ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Կը շարունակեմ ստացած կամ ձեռք ձգած գրքերուս մասին ակնարկներու այս շարքը։
Մեծապէս հետաքրքրական նիւթ մըն է, որ կը մատուցէ Նազելի Մարգարեանի «Հայոց լեզուի տարիքի եւ տոմարի սկզբնաւորման շուրջ» փոքրիկ հատորը (Ոսկան Երեւանցի հրատ., Երեւան 2021, 87 էջ)։ Գրքին սկիզբը կը նշուի իրաւամբ. «Հայկական բարձրաւանդակի ներկայիս միակ բնիկ եւ կենդանի լեզուի՝ հայերէնի տեղի եւ դերի գիտական յստակեցումը ունի առանցքային նշանակութիւն։ Որպէս հնդեւրոպական լեզուաընտանիքի հնագոյն եւ առանձին ճիւղ՝ հիմնաւորման կարիք ունի հայոց լեզուի տարիքը, տեղը, մերձաւոր ցեղակցութեան կապը՝ նախ մեր բնօրրանի մեռած լեզու համարուող խեթերէնի հետ, նաեւ՝ թէ հայ մատենագիտական հարուստ գանձարանում ի՛նչ տուեալներ կամ վկայութիւններ կան հայկական քաղաքակրթութեան սկզբնաւորման մասին»։
Հեղինակը կ՚առաջադրէ «ուսումնասիրել մինչեւ այժմ եղած գիտական ուսումնասիրութիւնները» եւ «համադրել տարբեր ոլորտների գիտնականների հետազօտութիւնների վերջնական եզրակացութիւնների հետ» – տիտղոսին եւ այլ յղումներուն դասական ուղղագրութեամբ ներկայացումը՝ իմ կողմէ։
Ահա բովանդակութիւնը՝ Նախաբան / Ըստ լեզուաբանների / Ըստ հնագէտ Ռենֆրիուի վարկածի / Հայերի բնօրրանի եւ հայոց լեզուի մասին / Եւրոպական գենետիկական նորագոյն հետազօտութիւնների տուեալները / Ըստ մարդաբանութեան՝ անտրոպոլոգիայի / Ըստ հայկական մատենագիտական աղբիւրների / Օգտագործուած գրականութեան ցանկ (այս մէկը աւելի քան 7 էջ)։ Կցուած են նաեւ ռուսերէն ու անգլերէն ամփոփումներ։ Գիրքը ճոխացած է քարտէզներով, նկարներով, աղիւսակներով եւ բնութագրական գծագրութիւններով։
Գիրքը լոյս տեսած ատեն Նազելի Խաչիկի Մարգարեան կը ներկայանայ որպէս գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ։ Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը (ֆակուլտետը)։ Դասաւանդած է Արտասահմանեան գրականութիւն։ Կը զբաղի հայագիտական հետազօտութիւններով։ Գրքի հրատարակութեան խմբագիրն է Գոհար Դանիէլեան, համակարգչային էջադրողը՝ Անահիտ Գրիգորեան, ձեւաւորողը՝ Քրիստինա Տէր-Սարգսեան, իսկ տպագրութեան մեկենասը՝ Տիգրան Գրիգորի Կիվրանեան։
Յատկապէս այս օրերուն կարեւոր է նման գրքերու հրատարակութիւնը։
Երկրորդ հատորը, որ կ՚ուզեմ ընթերցողին ուշադրութեան յանձնել Համազգային հայ կրթական մշակութային միութեան եւ Խ. Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի կողմէ, 2022 սեպտեմբերին կազմակերպուած համահայկական գիտաժողովի զեկուցումները ամփոփող գիրքն է՝ «Պոլսահայ գրականութիւնը 20-րդ դարի կէսից մինչեւ մեր օրերը», հրատարակչութիւն՝ «Արմաւ», Երեւան 2023, 248 էջ։ Նկատի առնելով նիւթին լայն ծաւալը՝ գիտաժողովը թէ գիրքը պիտի համարուին որպէս առաջին հանգրուան։
Գիրքը ի մի կը բերէ 16 զեկուցումներ ընդհանրապէս ականաւոր մտաւորականներէ, որոնք մեծ մասամբ Հայաստանէն են, նաեւ Արցախէն (երկու) եւ Ֆրանսայէն, Քուէյթէն ու ԱՄՆ-էն (մէկական)։ Անոնք ակնարկներ են թէ՛ պոլսահայ ընդհանուր գրականութեան վերաբերեալ, թէ՛ ալ առանձին հեղինակներու՝ Զահրատի, Յակոբ Մնձուրիի, Ռոպէր Հատտէճեանի, Զարեհ Խրախունիի, Տ. Սահակ Բ. Մաշալեան պատրիարքի, Շնորհք պատրիարքի եւ Անդան Էօզերի, ոմանց պարագային մէկէ աւելի անդրադարձումներով։
Գիրքը կը բովանդակէ նաեւ օրհնութեան եւ ողջոյնի պաշտօնական խօսքերը։
Աւելցնեմ, որ սոյն հատորը՝ դասական ուղղագրութեամբ, կազմուած է Ռուզան Առաքելեանի ու Նաիրա Նահապետեանի կողմէ, խմբագրուած՝ Քնարիկ Աբրահամեանի կողմէ։ Մարինէ Կիրակոսեան խմբագրած է անգլերէն ամփոփումները, էջադրումն ու ձեւաւորումը կատարած է Արտակ Բաղդասարեան։
Ցանկալի է, որ շարունակուին նման գիտաժողովներն ու անոնց հետեւող հրատարակութիւնները՝ նուիրուած ըլլա՛յ պոլսահայ գրականութեան, ըլլա՛յ հայ գրականութեան այլ երեսներու քննարկման ու ծանօթացման։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
(շարունակելի)