Հեղինակ՝ Մարզպետ Մարկոսեան. Անթիլիաս 2023
Արմենակ Եղիայեան
Եռագրութեան այս երրորդ եւ վերջին հատորը իր որակով կը յիշեցնէ Կանայի հարսանիքի գինին. այստեղ հեղինակը յուզող բազմաթիւ հարցեր կարծես կը յանգին իրենց աւարտին՝ իւրաքանչիւրը ստանալով իր լուծումը: Դրուած հարցերուն լուծում առաջարկելու գեղեցիկ սովորութիւնը արգասիքն է Մարզպետ Մարկոսեանի պայծառ ու որոնող մտքին, որ յատուկ էր իրեն վաղ երիտասարդութեան օրերէն, իսկ ժամանակը աւելի սրած ու ազնուացուցած է զայն:
Իսկ այդ հարցերը…
Անոնք կ’ընդգրկեն ինչպէս մասնաւորաբար սփիւռքի, այնպէս ալ Հայաստանի լինելութեան սպառնացող բոլոր տագնապները՝ իրենց ամենանուրբ ծալքերուն մէջ, որ ան կը յաջողի ձեռնհասօրէն լուսարձակի տակ առնել ու անցընել զանոնք իր մտքի լուսաւր պրիսմակէն:
Ընթերցողը չզրկելու համար զանոնք անձնապէս պեղելու ու անոնց ծանօթանալու արդար իրաւունքէն ու վայելքէն՝ կ’անդրադառնանք մէկ քանիին միայն՝ նախաճաշակ մը տալու համար:
* * *
Անոր մեծագոյն տագնապներէն մէկը յամեցող սփիւռքն է, որ հայրենի ժողովուրդին հետ մէկ ամբողջութիւն կազմելու հեռանկարը չունի, քանի «հոս (իմա՝ Լոս Անճելըս—ԱԵ) տիեզերական մարդն է, որ կը կոփուի, կը դարբնուի՝ մէկդի թողած ազգային կամ ցեղային ամեն պատկանելիութիւն… եւ մեր ինքնութիւնը մեր աչքերուն առջեւ մեզմէ կը հեռանայ, եւ ամեն օր քիչ մը, քիչ մը ամեն րոպէ կը հեռանանք ու կը փորձենք մոռնալ այդ հեռացումը»: Այդ տիեզերական մարդը, այս պարագային՝ հայը, ամեն տեղ իր դիմագիծը կորսնցնողի դիրքին մէջ է, յատկապէս սկսած այն օրէն, ուր տեսնուեցաւ, որ Հայաստանի անկախացումը չյառաջացուց ակնկալուած բարեշրջումը, լուծում չբերաւ սփիւռքի ճնշող իրողութեան. «Ատենին Հայաստանն էր սփիւռքի հիւսիսաստղը, որուն կը ձգտէինք հասնիլ բոլորս… Հայաստանը անկախ է այլեւս, բայց ահռելիօրէն անակնկալ կացութեան մը մէջ յայտնուած»:
Այդ «ահռելի անակնկալը» ոչ միայն օրին երազուած զանգուածային, թէկուզ մասնակի, հայրենադարձութեան չկայացումն է, այլ ճիշդ հակառակը՝ հայրենի ժողովուրդի գրեթէ զանգուածային սփիւռքացումը, որուն զարմանալի զուգադիպութեամբ մը կու գայ աւելնալու միջինարեւելեան գաղութներու հայութեան գաղթը, երկու պարագաներուն ալ մասնաւորաբար դէպի Միացեալ Նահանգներ, ուր «կը դարբնուի տիեզերական մարդը՝ մէկդի թողած ազգային ու ցեղային ամեն պատկանելիութիւն»:
Լուծումը՞՞՞… անյետաձգելի, անմիջական, թէկուզ ժամանակաւոր՝ հանդարտօրէն կերտելու մէկ հայրենիքի, մէկ ժողովուրդի ու մէկ եկեղեցիի տեսլականը, սկսելով՝
— Առաջնահերթը մեսրոպեան ուղղագրութեան հաստատումն է. « Հիմնական թերացում մը պիտի ըլլայ, եթէ այդ էական սրբագրութիւնը տեղի չունենայ»:
Ան շատ մեծ կարեւորութիւն կու տայ ուղղագրութեան հարցին, քանի արեւելահայ գաղթականները կը մերժեն իրենց զաւակները յանձնել արեւմտահայ դպրոցներու, ուր «սխալ ուղղագրութիւն» կը սորվեցնեն, եւ այս՝ նախընտրելով օտար, իմա՝ ամերիկեան պետական դպրոց դնել իրենց զաւակները, այլ խօսքով՝ բոլորովին զրկել զանոնք հայերէն սորվելէ, մինչդեռ «հայերէն լեզուն պէտք է համապարփակ ուսուցուի ի հեճուկս գանգատներուն, որովհետեւ առանց հայերէն լեզուի՝ ո՛չ հայ ժողովուրդ եւ ո՛չ ալ հայ դպրոց կ’ունենանք»:
— Իսկ յաջորդը՝ «Ժամանակն է մտածելու նաեւ լեզուական միութեան մասին», — որովհետեւ նոյն արեւելահայը կը մերժէ նաեւ… արեւմտահայերէնը:
— Եւ վերջապէս՝ «Յիշուած զոյգ կէտերէն կը հետեւի նաեւ միաձոյլ կրթական ծրագրի մը կարեւորութիւնը… Հայ աշակերտը ուր ալ գտնուի, պիտի սորվի նոյն լեզուն, նոյն պատմութիւնը եւ նոյն գրականութիւնը»:
Այս ծանրակշիռ, կուռ, այլեւ յաւակնոտ առաջարկը, — որ ոչ ոք համարձակած է բերել մինչեւ այդ, — կը միտի ոչ այնքան լուծելու Ամերիկա ու արեւմտեան երկիրներ հաստատուած ու հետզհետէ աւելի աճող արեւելահայ գաղութներու հարցերը, որքան… արեւմտահայութեան եւ արեւմտհայերէնի, «որովհետեւ հասած ենք ժամանակի մը, ուր արեւմտահայերէնը պիտի չկարենայ տոկալ, որովհետեւ զայն գործածողներուն թիւը զգալիօրէն կը նուազի օրէ-օր, եւ մեր վարժարաններէն ելած սերունդները ի վիճակի չեն եղած զայն անաղարտ պահելու, առաւել եւս պետական լեզուն արեւելահայերէնն է»: Բացայայտ է Մարզպետի թեքումը՝ ի նպաստ միասնական արեւելահայերէնի մը, մանաւանդ որ սփիւռքի մէջ հետզհետէ պիտի անհետանան արեւտահայերէն գիտցող ուսուցիչներ, «մինչդեռ արեւելահայ ուսուցիչներ միշտ ալ կարելի է ստանալ Հայաստանէն:
Աւելի անդին, վերադառնալով նոյն հարցին, ան նկատել կու տայ, որ կարելի չէ ակնկալել, որ հայրենի պետութիւնը ի՛նք պահպանէ արեւմտահայերէնը, եւ դա՛րձեալ առաջ քշելով արեւելահայերէնի միասնական լեզուի կոչումը, կ’եզրակացնէ. «Կը մնայ մաղթել, որ նոյն այդ զանգուածը, եթէ պիտի պահէ հայերէնը, ապա դարաւոր մշակոյթին ու ինքնութեան հետ արեւելահայերէնով պահէ իր կապերը, վերջին հաշուով…Քամչաթքայէն չի գար այդ լեզուն եւ առհաւական այն խռովքը, որ կ’առնենք արեւելահայ լեզուով՝ նոյնն է ինչ որ արեւմտահայերէնը կու տայ մեզի… Մեծ եղեռնի վերջին զոհը, ուզենք կամ չուզենք, պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդի գերազանցօրէն փառահեղ հրաշքը եւ իր ստեղծագործ հանճարին անիմանալիօրէն լուսացնցուղ հրայրքը, որ կը կոչուի արեւմտահայերէն լեզու»:
Որքան ես գիտեմ, ապա ոչ ոք սփիւռքի մէջ երբեւիցէ համարձակած է այսքան պայծառատեսութեամբ նման տեսակէտ յայտնել՝ այս յստակութեամբ ու քաջութեամբ եւ առանց ծամծմելու բառերը:
* * *
Հայ-թուրք, ընդհուպ հայ-թուրք-ազերի հաշտութիւնը կը կազմէ հեղինակին նախասիրած մէկ շատ հետաքրքրական բնաբանը:
Առ այս՝ պատմական յետադարձ ակնարկէ մը ետք ան կ’ուրուագծէ նման հեռանկարի մը տարերքը, որոնք կը հիմնուին նախապայմաններու վրայ. «Երբ ցեղասպանութեան ճանաչումը տեղի կ’ունենայ արդար հատուցումով, ո՛չ մէկ դժուարութիւն կ’ունենանք վերահաստատելու այն բարեկամութիւնն ու դրացնութիւնը, որոնք գոյութիւն ունէին նախքան Իթթիհականները եւ Սուլթան Համիտը»:
Ըստ այսմ՝ պատմական սրբագրութիւնը պէտք է սկսի ինքը՝ թուրք պետութիւնը. «Եթէ Քեմալ 85 տարի առաջ “զոհեց” Ատրպէյճանը(1), ժամանակն է, որ թուրք պետութիւնը… սրբագրէ սխալը եւ վարձահատոյց ըլլայ` վերադարձնելով Կարսի ու Արտահանի նահանգները իրենց իրաւատիրոջ՝ Հայաստանին, եւ Հայաստանը իր կարգին կը փոխադարձէ վեհանձնութիւնը… Ատրպէյճանին կը տրուի տարանցիկ ճամբայ Հայաստանէն դէպի Թուրքիա(2), բայց նախքան այդ արտօնութիւնը՝ թուրք պետութիւնը պէտք է Հայաստանին շնորհէ տարանցումի ազատ ուղի Գիւմրիէն դէպի Տրապիզոն եւ Կարսէն դէպի Ատանա, 5-10 քիլոմեթր լայնութեամբ եւ Հայաստանի գերիշխանութեան ներքեւ եւ այդ զոյգ քաղաքներու նաւահանգիստներուն մէջ Հայաստանի գերիշխանութեան տակ դրուած ազատ շուկայի քարափներ»:
«Այս է, — կ’եզրակացնէ իր պայմանները, — լաւագոյն ձեւը ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման, որմէ ետք որեւէ հարց գոյութիւն չ’ունենար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանները բանալու»:
Կը խուսափիմ աւելի առաջ երթալէ, որպէսզի ընթերցողը ի՛նք պեղէ մնացեալները եւ ամբողջական ըլլայ անոր վայելքը:
* * *
Այս հատորը կը սկսէր հեղինակին առաջին տպաւորութեամբ, որ ան կը կրէր Գալիֆորնիա հասնելու վաղորդայնին. «Հոս տիեզերական մա՛րդն է, որ կը կոփուի, կը դարբնուի՝ մէկդի թողած ազգային կամ ցեղային ամեն պատկանելիութիւն»:
Բայց ահա ժամանակը ցոյց կու տայ, որ միշտ բացառութիւններ պիտի ըլլան, եւ ինք այս վերջիններէն է. այս կը հաստատեն համեստ ծննդավայրին անջնջելի կարօտը սնուցող հազարումէկ պատառիկները, որոնք միշտ ներկայ են ու այնքան խոր քնարականութեամբ կը թակեն անոր հոգիին դռները եւ ապա կը յանձնուին թուղթին, իսկ առաջին հերթին՝ անմիջական շրջապատը լեցնող դէմքերը.
«Մեր թաղին(3) տարածքը մեծ չէր. անոր կեանք տուող թաղեցիներուն՝ բոլորն ալ Եղեռնէն վերապրած, սրտերուն ընդարձակութեան չէր հասներ. անոնք՝ թաղեցիները, Դագէս էմմին, Թորոս էնիշտէն, Խնկան էմմին, Գէորգ էմմին, Աբէլ աղան, Սարգիս աղան ու տղան՝ Մկրտիչը, Պեպեքճին, պրն Սարգիսը, պրն Երուանդը եւ Հայրապետն ու այդ բոլորին հսկող ու անհրաժեշտութեան պարագային հասնող պրն Սահակը(4)…»:
Իսկ քայլ մը անդին՝
«Թաղին հարաւային սահմանը նարնջենիներն էին, իսկ հիւսիս-արեւելեան կողմէն՝ Լափաշներու թաղը: Անոր կողքին բանջարեղէններու դաշտը, մասնաւորաբար ու մանաւանդ այն հատուածը, ուր կը հասուննային ելակները՝ տարածելով իրենց շամանդաղուող բոյրը համեստ պարտէզներէն մինչեւ մեր թաղը, դաշտը վերածելով պտուղներու… վաւերական երանգապնակի»:
Բայց կայ աւելի փորձանաւորը՝ տան բոլորովին կից.
«Մեր տան ճիշդ քովը տիկին Շեյխայի տունն էր ու պարտէզը: Մտքիս մէջ մինչեւ հիմա կը յամենան պարտէզին մանտարինի ծառերը: Ձմռան՝ նոյեմբեր, դեկտեմբերին հասուն պտուղներուն վրայ անձրեւի կայլակները շռայլ պսպսղումներով կը խայտային եւ արեւուն ճառագայթները կը տարբաղադրէին անձրեւի կաթիլները անհամար պրիսմակներու վերածուած: Որքա՜ն պիտի ուզէինք համտեսել այդ պտուղները, որպէսզի մեր աչքերուն տեսածը մեր մանուկի քիմքերը հաստատէին: Բայց ափսոս, պարտէզը պաշտպանող փշաթելերը կը սանձէին մեր ախորժակները, իսկ մեր ծնողները խստիւ պատուիրեր էին՝ “չըլլայ քի լսենք”»:
Բայց նաեւ ու մանաւանդ շարականները մօտակայ եկեղեցիին, ուր ինք մանուկ հասակէն սկսած կը ծառայէր իբրեւ դպիր.
«Այդ երգերը Ծննդեան գիշերներու “Խորհուրդ մեծ”-ն էր ու Զատկուան գիշերներու “Քրիստոս յարեաւ”-ը: Գիտէի այդ երգերը, մենք եւս այդ պահերուն կ’երգէինք տունէ-տուն՝ քանի մը գաթայ կամ քանի մը դահեկան ստանալու համար(5) եւ մէկ-երկու ժամ ետք կազմ ու պատրաստ, առաւօտ կանուխ, երբ ժամը կը մօտենար չորսին, կ’աճապարէինք դէպի սուրբ Աստուածածաին եկեղեցին՝ տօնական օրերու առաւօտեան ժամերգութիւնը սկսելու».
Լոյս, արարիչ լուսոյ, առաջին լոյս,
Ծագեա՛ ի հոգիս մեր զլոյս քո իմանալի…
Ու դեռ ասոնց հետ ու ասոնց չափ ալ… «Դըլէ եաման»-ն ու «Որսկան աղբեր»-ը…
Կարելի է միայն զարմանալ, թէ այս բոլորին մտապատկերը ինչպէ՞ս կրցած է այնքան վառ, կենդանի ու անաղարտ կրել այսքան տարի՝ կենսաբանական գիտութիւններու եւ բջիջային կենսաբանութեան տարրալուծարաններուն մէջ եւ Գալիֆորնիայի այլասերիչ քառուղիներուն վրայ:
* * *
Վերջին, բայց ոչ-նսեմագոյնը այս գրքին ու անոր հեղինակին արժանիքներէն:
Այն միջավայրին մէջ, ուր հասակ առաւ Մարզպետ, — ու տողերս գրողը, — չէին պակսեր հայախօս ընտանիքները, սակայն այն հայերէնն ու հայեցի մթնոլորտը, որ կը տիրէր Մարկոսեաններու տան մէջ, ունէր ուրիշ որակ ու տարողութիւն. Մարզպետ այդ որակն ու տարողութիւնը իւրացուցած ալ բաժնուեցաւ բոլորէս եւ վաղ երիտասարդական տարիներուն մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ՝ աշխարհի ամենայառաջադէմ ոստանին մէջ աւելի տիրելու խորհուրդներուն այն գիտութեան, որ մագնիսի մը պէս կը քաշէր զինք, ու յաջողեցաւ այնտեղ անյագուրդ ըմպել անոր յորդառատ դաշխուրանէն: Իր յաճախակի այցելութիւնները՝ ծննդավայրը, հարազատներուն եւ բարեկամներուն, դիւրաւ նկատելի կը դարձնէին այն շեշտուած հայեցիութիւնն ու լեզուական գերակայութիւնը, որ ան կը վայելէր յարաբերաբար շրջապատին: Ու չէինք զարմանար. ան միշտ փայլած էր իր գերակայութեամբ: Ինչ որ սակայն ապշեցուցիչ էր՝ հայերէնի իմացութեան այն յաւելեալ որակն էր, որ ձեռք բերած էր բացակայութեան տարիներուն` առինքնող որակը բառերուն, շարադրութեան ու ոճին: Գոհանանք քանի մը նմուշով. ընթերցողը ամեն քայլին պիտի վայելէ զանոնք:
Այստեղ ուշադրութիւնդ կը գրաւեն՝
— Առաջին նուագ այն բառերը, որոնց… առաջին անգամն է կը հանդիպիս կեանքիդ մէջ, ինչպէս՝ անհերձելի, երկպարուրային, կողահերձ, հաստատուններ (constants), հաւատաւոր թերափ, հոգեյատակ, հրազինել, մոյնք, շաքլել (droning), ոչնչատեսիլ, սաղապամիտ, ստերիւր-անստերիւր, վրնջական, փաղաղուած, փերեւետել…
— Ապա այնպիսիները, որ տարտամօրէն կը ճանչնաս, սակայն չես համարձակիր կիրարկել, ինչպէս՝ անգայտ, գոյութենական իսկութիւն, խոտոր համեմատիլ, մախանք, շամանդաղ, շողոմել, վարշամակել, տեսակարար կշիռ…
— Եւ վերջապէս ոճեր ու բառակապակցութիւններ, ինչպէս՝
առհաւական խռովք
գաղափարական հերձումի անէծքը
խտղտացնող փառասիրութիւններ
կարողական ստորոգելիներ,
միամտութիւններ փառասիրել
յուզումնախառն զգայնութիւններու ալեբախումը յուշերու խարակներուն դէմ
պալար կապած մտքի ու գաղափարի ստերջութիւն
սնամէջ ու անբարձելի տարակարծութիւններ
Իր տեսակէտները համոզիչ դարձնելու համար չի վարանիր Աստուածաշունչէն, Նարեկացիէն, մինչեւ մեր շարականներէն գրաբար այլազան մէջբերումեր կատարելու.
Եթէ Քրիստոս չիցէ յարուցեալ,
ընդունայն են հաւատքն ձեր,
ընդունայն են քարոզութիւնք մեր:
Կարելի չէ հարց չտալ՝ «Աղէկ, հապա այս գրաբարը ե՞րբ եւ որմէ՞սորվեցաւ»:
Չենք կրնար այս հատուածը փակել՝ առանց անդրադառնալու Մարզպետի գրական ծաւալուն վերլուծումներուն՝ նուիրուած Չարենցի, Թէքէեանի, Զարեհ Մելքոնեանի, Ժագ Յակոբեանի, Ստեփան Ալաջաջեանի եւ քանի մը ուրիշներու, վերլուծումներ, որոնք շատ աւելի անդին կ’երթան հայկական երկրորդական վարժարանի մը տուածէն՝ մեր բոլոր յարգանքներով իր յաճախած դպրոցին հանդէպ: Առ այս՝ չի վարանիր հրապարակել իր յախուռն դատողութիւները. «Ժագ Յակոբեան կ’ըլլայ մեր մշակոյթի անդաստանի տիրական դէմբերէն մին՝ քովն ի վեր Մեծարենցի, Տէրեանի ու մանաւանդ Վահան Թէքէեանի»: Սա իր կարգին կը նշանակէ աւելի քան սիրողական ուրիշ մարզ մը, որ առիթ գտած է զարգացնելու նմանապէս ակադեմական կրթութեան զուգահեռ, ա՛լ չեմ խօսիր օտար գրականութեանց, — գրականութեա՛նց կ’ըսեմ, այո՛, — մէջ ունեցած ապշեցուցիչ ծանօթութիւններուն մասին:
Այս պարագային եւս գոհանանք հակիրճ նախաճաշակով մը կամ յիշատակումով մը միայն, իսկ ընթերցողը աշխատութեան երկայնքին լիաբուռն պիտի գտնէ այսպիսիները մեծ ձեռնհասութեամբ կիրարկուած՝ ի վայելումն քմաց ու մտաց իւրոց:
Պէյրութ
1) Թելադրելով անոր, որ հրաժարի իր անկախութենէն եւ ենթարկուի Խորհրդային իշխանութեան, ինչ որ տեղի ունեցաւ եւ որուն հետեւանքով ու փոխարէն՝ Հայաստան կորսնցուց Կարսի եւ Արտահանի նահանգները:
2) Յօդուածը գրուած է 2005-ին, երբ տակաւին Արցախն ու ազատագրուած եօթը շրջանները կը մնային հայոց իշխանութեան տակ. հեղինակը ասոնք վաստակեալ իրաւունք կը նկատէ եւ պատրաստ չէ որեւէ բան վերադարձնելու:
3) Պուրճ Համմուտի հիւսիս-արեւելեան ծայրը՝ բոլորովին հայախօս Նոր Թոմարզան:
4) Հեղինակը համեստութեամբ կը խուսափի յիշելէ, որ ան՝ ոմանց համար «պարոն Սահակը», իսկ ուրիշներու համար՝ «Սահակ աղան» հայրն է՝ ըստ ամենայնի պատկառելի անձնաւորութիւն մը, որ հանրօրէն յարգուած ու սիրուած էր բոլորէն:
5) Այդ գիշեր պտտողները միայն իրենք չէին. կը պտտէին ուրիշ խումբեր ալ, որոնք կը զարնէին իր պապենական տան դուռը եւս. այստեղ՝ կիսաբաց դռնէն ձեռք մը ափ մը չամիչ, գաթայ մը կամ մետաղադրամ մը երկարելով չէր գոհանար. դուռը լայն կը բացուէր երգողներուն առջեւ, անոնք սիրալիր ներս կը հրաւիրուէին, ըստ պատշաճի կը հիւրասիրուէին այլազան բարիքներով, աւարտին՝ պարոն Սահակը կամ Սահակ աղան մտերմաբար կը հարցնէր. «Նայիմ որքա՛ն հաւաքեր էք»… եւ տղաքը իրենց հաւաքած գումարը կրկնապատկած եւ մախաղները լեփլեցուն դուրս կու գային այդ տունէն: