Astrid Aprahamian, Les montagnes noires, Éd. Poètes de brousse, Montréal, 2021. 440pp
Ս.Ա.Յ.
Յունիսի սկիզբը Մոնթրէալի Poètes de brousse հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ «Հորիզոն»ի երիտասարդ աշխատակից Աստղիկ Աբրահամեանի այս առաջին վէպը՝ ֆրանսերէնով, «Սեւ սարերը» (Les montagnes noires), որ ծաւալուն համապատկեր մըն է 1989-1994 բախտորոշ տարիներուն, դիտուած մանկան մը եւ իր մօր աչքերով։
1989-ին, մինչ Խորհրդային Միութեան փլուզումը արդէն ընթացքի մէջ էր, բժշկուհի Մարգոն իր իննամեայ աղջկան հետ Մոսկուայէն կը վերադառնայ Երեւան, ետին ձգելով անիմաստ դարձած կեանք մը եւ չկայացած ընտանիքը։ Վէպի երեսուն եօթ գլուխները պատկեր առ պատկեր ընթերցողին կը ներկայացնեն ամբողջ ազգի մը պայքարը յանուն մարդկային ամենատարրական իրաւունքին՝ արժանապատիւ կեանքին, առանց վերամբարձութեան, դիտուած սովորական քաղաքացիի ակնոցով։
Վէպը կը սկսի Լենինի, այժմ Հանրապետութեան հրապարակի ցոյցի տեսարանով ուր աղջնակ մը մօր կպած է բազմութեան մէջ։ Մայրը խիստ դիմագիծով լուռ կանգնած է աղջնակի կողքին։ Ցոյցի մասնակիցի համար քիչ մը լաւ հագուստ կապուստով են երկուքն ալ, որ յետոյ կ՚իմանանք, թէ այդ կը պարտինք նոյն օրը կայացած աղջնակի մկրտութեան։ Բազմութիւնը Արցախի Հայաստանի միացման կանչերով եկած են ցոյցի։ Ցուցապաստառները կը պահանջեն պատժել պատասխանատուները 1915-ի ցեղասպանութեան, 1918-ի Բագուի, 1920-ի Շուշիի, 1988-ի Սումգայիթի սպանդներուն։ Աղջնակը միայն մէկ պաստառի վրայ գրութիւնը կրնայ կարդալ, ռուսերէն MIR (խաղաղութիւն) բառը։
Ընթերցողը ապա կը ծանօթանայ աղջնակի տան, ուր մեծ ծնողները եւ երեք մօրաքոյրներն ու իր մայրը կը խօսին պատերազմի մասին իրենց հիւրերուն հետ։ Երբ տակաւին Մոսկուա էին մայրը հեռախօսով կապի մէջ էր Երեւան իր ընտանիքին հետ՝ տագնապած Արցախի ու Հայաստանի իրավիճակով։
Բժշկուհի Մարգոն ինքզինք որոշ չափով յանցաւոր կը զգայ իր ազգին հանդէպ, որ իր կիսառուս աղջնակն առած, գլուխը կախ վերադարձած է հայրական յարկին տակ ու կը մղուի իր բժշկական ծառայութեամբ սատարել իր ազգին։ Այդպէս, ան կը մեկնի Արցախ որպէս բժիշկ, ուր պիտի վերագտնէ իր կեանքի իմաստը։ Վասիա կը մնայ Երեւան ուր ան կ՚արձանագրուի դպրոց եւ կը վայելէ իր մեծ ծնողներու, մօրաքոյրներու ու դրացիներու հոգատարութիւնը։ Ընթերցողը կը ծանօթանայ Երեւանի մշակոյթին ու սովորութիւններուն։
Աստղիկ Աբրահամեան շատ հարազատ ձեւով ընթերցողին կը փոխանցէ Երեւանի առօրեան ու բնակիչներուն սովորութիւնները։ Վէպի էջերը ընթերցողին առջեւ կը բանան կենցաղային մանրամասնութիւններ, հայ մշակոյթէն օրինակներ, երգեր ու բանաստեղծութիւններ որոնք գեղեցկօրէն թարգմանուած են հեղինակին կողմէ։
Հեղինակի վրձնահարուածը ծաւալուն է, եւ յաջողած է տալ իրապաշտ պատկերներ, ըլլայ ռմբակոծուող Ստեփանակերտէն, ըլլայ ազատամարտի առաջին տարիներու դժուարութիւններէն, ՕՄՈՆ-ի խժդժութիւններէն, որոնք առանց պատումը ծանրաբեռնելու կը յաջողին ընթերցողին մօտ ամբողջական պատկերացում մը կազմել մարդկային մեծ ողբերգութեան, որ պատերազմն է։ Օրինակ. վէպի կիսուն, 19-րդ գլխուն մէջ, կը նկարագրուի Արեգաշէն գիւղէն Խաչօ Օհանեանի ողբերգութիւնը, որուն խորհրդային բանակի ուժով կը պարտադրուի լքել իր պապենական դարաւոր գերեզմանները, պարտէզները, տունը, ցանքը, նախիրը, ինչպէս նաեւ հարեւան ազերի գիւղ հարս գացած աղջիկը…
Վէպի սկիզբը որպէս նախաբան ընթերցողը կը գտնէ Պարոյր Սեւակէն ֆրանսերէնի թարգմանուած բանաստեղծութիւն մը եւ վէպի կերպարներու ցանկը, իսկ վէպի վերջաւորութեան տրուած է օգտագործուած աղբիւրներու ցանկը։
Վէպը տրամադրելի է Քեպէգի գլխաւոր գրախանութներէն, ինչպէս նաեւ առցանց։
Բարի ընթերցում։
Կը շնորհաւորեմ հեղինակը` իր առաջնեկի լոյս ընծայման առիթով: Շնորհակալութիւն` գրախօսողին, հայերէն ընթերցողին գիրքը ծանօթացնելուն համար :
Թէեւ ֆրանսերէն չեմ գիտեր եւ չեմ կրնար կարդալ վէպը,սակայն ուրախ են որ Մուսալեռցի Աստղիկ Աբրահամեանը հրատարակած է իր առաջին գրական հատորը։ Կը շնորհաւորեմ՝ եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ։