Նորա Բարսեղեան
Օգոստոսի 4-ին լրացաւ 3րդ տարելիցը Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումին, որ կը համարուի ցարդ արձանագրուած ամենահզօր ոչ-հիւլէական արհեստական պայթումը։ Բացի իր մարդկային եւ նիւթական վնասներէն (առնուազն 218 մահ եւ 7000 վիրաւոր, 300 հազար անտուն, 15 միլիառ ամ. տոլարի գնահատուող նիւթական վնաս), դարձաւ խորհրդանիշը բազմիցս վիրաւոր բայց յամառօրէն կենսունակ քաղաքին ու երկրին։
«Ազդակ»ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեանի այս գրութիւնը գրուած է երեք մասով։ Հեղինակը պայթումի իւրաքանչիւր տարելիցին հրապարակած է անոր մէկ բաժինը, որ լայնօրէն տարածուեցաւ մեր մամուլի էջերուն վրայ։ Նախընտրեցինք ներկայացնել երեք բաժինները միասին, որպէս մէկ ամբողջութիւն, որպէսզի ընթերցողը զայն ընկալէ լիարժէքօրէն, առանց ընդմիջումներու։
Հորիզոն գրական
— Արա՛, այս ֆիլմերուն մէջ ինչպիսի՞ նկարահանումներ կրնան ընել, որ ամբողջ քաղաք մը քարուքանդ ըլլայ, ամեն մարդ վնասուի, քաոս տիրէ ամենուրեք, այսքա՜ն տակնուվրայութիւն… Վստահ ասիկա իրական չեն նկարեր, այլապէս ինչպէ՞ս պիտի ընեն, քաղա՞ք մը կործանեն…
— Սովորաբար մէկ փոքր մաս մը իրական կ՚ըլլայ, իսկ ամբողջութիւնը` անշուշտ համակարգիչով եւ արդիական արհեստագիտութեամբ, — քիչ մը միամիտ հարցումիս փոքր ժպիտով կը պատասխանէ եղբայրս` առանց աչքը հեռացնելու հեռատեսիլի պաստառէն:
Մէկ հատիկ եղբայրս` Արան, փոքր տարիքէն կը սիրէ սարսափազդու ժապաւէնները, կոտրել-փշրելը, արկածախնդրական պատկերները, իսկ ես, թէեւ որոշ վախով եւ պրկումով, բայց միշտ ալ աչքիս տակէն կը հետեւիմ իր դիտածներուն, որոնց կիսով ու անվերջանալի հարցումներով կը հետեւի նաեւ մայրս: Բայց փափկանկատ եղբայրս, երբ անդրադառնայ, որ պատկերները շատ ահարկու կը դառնան, անպայման կը փոխէ կայանը` խնայելու մեզի, երբեմն նոյնիսկ լրիւ կը մարէ հեռատեսիլը…
* * *
Չեմ գիտեր ինչո՛ւ, այդ օրը` 4 օգոստոս 2020-ին, հակառակ անոր որ քրոջս փոքրիկ աղջիկը` Տեսիլը մեր տունն էր, այդքան սարսափելի ու ահաւոր ժապաւէն մը դիտեցինք բոլորով, այդքան կարմիր ժապաւէն…
Բայց եւ այնպէս Արան կրկին նոյն փափկանկատի եւ գուրգուրոտի դիրքին մէջ եղաւ` իր իսկ մարմնով եւ բազուկներով ամբողջովին փակելով Տեսիլին ո՛չ միայն աչքերը, այլ նաեւ դողդղացող փոքրիկ մարմինը ամբողջ…
Այս անգամ անկարելի էր կայանը փոխել, մարդկային գիտակցութեան ու երեւակայութեան մէջ չտեղաւորուող տեսարանները հեռավարի կոճակի սեղմումով մը անհետացնել, որովհետեւ մենք կամաւոր դիտողներ չէինք այս անգամ, այլ «հերոսները» այն ժապաւէնին, որուն նոյնիսկ մէկ պատկերը չտեսնելու համար շատեր պիտի մարեն հեռատեսիլը անպայման…
Կամքը մերը չէր, ոչ ալ որոշումը, բռնի կերպով դերակատարութիւն տրուեցաւ մեզի, առանց նոյնիսկ մեր` տեղեակ ըլլալուն, որ բազմաչարչար Պէյրութի նուիրուած այդ նոր ժապաւէնը պիտի նկարահանուէր ա՛յդ օր, ա՛յդ պահուն, մեր տեսադաշտին մէջ, իսկ մեզի ալ դերեր պիտի վստահուէին, շա՜տ դժուար ու դաժան, անխիղճ ու քստմնելի դերեր…
* * *
Յետմիջօրէ է, բաւական ընդարձակ հիւրասենեակը նստած ենք չորսով. ամառնային հիւթեղ պտուղներու կողովը մեր քով դրած` ես ու Տեսիլը կը վայելենք ամրան բարիքները, զուգահեռաբար անշուշտ խաղով մը տարուելով: Ժամանակը կը մօտենայ պատրաստուելու եւ «Ազդակ» երթալու` եղբօրս ինքնաշարժով, իսկ Տեսիլն ալ, հօր եւ հօրեղբօրը հետ պիտի ուղղուի Մար Մըխայէլ` իր որդեգրած եւ անուանակոչած Սիմպա կատուին այցելելու ու զայն կերակրելու…
Մեզի` մեր ծնունդէն իսկ պատերազմին հետ ապրածներուս, իսրայէլեան յարձակումներ վկայածներուս համար սովորական դարձած օդանաւի ձայնը հազիւ լսած` պատշգամ ելած եւ շուտով վերադարձած եղբայրս յուշեց, որ մեզմէ նուազ քան մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող նաւահանգիստը անբնական բան մը կը կատարուի, հրդեհ, մուխ… Բարեբախտաբար (բարի եւ բախտ… տեղի՞ն է այս բառը հոս), եղբայրս երկար չի մնար դուրսը, որովհետեւ հետաքրքիր զոյգս` ես ու Տեսիլը, շուտով անպայման պիտի հետեւէինք իրեն` տեսնելու, թէ ի՛նչ կայ, նաեւ ականջ պիտի չտայինք իր խրատներուն` ներս անցնելու:
Ելեկտրականութեան ընդհատումով տաքցած սենեակը զովացնելու նպատակով Արան սենեակին պատուհանը (չորս տախտակէ շրջանակներով ապակիներ,- երբեք այս մանրամասնութիւնը կարեւոր չէր եղած, ինչպէս այդ օր) կը բանայ, կը հեռանայ անկէ ու կը նստի իր բազկաթոռին…
Նաւահանգիստէն հասնող ձայները կը շարունակուին, կը փոխուին, պայթուցիկի արձագանգներ ալ կը սկսին լսուիլ:
Քոյր-եղբայր իրարու կը նայինք, աչքով կը զրուցենք կարծես, երկուքիս նայուածքին մէջ մտահոգութիւն կայ, կարծես բան մը կ՚եռայ, անբնական միջադէպ պիտի պատահի, եւ մենք շուարած ենք ի՛նչ ընել: Մայրս պատով պաշտպանուած իր աւանդական տեղը նստած է, Տեսիլը տակաւին գիրկս է` իր մանկութեան աշխարհին մէջ լողացող…
5:54
Նորա. — Օդանաւ զգացի՞ք:
Վերա (քոյրս, որ Պուրճ Համուտ կը գտնուէր այդ պահուն). — Չէ՛, ի՞նչ եղաւ:
5:58
Նորա. — Ցնցում, նաւահանգիստը բան մը կայ կարծես:
Վերա. — 😲
6:01
Նորա. — Հրդեհ:
6:02
Վերա. — Մօ՞տ է
Նորա. — Չենք գիտեր…
(Բջիջայինի ընտանեկան էջի զրոյցէն)
6:03. Յարաբերաբար թեթեւ կամ մեզի ծանօթ պայթումի ձայնը Տեսիլը կը հրաւիրէ մեր աշխարհը, շուտով կը թռչի գիրկէս եւ կը սուրայ իր ապաստանարանը` քեռիին հսկայ բազուկներուն մէջ, որոնք զրահապատի դեր կը կատարեն իսկապէս…
6:04. Կ՚ելլեմ տեղէս` ուղղուելու եղբօրս ու Տեսիլին քով, որոնք պատուհանէն հեռու, սակայն պատուհանին դիմաց են` գիրկընդխառնուած:
6:06. Ես ու Արան նաւահանգիստին ուղղած մեր հայեացքներով կը փորձենք կռահել, վերջացա՞ւ, թէ՞ տակաւին…
6:07. Ճերմակ խիտ ու հսկայական ամպ մը կը ներխուժէ մեր տունը` տեղահան ընելով ամեն ինչ, պատերը կարմիր ներկելով, ինչպէս դիպուկ կերպով կը նկարագրէ Տեսիլը… Պատուհանը, ուրկէ դուրս դիտելով մեր կեանքի երազները հիւսած ենք կեանք մը ամբողջ, տախտակի ու ապակիի ամբողջ կազմով «կը յարձակի» մեր վրայ` փայտեայ եւ ապակեայ իր մասերէն ոմանք անջնջելի կերպով մխրճելով մեր դէմքին, մարմնին մէջ… Սոսկալի, ահեղ, սարսափազդու (թէեւ չեն յաջողիր նկարագրել տարողութիւնը) ցնցում մը, երկրաշարժ մը, պայթում մը կ՚ընկերանայ ամպին…
Կը պայթի ամեն ինչ անխտիր, կը պայթին մեր մարմինները, սիրտերը, միտքերը, գիտակցութիւնը, էութիւնը համակ: Սենեակի կեդրոնի ջահը «կը ղօղանջէ» ուժգին ու արագ` հարուածելով առաստաղը եւ կրկին միւս կողմ, մեր գլուխները եւս ուժգին «կը ղօղանջեն»` գիտակցութեան, ենթագիտակցութեան եւ անգիտակցութեան միջեւ, հազարաւոր թոներ կը ճնշեն մեր մարմիններուն, ամենէն մեծ առարկայէն մինչեւ ամենէն փոքրը «կը թռչին», «կը թռչինք» մենք, կարծէք մեր կեանքն ալ կը փորձէ «թռչիլ» ու հեռանալ, մահուան ուրուականն ալ կը թեւածէ այդ ամբողջ աւերակին ու արեան գետին վրայ, մեր կեանքի թելը արդէն արագ-արագ կը ճօճուի մեր դիմաց…
. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .
. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .
. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .
Երկվայրկեանի մը մէջ կը փոխուի ամեն ինչ, իսկապէս ԱՄԵՆ Ի՛ՆՉ… Մեր կեանքի թելը, բազում անգամ ճօճուելէ ետք, կը շարունակէ կապուած մնալ, մեզ կը կապէ իրարու, կեանքին…
Աստուածային հրաշքները կը յաջորդեն իրարու… Մահը անպատուհան պատուհաններէն վտարուած է… Ողջ եւ քալելու ատակ ենք բոլորս, Տեսիլը ծածկուած է մեր արեամբ, բայց ինքը, ՓԱՌՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ, շատ փոքր վէրքեր ունի միայն, գէթ` ֆիզիքապէս. «Արիւնոտ մազերը հեռացուցի եւ տեսայ սպիտակ ու սիրուն դէմքը, հանգստացա՜յ», աւելի ուշ կը պատմէ մեր մէջէն ամենէն զգաստն ու ատակ եղբայրս, որուն կացութեան ահաւորութեան չանդրադարձանք այս պահուն… Մայրս վիրաւոր է վիզէն, ես… հազիւ ոտքի կանգնած, կ՚իյնամ կրկին, մայրս ձեռքէս բռնած կ՚օգնէր, որ ոտքի ելլեմ, մինչ մեր արիւնները կը միախառնուէին իրարու, մօրս սահմռկած աչքերը թոռնիկին կողմ կ՚երթան, յետոյ կը նայի ինծի, ապա տղուն… Մեծ մօր եւ մօր անոր բարի աչքերը ինչպէ՞ս տեսնեն այս բոլորը…
— Կարծեմ աչքս չկայ, — կը շշնջամ եղբօրս` ճակատիս լայն ու խոր բացուածքներէն դէպի աչքս իջած արիւնէն ոչինչ տեսնելով: Արան` սարսափած, կը մօտենայ եւ կը ստուգէ աչքս, տեղն է…
Բարեբախտաբար (բարի եւ բախտ… տեղի՞ն է այս բառը հոս, հաւանաբար այո՛` այդ օր ուրիշներու ապրած դաժանութեան եւ ունեցած կորուստներուն հետ բաղդատած), քեռայրս ուշացած էր Տեսիլը առնելու, մենք ուշացած էինք դէպի «Ազդակ» ճամբայ ելլելու, այլապէս բոլորս պիտի գտնուէինք գրեթէ պայթումի վայրին մէջ… Բջիջայինի մեր ընտանեկան խօսակցութեան էջին վրայ գրած էի, որ դէպք կը պատահէր նաւահանգիստը, որովհետեւ ցնցումը այնքան ուժգին էր, որ իւրաքանչիւրը կարծած է, թէ իր տան կողքին պայթում եղած է… Եղբայրս կրցաւ քրոջս տեղեկացնել, որ Տեսիլը լաւ է, մենք վիրաւոր ենք եւ օգնութեան կարօտ, իսկ քեռայրս շրջան հասնող ամենէն առաջին անձերէն եղաւ…
— Ինքնաշարժիս բանալին ա՛ռ, Տեսիլին հետ տուն գացէք, — կ՚ըսէ եղբայրս քեռայրիս եղբօրը: Ինքնաշա՜րժ, չկայ արդէն, ճզմուած է:
— Սալբի՜ն, Արաքսի՜ն, — կը շարունակէ Արան՝ մեր մտերիմ եւ քովի թաղը բնակող դրացիներով մտահոգ:
— Չենք կրնար ուշանալ, արիւնաքամ պիտի ըլլաք, շո՛ւտ, — կը շտապեցնէ քեռայրս:
Տեսիլը` հօրեղբօրը ուսերուն հանգչած, կ՚ուղղուի տուն` անմեղ աչքերով դիտելով ամբողջ ճամբուն իշխող մեղաւորութիւնը կեանքի, աւերակ դարձած շրջանն ու իրենց դառն ճակատագիրին դէմ պայքարող, աջ ու ձախ վազվզող մարդիկը…
Գիտակցութեան եւ ենթագիտակցութեան միջեւ տատանելով` կ՚իջնեմ մեր շէնքին աստիճաններէն` զարմանքով նայելով կանաչ մարզական կօշիկներուս, որոնք կարմիրով կէտաւորի վերածուած են…
Յիշողութիւնս ջնջած է եղածին մէկ մասը, բայց լաւ կը յիշեմ կրկնուող հարցումս քեռայրիս ինքնաշարժին մէջ.
— Ասիկա իրական չէ, չէ՞, իրական չէ….:
Կը նայիմ պատուհանէն դուրս, արիւնլուայ մարդիկ, գետինը հանգչող անշնչացած մարմիններ, մարմնէն անջատուած ձեռքը կրկին տեղը դնելու փորձ ընող կին մը, արիւնլուայ երիտասարդ մը, վիրաւորներ, վիրաւորներ, անդամահատներ, քանդում, մահ ու մոխիր, մահ, քարակոյտեր, համատարած աւերակ, աւեր…
— Իրական չէ, չէ՞, իրական չէ….:
— Իրակա՛ն է, Նորա՛, իրակա՛ն է…, — թեթեւ բարկութեամբ եւ խոր ցաւով լեցուն ձայնով կը պատասխանէ եղբայրս:
Կը նայիմ իրեն, կը նայիմ կրկին… Արա՜… Փայտի կտոր մը անոր աչքին քովէն մտնելով դէպի ականջ հանգչած է…
… Ուրեմն իրական է, դաժան…
Կը նայիմ աջ ձեռքիս, որ կապուած է քեռայրիս կանաչ շապիկով, կը հեռացնեմ կտորը… աննկարագրելի պատկեր…
… Ուրեմն իրական է, արիւնոտ…
Կը նայիմ մօրս, ամբողջ հագուստը կարմիր է, մութ կարմիր, դէմքը ոչ միայն վիրաւոր է, այլ աշխարհի ամբողջ տխրութեամբ պատուած…
… Ուրեմն իրական է, մռայլ ու թախծոտ…
. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .
. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .
. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .
Բայց չէ որ ասանկ համատարած քանդում, մէկ երկվայրկեանի մէջ հարիւրաւոր զոհեր ու վիրաւորներ միայն ժապաւէններուն մէջ կը պատահին, ինչո՞ւ մէկը այս անգամ հեռավարին կոճակը չսեղմեց եւ չանհետացուց այս սարսափազդու պատկերները…
4 օգոստոս 2020, ժամը շուրջ 7:00:
Պէյրութի նաւահանգիստի ահեղ պայթումին ցնցումը կարծես կը յամենայ էութեանս մէջ` ֆիզիքապէս ու հոգեպէս, կը կարծեմ, թէ ուժգին կը դողամ, թէեւ անշարժ, անխօս ու սահմռկած նստած եմ: Ա՛լ չեմ համարձակիր բարձրաձայն հարցնել, թէ եղածը իրակա՞ն է, բայց տակաւին իրական-անիրականի ներքին պայքարը կը խռովէ միտքս ու հոգիս: Եթէ աչքերս լաւ բանամ, արդեօք այս ահաւոր երազէն կ՚արթննա՞մ, կամ` եթէ աչքերս լաւ փակեմ, արդեօք այս ահաւոր ֆիլմը վերջ կը գտնէ՞…
Բայց իրականը տիրական է, թէեւ կը փորձեմ կառչիլ անիրականին, որ կամաց կամաց ու պարտադրաբար կ՚անհետանայ արդէն եւ կը փոխարինուի դառն ու մարդու երեւակայութեան մէջ իսկ չտեղաւորուող իրականով, որ ամեն տեղ է, համատարած, Պէյրութի շարժուն եւ անշարժ իւրաքանչիւր մասնիկի վրայ, 4 օգոստոս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 6:04-ին Պէյրութի եւ մերձակայ շրջաններուն մէջ գտնուող ամեն մարդու ու ամեն իրի վրայ անխտիր (տարբեր տարողութեամբ), ի՛մ իսկ արիւնոտ մարմնիս վրայ:
Քեռայրիս ինքնաշարժով կը շարունակենք «թիավարել» մարդկային ողբերգութեամբ փոթորկոտ ծովուն մէջէն, կարմիր ծովուն… Մերթ կը նայիմ պատուհանէն ներս` կողքիս նստած (այս անգամ ալ կողքիս է) եղբօրս, որուն աչքին քովէն արիւնը կը ծորի անդադար, եւ որուն ականջը ամբողջովին այլանդակ վիճակ մը ստացած է հոն խրած փայտին ճնշումէն, մօրս, որուն վիզին խոր վէրքերէն արիւն կը ժայթքի, իսկ ինք եղբօրս տուած անձեռոցով կը ճնշէ անոնց վրայ, որպէսզի արիւնահեղութիւնը թեթեւնայ, քեռայրիս, որ խելօքի ու խելագարի խառնուրդի վերածուած է` մեզ ամենէն մօտիկ հիւանդանոցը հասցնելու անյոյս, սակայն վճռական հեւքով եռացող, եւ որ ինքնաշարժի, նաեւ կեանքի ղեկը միշտ իր տիրապետութեան տակ պահել կը փորձէ:
Յանկարծ կայծակնային հարցում մը կը փայլատակէ մտքին մէջ, երբ եղածին իրական ըլլալը այլեւս կը ճնշէ գիտակցութեանս վրայ. չէ՞ որ մենք երեք չէինք, այլ չորս…
— Տեսի՞լը,- կը պոռամ, — Տեսիլը ո՞ւր է:
— Տեսիլը լաւ է, բան չունի, փոքր վէրքեր միայն, հօրեղբօրը հետ տուն գնաց, — կ՚ըլլայ եղբօրս արագ ու հանդարտեցուցիչ պատասխանը:
Խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն մը կը պատեն հոգիս, փա՜ռք հրաշագործ Աստուծոյ:
* * *
Պատուհանէն ներս պարզուած ահաւոր պատկերը վանելու համար կը նայիմ դուրս… Աստուա՜ծ իմ, մէկը թող բացատրէ` ի՛նչ եղաւ, մէկը թող տեղեկացնէ եղելութեան իսկութիւնը, ինչո՞ւ ամեն ինչ քանդուած է, ինչո՞ւ բարձր շէնքերուն մուտքէն մինչեւ ամենէն վերեւի յարկերու ապակիները չկան, քարուքանդ է ամէ՛ն ինչ, ինչո՞ւ աչքիս դիմաց յայտնուած ամեն մարդ վիրաւոր է, ամեն մարդ արիւնլուայ է, մարդիկ ինչո՞ւ աննպատակ աջ ու ձախ կը վազեն` փորձելով գտնել զիրենք ամենէն մօտիկ հիւանդանոցը փոխադրող փրկիչ մը… Ճիշդ է` ամեն մարդ վիրաւոր է, միեւնոյն ատեն ալ` ամեն մարդ փրկիչ է. այդ օրը, այդ պահերուն, ամենէն անմարդկային կացութեան մէջ մարդկային ամենէն նուրբ զգացումներն ու յատկութիւնները ուրուագծուեցան, երբ նուազ վիրաւորը` իր վէրքը մոռցած, ձեռք երկարեց ծանր վիրաւորին, երբ քաղաքացիներուն ինքնաշարժները, մոթոսիքլեթները, նոյնիսկ ուսերը վերածուեցան հիւանդատարներու, երբ աղիողորմ ճիչեր լսող թեթեւ վիրաւորները փութացին փրկելու փլատակներուն տակ տակաւին կեանքին կառչած հոգիներ…
Հաւանաբար առաջին անգամ ըլլալով վիրաւորը մօտիկ հիւանդանոց փոխադրելու հասկացողութիւնը տարբեր էր, մօտիկ հիւանդանոցները իրե՛նք քարուքանդ էին արդէն, իրենց յարկին տակ, ուր մարդ ամենէն աւելի ապահով կրնայ զգալ, հիւանդապահներ ու հիւանդներ իրենց հոգին աւանդեցին, նաեւ հոն փութացած էին արդէն մօտիկ շէնքերու վիրաւորները…
— Տեղ չկա՛յ, չէ՛ք կրնար մտնել, արդէն խճողուած է շտապ օգնութեան բաժանմունքը…
— Բայց ծանր վիրաւորներ ունիմ, — կը պոռար քեռայրս` մեզ մատնացոյց ընելով:
— Տեղ չկայ, չեն կրնար խնամել, — նախադասութեամբ հիւանդանոցներու պահակները մէկը միւսին ետեւէն կ՚անհետացնէին մեր յոյսի նշոյլը, որ կ՚երեւար, երբ մեծ դժուարութիւններէ, խճողումներէ, գոռում գոչումներէ ետք հասնէինք մօտիկ հիւանդանոցներէն մէկուն դուռը:
Իրերայաջորդ եւ ընկճող «տեղ չկայ, չենք կրնար ընդունիլ»-ները կը բազմանային, իրենց ձեռքերով հեռուէն իսկ մերժումի նշաններ ընողներուն պատկերները կ՚աւելնային, բայց «տեղ կա՛յ»-ն լսելու պայքարը կը շարունակուէր, տեղ մը յոյս ու լոյս մը պիտի երեւէր ի վերջոյ, եւ այդ լոյսը ծագեցաւ Մար Եուսեֆ հիւանդանոցին մօտերը, երբ մեր կողքին կանգնած ինքնաշարժէ մը կին մը (աւելի ուշ պիտի գիտնայի, թէ սիրելի բարեկամ մըն էր, որ ճանչցած էր մեզ, սակայն մենք այդ պահուն չնկատեցինք անոր ինքնութիւնը) պոռաց, որ ալ չթափառինք եւ երթանք Ապու Ժաուտէ հիւանդանոց, ուր հասանք կայծակի արագութեամբ, եւ որուն դրան առջեւ տարեց հիւանդապահուհի մը մեզ ներս առաջնորդեց:
* * *
Ներս… Որքան ձգտեցանք, որ մեզ ներս առնեն, բայց այդ ներս մտնելն ալ ինքնին ահաւոր ու սարսափելի նոր ժապաւէն մըն է կարծէք` նախորդին զուգահեռ ընթացող. «արեան ծով» բառակապակցութիւնը լսած էի յաճախ` երգի ընդմէջէն, բայց չէի գիտեր, որ իրական աչքերովս կրնամ տեսնել այդ կարմիր ծովը, որ գոյացած էր հիւանդանոցի մուտքին, անցքերուն մէջ, շտապ օգնութեան բոլոր սենեակներու յատակին, ուր վիրաւորներ կը տնքային, մահամերձներ կը փորձէին բռնել կեանքի թելը, ուրիշներ արդէն այնքան ցաւեր ու խոր վէրքեր ունէին, որ իրենք կը փորձէին անջատել այդ թելը ու հանգստանալ… Հիւանդատարներու ահեղ ճիչը, իրենց զաւակները փնտռող ծնողներուն աղաչանքը, իրենց հարազատը հիւանդանոց հասցնել յաջողած, սակայն անոր կեանքին աւարտին վկայածներուն ողբը, հիւանդապահներուն հեւքը` կեանք մը աւելի փրկելու, իրենց ուշադրութիւն դարձնելու պաղատանքով բժիշկներուն թախանձողներուն շիջելու մօտեցող ձայնը, անբնական ու քաոսային իրարանցում մը կը լեցնեն միջոցն ամբողջ, աղիողորմ ձայներու միացումով ողբերգական եղանակ մը կը նուագուի կարծէք ոչ մեծ սրահին մէջ, ուր եղբայրս ինծի եւ մօրս նստելու տեղ կը դասաւորէ դժուարութեամբ, իսկ ինք մեր կողքին կը կանգնի:
— Իրարանցումի մէջ նկատեցի, որ հուժկու երիտասարդ մը կանգնած է ձեր կողքին, յստակ էր, որ դուք վիրաւոր էիք, սակայն այդ երիտասարդին ներկայութիւնը անտեղի նկատելով` ձեռքս երկարեցի ուսին, որպէսզի խնդրեմ, որ դուրս ելլէ, որովհետեւ մեր մնայուն ճիգն էր վիրաւորներէն բացի ոչ ոք պահել ներսը եւ տեղ բանալ նոր վիրաւորներու: Ձեռքս օդին մէջ մնաց, երբ երիտասարդը դարձաւ իմ կողմս, եւ նկատեցի փայտի կտոր մը` անոր աչքին քով, աւելի մօտեցայ տեսնելու իսկական պատահարը եւ մեծ զարմանքով նկատեցի, որ փայտը մուտք գործած էր հոնկէ եւ դուրս ելած ականջին մօտէն… Կարծես բոլոր վիրաւորները մոռցայ, նայեցայ կրկին այդ ահաւոր պատկերին, որուն դիմաց անկարող զգացի, ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս օգնել, նման բան տեսնուած չէր…
Այս մասին ամիսներ ետք պատմեց 4 օգոստոսի երեկոյեան նոյն հիւանդանոցին մէջ եղբօրս տեսած հիւանդապահուհին, որ մէկն էր այն բազմաթիւ հիւանդապահներէն եւ բժիշկներէն, որոնք իմ ու մօրս վէրքերը ստուգելէ եւ` «պիտի սպասէք, մահացու պարագայ չէք» ըսելէ ետք ապշահար պիտի նայէին եղբօրս եւ պարզապէս անկարողութեան արտայայտութեամբ մը իրենց գլուխը աջ ու ձախ պիտի օրօրէին` փութալով օգնելու այլ վիրաւորներու, որոնց հարցերուն լուծման իրենք կը տիրապետէին, իսկ եղբօրս` ո՛չ: Բայց ժամանակը կը սահէր, օրօրուող գլուխներն ու յուսահատ նայուածքները կը ճնշէին` առանց լուծման մը յուշը հանդիսանալու:
* * *
— Բաղնիք պիտի երթամ, — կ՚ըսեմ յանկարծ եւ կ՚ուղղուիմ մեզմէ ոչ հեռու գտնուող լուացարանը:
Քիչ անց դուրս կ՚ելլեմ եւ գլխիկոր կը սկսիմ ուժգին լուալ ձեռքերս, անընդհատ մաքրել արիւնները եւ գոհունակ զգալ, որ ջուրը իրեն հետ կը տանի մութ կարմիր հետքերը: Ձեռքերս լաւ մը լուալէ ետք կը բարձրացնեմ ծանրացած գլուխս… Անհաւատալի եւ աննկարագրելի պատկեր մը կայ հոն` հայելիին մէջ, ինծի նմանող, սակայն ինծի անծանօթ անձ մը… առանց դոյզն իսկ խանգարուելու, ուրանալով տեսածս` կրկին կը բանամ ջուրը եւ զայն առատօրէն կը հոսեցնեմ մատներս ի վար` փորձելով այդ հոսքին հետ ջնջել ամեն ինչ…
— Փորձէ դէմքդ ալ լուալ, որպէսզի կարենանք աւելի դիւրին ճշդել պատռուածքները եւ դիւրութեամբ կարել…
Դժգոհ նայուածքս կ՚ուղղեմ կողքիս կանգնած սպիտակազգեստ կնոջ` ներքուստ մերժելով իր խնդրանքը գործադրել եւ կրկին հայելիին նայիլ: Քանի մը վայրկեան սառած մնալէ ետք, արիւնոտ եւ կիսով բացուող աչքերս կրկին կ՚ուղղեմ հայելիին… Այո՛, ես եմ, դէմքս է, քիչ մը տարբեր, այլանդակուա՞ծ, քանակոծուա՞ծ… պայթումին կարմիր հարուածը տակաւին հոն է` դէմքիս իւրաքանչիւր միլլիմեթրին վրայ: Ծանր ձեռքս բարձրացնել յաջողելով` ափս կը տանիմ խորտուբորտ դէմքիս, ջուրով անպայման աւելի լաւ պիտի ըլլայ ամեն ինչ. բայց ինչո՞ւ ափս լեցուած ջուրը դէմքս մաքրելու տեղ ինք անընդհատ կը կարմրէր` ճերմակ լուացարանն ալ կարմրցնելով, ինչո՞ւ դէմքէս արիւնը հեռացնելու եւ կրկին մորթս գտնելու փորձերս անընդհատ կը ձախողին: Իրականութիւնը մաքրելու կարճատեւ ճիգս ամբողջութեամբ ապարդիւն կ՚ըլլայ, եւ հայելիէն ինծի նայող ծանօթ-անծանօթ դէմքը կը շարունակէ դիտել անճարակութիւնս, անկարողութիւնս` զինք կրկին բնական վիճակին վերադարձնելու…
— Նորա՛, ես պիտի երթամ վիրահատութեան, բջիջայինս դուն առ, հոս ապահով կը մնաք մամային հետ, չէ՞…
Եղբայրս էր, որուն վիճակին վերաբերող վճիռը տրուած էր արդէն, տեղ ապահովուած էր վիրահատութեան սենեակը, եւ զինք կ՚ուղարկէին վեր: Լաւ էր, որ ժամ առաջ այդ տախտակը դուրս պիտի գար անոր գլուխէն, բայց մեր վիճակը չէր ներեր անոր ընկերակցելու, իսկ ինք նման դժուար վիրահատութեան առանձի՞նը պիտի երթար… Պիտի բաժնուէի՞նք մենք, որ յատկապէս նման դժուար պահերու միշտ միասին ըլլալու սովորութիւն ունէինք… Սրտէս կտոր մը իրեն հետ առնելով կ՚երթայ եղբայրս, որուն ոմանք զարմանքով, ուրիշներ այլայլած ու սարսափահար կը նայէին. առանձինը կը բարձրանայ աստիճաններէն դէպի վիրաբուժութեան բաժանմունք, իսկ ես ու մայրս կը մնանք շտապ օգնութեան բաժինին մէջ` ականատեսը ըլլալով կեանքի ու մահուան պայքարին, ահաւոր ու աննկարագրելի պատկերներու, մարող յոյսերու եւ ընդհատուող կեանքերու… Լուռ էինք, խօսքեր չկային ալ, նոյնիսկ չէինք համարձակեր հարցնել, թէ մեր կարգը ե՞րբ պիտի գար, չէ՞ որ սկզբունքով մահուան դէմ մեր պայքարը աւարտած էր գրեթէ…
— Ե՛լ, տուն երթանք, ցաւին կը դիմանամ մինչեւ առաւօտ, այն ատեն վիճակը հանդարտած կ՚ըլլայ, եւ կարելիութիւն կը ստեղծուի թեւիս հարցը լուծելու, քու վէրքերդ ալ մակերեսային են…
Գետինը նստած եւ ձախ ձեռքով աջ թեւը գրկած հայ ծերունի կին մըն էր, որ ամուսինը կը համոզէր, թէ իր վիճակը ծանր չէ, աւելի լաւ կ՚ըլլար, որ մեկնէին տուն: Այսպէս ալ ըրին, խեղճերը դժուարութեամբ ոտքի կ՚ելլեն` մէկզմէկու օգնելով ու դուրս կու գան այս խառնարանէն:
Քիչ անց մայրս ալ կը ստիպուի գետին նստիլ, որովհետեւ մեր նստարանը կը տրամադրենք ապակիներէ անդամահատուած երիտասարդուհիի մը. բայց գետինն ալ ապահով չէր, անցնող դարձողներ կը կոխկռտէին անոր ոտքերը: Կը բռնեմ ձեռքէն եւ զայն կը տանիմ բաղնիք, ուր գտնուող աթոռը յարմար կը նկատեմ` մօրս որոշ հանգիստ տալու: Քիչ անց կու գայ հիւանդապահուհին, կրկին կը քննէ մեր վէրքերը, մօրս արիւնաթաթախ հագուստը կը հեռացնէ մարմնէն, որպէսզի ստուգէ, թէ վիզէն ու դէմքէն զատ այլ տեղեր վէրքեր, պատռուածք ունի՞.
— Հագուստը պէտք է հանենք, մէկը թող տուն երթայ եւ նոր հագուստ բերէ իրեն, — խօսքը ինծի կ՚ուղղէ ան:
— Տո՛ւն, ի՞նչ տուն, գնա՛ ու տե՛ս, եթէ տակաւին տուն կայ…
Արագ պատասխանողը մայրս էր` արցունքոտ աչքերով, հիւանդապահուհին շուտով չ՛ընկալեր ուղղած հարցումին ետին թաքնուած ամբողջ ողբերգութիւնը:
— Քարուքանդ է, — կը փսփսամ:
— Լա՛ւ, լա՛ւ, մի՛ մտահոգուիք, ես հիւանդի յատուկ զգեստ կը բերեմ հիմա իրեն, — կը շշնջայ ան` կարծէք փորձելով նման հարցում ուղղած եւ մեր ապրած մղձաւանջին մէկ այլ դառն էջը բացած ըլլալուն մեղքը քաւել:
Այդպէս ալ կ՚ընէ, կը բերէ նաեւ անուաւոր աթոռ մը, որպէսզի մայրս հոն նստի, մանաւանդ որ արդէն սկսած էր գլխապտոյտ ունենալ եւ անհանգիստ զգալ` կորսնցուցած մեծաքանակ արեան իբրեւ հետեւանք:
* * *
Քիչ անց կը յանձնարարեն, որ ուղղուինք քովնտի սենեակը, կարգը արդէն հասած է մեզի: Երկար նստարանի մը ծայրը կը տեղաւորուիմ` միշտ ապահովելով, որ մայրս չհեռացնեն ինձմէ, առանձին չմնայ, թէեւ այս համատարած ցաւին ու ողբերգական վիճակին մէջ մեր մօտ փութացած լաւ ու անկեղծ ընկերներու եւ բարեկամներու ներկայութիւնը, հակառակ անոնց աչքերուն մէջ քարացած բացայայտ զարմանքին, յուզումին ու տխրութեան, յոյս ու գոհունակութիւն կը ներշնչէ, կը զօրացնէ, ապահովութիւն կը սերմանէ…
Կը դիտեմ բժիշկներն ու հիւանդապահները, որոնք անդադրում հեւքի մէջ են, կը փորձեն իրենց լաւագոյնը ընել` նուազագոյն կարելիութիւններով եւ ահաւորագոյն կացութիւններու մէջ: Բժիշկ մը` կցիչ մը ձեռքին, կը մօտենայ ինծի, կը հարցնէ, թէ շատ ցաւեր ունի՞մ, թէ կը դիմանա՞մ դէմքերուս վէրքերուն կցուելուն` առանց զգայազրկիչի… Պատասխանս, ի զարմանս նաեւ ինծի, կ՚ըլլայ դառն ժպիտ մը պարզապէս…
— Զգայազրկիչը սպառեցաւ պարզապէս, ատոր համար կը հարցնեմ, — կը բացատրէ բժիշկը` հիւանդապահուհիին յանձնարարելով, որ գտնէ գէթ որոշ չափով զգայազրկիչ, որպէսզի ձեռքիս բաւական մեծ վէրքը կարելու ատեն դիմանամ, նաեւ խորհուրդ կու տայ այլ բժիշկի մը օգնութեան դիմել:
Շուրջս կը դիտեմ, որպէսզի ուշադրութիւնս շեղեմ եւ չտեսնեմ, թէ ինչպէ՛ս կցիչը վիզիս, ձեռքերուս, ուսերուս յարաբերաբար փոքր վէրքերը կը փակէ, իսկ բժիշկը այդ աշխատանքը կը կատարէ այնքան պարզ ու արագ, որքան ես պիտի ընէի թուղթեր կցած պահուս:
Քիչ անդին զոյգ մը ինծի կը նայի, աղջիկը ոտքը ցաւցուցած կը թուի ըլլալ, իսկ երիտասարդը կը շոյէ անոր ձեռքը եւ կը փորձէ դէմքը ուղղել իր կողմը, որպէսզի ինծի նայելով` չազդուի, չյուզուի, աղջիկը յանկարծ կը փակէ դէմքը եւ կը հեռացնէ նայուածքը ինձմէ… Ուրեմն բաւական վախազդու վիճակի մէջ ըլլալու եմ… Միւս կողմը երկու տղաք` մէկը վիրաւոր, կրկին մեր կողմը կը նային եւ կը փորձեն մօրս ջուր եւ զովացուցիչ տրամադրել, որովհետեւ ան սաստիկ գլխապտոյտ կ՚ունենայ: Կողքիս` անդադար բողոքող եւ բարձրաձայն գոռացող կին մը, որուն ձեռքին վրայ հազիւ տեսանելի վէրքեր կան. մինչ երկու բժիշկներ կը փորձեն իմ վէրքերս փակել տարբեր ձեւերով, իսկ ես լռութեան մէջ թաթախուած ու ակռաներս սեղմած պարզապէս կ՚աղօթեմ, կ՚աղաչեմ, որ Աստուած ուժ տայ ինծի դիմանալու ցաւերուն, կինը կը շարունակէ իր ճչանութիւնը:
— Տե՛ս այս աղջկան վիճակը, ձայնը կը լսե՞ս, տե՛ս ու լուռ մնա՛ քու վէրքդ ոչինչ է իրենիններուն հետ բաղդատած, — կնոջ երեսին բարձրաձայն կը պոռայ կնոջ գանգատներէն ա՛լ զզուած բժիշկը` զիս ցոյց տալով:
— Տոկա՛ քիչ մըն ալ, կը փորձենք արագ աւարտել, — առողջ ձեռքս սեղմելով կը փորձէ ցաւերս թեթեւցնել այլապէս ցաւերս թեթեւցնելու անկարող բժիշկը:
Կը նայիմ իրեն, կցիչները հասած են դէմքիս, ճակատիս, աչքերս կ՚ուղղեմ այլ ուղղութեամբ եւ աղօթքս, չեմ գիտեր` ինչո՞ւ կը շարունակեմ արաբերէնով` կողքիս զգալով աստուածային զօրութիւն մը, որուն շնորհիւ կը դիմանամ…
Կ՚արձանագրեն մեր անունները, որպէսզի աւելցնեն պայթումէն վիրաւորուածներու երկար ցանկին, կը փորձեն ձեւով մը ծածկել վէրքերս եւ ապաքինում մաղթել:
Մօրս վէրքերուն կցուելէն-կարուելէն ետք կ՚ուղղուինք դուրս` երթալու քրոջս տունը, սակայն յանկարծ կը յիշեմ, որ մենք երեքով եկանք, սակայն հիմա եղբայրս մեզի հետ չէ.
— Եղբօրս քով պիտի երթամ, չե՛մ երթար տուն, — կ՚ըսեմ մեզի տուն տանելու եկած բարեկամիս, որ մեծ դժուարութեամբ կը համոզէ, որ ան վիրահատութեան մէջ է, չեմ կրնար տեսնել զինք, ոչ ալ մնալ քովը, այլ լաւագոյնը պիտի ըլլայ մօրս հետ ուղղուիլ քրոջս տունը:
Կրկին կը դիտեմ շուրջս, կը նայիմ ողբացողներուն, կեանք փնտռողներուն, դիակներ փոխադրող բեռնատարներուն, ուր մարդիկ իրենց հարազատները կ՚որոնեն… Տակաւին չեմ ըմբռներ` ի՛նչ եղաւ, այս անհաճոյ ֆիլմը տակաւին ինչո՞ւ կը շարունակուի…
4 օգոստոս 2020, ուշ երեկոյ:
Հիւանդանոցին դուռին առջեւ կանգնած ենք ես ու մայրս` վիրաւոր: Ահաւոր է պատկերը եւ բաւական ցնցիչ… Ամեն տեղ եւ ամեն ինչ կարմիր է, ամեն բան անբնական է, ամեն կողմ ապակիի բեկորներ` նոյնիսկ մարդոց մարմիններուն մէջ: Ժամեր առաջ մեզ ընդունած «Ապու Ժաուտէ» հիւանդանոցն ալ, միւսներուն նման, այլեւս անկարող դարձած է ներս առնելու վիրաւորներ, որոնք դրան առջեւ կ՚աղաչեն, բժշկական օգնութիւն կ՚աղերսեն, մայր մը նոյնիսկ դուրսը` կառատան մէջ վիրաւոր մը խնամող հիւանդապահուհիին առջեւ կը ծնրադրէ, կը խնդրէ, որ իր վիրաւոր եւ մահուան ճիրաններուն մէջէն դուրս գալու պայքար մղող որդիին ալ օգնութեան հասնի…
Բեռնատարներով դիակներ կը բերուին եւ կը զետեղուին դուրսը` իրարու կից ու վրայ, ովքե՜ր են անոնք, արդեօք որքա՜ն մեծաթիւ մայրեր ու հայրեր, հարազատներ կը փնտռեն հոն կողք-կողքի սալայատակին վրայ տեղադրուողները…
Կարծէք պայքարի դաշտի մէջ ենք, մահն ու կեանքը այդ նոյն տարածքին մէջ դէմ յանդիման են, կռիւ է ահաւոր, բժիշկներ կը փորձեն կեանքի յաղթանակը ապահովել, սակայն մահը այնքան ծանրակշիռ է, որ չ՛ուզեր խնայել ոեւէ մէկը… Բայց եւ այնպէս բժշկական կազմին վճռականութիւնն ու իրենց երդումին նկատմամբ հաւատարմութիւնը հրաշքներ կը գործեն:
Հակառակ պնդումներուս, որ եղբայրս անկարելի է հիւանդանոցը առանձին ձգել, մեզ տանելու եկած բարեկամս կը համոզէ, որ անիմաստ է մեր այս վիճակին մէջ հոն մնալը, կը խոստանայ անպայման վերադառնալ, եղբօրս բջիջայինը բերել իրեն, որպէսզի մեզի հետ կապի մէջ մտնէ:
Ինքնաշարժին մէջ նստած եմ անխօս, որքան կը մօտենանք պայթումին մերձակայքը գտնուող շրջաններուն, այնքան աւելի կը մթագնի պատկերը, կ՚աւելնան աւերները, աւելի յաճախ կը հանդիպինք վիրաւորներու եւ դիակներու…
Այլեւս համոզուած եմ, որ իրական են այս բոլորը, համոզուած եմ, որ տան մեր հանգստաւէտ բազկաթոռներուն մէջ նստած երեւակայածին ժապաւէն մը չենք դիտեր, այլ մենք ինքներս ենք ժապաւէնի դերակատարները, վերապրող հերոսները գուցէ:
* * *
— Ո՞ւր պիտի երթանք, — հարց կու տայ մայրս` կարծես փափաքելով «տուն» բառը լսել, հակառակ անոր որ լաւապէս կը գիտակցի, թէ մեր տունը այլեւս երդիք մը չէ, որ մեզի կրնայ ապահովութիւն եւ հանգստաւէտութիւն տալ, այլ աւերակներու կոյտի վերածուած է:
Ոչ ոք կը պատասխանէ արդէն իսկ պատասխանի չսպասող մօրս:
Կը հասնինք քրոջս շէնքը, ուր եւս մեծ են քանդումները, ապակիները կը խշրտան մեր ոտքերուն տակ: Մայրս` բարեկամուհիի մը ընկերակցութեամբ, ու ես դանդաղ կերպով կը սկսինք բարձրանալ աստիճաններէն. իւրաքանչիւր յարկի վրայ բնակիչներ համախմբուած են ու կը գանգատին, կը պատմեն իրենց ապրածին մասին, սարսափահար է ամեն մարդ անխտիր, իւրաքանչիւրը ունի ի՛ր պատումը, սակայն հազիւ մեզ տեսած` բոլորը քար լռութեան կը մատնուին, կը նային մեզի, իրարու, ոմանք կը յուզուին, ուրիշներ ի զուր բառեր կը փնտռեն առանց յաջողելու, ոմանք օգնութեան ձեռք կ՚ուզեն երկարել, մեր պարզած ահաւոր պատկերին դիմաց, կարծէք կը մոռնան իրենցը: Բայց իմ միտքս հոն չէ, սիրտս ուրիշ տեղ է այդ վայրկեանին, մտահոգ եմ, ի՞նչ պիտի ընէ քրոջս աղջիկը` Տեսիլը, որ, թէեւ մեզի հետ էր պայթումի ահաւոր պահուն, բայց հիմա ի՞նչ պիտի ըլլայ հակազդեցութիւնը տեսնելով մեզ, յատկապէս զիս, որ բաւական արտառոց վիճակ մը ունէի` գլխուս վիրակապերով, արիւնլուայ հագուստներով: Կը հասնինք չորրորդ յարկ, քոյրս կը բանայ դուռը` փորձելով յայտնի չընել իր տակնուվրայ, յուզուած եւ այլայլած վիճակը:
— Ո՞ւր է Տեսիլը, — կը փսփսամ, ուզելով անհետանալ այդ երկվայրկեանին, որպէսզի սարսափ չպատճառեմ թանկագին մանուկիս:
— Քնացաւ, լոգցուցի, ուղղակի քնացաւ, լա՛ւ է, մի՛ մտահոգուիր, — պատասխանը լսելով կը խաղաղիմ:
Քոյրս` Վերան, կը փորձէ առաւելագոյն հոգատարութիւնն ու հանգստութիւնը ապահովել մեզի: Կ՚առաջարկէ լոգնանք եւ, հակառակ չափազանց զգայուն ըլլալուն, հերոսաբար կը ստանձնէ մեր արիւնները մաքրելու ծանր լուծը: Բաղնիքն ենք` առատ ջուրը կը հոսի` դժուարանալով իրեն հետ տանիլ չորցած ու լերդացած արիւնը, բայց Վերան` միշտ հարցնելով, եթէ կը ցաւցնէ, վճռական է, անդադար կը սրբէ ու կը փորձէ ջնջել ամեն հետք մարմնիս վրայէն: Կը փորձեմ գտնել աչքերը, թափանցել անոնց խորը եւ հոն կարդալ, թէ գերզգայուն քոյրս որքա՛ն կը տանջուի այդ պահուն, բայց կարծես կը խուսափի շեշտակի աչքերուս նայելէ եւ դրական պատասխան կու տայ իմ կրկնուող հարցումներուս. «Վերա լա՞ւ ես, կը դիմանա՞ս»:
Հեռուէն Տեսիլին նայելէ ետք, խուսափելով իրեն շատ մօտենալէ, կ՚ուղղուիմ հիւրասենեակ, ուր պատկերասփիւռէն սփռուող պայթումին նկարներն ու տեսագրութիւնները կրկին զիս դէմ յանդիման կը դնեն եղած դառն իրականութեան: Կը դիտենք` փորձելով հասկնալ եղածը, Պէյրութ մայրաքաղաքը վիրաւոր է կրկին, ամեն կողմ մահ ու աւեր, անդամահատուած է անիկա իսկապէս, իր փողոցներուն մէջ արիւնաքամ կ՚ըլլան իր իսկ զաւակները, որոնցմէ ոմանք կորսնցուցին իրենց կեանքը, ուրիշներ` մարմնի անդամները, ոմանք` հարազատները, իսկ մեծամասնութիւնը` իրենց երդիքները: Աչքս չեմ կրնար հեռացնել պատկերասփիւռէն` միաժամանակ քրոջս հարց տալով եղբօրս մասին, որուն լուրերը կ՚առնենք իրեն հետ հիւանդանոցը գիշերող ընկերներէն:
* * *
— Բաւական ցնցուեցայ եւ մեծապէս յուզուեցայ, երբ վիրահատութենէս ետք աչքերս բացի ու շուրջս գտայ ընկերներս, զարմիկս, որոնց մասին չէի իսկ մտածած: Վիրահատութեան սենեակ գացի առանձին, երբ աչքերս փակեցի` լրիւ մինակ էի, ակնկալեցի, որ նոյն վիճակին մէջ պիտի ըլլամ, երբ սթափիմ, որովհետեւ գիտէի, որ դուք անկարող էք հետս ըլլալու, բայց…, — բաւական ժամանակ անց խեղդուկ ձայնով ինծի պատմեց եղբայրս` Արան, որուն համար զարմանքի ու գոհունակութեան կողքին, մեծ յուզում յառաջացուցած էր մեծաթիւ ընկերներու եւ բարեկամներու ներկայութիւնը իր կողքին` այդ ուշ ժամուն, այդ ահաւոր պայմաններուն մէջ:
— Լաւ է Արան, վիրահատութիւնը աւարտած է, ընկերները մինչեւ առաւօտ փոխնիփոխ քովը պիտի մնան, — աւետեց Վերան:
Այդքան ահաւոր էր կեանքը վերջին քանի մը ժամերուն, որ ներքուստ անկարող էի հաւատալ քրոջս, հաւանաբար այդպէս կ՚ըսէր, որպէսզի յաւելեալ մտահոգութիւն չպատճառէր, իսկ ես ինչպէ՞ս կրնայի յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալ, երբ բջիջայինս մնացած էր մեր տունը: Բան մը կ՚եռար մէջս, տագնապի մէջ էի, քանի մը անգամ կրկնել տուի քրոջս, որ լաւ է Արան, բայց տակաւին ակամայ թերահաւատ էի: Կարծես զիս այդ վիճակէն դուրս հանելու նպատակով բջիջայինս ինծի երկարեց տակաւին մեր տունէն նոր վերադարձած քեռայրս` մեր փրկարարը, որ գացած էր մեր տան արմատախիլ եղած դռները ձեւով մը փակելու, որովհետեւ արդէն իսկ գողութիւն սկսած էր լքեալ Պէյրութի մէջ:
Հարիւրաւոր նամակներով եւ հեռաձայններով խճողուած բջիջայինիս մէջ կը փնտռեմ Արային մօտիկ ընկերոջ թիւը ու ուղղակի կը գրեմ իրեն. կը նկատեմ, որ պայթումին յաջորդած վայրկեաններուն ան տասնեակ անգամներ հեռաձայնած էր ինծի` գիտնալու մեր մասին: Պատասխանը չ՚ուշանար, Արան լաւ է, ամեն ինչ սկզբունքով յաջող ընթացած է, տախտակը կարելի եղած է դուրս բերել եղբօրս գլխուն մէջէն… Չեմ կրնար պատկերացնել, թէ ի՛նչ հմտութեամբ եւ բժշկական հնարքով կարելի եղած է ատիկա ընել, բայց` փառք կու տամ Աստուծոյ:
Հասած է այլեւս հիւրասենեակի նստարանները իբրեւ անկողին որդեգրելու եւ քիչ մը հանգստանալու ժամը: Քեռայրս կը մօտենայ ու կը համբուրէ զիս ու մայրս այնքան ջերմագին, որ կեանքիս մէջ դրոշմուած պիտի մնայ յիշողութեանս մէջ, կարծէք տակաւին ինք ալ նոր սթափած ըլլայ այս բոլորէն, զորս ընկալելու ժամանակն ու առիթն իսկ չէր ունեցած մինչ այդ, եւ մեր վերապրումին համար գոհ է:
* * *
Կը փորձեմ նուազագոյն ցաւ պատճառող դիրքով երկարիլ, ծանրօրէն վիրաւոր ձեռքս տեղաւորել նստարանի վերի մասը, գլխարկի չափ մեծկակ վիրակապերով գլուխս տեղադրել բարձին ու պահ մը փակել աչքերս:
«Ինչպէ՞ս ողջ մնացինք, ինչպէ՞ս կրցանք դուրս գալ այդ քարուքանդ տունէն, աւերակ շէնքէն, ինչպէ՞ս ողջ մնացինք», հարցումները կը մրճահարեն ուղեղս: Հաւանաբար մեծ մօրս աղօթքներով, մօրս հաւատքով ամրացած է մեր տունը, մեծ մօրս օրհնութիւններով զինուած ենք մենք, որ կրցանք կենդանի մնալ, երբ մահուան սպառնալիքը մեր կարծածէն ու երեւակայածէն շատ աւելի մեծ էր:
«Ինչպէ՞ս ողջ մնացինք»-ը կրկին կը ցնցէ էութիւնս, կը խեղդէ կոկորդս, սակայն շատ արագ ինծի կը հասնի պատասխանը, երբ կողքիս երկնցած մօրս ձայնը կը շոյէ ականջս եւ կու տայ պատգամը. «Փա՜ռք Աստուծոյ, փառք քեզ Տէր, որ մեզի արտօնեցիր ոտքի կանգնիլ եւ միասին դուրս գալ աւերակներուն մէջէն, եթէ մեզմէ մէկը չկարենար ոտքի ելլել, եթէ մեզմէ մէկուն մահուան թելը անջատէր… Փա՜ռք, փառք Քեզ, որ Տեսիլը կարիք չունեցաւ հիւանդանոցի, աղաչեմ, Արային լրիւ ապաքինում տաս, եւ զինք կրկին դիմացս տեսնեմ: Փա՜ռք Քեզ, Հայր մեր…»:
Հարցումը ուղղակի կը հեռանայ ինձմէ, պատգամող պատասխանը անոր տեղը կը գրաւէ արդարօրէն, ես ալ կը մրմնջեմ. «Փա՜ռք Քեզ, պահէ եղբայրս, Տեսիլը, բոլորս»:
Հակառակ ժամերուն սակաւաթիւ ըլլալուն, կեանքիս ամենէն երկար ու չլուսցող գիշերուան հետ ժամադրուած էի: Կ՚ունենայի այն զգացումը, որ աչքերս շրջապատող վէրքերուն պատճառով անկարող էի զանոնք իրարու մօտեցնելու (թէեւ ատիկա իրական չէր), իսկ արցունքներս դարձած էին աչքիս մէկ անբաժան մասը` դանդաղ, բայց անդադրում հոսքով… Ֆիզիքական ոչ մէկ ցաւ կը զգամ, հակառակ բազում վէրքերուս եւ կարերուն, բայց ամբողջ մարմինս կը ցնցուի, կը դողայ ու կը վերապրի պայթումին ուժգնութիւնը: Յանկարծ նոյն մտահոգութիւնը կը սկսի տառապեցնել զիս, այդ պատճառով ալ չեմ ուզեր, որ լոյսը բացուի. «Ինչպէ՞ս պիտի հակազդէ Տեսիլը այս վիճակս տեսնելով»:
Կը թաւալին ժամերը տարիներու նման, կը բացուի առաւօտը ամենօրեայ իր սովորութեամբ, բայց մենք ամենօրեայ մեր սովորութենէն այնքա՜ն հեռու ենք: Հայելիի մը առջեւ կը փորձեմ քիչ մը աւելի կոկիկ կերպարանք տալ ես ինծի, սակայն տակաւին ձախողութիւնս չընդունած, կը զգամ տաքուկ ձեռքեր կը շրջապատեն զիս` Տեսիլն է, սրտիկս, որ կը նայի աչքերուս, նայուածքն ու մօտեցումը այնքան պարզ են, որ կարծես ոչ մէկ արտասովոր բան կայ դիմացը: Զիս տանջող երկրորդ հարցումին պատասխանն ալ տրուած է արդէն… Կը սկսինք մեր խաղին` մոռնալով իրականը, երեւակայական կերպարներուն հետ ըլլալը նախընտրելի կը նկատենք այդ պահուն:
Կը մնայ Արային վերամիացումը մեզի: Անոր եղբայր-ընկերներուն կապուելով կը գիտնանք, որ վիճակը արդէն մտահոգիչ չէ, անհրաժեշտ քննութիւններէն ետք պիտի վերադառնայ տուն: Տուն… Քրոջս հիւրընկալ եւ ջերմ բնակարանն ալ գործնականօրէն նեղ պիտի գայ բոլորիս, բայց ատիկա հիմնական չէ այդ պահուն, այլ կարեւորը մեր վերամիաւորուիլն է:
* * *
Ժամեր անց արդէն մեզի հետ է մեր հերոսը` Արան, որ պայթումի ատեն ոչ միայն կրցաւ պաշտպանել Տեսիլը եւ զայն պահպանել պայթումի բազում հարուածներէն, այլ նաեւ իր այդ վիճակին մէջ կրցաւ ղեկավարել մեզ, երբ ես գիտակիցի ու ենթագիտակիցի միջեւ կ՚օրօրուէի, մայրս անկարող էր առանձին շարժիլ, տունէն դուրս ելլելու անցքը լրիւ փակ էր…
Այս անգամ միայն մօրս ձայնը չէր լսուեր, այլ բոլորիս. «Փա՜ռք Աստուծոյ»: Չորսս տան մէջ էինք, միասին իջանք, բաժնուեցանք, իսկ այդ պահուն` կրկին միասին էինք, ողջ ու ընդունելի առողջութեամբ: Նոր ուղիի մը սկիզբը կանգնած էինք միասին, նախ կացութիւնը ընկալելու, ապա վէրքերու ապաքինումը հետապնդելու, տան վերաշինութեան ծրագրելու եւ գործադրելու երկա՜ր ճամբայ ունէինք կտրելիք, բայց կարեւորը` կրկին միասին էինք…
Պէյրութ