Վեհանոյշ Թեքեան
Բանաստեղծութիւններ կան, ուր փրփրուն գետեր կը հոսին, ուր հովեր կը խօսին, աստղեր վար կը թափին, քամին՝ հարցում-պատասխան իրար անցուցած գլուխը կ՚առնէ կ՚երթայ, տրտմայած հառաչներ կան եւ ցնծագին ծնծղայ, օրհնութիւն ու անէծք, պատիւ կամ պատիժ տնօրինողներ, փառք ու պարծանք պանծացնողներ։ Հեղուկը, շոգին, կարծրն ու փափուկը, հեքիաթայինը, ողբերգականը, կը յայտնուին մարդկային կերպարանքներով, հետազօտող նայուածքներու առջեւ։
Տարբեր է Յարութիւն Պէրպէրեանի քերթողութիւնը։ Եօթանասուներկու տարեկան է բանաստեղծը, սակայն հազիւ յիսուն ցոյց կու տայ։ Ուրեմն գոնէ յիսուն տարիներու աշխատանք ու սնուցանող արգասիք կայ Առաձգականին մէջ։ Իւրայատուկ ճարտարապետութեամբ, յստակ գիծերով կառուցուած բնակարան մըն է։ Լայնանիստ, տասնինը մուտքերով եւ բազմազան սենեակներով։ Իւրաքանչիւրը ունի իր պատշգամը՝ մաքուր օդ, արեւ ու անձրեւ ընդունող։ Լուսամուտեր՝ անծայրութիւն թելադրող, ու դարպաս մը որ կը հրաւիրէ ընթերցողը իր նման եւ իրմէ տարբեր հոգեվիճակներու հանդիպելու։ Կ՚ընդունի ուրուականներ ու վաղանցիկ ճամբորդներ։ Պարտէզ ալ ունի, մեղմ բոյրերով ու գոյներով, հազուագիւտ բոյսերով։
Առաձգականը հրատարակուած է 2021-ին, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի աջակցութեամբ, 272 էջ, Զանգակ հրատարակչատան կողմէ, Երեւան։ Բանաստեղծը նուիրած է իր թոռներուն՝ Լեւոնին եւ Սեւանային։ Կողքին՝ քանդակագործ Արթոյէն գծանկար մը, իսկ ետին ջերմ գրութիւն մը «անոնց» մասին։ Այդ անոնքը էջ առ էջ կը յայտնուին երբ սկսինք ըմբոշխնել հատորը։
Ամեն քերթողագիրք չունի այս ծրագրումը՝ կեանքին շոգեկառքը, հոս ու հոն ցանուած պատահական կայքեր չեն։ Հանգրուան առ հանգրուան կը յառաջանայ։ Հինգ հատոր՝ Կորիզ (1979, Պէյրութ), Ոսպնեակ (1984, Պէյրութ), Անցման եղանակ (1993, Մոնթրէալ), Սահմաններ (2007, Երեւան), Առաձգական (2021, Երեւան):
Հեղինակին անցած բոլոր ամայացած ճամբաները, աղմկարար փողոցները միայն ու միայն դէպի այս տունը կ՚ուղղուին։ Իր անցման եղանակներուն, փորձառութիւններուն, փորձութիւններուն եւ յանդուգն փորձերուն ապաստարանն է Առաձգականը։ Բանաստեղծին կեանքի կորիզը։
Այս տունը շինուած է փորձառութեան քարերով, աղիւսներով։ Բառերը հող են ու երկինք։ Խոհերը՝ շաղախ։ Տանիքը Հայ Լեզուն է որ կը պահպանէ տունը կայծակ փոթորիկէ, հեղձուցիչ օդէ կամ կլանիչ հողմապտոյտէ։ Հիմը՝ Հայոց պատմութիւն։ Քաղաքը՝ հայութիւնն է իր նշանակալից մանրամասնութիւններով։ Բնութիւնը հոգի՛ն է այս քաղաքին, խորհրդալի ձայներու խմբերգով ու վեհասլաց երկինքով։
Ներսը՝ սիրոյ թունդ գինի կայ եւ ընտանեկան առօրեայի համով-հոտով նկանակ։
Լուսանկարները մեր օրերու դէմքերն են, նահապետ ու նորածին, վաղահաս մահեր ու անարդար ճաղեր, աղէտ ու խրախճանք, գերդաստան ու գաղթ, մշակոյթի ճեպանկարներ, քանի մը հերոս, տարագիր փարոս, շրջապտոյտ ու շրջանաւարտութիւն, բարեկամութիւններ, յիշողութեան յաւերժական թարմութիւն։
Խորհրդանշաններ որոնք հայը կը հասկնա՛յ։
Իսկ կլիմա՜ն, կլիման ի՜նչ ալ ըլլայ Տունը կը տոկայ։ Տեսանելի յիշատակներ կան.
Լուսանկարէն քանի մը աչքեր
պահուած են անեղծ,
որոնք երբեմնի
ակնկալութեան եւ կայունութեան
դարաշրջանէն՝
կը նային խոցող
անձկութեամբ մը խոր
«Հին լուսանկար», էջ 70
Լոյսէ անցած նկարներ, մութով պատուած նկարներ, ինքնուրոյն գծանկարներ, ի մի բերուած ոչ թէ զեղուն տողերով, այլ՝ մտածո՛ղ բանաստեղծին խոհերով ու խորհուրդներով։
Երկիրը՝ Սփիւռք,
Ուղեւորութիւնը՝ Հայաստան,
Ուխտագնացութիւնը՝ բացարձակապէս անձնական։
Ահաւասիկ համադրումը Պէրպէրեանի յիսուն տարիներու գրական վաստակին։ Զօրաւոր ձգողութեամբ՝ Առաձգականը, համապատկերը իր կեանքի լոյսին ու ստուերին, լեռներուն ու վիհերուն, անցքերուն ու անցարգելներուն, ճռուողիւններուն ու կաղկանձներուն։ Այս բոլորին ետին կայ ոյժ մը զանոնք ծնող ու աճեցնող։ Բանաստեղծի՛ն ոյժը։ Իրականութիւնը ակամայ ապրելու անխուսափելիութիւնը, զայն դիմագրաւելու իմաստութիւնը, եւ աշխարհին ցոյց տալու իւրայատուկ կարողութիւնը։
Անդադրում անհանգստութիւն մը, ցնցում մը, հարցումներ որոնց մէջ է պատասխանը, նաեւ հարցումներ որոնք կը խառնուին իրարու, հանգոյց մը ձգելով ետին։
Ոյժը որ կը բխի իրմէ, ի՛րն է միայն։ Շաղախուած հին դարերուն եւ նորն ու արդին արտացոլող միայնգամայն։ Հո՛ս է իր յաջողութիւնը։ Ցնծաղիկը ժայռի պռունկին կը յայտնուի, քիչ մը կը ցնծայ ու կ՚անհետի։ Վարդը ո՜ւր ալ գտնուի, նախ իր փուշերը կ՚արձակէ ինքզինք պաշտպանելու համար, յետոյ կը յայտնէ իր գեղեցկութիւնը, փոխանցող ու սահման չճանչցող բոյրը: Բանաստեղծը ամբողջութեամբ կանգնած է վտանգի եւ ինքնամատուցման միջեւ։ Գիտէ յաղթահարել վտանգը, իր բառերու ոյժով զգետնելով դաժանը, իր աստուածատուր խօսքը օրհնութեամբ կը ցնցուղէ մարդկութիւնը։ Շա՞տ եղաւ։ Պատկերացուցէ՛ք մարդկութիւնը առանց բանաստեղծի, ջնջեցէ՛ք ձեր մէջէն բանաստեղծութիւնները, որ հոգի տուած են ձեզի պահ մը, եւ առկայծ մոմի պէս կ՚ապրին ձեր ներաշխարհի խորքերուն։ Ջնջեցէ՛ք. ի՞նչ կը մնայ եթէ բառը աստուածութիւն չունենայ իր մէջ։ Կաւը կաւ կը մնայ. հոգի չ’ունենար։ Կարճատեւ, մակերեսային ու ծանծաղ գոյութիւն, ոչ թէ գոյեղութիւն։ Չի բարձրանար, ինքզինքէն դուրս չի գար, ծնունդ չի տար։ Կը խօսիմ միմիայն գրականութեան մասին եւ ոչ թէ այլ արուեստներու։
Յարութիւն Պէրպէրեանի մօտ բանաստեղծութիւնը իբրեւ լեզուական աշխատանք մը տեսնելու գիտակցութիւնը առաջնահերթ կը մնայ։ Նաեւ՝ լեզու մը ստեղծելու, որ աւելի բնական է կամ մօտ առօրեայ խօսակցականին։
1984-ին լոյս տեսած իր երկրորդ գրքին Ոսպնեակ հատորի յառաջաբանի սկզբնաւորութեան Պէրպէրեան կը գրէ.
«Ի՞նչ ընել բանաստեղծութիւն մը, որ արտասանուելու կամ նման նպատակի մը համար չէ գրուած։ Բանաստեղծութիւն մը որ աւելի լռութիւններով եւ թելադրականութեամբ կը զարգանայ, անցումի կամուրջները կը ջնջէ, քան կը պատմէ կամ կը նկարագրէ։ Բանաստեղծութիւն մը որ «յուզելու» չի միտիր։ Գուցէ եւ կարիք չկայ նման բանաստեղծութեան մը»:
Բանաստեղծութիւնը լեզուական արարք մը, աշխատանք մը ըլլալով, պարզ է որ սփիւռքահայ բանաստեղծութեան արմատները կու գան արեւմտահայ բանաստեղծութեան ժառանգութենէն։
Սակայն՝
Մեր գործածած
Իւրաքանչիւր բառը՝ թռչուն տագնապահար,
վտանգուած թառը փնտռող
եւ շատ յաճախ կորսնցուցած
անվերադարձ…
«Կորսուող բնաշխարհ» III, էջ 87
Թէպէտ այս է իրականութիւնը, բայց Պէրպէրեան կը փաստէ գիրքին մէկ ծայրէն միւսը, թէ այդ «տագնապահար թռչուն»ին ինչպիսի՜ թառ կը հայթայ թէ, որ անոնք ցոլացնեն Այբուբենի արեւը, երգեն անոր ճառագայթներուն մէջ, ու կտցահարեն յուսահատութեան կեղեւները։
Առաձգականը 272 էջերով, տասնինը բաժիններով՝ գրական ցուցահանդէսն է Յարութիւն Պէրպէրեանի փորձառութիւններուն, հանդիպած աշխարհներուն։
Իսկ կիզակէ՞տը.
Երազները իմ սերունդիս կորսուեցան
պարպուող երկրի մը
եւ վտանգուող լեզուի մը միջեւ։
էջ 107
Այս երեք տողերուն մէջ մէկտեղուած են քերթողագիրքին բանալի բառերը՝ երազ, կորսնցնող սերունդ, պարպուող երկիր, վտանգուող լեզու։
Սկսինք խարիսխէն՝ լեզուէն, հասնելու համար մնացեալ ալքերուն։
Ովկիանոսէն ընդյատակեայ անտեսանելի հոսանքներ իրարու կը բախին ու անյաղթահարելի ոյժով մը վեր կը ցայտեն, մենք կը տեսնենք գալարուող ալիքը միայն։ Ճի՛շդ այդ պահն է, որ կը նկարահանէ բանաստեղծը։ Ահա սարսուռ պահ մըն է, որովհետեւ ալիքը զինք կ՚ընկլուզէ եթէ պատսպարուած չէ։ Մինչ այդ՝ պէտք է պարսպապատուած ըլլայ. փնտռած ու գտած ըլլայ բան մը, որպէսզի ան զինք փրկէ անհետանալու վտանգէն։
Փնտռէ՛ բառը կորսուած
փնտռէ՛ տողը կորսուած
եթէ մէջդ կը ծաղկի
բառը թմրած քնացած
սպասելով ժայթքումի
պեղէ միտքդ ծուլացած։
էջ 22
Սակայն ի՞նչ է բառը. լեզուն բառ չէ։ Բառն է որ լեզու կը շինէ, կ՚աճեցնէ. ժամանակի հոլովոյթին մէջ կը հրէ, ու ան իր կերպարանքը կը գտնէ։ Բառը առաձգական է։
Փշածաղիկ էր բառը
վիրաւորող անընդհատ
նախ քեզ ապա խարանող
միշտ կրճատուող դիւրաբեկ
քու աշխարհը վտանգուած
Ահա լեզուն կորսուող
աղքատացող շարունակ
բառեր արդէն մոռցուող
աղաւաղուող կտրատուող
շրթունքներուն մանկամարդ։
էջ 22
Ահազանգը կորուստին, աղքատացման, կտրատումի, կրճատումի, դիւրաբեկման, հետեւաբար՝ դատարկումի՛ն։ Իսկ ուր որ գոյութիւն ունի բանաստեղծը, հոն դատարկութիւն չի կրնար գոյութիւն ստանձնել։ Պէրպէրեան տենդագին կը շարունակէ.
Փնտռէ՛ բառը կորսուած
փնտռէ տողը կորսուած
Պէրպէրեանի բանաստեղծութիւն գրելու արուեստը ունի իր թեքնիքը՝ ներքին խաւերն ու խաղերը բազմաթիւ են այս հատորին մէջ եւ միտք կը խթանեն։ Վերի բանաստեղծութիւնը յարակատար դերբայերով կը սկսի (կորսուած, քնացած, ծուլացած) եւ հիմնականօրէն ենթակայական դերբայերով կը զարգանայ (վիրաւորող, խառանող, կորսուող, կտրատուող») բանաստեղծութեան ամբողջ կառոյցը դերբայերու վրայ խարսխուած է, որ դարձեալ կ՚առնչուի անոր արարումին. պէտք չէ մոռնալ, որ դերբայը չի կրնար առանձին ստորոգել, պարզապէս կ՚աջակցի իմաստին:
Ամեն պարագայի, լեզուի կորուստը, արեւմտահայերէնի վտանգումին տագնապը միշտ գոյութիւն ունի մեր սերունդին համար։ Սեփական լեզուի վտանգումը գոյութենական կենսական հարցի կը վերածէ Պէրպէրեան, որովհետեւ կը կորսուի արեւմտահայերէնի գործածութեան եւ զարգացման ամենակարեւոր ազդակներէն մէկը՝ ընթերցողը։
Հայ բանաստեղծին համար, երբ լեզուն կը կորսուի՝ վտանգուած է աշխարհը։ Սփիւռքի մէջ մեր հողը, որուն վրայ կրնանք ամուր դիմանալ՝ մեր լեզո՛ւն է։ Մեզի ինքնութիւն եւ սեփական բնակավայր տուողը հայերէնն է։ Արեւմտահայերէնը հայրենիք չունի, նոյնինքն է այն հայրենիքը, ուր կը շնչենք, ուր կ՚ապրի մեր առօրեան։ Անդադրում հեւքով փնտռէ բառը, շինէ տողը, որպէսզի ոտքիդ տակէն չսահի հողը։
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որ տարբեր ձեւերով ապրեցանք, զօրաւոր դրոշմ դրաւ մեր ապրելակերպին վրայ. անկէ ետք մեր կեանքը երբեք նոյնը
չէր։ Անշուշտ որ կեանքը իր հոլովոյթը պէտք է ունենայ, սակայն յարակայ մղձաւանջ է, երբ անկայուն կ՚ըլլայ, գլխի վայր կը դառնայ։ Այլեւս չենք կրնար եղանակային թռչուններու նման ֆիզիքապէս այդ երկու աշխարհներուն մէջ երթալ-երթալ-գալ։
Իսկ երբ մեկնեցար երկիրն հայրերուդ,
հոն կենցաղային տարբեր բարքերու
ու նոյնիսկ լեզուի
նոր օտարում մը
(կոչել զայն աքսո՞ր)
քեզ շրջապատեց
իր շատ թափանցիկ, սակայն
դիմացկուն
պատերով հազար
կարծես նոյնիսկ հոն դուն չէիր
ազատ։
«Օտարումներ», էջ 24
Սա՝ իր տեղը գտած չըլլալու հարցը՝ բանաստեղծներուն դարերու վրայ երկարող երկընտրանքը (dilemma) եղած է։ Հա-կառակ որ չի ալ կրնար բացատրել թէ ուր է «իր տեղը»։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ամեն տեղ է։ Ինչո՛ւ ոչ։
Սփիւռքահայուն անդադրում ճիգը՝ օտարը վանելու, եղածը պաշտպանելու, չեղածէն պաշտպանուելու դարաւոր ճիգէն ետք, հիմա օտարը ընդունելու, ներմուծելու ճիգն է։ Ընդունիլ՝ միշտ իր էութեան հաւատարիմ մնալով։
Ահաւասիկ գրողական սերունդին տագնապը։
Քերթողներու այն սերունդին կը պատկանիմ,
որը թուրքին եաթաղանը չունէր վզին.
անապատին մէջ չքալեց,
ոչ ալ ճանչցաւ Ստալինի ցուրտ
Սիպերիան,
կամ՝ թոքախտը։
Սակայն մեծցաւ
ծովուն կողքին բազմադարեան,
ապա դարձաւ մէկ այլ երկրի քաղաքացի,
վերածուեցաւ՝
կախարդուած կամ յաճախուած
ձկնորս բառի,
որուն բռնած ձկնիկն ոսկի
ո՛չ թէ այդ խոր
ծովերուն մէջ ապականած կ՚անհետանար,
այլ զայն փնտռող ուտող չկար։
«Սերունդ», էջ 9
Նախկին սերունդը չունէր արհաւիրքը անհետացող ձկնիկին։ Իսկ այդ ձկնիկը լուծուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պղտոր ջուրերուն մէջ։ Մինչդեռ նոր սերունդը յաճախ չի փնտռեր անգամ ձկնիկը։
Անոր չգոյութիւնը զինք չի խանգարեր.
Արդ կը քալեմ
մէկ այլ ճերմակ տարածքի մէջ,
ուր բառերը լուռ, շնչասպառ
ձուկերու պէս կ՚իյնան անշունչ
եւ կը դառնան
ձայն բարբառոյ յանապատի։
«Սերունդ», էջ 9
Ոսկեղնիկը կը լքուի անապատի ամայութեան մէջ։ Հակառակ որ ա՛յլ անապատի մը մէջ, ուր մահը դիւրութեամբ կը քաշէր վերջին շունչը տարագաղթ հայերու, անոնք չյանձնուեցան անապատին, ձեւ մը գտան անով փրկելու իրենց ժառանգը։ Աւազներուն վրայ Այբուբենի տառերը գրեցին որ իրենց զաւակները չմոռնան։ Չէ, հոն ձուկ չկար, կային թունաւոր սարդեր, օձեր ու համահունձ մահաճարակ։ Եթէ փրկեց զայն, ուրեմն անապատը չէ որ այբուբենը կը ջլատէ։ Ձայն ու բարբառ այնքան տկար էին անապատին մէջ, բայց Գիրին զօրութիւնը կար։ Եւ ան բնակութիւն հաստատեց եւ ուռճացաւ եւ գաղութ ու անդաստան դարձաւ։
Կը մտաբերէ.
Երկար ատեն ապրեցայ
քաղաքին մէջ ծովային:
Եւ ռումբերու կան ճառերու ունկդիր՝
զրուցեցի ջուրերուն հետ ալեկոծ
… պահելու խաղաղութիւնս ներքին
Եւ երբ անոր յոյսն ալ ռմբակոծուեցաւ, ճար մը գտնելու էր կենդանութիւնը պահելու.
…Չուզեցի
ժայռերու գիրկը,
այն տեղ յայտնուած ձուկերուն նման
բրածոյ դառնալ
Հոն կեցութիւնը, ապագան կը տեսնէ որպէս աստիճանական բրածոյացում, սակայն պէտք էր ապրիլ.
հողը նեղ կու գար, օդը նեղ կու գար,
եւ չէի ուզեր լուռ երկփեղկուիլ…
Բայց երբ կտրեցի ովկիանոսը խոր,
լայնատարած, համայնակուլ
երկրին մէջ նոր
ես ինքզինքս
Մհերին պէս բանտուած գտայ։
էջ 180
Եթէ ոչ բրածոյ՝ բանտ, բայց ողջ։
Ծննդավայր լքելու ցաւը տեղի չի տար. պէտք է բացատրէ անոր զուգահեռ ցաւը որ միակ կարելին էր ստեղծագործելու.
Ես որ ծովերու ունկնդիրն էի,
ինքզինքիս կ՚ըսեմ՝
ի՞նչ պատահեցաւ,
ինչպէ՞ս զիջեցայ հաստատուելու հոս,
ուր ջուրը գետի՝ ձմրան կը սառի
Յորդահոս պատկերը կ՚անշարժանայ ի վերջոյ.
Հիմա ոչ կրնանք այս տեղ հաշտ ապրիլ
եւ ոչ ալ՝ այնտեղ
…
— Կ՚ապրինք կտրատուած ժամանակի մէջ
… ամեն ինչ հեւք է
Լայն շնչառութեան առիթը չկայ
«Անանուն կղզին» էջ 59
Կ՚աղերսէ գերագոյն խաղաղութիւն հայթայթողին։
Գրիշնա, ինչպէ՞ս
բոլորին հետ միաձուլուիմ,
երբ իմ ներսս մէկ չեմ հիմա»։
«Գրիշնա», էջ 71
Ուզածիդ չափ ծամէ խաղաղութիւն, անոր համը կորսուած է։ Եթէ բանաստեղծը պակասը կը զգայ լայն շնչառութեան, ուրեմն ունէր զանիկա «հոն»։ Ահաւասիկ պահը անխուսափելի բաղդատութեան, որ աշխարհագրական բոլոր սահմանները կը զանցէ, տալով անոր համամարդկային բնոյթ.
Եւ քանի Մոնարք թիթեռնիկներու
նրբին թեւերուն բաց խփումը կար՝
ամեն ինչ լաւ էր տի եզերքի մէջ,
նոյնիսկ թէ արդար հացը կը պակսէր
մեր սեղաններուն,
եւ անարդար էր
կարգն ու սարքը ընկերութեան մէջ.
«Կորուստ», էջ 92
Կը ճմլուի բանաստեղծին սիրտը, որովհետեւ սեփական փորձառութեամբ գիտէ թէ ի՛նչ կը պատահի հոն։ Այս «հոն»ը՝ երեք տառ, կը պարփակէ աշխարհ մը, ան հուն կարօտ ու ցաւ ու անկարութիւն ու յանցապարտի զգացում, նաեւ գիրկ խաղաղութեան։ Ինչո՞ւ մէկ օրէն միւսը՝ երկիրը ուր հասակ նետեց ու այսքան սիրեցին զիրար՝ դարձաւ «հոն»։ Բանաստեղծը փրկուեցաւ հոգեկան աւազախրումէ.
Սակայն քաջ գիտեմ, որ կայ աւելի՛ն,
այդ արնակարմիր երկինքներու տակ
տխուր աչքերով բիւր փոքրիկներ կան,
որոնք միմիայն բրտութիւն տեսան,
քանդուած տուներ,
երբեք չճանչցան օրերն արեւոտ
զուարթ մանկութեան …
«Քաղաքներ, որոնց …», էջ 35.
Ո՞ր տմարդի արարածներն են որ ընթացք տուին այս պատերազմին, ուր փլած պատեր մնացին։ Եւ դեռ աւելին.
Անշուշտ թէ ճամբուդ
չկեցնէ քեզ զինեալ մը անդէմ,
որ չի հասկնար
այնքան կենարար
թովիչ ծաղկու մը կեռասենիի
«Սաննինը վերն է», էջ 43
Բուրաւէտ պատկերներ, թափանցիկ տողեր, ասոնց նման շատ պիտի գտնէք գիրքի գրկին մէջ.
իսկ տախտակէ
շրջանակները պատուհաններուն,
ծերունիներու
ոսկորներուն պէս
լուռ կը պարպուին։
«Մայրոստանի …», էջ 64
Հակառակ անոր որ բանաստեղծին, այսպէս կոչուած, քնարական հերոսը յարաբերաբար խաղաղութեան մէջ է, սա-կայն սահուն, միակտուր չէ իր աշխարհը, կտրատուած է։ Համերաշխութեան սիրոյն այլակերպումներու վայր դարձած է։
Ե՞րբ պիտի կրնամ
անցեալէն դուրս գալ
եւ ներկային հետ
հաշտութիւն կնքել…
«Անանուն կղզին», էջ 60
Միայն այդ ուղղութիւնը առնողը կը հասկնայ թէ ինչպէս կը հասնին զօրութեան եւ անկարողութեան, անորոշութեան եւ վճռակամութեան, վերահաստատման ու վերանայ մանալիքները ետեւ ետեւի։
Լուրթ ջուրերը կ՚ալեկոծին,
սիրեններու պէս կը կանչեն:
Ոչ, փրկութիւն, գիտեմ չկայ-
կործանում է, եթէ մնամ,
եւ կործանում է, եթէ հեռանամ։
«Անդրադարձումներ», էջ 179
Գրողը երկու աշխարհներու միջեւ առկախ անձն է. կը հարցնէ, կը տարտղնէ, կը խօսի, որովհետեւ կանգնած է առաջին կայանին ուրկէ պէտք է սկսի։
Ես հոս կրնամ միմիայն
Ճշմարտութիւնս յայտնել.
Նոյն, էջ 180
Եւ կը հասնի մեծագոյն հարցումը.
Արդ ո՞ւր փնտռել վայրդ հարազատ։
«Օտարումներ», էջ 24
Վայրը միմիայն տարածութեան առումով չէ։ Այլ՝ լեզուի, կենսաձեւի, իմաստաւորումի, հրճուանքի կամ վիշտի մաքուր
պարունակի, ապահովութեան դարպասի, ամբողջ ժողովուրդի մը վիշտին ու արհաւիրքի փշալարերուն։
Գոնէ յիսուն տարիներու վրայ երկարած ճշմարտութիւններու մէջ ենք։ Բանաստեղծին կերտած երկրին մէջ։
Նախորդ էջերուն մէջ յաճախ նշուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, այն վայրը որ այնքան սիրելի էր բանաստեղծին եւ ուր սակայն այլեւս չէր կրնար մնալ: Անկախ երկրին շուրջ զարգացող շրջանային թէ միջազգային պայքարներէն՝ ընկերային խորացող անհաւասարութեան մէջ, այդ ահաւոր արիւնի բաղանիքը պիտի ժայթքէր, եւ Պէրպէրեան նախազգուշացնելով կ՚ըսէ.
Կարծես ամեն ինչ գիտես.
կը փորձես խօսիլ,
կը փորձես կանխել աղէտը հիւսուող …
Սակայն լռութեան եղանակներ կան,
արեան, զենումի եղանակներ եւ
բրտութեան ծէսեր։
«Լեռնային կայան», էջ 39-40
Եւ մեր դիմաց կը տողանցեն նաւահանգիստի ծայրամասին ինկած ջրասոյզ նաւերը, որոնք «քանդուած կեանքեր կը յուշեն», Պէյրութի երկու բաժիններուն մէջ մնացած, քաղաքի միակ անցքին, նաւա-հանգիստի ազատ գօտիին մէջէն անցնող ինքնաշարժներուն վրայ՝ արձակազէնը կը կրակէ, եւ բանաստեղծը սեւ հեգնանքով պիտի ըսէ, որ կ՚երեւի
տեղ մը պէտք է ապահովել,
որ արտօնուի ձերբազատուիլ՝
չարչրկող ներքին անձկութիւններէն
աւելցնելու համար
Այո, պարոններ,
հոս ամեն ըղձանք
թոյլատրելի է։
«Ազատ գօտի», էջ 45
Այսպէս, «ազատ գօտի» կոչուած վայրը ամբողջովին ուրիշ իմաստ կ՚առնէ: Իսկ քաղաքի նշանաւոր ծովափներուն, ուր մարմիններ արեւի լոգանք կ՚առնէին, այլեւս դիակներ երկարած են բաց երկնքին տակ: Իսկ քաղաքի հրապարակին վրայ, կարծես ուրուականներ կը թռչին.
Այլապէս այստեղ այս երկիրն է,
որտեղ ծանօթներ, Ոդիսեւսին հետ,
կ՚անցնին, շատ յաճախ, երկիրը մահի:
Երբեմն կու գան՝
առանց բառերու,
աչքերով դատարկ կը նային քեզի …
«Ոդիսեւսին հետ», էջ 50
Ասոր համար ալ, բանաստեղծը տաղանդաւոր գեղանկարիչ Շակալին հետ զրուցելով, բաղդատելով այս երկու խարհները պիտի գրէ.
Իսկ ես գիտեմ՝ մանկութիւնը բոլորիս
(այդ միամիտ հիացմունքը ապշահարող)
կորսուած է անվերադարձ.
աքաղաղը՝ մորթուած,
արիւնն անոր կը հոսի
երկրին վրայ անցեալի,
ուր սիրելիներ մնացին թաղուած կամ անպատսպար,
արեւելեան քաղաքին մէջ այդ հնամեայ:
Մարդիկ՝ որոնք ինկան անձայն,
արկերու տակ կամ գնդակէ մը կորսուած,
եւ կամ իրենց բխրուն սիրտը դաւաճանեց՝
գիշերներէ ետք բոցավառ, գեհենային
գերեզմաննոցը հայերու՝ մնաց տեղ մը անիրական …։
«Զրոյց Շակալին հետ», էջ 54
Հոս ներկայացուած կացութիւնը, փորձառութիւնը համահարդկային ողբերգութիւն է, պարզապէս արձանագրուած հայերէն լեզուով:
Հատորի «Անցման եղանակ» բաժնին լրացումը կամ ամբողջացումը կը դառնայ «Հոգեհանգիստ»ը, որ ոչ միայն բանաստեղծին քրոջը, քաղաքացիական պատերազմի զոհ դարձած Նայիրիին հոգեհանգիստն է, այլ նաեւ աւելի քան հարիւր հազար հոգիներու եւ քանդուող քաղաքին։
Այս մեծ անձկութեան մէջէն կ՚անցնին հարկաւ երանելի պահեր։
Պէրպէրեան, քանի որ իր մէջ կ՚ապրի թովիչ ծաղկումը կեռասենիի, մեզի կը հրամցնէ իր «փորձառութեան թոնիրներու» հացերէն։
Տարբեր հրճուանք կ՚առթեն իր փոխանցած ջերմ ու լուսեղէն պահերը. օրինակ՝ հալէպեան մանկութեան յուշերէն՝ «Աղուէսի մուշտակը», երբ ամրան տօթէն խուսափելով տանիքը կը քնանային եւ մաղին տակ մածունը, կորեկը եւ այլ բարիքներ կ՚ըլլային, Լիբանանի ձիթենիները, նարինջենիներու ծաղիկներուն բոյրը, որ «կ՚առեւանգէ» անցորդները (այդ ահաւոր ողբերգութեան մէջ ահա հաճելի առեւանգում մը), նշենիի ծաղիկները, եւ ամեն տեղ եւ ամենուր ծովը, Միջերկրականը՝ իր փրկող ներկայութեամբ, իսկ աւելի ուշ՝ իր հմայքով ու սիրենեան կանչերով:
Կայ սիրային բանաստեղծութիւններու շարք մը, որ աւելի երիտասարդ տարիներու սէրերէ սկսելով.
Դուն գարնան աչքերն ես դուն երամ ես թռչուններու՝
փոթորկած: Աքսորներէ զիս դուրս բերող արահետն ես…
Դուն կրակ ես լեզուի վրայ
ափերուս մէջ
«Դուն», էջ 155
կը հասնի մինչեւ հասուն սէրերու («Սիրոյ պարտէզ»), յղութեան եւ ծնունդի («Ելից»), եւ սէրը միշտ պահելու շարունակական ճիգին («Ծածկոցին տակ երփներանգ»), որ նուիրուած է իր կնոջ՝ Մարալին:
Արեւելքի մէջ ծնած Յարութիւն Պէրպէրեանը անգլերէն գրականութեան մասնագէտ՝ ոստայնները լարած է համաշխարհային գրականութեան եւ արուեստներու հետ։
Առանձին ուշադրութեան արժանի են Յարութիւն Պէրպէրեանի բազմաթիւ գրավերլուծումները հայ թէ օտար գրողներու գործերուն։
Բազմամշակոյթ երկիրներու բնակիչ, այժմ՝ Մոնթրէալ, Գանատա։ Ան կը բերէ իր մտքի եւ սրտի բերքը հայ ընթերցողին։ Կու տայ բազմազան դէմքերը կեանքին, նոյնիսկ քիչ ծանօթ երեւոյթներ կը պատկերէ, ինչպէս «մնջախաղ», «Ցուլը», «Բաւիղ», « Քարահունջ», «Աշնան կերպարանափոխումները», «Միջին Արեւելք» եւայլն:
Մէջբերում մը.
«Ես կը լսեմ անտառներ»էն է.
Բայց ինչո՞ւ կրկին
աստղեր կը բզզան ականջներուս մէջ,
ինչո՞ւ որսորդի բնազդը ննջած՝ յանկարծ կ՚ընդվզի,
կ՚ուզէ դուրս ելլեմ, խարոյկը վառեմ,
պարեմ անոր շուրջ,
խօսիմ հովին հետ, ժայռերուն վրայ իմ կեանքս գծեմ
եւ կամ արեւին գաղտնագիրերով նամակներ գրեմ։
էջ 140
Քերթուածի աւարտին՝ այս խօլ ցայտքերէ ետք կը հասնի Նիրվանան։
Պէրպէրեան ունի ընդարձակ, սակայն ներքին ազատութեամբ զարգացած բանաստեղծական կառոյցներով այլ գործեր նաեւ (Longer contemporary poems) ինչպէս՝ «Եռ», «Կրկնուող շարժումներ», կամ «San Pedro – Terminal Island», որ ահաբեկչութեամբ ամբաստանուած եւ բանտարկուած բանաստեղծին եղբօրը՝ Տիգրանին եւ իր միջեւ բանտի մէջ հանդիպում մըն է, որ կը քննարկէ մեր հաւաքական կեանքի տարբեր երեսները։ Սրտառուչ է իր մտերիմ գրչեղբօր, վաղամեռիկ Սարգիս Կիրակոսեանին նուիրուած «Նամակ»ը։ Ինչպէս նաեւ «Ցաւազերծում» խորագրուած բանաստեղծութիւնը Սահմաններ հատորէն, նուիրուած իր մեռնող հօր, ուր բանաստեղծը կ՚երթայ ոչ միայն իր հօր երիտասարդութիւնը, ինքզինք ըլլալու անոր երկար պայքարը բերելու, այլեւ Ցեղասպանութենէն փրկուած, կարաւանով վերադարձին թուրք զինուորներու յարձակումէն վիրաւորուած, բայց վերապրած մեծ հօրը: Այլ երկար ճամբորդութիւն մը նոյնպէս կը գտնենք Սահմաններուն մէջ, նուիրուած իր տղուն՝ Կորիւնին («Կասփեզի»), որ կը բացուի Պէրպէրեանի նախասիրած բանաստեղծներէն՝ Ն. Սարաֆեանի հետեւեալ տողով. «Հոս՝ հեռացածն է ներկայ եւ գալիքն է միասին»:
Այսպէս, տեղ մը ամփոփելով մեր հաւաքական փորձառութիւնը, որովհետեւ իր տողերուն մէջ արձանագրուածը որքան անձնական է, նոյնքան եւ մեր հաւաքական իրականութիւնը կը բերէ, ան կ՚ըսէ.
Ո՛չ մեր կեանքը չեղաւ երբեք
առուակին պէս ճափոնական պարտէզին՝
քարերն ի վեր միշտ բացող
հանգրուաններ նոր, մեկին.
իր հոսանքով հեզասահ՝
մակարդակներ նուաճող,
ուր անկումները նոյնիսկ
(նախատեսուած վաղնջուց)
համակարգին մասնիկներն էին սոսկ։
«Բաւիղ», էջ 197
Իսկ հատորին վերջին բանաստեղծութիւնը խորագրուած է «Ղատ», որ «տաղ»ի շրջումն է։ Հոս բանաստեղծը իր լեզուի բառերուն, երաժշտութեան, իսկական բանաստեղծութեան հետ յարաբերելու, արարելու ուրախութիւնը, հաճոյքը կամ գինովութիւնը կը փոխանցէ, ուր վերջին տողերով պիտի արձանագրէ.
ահա կը մտնեմ ձեռներեցօրէն
ձայներեցօրէն
ձայնաթելերով հիւսուած քօղին տակ
ծիածանող քեզ։
«Ղատ», էջ 259
Ահաւասիկ վարուժանեան բառով յուռթի դաշտը ցորեաններու եւ մշակը՝ Յարութիւն Պէրպէրեան, որ ցանած է հեռու-հեռու սահմանէն, աստղերու պէս, ալիքներու պէս։
Տակաւին հոս չենք քննարկեր Պէրպէրեանի ծաւալուն վաստակը որպէս մտաւորական։ Պէյրութի օրերէն եղած է «Բագին»ի խմբագրական կազմի մէջ, խմբագրած է բանաստեղծութեան եւ այլ հատորներ։ Իսկական գրաքննադատ է, այսինքն՝ չի ներկայացներ գիրքը, այլ խորապէս կը վերլուծէ։ Իսկ ոսկեայ մետալը իր անմնացորդ նուիրումն է իբր հայ գիր ու գրականութեան ուսուցիչ։ Երեսուն տարի լուսագիր ու լուսալեզու ջամբած է նոր սերունդին։
Իսկ բանաստեղծը իր փառապսակը կը ստանայ Առաձգականով։
Խորասուզուեցէ՛ք այս հատորէն ներս ուր կը թրթռայ հայուն կեանքը, քերթողութեան հմայքը բազմահիւս ու ճաշակաւոր, ամենատես ջահերու լոյսը։ Բագին ու խորան, կրակ ու խունկ։ Արտասուք, խնդուք, բերկրանք ու սուգ։
Եւ պիտի տեսնէք անոր ծալքերուն մէջ թէ՛ շփոթայորդութիւն եւ թէ ՛ աշխարհացնծութիւն։
Ու պիտի լսէք հեռո՜ւ հեռուները ապրող Միջերկրականի երգը, Պէյրութի արեւը որ գրկած է նաեւ եղեռնահար խաւար մը։ Պիտի ունկնդրէք գրականութեան սօսիներու սօսափիւն, ու ձայներ, որոնք եթէ ծանօթ էք քաղաքին՝ կրնաք զատորոշել։
Այս օրերուն, մա՛նաւանդ՝ Սփիւռքի մէջ, գիրք մը կը ճօճանակուի ու կը միացնէ հակադիր բեւեռներ։ Եթէ չմիացնէ՝ զուգահեռ կը տանի զանոնք։
Ցուցանիշը՝ առաձգականութիւնն է ծննդավայրի եւ գաղթերկրի միջեւ։ Աւանդականի եւ նորարութեան միջեւ։ Հայ մշակոյթի եւ բազմամշակութեան միջեւ։ Լեզուի կենսունակութեան եւ խօսքի համրութեան միջեւ։ Կեանքի եւ մահուան միջեւ։ Ծնողքի եւ զաւկի միջեւ։ Եւ հեղինակին ու ընթերցողին միջեւ հաղորդութի՛ւն է։
Ա՛ռ գինին, կտոր մը նշխար, նստէ բանաստեղծին հետ բաց երկինքի տակ, անգամ մը եւս պիտի լսես Սփիւռքի գրողին հնչեցուցած՝ հայ գրականութեան աւետիսը։
Բռնէ՛ բառը կորսուող…
Մեծարենց գեղահմայ գիւղի իր անկիւնէն ուրախութիւնն անանձնականը կ՚աղերսէր։. Մեր սերունդը, բազմաթիւ սահմաններու մէջ տատանող, կը ճգնի գտնել ու փրկել բառը կորսուած, որպէսզի մնայ մեր մշակոյթը, չդատարկուի մեր հոգեկան հայրենիքը, վարար ու պայծառ մնայ հայ գրականութեան համալիրը։
Յարութիւն Պէրպէրեանի մօտ բանաստեղծութիւնը իբրեւ լեզուական աշխատանք մը տեսնելու գիտակցութիւնը առաջնահերթ կը մնայ։
Սեփական լեզուի վտանգումը գոյութենական կենսական հարցի կը վերածէ Պէրպէրեան, որովհետեւ կը կորսուի արեւմտահայերէնի գործածութեան եւ զարգացման ամենակարեւոր ազդակներէն մէկը՝ ընթերցողը։
Նիւ Ճըրզի