Միջերկրական

Յարութիւն Պէրպէրեան

Ալիքներդ ունկերուս մէջ կը շառաչեն
կամ մեղմաձայն կը փսփսան տակաւին …

Նախահայրերս բարձր լեռներու,
խորունկ կիրճերու
բնիկիներն էին,
իրենց ոտքերը պէտք էր որ ամուր
հողի եւ ժայռի վրայ հաստատուէր,
անոնք կ՚երեւի չունէին անզուսպ բաղձանք մեկնումի,
հորիզոններով արբշիռ գինովցած՝
փոթորիկներու մէջէն անցնելու,
ծովեր հերկելու:
Իրենցը՝ ծանօթ գետերու վրայ
առեւտուրն էր դէպի վար, հարաւ,
եւ ի տես ծովուն,
Քսենոփոնի զինուորներուն պէս,
ինքնամոռաց վերացումով,
երբեւիցէ չպոռացին՝
թալասա:
Իսկ պատմութեան հարուածը դաժան
զիս նետած էր քու ափերուն:

Երբ այդ մատղաշ, ոսկոր կազմող տարիներուն,
Միջերկրականի ողորկ ու տաք ծովափներու
ալիքներուն հետ խաղ բռնած,
եղբօրդ հետ,
դէպի խորը, դուն խիզախել կը փորձէիր,
ալիքները, յորձանուտին մէջ իրենց,
թաւալգլոր կը նետէին ձեզ ափին,
ապա քաշելու համար դէպի ներս, անդին,
ուր անորոշութեան,
մութին մէջ կորսուած
անձկութեան կարճ պահէ մը ետք,
ուշքը գտած՝
կը կանգնէիք ձեր ոտքերուն վրայ հաստատ,
ծիծաղելով վերադառնալու համար վերստին՝
նո՛յն փորձառութեան:

Աւելի ուշ՝
գիտակցութեան եւ ինքնութեան
կազմաւորման տարիներուն,
պիտի փորձէի Պէյրութ քաղաքի
լեզուներու բաբելոնին մէջ՝
ալիքներուդ շառաչիւնէն
կամ մեղկ հոսքէն բարձրացող
ձայնդ բռնել, Միջերկրական,
բայց նոյն ատեն, իմ հարազատ լեզուիս մէջէն
եւ կոմիտասեան երաժշտութեան
խոր ակունքներէն
յաճախ յորդող կամ հանդարտող
հեռու Արաքսի կամ Եփրատի ու Տիգրիսի
հոսանքները կը լսէի՝
բախող, նաեւ՝ համադրուող
քու շառաչին, Միջերկրական:
Նստած ծովափնեայ ժայռի մը վրայ,
կը խորհէի քու դիմացի ափերուն՝
Կիլիկիայէն Յունաստան եւ Իտալիա,
մինչեւ Ֆրանսա եւ այլ ափեր երկարող
աշխարհին մասին,
ուր Հոմերոսէն մինչեւ Պղատոն,
Սերվանթէս կամ Միքելանճելօ,
Թորոս Ռոսլին, Փիքասօ եւ
հազար այլ անուն
ստեղծած էին եւ զարգացուցած
մշակոյթ մը բազմադարեան ու կենսատու:

Միջերկրական,
ջուրերուդ տակ՝
արկածախնդիր հազար ճամբորդներ,
երազներ պահած իրենց կուրծքերուն,
խաղաղ կը ննջեն:
Առագաստներ կորսնցուցած, սուզուած նաւեր,
բեռնաւորուած՝ ձէթով, կաւէ
ամաններով, սրուակներով ու գինիով,
յաճախ նոյնիսկ ոսկի, արծաթ, մետաղադրամներ
շալկած կը հանգչինն,
ծիծաղելով մարդ արարածի
անհեթեթ եւ փառասէր նկրտումներուն …
Ճիշդ նոյն ափերէն, ուր կանգնած էի,
փիւնիկեցի վարժ նաւազտիներ,
աչքերնին յառած հորիզոններուն,
խիզախած էին ծովերէն անդին,
Ատլանտեանի ջուրերուն մէջ,
եւ աստղերու լեզուն կարդալով՝
ճանչցած էին երկինքներու
եւ ծովերու միջեւ երկարող
զարմանահրաշ մեկնումի ճամբան …
Անհաւատալի հետեւողութեամբ
գաղութներ եւ զինուորական
նոր խարիսխներ ստեղծած էին
եւ կեդրոն մը ամրակուռ՝
կոչուած Կարթագէն,
կորսուելու համար անհետք,
այլ ուժէ մը գերհզօր:

Այդ բոլորը պատմութիւն էր,
դարձած առասպել, ուր կային նաեւ
ստեղծուած այբուբեն եւ թուանշաններ,
Հանիպալի լեռներ կտրող
փիղերն ու պատերազմները,
Երուսաղէմ, այլ քաղաքներ արտածուող
մայրիներու բազում բուներ,
հերոսական բուռն կռիւներ՝
նոյնիսկ Երկկոտոշ Աղեքսանդրի դէմ …
Աստուածաշունչի եւ այլ գիրքերու
մէջ տեղ գտած քաղաքներու անուններ՝
Պէյրութ, Պիպլոս, Սիտոն, Տիւրոս:

Իսկ ես անձնապէս
միշտ կը խորհէի՝
թերեւս մէկը նախահայրերէս,
իշխանի մը հրամանով,
լքելով իր հայրենիքը,
հպատակներու եւ բանակի հետ,
հաստարուած էր քու ափերուն,
եւ Այասէն կամ Կոռիկոսէն
երազած էր հեռուները,
կտրել այդ ծովն անսահման՝
հասնելու հոն, ուրկէ հեքիաթներ հասած էին
համեմներու, մետաքսէ նուրբ հիւսուածքներու
եւ զարմանահրաշ վայրերու մասին …
Թերեւս ան աւելի ուշ տեսած էր
արկածախնդիր խաչակիրներու
անցքը Արեւելք: Կռիւներուն հետ՝
անոնց անուանի իշխանիկներու
պատեհապաշտ նկրտումները,
որոնք խաբելու, դաւաճանելու
հանճարներ էին …
Իսկ ես , այո՛, Միջերկրական,
վայելած էի՝ արեւդ, ձուկդ,
ափերուդ աճող՝ ձիթապտուղը,
թուզդ, նարինջի մրգաստաններու
ծաղիկն ու հիւթը,
դժբախտաբար, վկայելու
միաժամանակ՝
ֆիզիքապէս ինծի նման մարդ էակին
սպաննելու եւ քանդելու մոլուցքը մութ,
դեռ ափերուդ՝ այլանդակուած,
այրած մարմիններ նետուած տեսնելու …
Նոյնիսկ երբ արդէն
դադրած էին անցարգելները,
արձակազէնի կրակոցները,
առեւանգման վտանգները,
դեռ ափերուդ կերպընկալէ եւ մետաղէ թափօններու
այդքան աղբ կար կուտակուած, որ
կ՚այլասերէր բիլ աշխարհդ անապակ …

Քաղաքները ափերուդ
քանի՞ անգամ քանդուած էին
երկրաշարժներէ, պատերազմներէ,
գոնէ մէկուն փորձառութիւնը ապրած էի,
եւ գիտեմ որ ամեն իրականութիւն
ջուրերուդ պէս շարժական է
անկայուն ու փոփոխական:
Հաշտուած եմ քու ափերուդ
ծաղկած հազար հակասութեամբ,
փորձած զանոնք ի մի բերել, համադրել
կենցաղիս մէջ եւ գիրիս:

Ալիքներդ ունկերուս մէջ կը շառաչեն
կամ մեղմաձայն կը փսփսան տակաւին …

Արդ կը բացուի յիշողութեանց
արտը հարուստ,
ափերուդ ծաղկած այդքան նուրբ սէրեր
լուռ կը շշնջեն,
ակնկալութեանց
կամ յուսաբեկող փորձառութեանց
օրերը քեզ կազմաւորող կը տողանցեն …
Ահա կրկին քու կողքիդ են
պայքարներուդ քեզ աջակից ջերմ դէմքեր,
կ՚ուզես մոռնալ՝
քեզ հարազատ ձեւացնող
բազմերեսանի արարածներու դաւերը փոքրիկ,
բառերը քծնող,
փառամոլիկ արարքները սարքուած՝
իրենց համեստ կարողութեանց սահմաններէն
վեր պաշտօններ գրաւելու …

Ճիշդ է, ամբողջ տասնամեակներ
հեռացած եմ քու ափերէն,
եւ նման չեմ մեծատաղանդ բանաստեղծին,
չունիմ նման բառեր, խոր ու մեկին,
որ ափերուդ՝ ծննդավայրը կը յիշէր,
նոյիսկ եզրին Վէնսէնի՝
յաճախ կ՚ապրէր՝ Մառնէն Տօն …

Բայց ես տարիներ մխրճուած եմ
աղի ջուրերուն, խեռ ալիքներուն,
իմ ռունգերուն դեռ կը մնայ
բոյրը ծովի,
նոյնիսկ տակաւ անհետացող
նարնջենիի մրգաստաններու ծաղկած ծառերուն
բոյրը հեշտագին,
ուղեղիս խոր կածաններուն՝
կոհակ-կոհակ կայք հաստատած՝
տիեզերքը համատարած …

Դեռ ունկերուս ալիքներդ կը շառաչեն
կամ մեղրաձայն կը փսփսան տակաւին …

Յունիս-օգոստոս 2023

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *