ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ
ԹԱՔՈՒՆ
երգերուն մէջ թաքնուած խօսքեր
լեզուիս պլլուեցան
հեծանիւի մը անիւին կառչած
կրկներգ դարձան
արդեօք պատմեցին երազնե՞ր
յոյսե՞ր պահե՞ր փախուստ տուող
թէ՞ մնացին օդին մէջ
մասնիկներ անտես
ո՞վ կրնայ լսել ու հասկնալ
տառերը շրջուն
զերթ կոհակներ տարուբերող
երթուդարձի ընթացքին
աւազներու ապաւինող
բիւրեղեայ հատիկներ
հոն կը թաքնուին խօսքեր
տառերն ալ անոնց հետ
բեռցած
յուզումներն ու յոյսերը
օր մը լոյսին
օր մ’ալ խաւարին մէջ թաքուն
բայց բոլորը
բոլորը
յատակը պիտի թաղուին
ՄԷԿ ԵՒ ԵՐԿՈՒ
երկու մարդ
մէկ մարմնի մէջ
դէմքեր անյայտ
ծիր կաթինի գոյներ
կը տողանցեն որպէս թագ
մերթ զուարթ
մերթ յուզումնալից
երկու լաց
արցունք կնճռոտ դէմքի
եզերքէն կը գլորի
մերթ երկու ժպիտ
շրթներու շուրջէն կը սահի
մէկ մարմնի մէջ երկու մարդ
դէմքին ետեւն ու առջեւը
մէկ մարդ
ամպերու ետին թաքնուած
զերթ փոթորիկ յանկարծ
եւ յանկարծ արեւուն ժպիտով
խաբկանք մը աչքի
մինչեւ որ էջերու մէջ թաղուի
փոշի
եւ անուրջի մէջ
դառնայ անյայտ
ԻՐԱԿԱՆԸ
ճշմարիտը թաքնուած է հայելիներու մէջ
գաղտնիքն է խաւար օրերու
որ իբրեւ իրական յայտնուի
սո՞ւտ է արդեօք
ճեղքուած ժամանակին մէջ
լուսնի նման փայլի
եւ արծաթէ լոյսը կաթի շիթ առ շիթ
երկինքի խաւարին մէջ թաքուն
երկրպագէ լոյսը արեւուն
թէ՞արեւը լուսնին
ճամբան շեղ ու կորուստ
օ ի՜նչ հեշտ մութին յայտնումը
փակուած աչքերուն տակ
պահել սուտը
եւ բիւրեղեայ աւազահատիկ
ծիծաղկոտ շրթներու վրայ
վրէժխնդիր մը կը շողայ
իրականին դիմաց կը քծնի
արիւն կը լիզէ
մինչեւ որ խաւարը իջնէ
լուսնի արծաթեայ շիթերուն մէջ
կը բանտարկէ
յաւիտեա՞ն
երբ լոյսը ծագի
իրականը ճշմարիտ է
բայց ես այն սուտն եմ
ժպտադէմ կը նայիմ
հայելիին մէջէն
իրականին
ու ան զիս չի տեսներ
Պոլիս