ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ
Խմբագրութեան կողմէ — Պատմաբանները, ռազմագէտներն ու քաղաքագէտները յաճախ կը նշեն պիւռոսեան յաղթանակներու մասին, ի պատիւ հին Յունաստանի զօրավարներէն ոմն Պիւռոսի, որ իր ճակատամարտները յաղթական կ՚աւարտէր՝ ռազմադաշտին կը տիրէր, սակայն ինք հակառակորդէն աւելի վնաս կրելով։ Իսկ մենք, ըլլալով իւրայատուկ ազգ, ունինք նաեւ յաղթանակի տեսակ մը, որ կը կոչուի մեր գրական մեծերէն Երուանդ Օտեանի անմահ հերոսի՝ Բ. Փանջունիի անունով։ Ընթերցողին կը ներկայացնենք անոր Ծապլվարեան նամականիի վերջին նամակը, ուր, ինչպէս կ՚ըսեն, մեկնաբանութիւնները աւելորդ են։
ՄԱՇԿԵՐՏ, 27 փետրուար, 1909
Սիրելի ընկերներ,
Յաղթութի՜ւն, յաղթութի՜ւն։ Վերջապէս մեր կորովի գաղափարային ազնիւ պայքարը անպայման տարաւ յաղթանակը, անկեղծ յեղափոխական սկզբունքը փրկուեցաւ, թէեւ Ծապլվար կործանեցաւ։- Ափսո՜ս, ի՞նչ անել, կարելի չէ ձուազեղ եփել առանց հաւկիթ կոտրելու, կ՚ասէ ֆրանսական առածը։ Ծապլվարի աւերակներուն վրայ այժմ կը բարձրանայ մաքուր իտէալական պայքարի հոյակապ յաղթակամարը։
Դա մի շօշափելի արդիւնք է մեզ համար։
Ինչպէս նախորդ նամակով ծանուցած էի՝ մեր վերջին ժողովը կայացաւ մեր բոլոր մարտական գիտակից ուժերու ներկայութեան։ Ընկեր Սեդօ մի կրակոտ դասախօսութեամբ առաջարկեց անմիջապէս յարձակիլ Րէս Սերգոյի տան վերայ, եւ բռնի վերցնել հոն պահուած դրամները, կեղտոտ պուրժուազիայի այդ անարգ զէնքերը, զանոնք վերադարձնել իրենց օրինաւոր տէրերուն, բաւարարութիւն տալով միանգամայն Քոմրաշ գեղի քրդերու պահանջքին։
Ընկեր Սեդոյէն ետք, ես խօսք առի եւ հարցը մի միայն սկզբունքային իմաստասիրական տեսակէտէն քննելով, ցոյց տուի թէ որքա՜ն արդար եւ օրինաւոր էր մեր ընկերոջ առաջարկը։ Ժողովը միաձայնութեամբ վճռեց հետեւեալ օրն իսկ որոշումը դնել գործնական հողի վրայ։
Այսպէս ուրեմն երկու օր առաջ, Սմենց Վարդան, Խեւ Աւօ, պայտար Մկօ, Կոլոշենց Սեդօ, Կարօ, ընկերուհի Սառա եւ ես գնացինք դիրք գրաւելու Րէս Սերգոյի բնակարանին շուրջը։
Այդ վատ արարածը նախապէս իմանալով մեր դիտաւորութիւնը, որ արդէն ծածկելու ջանք չէինք ըրած, քանի որ կը գործէինք յեղափոխական որոշ եւ լեգալ պայմաններու տակ, իր մօտ հաւաքած էր Ծապլվարի բոլոր մութ ուժերը։
Հազիւ թէ մեր մարտական խումբը երեւցաւ բնակարանի շրջակայքը, ահա՛ տեսանք որ Րէս Սերգօ եւ Տէր Սահակ կու գային մեր մօտ։ Իսկոյն գուշակեցի թէ մի յետին խաբեբայութիւն կ՚ուզէր փորձել ծեր աղուէսը, բայց բարեբախտաբար ինքնագիտակցութիւնը արդէն զարթնած էր Ծապլվարի մէջ. ընչազուրկ պրոլետարիատը չէր այն՝ ինչ որ էր բռնակալութեան խաւար շրջաններուն եւ կեղեքիչ պուրժուազիան կարող չէր զայն խաբել իր նենգութիւններով։
Րէս Սերգօ խոնարհ եւ կեղծաւոր ձեւերով բարեւեց մեզ եւ աղաչեց որ գնանք իր տունը, փոխանակ դուրսը կենալու։ Պատասխանեցի որ մենք եկած էինք իբրեւ անհաշտ թշնամի, հետեւաբար բռնի պիտի մտնէինք իր բնակարանը։
— Բայց ի՞նչ հարկ բռնի մտնելու, քանի որ դուռը բաց պիտի գտնէք, — ըսաւ այդ ստրկամիտ սողունը։
— Նոյնիսկ եթէ դուռը բաց գտնենք, նախ պիտի խորտակենք ու յետոյ ներս մտնենք, — գոչեցի վճռաբար, — այս է ներկայ իրականութեան հրամայողական պահանջքը։
Տեր Սահակ ինքն ալ միջամտեց եւ երկուքը միասին աղաչանքներով ու հազար երդումներով պնդեցին թէ տանը մէջ ենթադրուած դրամը գոյութիւն չունէր, թէ այդ՝ Կոլոշենց Սեդոյի մի սուտ խօսքն էր որ անձնական հակառակութեան համար ստեղծած էր, թէ իր մօտ եղած ամբողջ պատրաստի դրամը վեց ոսկի էր եւ թէ ինք պատրաստ էր այդ գումարը անմիջապէս մեզ յանձնելու, եթէ ուզէինք։
Պատասխանեցի թէ հարցը գումարի քանակութեան վրայ չէր, թէ նոյնիսկ եթէ ո՛չ մի փող գտնուէր իր մօտ՝ մենք ամեն գնով պիտի յարձակէինք իր բնակարանի վրայ, քանի որ այդ էր ժողովի որոշումը։
Այս բանակցութեան միջոցին՝ Կոլոշենց Սեդօ յանկարծ վերցուց իր հաստ գաւազանը եւ ուժգին խփեց Սերգոյի գլխին։ Գլուխը պատառուեց եւ արիւնը սկսաւ հոսիլ։ Դա եղաւ կռիւի ընդհանուր նշանը.
Կռուեցէք, տղերք, կռուեցէք քաջ-քաջ,
Անվեհեր կանգնած թշնամու առաջ…
սկսաւ երգել Խեւ Աւօ։ Ու ահա մէկէն Սերգոյի տնէն դուրս խուժեցին տղաքն ու փեսաները, բիրերով զինուած, նաեւ Սըհօ Ջան, Փրենց Յարօ ու իր փեսան, եւ ուրիշ յետադիմական տարրեր։ Պայքարը ստացաւ սոսկալի երեւոյթ, կռուողներու կատաղութիւնը մէկ կողմէ, կիներու եւ մանուկներու վայնասունը միւս կողմէ, մի աննկարագրելի տեսարան կը պարզէին։ Մեր տղերքը աննման քաջութիւն ցոյց կու տային եւ անշուշտ վերջնական յաղթանակը կը մնար մեզ, երբ լսուեց կիներու մի ահաբեկ աղաղակ.
— Քրդերը կու գան…
Եւ ահա՛ նշմարեցի տասնըհինգի չափ զինեալ ձիաւորներ, որոնց մէջ կ՚երեւային Քոմրաշ գիւղի Կարլ Մարքս կլուբի մէկ քանի անդամները, իրենց նախագահին ղեկավարութեան տակ։
Մի ուժգին հրացանաձգութիւն լսուեց. Րէս Սերգօ վատաբար փռուեցաւ գետին, մեր քաջ ընկեր Աւօ եւս աոիւծի պէս ընկաւ։ Երկուքն ալ մեռած էին։
Մոմենտը կրիտիկական էր. ես շտապեցի դէպի եկեղեցի, մտայ ներս, դիմեցի դէպի խորանը, որու ետեւ գտայ մի ինչ որ նկուղ, վերցրի կափարիչը եւ ծածկուեցայ հոն կափարիչը վերստին գոցելով։ Քսանչորս ժամ մնացի այդ տեղ, անախորժ դրութեան մէջ։
Երբ ամեն աղմուկ դադրեցաւ եւ վստահ եղայ թէ Քոմրաշի քրդերը մեկնած էին, դուրս ելայ թաքստոցէն։ Եկեղեցին ամբողջ թալանուած էր, թալանուած էր եւ Ծապլվար, Րէս Սերգոյի, Սըհօ Ջանի, Կոլոշենց Սեդոյի, Տէր Սահակի, Սմենց Վարդանի, վերջապես բոլոր աչքի ընկող տուները կ՚այրէին տակաւին, այրած էր եւ նորաշէն դպրոցը։ Տեսայ Տէր Սահակի, Սեդոյի, Վարդանի եւ ուրիշներու դիակները, որոնք իրենց արիւնով գետինը կը ներկէին։
Գիւղին մէջ չկար ո՛չ մէկ շունչ, ողջ մնացողները խոյս տուեր էին մօտակայ գիւղերը։ Աւերակ եւ ամայութիւն կը տիրէր ամեն կողմ։
Տեսարանը ցնցող եւ տպաւորիչ էր։
Պաշտօնս աւարտած համարելով որոշեցի անմիջապէս հեռանալ գիւղէն։
Ափսո՜ս որ փոխադրութեան միջոցներ չկային եւ ստիպուեցայ ոտքով գնալ։ Բարեբախտաբար մի քանի ժամ քալելէ ետքը դաշտի մը մէջ նշմարեցի Րէս Սերգոյի էշը որ կ՚արածէր; Փութացի իր մօտ, հեծայ վրան ու այսպէս հասայ Մաշկերտ գիւղը, ուրկէ կը գրեմ այս նամակը։
Այսպէս ուրեմն գաղափարային ազնիւ կռիւը տուաւ իր անդրանիկ զոհերը, արիւնը հոսեց եւ ոռոգեց դասակարգային պայքարի դաշտերը, որոնք ի հարկէ պիտի արգասաւորուին ու պիտի տան իրենց արդիւնքը։ Մենք կատարեցինք մեր պարտականութիւնը եւ այժմ խղճի հանդարտութեամբ կը սպասենք քաղելու մեր ջանքերու պտուղը։
Առ այժմ մտադիր եմ մնալ Մաշկերտ։ Գիւղը աւելի բազմամարդ է քան Ծապլվար։ Գործունէութեան մի նոր դաշտ կայ հոս, նո՛ր պրոփականտ, նո՛ր կազմակերպութիւն, նո՛ր պայքար, նո՛ր արդիւնք։
Երեւոյթները մխիթարական ու քաջալերիչ են։ Պէտք չէ վհատիլ եւ պէտք է պատրաստել կռիւի նոր ասպարէզ։
Փող ուղարկեցէ՛ք իմ նոր հասցէին։