Գրքերու հետ — Լեւոն Արտազեան, Եզրեր։ Երեւան, 2023, 32 էջ

Ս.Ա.Յ.

Մեկենասութեամբ՝ Կարօ Նոխուտեանի, Երեւանի մէջ լոյս տեսած է Լեւոն Արտազեանի, ծնեալ Նոխուտեան, «Եզրեր» խորագրով բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն։
«Եզրեր» գողտրիկ գրքոյկը կու գայ աւելնալու հեղինակի հրատարակութիւններուն պատկառելի քանակին վրայ։ Անոր ցարդ լոյս ընծայած հատորներն են՝ «27» քերթուածներ, տպ. Անթիլիաս, 1999. «Կենսակապ», քերթուածներ, տպ. Վահէ Սէթեան, 2004. «Դարերու երգը», հրատարակութիւն «Արծիւ»ի, 2005. «Արամ Արման. տարիներ ետք», քերթուածներ, հրատարակութիւն «Արծիւ»ի, 2007. «Տրոփ», քերթուածներ, հրատարակութիւն «Արծիւ»ի, 2012. «Ճակատագիր եւ պսակ» «Աբրահամ Ալիքեան», դիմանկար եւ քերթուածներ, 2018։
Արտազեանի «Եզրեր»ը կը սկսի Հորիզոն խորագրով բանաստեղծութեամբ մը նուիրուած թատերագիր, արձակագիր, դերասան, բեմադրիչ Վաչէ Ատրունիի որու գրական-թատերական գործունէութեան յիսունամեակը կը նշուէր Պէյրութի մէջ 2017-ին ։ «Հորիզոն» կը բացուի հեղինակի խոհերուն եւ ընթերցողին առաջ հեղինակի եւ Վաչէ Ատրունիի հետ անկիւնադարձին հանդիպումին, ուր Արտազեան կը յայտնէ՝
Շրջանցեցի՛նք բարեւն այդ
Ինչպէս հին-հի՜ն ծանօթներ,
Հարցում, զրոյց ու կարծիք՝
Մտերմութեան բե՛մ դարձան։

Այս բացումին կը յաջորդեն տասը բանաստեղծութիւններ ուր ընթերցողը կը մտերմանայ հեղինակի խոհերուն հետ։ Առաջին քերթուածը գրուած Երեւան 20 փետրուար 2021-ին, աշխարհի համակարգի մասին հեղինակի մտածումներն են եւ իր համոզումը թէ գիտութիւնը կը փորձէ հասկնալ տիեզերքի կառոյցը բայց չ՚ըմբռներ համակարգի արուեստի գործ եւ ծնունդ ըլլալը։ Երկրորդ բանաստեղծութիւնը «ընթացք» խորագիր կը կրէ եւ հեղինակի մտածումներն են մարդ արարածի մասին՝
Մարդը, անկա՛խ իր կամքէն
Աշխարհ կուգայ, ապրելու,
Իսկ ծնունդէն մինչեւ մահ,
Ընթացք ունի փոթորկոտ։

Հեղինակի համար մարդու էութիւնը ծնունդի եւ ծերութեան երկու եզրերու միջեւ կ՚ընթանայ։ Երկու եզրերու միջեւ մտածողութեամբ կ՛ընթանայ յաջորդ բանաստեղծութիւնը նոյնպէս։ Գիրքի խորագիրը կրող «Եզրեր» քերթուածը կը շեշտէ՝
Երկու եզրերու միջեւ՝
Կը շրջի միտքը մարդուն։
Մէկով՝ աշխարհն է նիւթին,
Կերպարանքի ու ձեւի,
Միւսով՝ անտէս գաղափար,
Անմարմին ու անսահման։

Ապա դարձեալ Մարդն է արծարծուած Արտազեանի այս գիրքին մէջ զետեղած յաջորդ քերթուածին, ուրուն կը յաջորդէ կեանքի մասին իր բանաստեղծութիւնը։ Իսկ շարքի վեցերորդ քերթուածը կեանքը որպէս պայքար կը բնորոշէ։ Եօթերորդ քերթուածը գիտութիւնն ու կրօնը որպէս երկու բեւեռ կը բացայայտէ եզրակացնելով՝
Ե՛ւ գիտութիւն, եւ՛ կրօնք,
Թէեւ դաշտեր են անջատ,
Սակայն միեւնոյն ճամբուն կից՝
Երկու ափերն են անոնք
Մարդկութեան մէջ ընգրկուած։

Կրօնք խորագրով է յաջորդ քերթուածը, ուր Արտազեան կրօնը բազմագլուխ վիշապի կը նմանցնէ։ Իներորդ քերթուածը մտորում է հայրենիքի ու պատկանելութեան մասին։ «Եզրեր» հաւաքածոյի վերջին քերթուածը՝ Ուղի խորագրով գալիք սերունդին նեղ մտքերէն դուրս, նոր հորիզոններով անկաշկանդ ուղիի բացումը կ՚աւետէ։

Լեւոն Արտազեան ծնած է Պէյրութ 1958-ին։ Աշխատակցած է «Ազդակ», «Արարատ», «Զարթօնք» օրաթերթերուն, պարբերաբար, իսկ 1997֊2018 «Արծիւ» ամսաթերթին մշտական, յօդուածներով, քերթուածներվ, անդրադարձներով։ Ան այժմ հաստատուած է Երեւան։ Իր Տրոփ խորագրեալ քերթողագիրքէն, լոյս տեսած 2012-ին Արծիւ թերթի հրատրակութեամբ, ընթերցողը կը տեղեկանայ Արտազեանի ընտանեկան պարագաներուն ուր իր անհուն սէրը կը յայտնէ իր երեք զաւակներուն, կնոջ, մահացած ծնողներուն, ինչպէս նաեւ բնութեան եւ կեանքի հանդէպ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *