Սարգիս Զէյթլեան՝ Հայ դատի մասին

Կարօ Յովհաննէսեան

Առաջին Աշխարհամարտին Թուրքիա պարտուած կողմ էր, իսկ հայութիւնը մաս կը կազմէր յաղթական կողմին։ Այդ տարիներուն (1915–1918) մենք տուինք միլիոնաւոր զոհ եւ կորսնցուցինք մեր Հայրենիքին մեծ մասը։ Մենք կռուեցանք Դաշնակից պետութիւններու կողքին եւ արիւն թափեցինք պատերազմի մէջ, որովհետեւ կը հաւատայինք (խոստում տուած էին մեզի), որ Դաշնակիցները յաղթական դուրս գալու պարագային՝ անկախ պետութիւն մը պիտի տային մեզի։ Այդ բոլորին փոխարէն հետեւեալ բաները ստացանք մեր դաշնակիցներէն.
ա. Ո՛չ իսկ սենթ մը վճարեցին մեզի կամ վճարել տուին Թուրքիոյ՝ իբրեւ հատուցում եւ արեան «գին»։
բ. Մեր Դատը ուրացան եւ մեր հողերը վաճառեցին։
գ. Բունազուրկ դարձուցին մեզ ի սփիւռս աշխարհի։
դ. Հրաժարեցան մեր հողային պահանջներէն թէ Հիւսիսի եւ թէ՛ Հարաւի նկատմամբ, թէ աջէն, թէ ձախէն։
ե. Լօզանի մէջ ուրացան Սեւրը եւ թոյլ տուին, որ «զոյգ տապանաքարեր» դրուին Հայկական հարցին վրայ:
Թուրքիա պարտուած էր, բայց Միացեալ նահանգները մեծ օժանդակութիւն տուին անոր (երկու միլիառ տոլար)։ Այս գումարէն ոչ իսկ սենթ մը բաժին հանուեցաւ մեզի։
Նոյնը կատարեց Խորհրդային միութիւնը, որ ոչ միայն նիւթապէս օժանդակեց իր հին եւ աւանդական ոսոխին, այլեւ Լենին «փաշա»ները ընդարձակ հողեր փէշքէշ տուին թուրք «արխատաշ»ներուն, քանիցս յայտարարելով, որ Խորհրդային միութիւնը կը հրաժարի իր հողային պահանջներէն Թուրքիոյ վերաբերմամբ, յանուն բարիդրացիական յարաբերութիւններուն: ԱՀա թէ ինչ արժեց հայութեան յաղթական կողմ ըլլալը Դաշնակիցներուն հետ, ինչպէս նաեւ թուրքեւխորհրդային բարեկամութիւնը մեզի։
Այս իրողութեան դիմաց կարելի չէ չաղաղակել մեր դառնութիւնն ու հիասթափութիւնը աչխարհի տէրերուն, յատկապէս անոնց, որ պատերազմի նեղ օրերուն մեզ կոչեցին իրենց «փոքր դաշնակիցը»: Այսինքն, որեւէ ձեւով չգնահատուեցաւ Դաշնակիցներու դատին մեր տուած մեծ եւ անփոխարինելի նպաստը թէ արիւնով եւ թէ նիւթով։
Իմաստ չունի ա՛լ, դառնութեամբ կը յայտնէ Զէյթլեան, այն բոլոր խօսքերը, որ կը կատարուին մեծ տէրութիւններու կողմէ բարոյական արժէքներու, գաղափարապաշտութեան եւ ազատութեան մասին, այնքան ատեն որ պիտի չգործադրուին անոնք։ Մենք ողորմութիւն չենք խնդրեր, կը յայտնէ Զէյթլեան, այլ՝ արդարութիւն եւ ճանաչում Հայութեան անժխտելի իրաւունքներուն: Այս առումով այնքան ատեն որ կը գործուին անիրաւութիւններ եւ կ՚ուրացուին իրաւունքներ՝ խաղաղութիւն պիտի չտիրէ աշխարհի վրայ։

(Հատուած ԱՄԵՆԱՂԵԿԱՎԱՐԸ՝ ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ գրքի Ա. հատորէն)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *