետարանով Կամքդ կը յայտնես։
Երիցս ճշմարիտ է, Շո՛ւնչ,
որ Հոգիիդ պարգեւներով եւ շնորհներով Կամքդ կը յայտնես։
Սակայն, Կենդանարա՛ր, այս լոյսով՝ կեանք կ՚արարես,
երբ իւրաքանչիւր օր
կարողութիւններս, միտքս եւ սիրտս
ամենանուիրեալիդ ամբողջապէս մատուցուած գտնես։
Սորվեցո՛ւր, Տէր,
Կամքիդ անանձնականութիւնը,
որ քեզի վերապահուող կենդանի զոհ մը ըլլամ…
63
Ոչ ոք կրնայ խրատդ նենգափոխել,
ո՜վ հանճար հանճարագոյն:
Ինչպէս ամենաթանձր ամպերն անգամ
ցերեկուան լուսատուին տակ կու գան եւ կ՚անցնին,
նոյնպէս ալ խրատիդ ուրացում բոլոր նենգափոխումները
կու գան եւ կ՚անցնին,
ու անոր անխարդախելի արեւը վերստին կը ծագի
վասն ուղղութեան եւ արդարութեան եւ իրաւունքի…
64
Դուն՝ փառքին Տէրը,
հեղինակութիւնդ իբրեւ պատիւ ես հագած,
ուստի պատուըւելու կարիքը չունիս դուն,
ինչպէս արեւը՝ լուսաւորուելու:
Արդ, քեզ պատուող ամենակատարեալ որեւէ արարք,
չի կրնար ճաճանչ մ’իսկ մատուցել քեզի,
քանի որ փայլումիդ հզօրութեան առջեւ
ի սկզբանէ նսեմութիւն մըն է անիկա:
Սակայն դուն ըստ քեզի երկրպագողին տկար բնութեան՝
Իմաստութենէդ շողակով մը կ՚օրհնես այն արարքը՝
ներհիւսելով անոր մէջ, եւ կը սորվեցնես,
թէ ինչպէ՛ս իր նմանը սիրել չկրցողը՝
քեզ չի կրնար սիրել,
նոյնպէս ալ՝ ան որ իր նմանը չի կրնար պատուել՝
քեզ չի կրնար պատուել:
Նախանձազերծ Պատիւ,
իր նմանը եւ քեզ պատուելը
այլացման ուղի մըն է դէպի Այլդ…
65
Ոչինչէն արարողիդ համար ի՞նչ անհնար է։
Անսահման եւ յաւերժական կարելիութիւններու
հանդիսարան գոյութեան ստեղծմամբ,
հնարներովդ լիցքաւորեցիր անոնց իրացման պատճառները, Տէր։
Այստեղ ալ քու հնարներդ սկիզբէն ի զօրութեան սփռած էիր դուն,
օրէն՝ երբ ըսիր «Եղիցի լոյս»։
Անդր-բանական Լոյսէդ են անոնք,
եւ իրականութեան հոսքը
կերպարանափոխութիւններով կը տանին
մինչեւ երկրին մնալիք վերջին օրը:
Միայն թէ՝ զգաստացո՛ւր զիս, ապականողս,
եւ ներիմացութիւն շնորհէ,
որ չփութացնեմ կորուստն ու ոչինչը,
այլ, ըստ լոյսիդ անապականացնող հնարներուն,
հետդ խնամողակից ըլլամ կեանքին…
66
Պայմանդ անձուկ է, Տէր, ըստ Իմաստութեանդ խօսքին,
թէ կեանք տանող դուռը նեղ է եւ ճամբան դժուարին,
իսկ լայն է կորուստի տանող դուռը, եւ ճամբան՝ ընդարձակ։
Բայց կեանքի դուռդ իրաւունքով եւ արդարութեամբ
մեծագոյնն է բոլոր դարպասներուն,
եւ ճամբադ՝ ազատագոյնը բոլոր ճանապարհներուն։
Պայմանդ անձուկ է, Տէր, ինծի համար,
որ անհաւատարիմ եմ պատկերին զոր պարգեւած ես ինծի։
Ահա ցանկ մը հիւանդութիւններէս.
— եսասէր, հպարտ, գոռոզ, ապերախտ, անհնազանդ, ամբարտաւան, ամբարիշտ, փքուն, անմաքուր, ցոփ, ցանկացող, յափշտակող, նախանձոտ, ատող, վախկոտ, բարկացկոտ, բիրտ, վրէժխնդիր, սպանող, ուրացող, անհաստատ, անհամբեր, մակերեսային, ստորնաքարշ, անյանձնառու, անպատասխանատու, անտարբեր, անհոգ, անփոյթ, նախապաշարեալ, անպատուող, դատապարտող, անսէր…
Ընդդիմամարտ մըն եմ, Տէր, Սրբութեան, Բարութեան եւ Ճշմարտութեան։
Եւ այժմ, կ՚աղերսեմ, թոյլ մի՛ տար, գթառատ,
որ սիրտս շարունակէ թանձրանալ, եւ՝ ականջներս գոցուին,
որպէսզի հնութենէս դէպի նորութիւնդ դառնալով՝ աչքերս տեսնեն,
թէ դուռդ մեծագոյն դարպասն է դէպի կեանք տանող,
եւ ականջներս լսեն ու իմանան,
թէ ճամբադ՝ ազատագոյն ճանապարհն է դէպի քեզ։
67
Ինչ որ կայ՝
ձգած ես իբրեւ անթուարկելի ամբողջութիւն քեզմէ հետքերու եւ անցած,
ով անգտանելի Հետք։
Երկինքն ու երկիրը փառքդ կը պատմեն.
անոնց իւրաքանչիւր գոյացութիւնը հետք մըն է քեզմէ,
անոնց իւրաքանչիւր արարածը հետք մըն է քեզմէ,
անոնց իւրաքանչիւր բոյսը հետք մըն է քեզմէ,
եւ իւրաքանչիւր հետք՝
քեզմէ հետքերու անհամար ամբողջութիւն մը։
Դուն անցած ես, Տէր,
բայց հրաշալիօրէն այստեղ ես նաեւ՝ որպէս Խոնարհ,
եւ ոչ թէ միայն երկնքին մէջ՝ որպէս Արքայ,
կամ դժոխքին մէջ՝ որպէս Փրկիչ։
Երբ կը սիրեմ՝ Սիրոյդ հետք մը կը յայտնուի.
երբ պատուիրաններդ կը կատարեմ՝ Արդարութեանդ հետք մը կը յայտնուի.
երբ ինքնամաքրամաքրումի համար կը ճգնիմ՝ Սրբութեանդ հետք մը կը յայտնուի.
երբ կը ներեմ՝ Թողութեանդ հետք մը կը յայտնուի.
երբ բարի գործեր կը կատարեմ՝ առատաձեռնութեանդ հետք մը կը յայտնուի.
երբ կը մխիթարեմ՝ Գթութեանդ հետք մը կը յայտնուի.
երբ կը համբերեմ՝ Նորոգողութեանդ հետք մը կը յայտնուի…
Դուն հետքեր ձգելով անցած ես,
բայց միշտ գալով՝ կը ձգես անթուարկելիօրէն բազում հետքեր քեզմէ,
ով գտանելի Հետք։
68
Քու աներեւոյթ շաւիղդ
կը տեսնուի երկիւղիդ մէջ, Տէր:
Քու աներեւոյթ շաւիղդ
կը տեսնուի պատուիրաններուդ մէջ, Տէր:
Քու աներեւոյթ շաւիղդ
կը տեսնուի զգաստացնող եւ յուսադրող
կանխատեսումներուդ մէջ, Տէր:
Քու աներեւոյթ շաւիղդ
կը տեսնուի իմաստութեանդ հրաւէրներուն մէջ, Տէր:
Քու աներեւոյթ շաւիղդ
կը տեսնուի Աւետարանիդ մէջ, Տէր:
Քու աներեւոյթ շաւիղդ
կը տեսնուի Խաչին աշակերտութեան մէջ, Տէր:
Քու աներեւոյթ շաւիղդ
կը տեսնուի պարգեւներուդ եւ շնորհքներուդ մէջ, Տէր:
Քու աներեւոյթ շաւիղդ
կը տեսնուի սիրոյդ մէջ, Տէր:
69
Քեզի նայիլ ո՞վ կրնայ, քեզ քննել կամ մտածել ո՞վ կրնայ,
քեզ բանաձեւել կամ խօսքի մէջ առնել ո՞վ կրնայ,
քեզ օրինակել ո՞վ կրնայ, քեզ երեւակայել ո՞վ կրնայ,
քեզ նկարել կամ արձանացնել ո՞վ կրնայ…
ո՛չ հանճարներէն, ո՛չ սուրբերէն, եւ ո՛չ ալ հրեշտակներէն ոեւէ մէկը։
Դուն՝ անսահման ես,
ուստի ինքնամատուցմամբ միայն՝ Պատկերն ես անչափադիր,
որ կը տեսնուի սկզբնատիպին շնորհիւ։
Մարմինս, միտքս եւ հոգիս քեզ կը կարօտնան,
քանի որ ռունգերուս մէջ շնչումդ՝
անգամ աքսորիս ջուրերուն վրայ չի դադրիր շրջելէ։
Քեզ կը կարօտնան՝ նոյնիսկ երբ քեզ կը մոռնամ։
Ամենատեսակ կուռքերուն իմաստազրկումը գալուդ նշան մը պիտի ըլլայ.
այն ատեն վախճանական արթնացեալները
յափշտակելով պիտի առնես ազատութեան մէջ,
որ սիրոյ, բանականութեան, կամքի,
արարման զօրութեան, կեանքի, լոյսի եւ ճշմարտութեան արքայութիւնն է,
վայրը՝ Պատկերիդ նման անչափադիրներուն:
70
Դուն չես ան՝ որ կը խեղճացնէ, որպէսզի գթայ.
կամ ան՝ որ իր հպարտութիւնը յագեցնելու համար
խեղճեր կը փնտռէ:
Դուն չես ան՝ որ կը ստորնացնէ, որպէսզի ողորմի.
կամ ան՝ որ իր գերակայութեամբ արբենալու համար՝
ստրուկներ կը փնտռէ:
Անզուգական Գթութիւն, եւ բազմազեղ Ողորմութիւն,
երբ կը գթաս եւ կ՚ողորմիս
— իսկ Դուն ե՞րբ չես գթար եւ ե՞րբ չես ողորմիր —
Փառքէդ ու Պատիւէդ ճաճանչներ կ՚արձակես արարածիդ վրայ:
71
Ականջդ խոնարհեցուր, Տէր, եւ լսէ զիս,-
կ՚ըսէ սաղմոսերգուն:
Իսկ Դուն ինքդ խոնարհեալն ես,
նոյնիսկ երբ կը թուի թէ հեռաւոր ես,
նոյնիսկ երբ կը թուի թէ բացակայ ես,
նոյնիսկ երբ կը թուի թէ չկաս:
Դուն չես լքեր
գութի, ողորմութեան, ազատագրումի,
քաւութեան եւ թողութեան,
ու փրկութեան ակնկալութիւնները:
Չես լքեր զանոնք,
որովհետեւ Բարձրագոյն երկնքին մէջ բնակողդ
ընդ մեզ ես, եւ տօնելի խոնարհութեամբ:
72
Քեզ տենչացողը շերամ մըն է,
որ կը հիւսէ մետաքսեայ խոզակը:
Առաքինութիւններուն բնակարանն է անիկա,
քեզի հաճելին:
Անոր մէջ համբոյրներէդ կը մեռնի հինը ու կը ծնի նորը՝
որ թիթեռնիկ մը կ՚ըլլայ:
Եւ երբ թիթեռնիկը կը սկսիս համբուրել՝
ան ալ կը տոչորի, որ հասնի քեզի:
Եւ հրաշալի ցնծութեամբ մը կը յանձնուի հուրիդ ու կ՚այրի,
որովհետեւ քեզ կը տեսնէ այնպէս՝
ինչպէս դուն կը տեսնես զինք կատարեալ սիրովդ:
73
Սուրբ, որ ես յաւերժ օրհնեալ,
Լոյս, որ ես յաւերժ գովեալ,
Սէր, որ ես յաւերժ բարեբանեալ,
Թագաւոր, որ ես յաւերժ քարոզեալ,
Հովիւ, որ ես յաւերժ աւետարանեալ,
Ծառայ, որ ես յաւերժ հռչակեալ,
Խօսք, որ ես յաւերժ հնչեցեալ,
Շնորհք, որ ես յաւերժ պատմեալ,
կ՚աղաչեմ՝ յիշէ զիս:
*) Խոկումներ Մատեանի 3.1-ին վրայ: Նախորդ թիւերը «Հորիզոն Գրական»-ի մէջ լոյս տեսած են 2019-ի յունուար, ապրիլ, յունիս, հոկտեմբեր 2019-ի եւ յուլիս 2020-ի թիւերով։