ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
— Սարօ Նազարեան, ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐԻ ԱԼԲՈՄՆԵՐԸ, Գլենդէլ, Կալիֆորնիա 2024, 198 էջ

Վեց պատմուածքներու այս ինքնատիպ հաւաքածոն, գեղատիպ, գունաւոր կողքով, հրատարակուած է Melan Ink-ի կողմէ եւ Հրաչ Տէմիրճեանի, Զաւէն Բաղդասարեանի ու Նարինէ Նազարեանի աջակցութեամբ, իսկ հեղինակի դիմանկարը՝ շապիկի չորրորդ էջին զետեղուած, գործն է Գագիկի։
Արձակագիր, թատերագիր Դաւիթ Խաչիեան իր «Երկու խօսք»-ին մէջ իրաւամբ կ՚ափսոսայ, որ Սարօն աւելի շուտ չէ ձեռնարկեր իր մտքերն ու ապրումները թուղթին յանձնելու նուիրական գործին։
Որքան ալ բոլոր պատմուածքներու նիւթերը առնուած են մեր հայու, սփիւռքաբնա՛կ հայու տառապալից առօրեայէն, անցնելով հեղինակի գրչի տակէն՝ դարձած են պարզ ու մատչելի լեզուով պատումներ, որոնք վերջին հաշուով մէյ մէկ նկար են լուսանկարներու ալբոմին մէջ, եւ այդ պատճառաւ ալ կը թուի, թէ Սարօ նոյնանուն պատմուածքին խորագիրը տուած է նաեւ գիրքին։ Խաչիեան իրաւամբ դիտել կու տայ նաեւ, թէ California Lottery պատմուածքի հերոսի կերպարը «գեղարուեստական ֆիլմի պատրաստի սցենար» (պիտի ըսէի շարժագրութիւն) է։ Այդ յատկանիշը կարելի է տեսնել բոլոր պատմուածքներու պարագային, նկատի առնելով հեղինակին առնչութիւնը շարժանկարի արուեստին հետ։
Սպասենք Սարոյի յաջորդ հատորներուն։

— Կարօ Յովհաննէսեան, ԱՄԵՆԱՂԵԿԱՎԱՐԸ՝ ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ, Ա. հատոր – Անթեղուած գործեր եւ գրութիւններ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն, Պէյրութ 2025, 816 էջ

Այս բացառիկ, կարելի է ըսել կոթողական մենագրութիւնը հրատարակուած է Այնճարի ՀՅԴ Կարմիր լեռ կոմիտէի մեկենասութեամբ ու նուիրուած է Սարգիս Զէյթլեանի կողակցին՝ Սոնա Սիմոնեան-Զէյթլեանին եւ չորս զաւակներուն։ Գրաշարութիւնը, էջադրումն ու նկարներու դասաւորումը կատարած է Անի-Փեհլիվանեան-Սարգիսեան, կողքի ձեւաւորումն ու պատրաստութիւնը՝ Սագօ Գասապեան։
Այս մեծածաւալ առաջին հատորը կը բովանդակէ Զէյթլեանի կեանքը, անոր բնութագրումն ու գործունէութիւնը իբր ուսուցիչ եւ տնօրէն՝ Գահիրէ եւ Այնճար, 1954 – 1966, ինչպէս նաեւ գիրքին էջերուն առիւծի բաժինը գրաւող հրապարակագրական էջերը «Յուսաբեր» եւ «Ազդակ» օրաթերթերուն մէջ, 1955 – 1966։ Յաւելուածաբար՝ Ս. Զէյթլեանի նամակները Սիմոն Վրացեանին ու այլոց, եւ օգտագործուած աղբիւրներու մանրամասն ցանկը 26 էջերու մէջ, քաղուած արխիւներէ, գիրքերէ, թերթերէ ու առցանց տեղադրումներէ։ Գիրքին սկիզբը զետեղուած «Շնորհակալիք»-ն ալ կը գրաւէ երեք ամբողջ էջ։
Գիրքին կարեւորագոյն բաժինը եւ մեր գաղափարական գրականութեան նորագոյն յաւելումը կը հանդիսանայ Յովհաննէսեանի 59 էջերէ բաղկացած «Վերջաբան»-ը, որ Զէյթլեան դաշնակցականին ու իր մտածումներուն վերլուծումն է հեղինակին կողմէ։
Սկիզբի «Բացատրական»-ին մէջ ան յայտնած է, թէ խղճի պարտք մըն է, որ կը կատարէ իր երէց գործակիցին հանդէպ.
«Սարգիս Զէյթլեանը եղաւ իմ գաղափարական ուսուցիչս։ Ինքն էր, որ իմ մէջս արմատաւորեց ազգային գաղափարախօսութիւնը, որուն փնտռտուքին մէջ կը գտնուի հայրենի ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը այսօր։ Ինքն էր որ մեր սերունդին սորվեցուց դաշնակցականութիւնը։
«Ինծի համար,
«Սարգիս Զէյթլեանը միայն ղեկավար չէր,
«ԱՄԵՆԱՂԵԿԱՎԱՐ էր»։
Կարօ Յովհաննէսեան իր այդ պարտքը ամբողջութեամբ վճարած պիտի չզգայ, եթէ չյաջողի յաւելեալ հատորով մը ներկայացնել Զէյթլեանի վաստակը 1966-էն մինչեւ իր քստմնելի առեւանգումն ու անհետացումը 1985-ին, երբ հազիւ 55 տարեկան էր ան ու կրնար տակաւին երկար տարիներ իր անջնջելի ազդեցութիւնը ունենալ մեր կեանքին վրայ։
Մեր մաղթանքն է, որ հեղինակը իր նոյն այս բծախնդիր ու համապարփակ մօտեցումով եւ մանաւանդ պատմողական այնքան հրապուրիչ ոճով կարենայ իրագործել երկրորդ հատորի մը իր կենսական առաջադրանքը։
Գիրքը կարելի է ձեռք ձգել «Համազգային»-ի գրատարածներէն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *