ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Դ.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Զկեռ – զղեար

Արեւմտահայ բառարանագրութեան որբ ու անտէր բառերէն մէկն է այս. մեր բոլոր բառարանագիրները ակնարկած են անոր՝ իբրեւ պտուղի մը, որ ունեցած է երկու անուն, առանց, սակայն, բան մը հասկնալու անկէ, առանց պատկերացնելու, թէ ճիշդ ի՛նչ է ան:
— Գայայեան (1938) ունի՝ զղեար – տե՛ս զկեռ:
Կը բանաս զկեռ, կը գտնես՝ «զղեար, ծառը՝ զկեռի, կարծր փայտով»:
Գնա՛-հասկցի՛ր, թէ ի՛նչ է:
Եւ ուրիշ ոչ մէկ բացատրութիւն կամ բառ: Այսքանէն մեր մտաւորականները, ընթերցողներն ու աշակերտները պարտին հասկնալ ի՛նչ ըլլալը:
— Ճիզմեճեան (1954) իր կարգին կու տայ զղեար հոմանիշը, ու կ՚աւելցնէ «թթուաշ ուտելի պտուղ մը»:
— Տէր Խաչատուրեան (1968)՝ «ուտելի՝ թթուաշ՝ ընկոյզի մեծութեամբ պտուղ, նորաշխարհ, զղեար. ծառը՝ զղեարենի, զկեռի»:
Այստեղ մեծ նորութիւնը՝ նորաշխարհ հոմանիշն է, որուն արաբները էքիտունիա կ՚ըսեն, թրքերէն՝ ենիտունեա. մերը՝ այս վերջինին թարգմանութիւնն է:
Արդ, «նորաշխարհ» կոչուածը, որ շինծու բառ մըն է, սակայն գրեթէ հանրօրէն որդեգրուած արեւմտահայերուս կողմէ, թթուաշ չէ. կայ շատ քաղցրն ալ, եթէ որակաւոր տեսակն է ու մանաւանդ հասուն է:
— Կռանեան (1982)՝ «զկեռ- նորաշխարհ ( պտուղ), զղեար»:
— Ճերեճեան (1992) «տե՛ս զիկի: Ծառը՝ զկեռի, զղերենի»:
«Զիկի — զկեռ, զղեար, նորաշխարհ “արաբերէնը՝ էքիտունիա, թրքերէնը՝ ենիտունիա”»:
Ինչո՞ւ կը կառչի «զիկի» ձեւին, չես գիտեր: Հանելուկ մըն ալ այս է:

Ուրեմն ա՛յս է այն ամբողջութիւնը, որ կը գտնենք անցած դարու արեւմտահայ բառարանագրութեան մէջ: Ըսելու պէտք չկայ, որ յիշեալ հինգ բառարանագիրներէն ոչ մէկը գիտէ, թէ ինչի՛ մասին կը գրէ, անոնցմէ գոնէ երեքն ալ զայն կը շփոթեն բոլորովին ուրիշ պտուղով մը՝ որ թրքերէն yenidunya ըսուածն է:

Միւս կողմէ, բոլոր տուեալները ունինք, որ արեւելահայ բառարանագիրները ծանօթ են անոր, յստակ կը նկարագրեն զայն՝ սկսած Մալխասեանէն (Տէր Խաչատուրեան առած է այս վերջինէն՝ առանց ըմբռնելու եւ յանգած է սխալ եզրակացութեան՝ շփոթելով զայն թրքական yenidunya-ով, որ հայերէն թարգմանի նորաշխարհ): Անոնց պէտք է օգնած ըլլայ Արեւելեան Հայաստանի բուսական աշխարհի ու յատկապէս վայրի պտուղներու հարուստ տեսականին. Մալխասեան կը հաստատէ, որ «ան կը բուսնի ամբողջ Կովկասի տարածքին», եւ կու տայ պտուղին լատիներէն անուանումն ալ՝ mespilus germanica: Անոր ծանօթ եղած է թրքերէնը եւս՝ մուշմուլա, ծառը՝ մուշմուլա աղաճը: Արաբերէնը կը կիրարկէ նո՛յն եզրը:
Գաբամաճեանի գրաբար բառարանին մէջ (1892) կը գտնենք՝ «շատ կուտերով թեթեւապէս կապող (այսինքն՝ թթուաշ) պտուղ». կու տայ ֆրանսերէն անուանումը՝ nèfle, նաեւ թրքերէն՝ մուշմուլա:

Պէտք է ամէն բանէ առաջ նկատել, որ ասոնք երկու տարբեր պտուղներ են:
Զկեռը լայնօրէն տարածուած ու ծանօթ եղած է Հին աշխարհի մէջ՝ Կովկաս, Միջին Արեւելք ու Եւրոպա եւ տեղական լեզուներու մէջ վաղուց անուն ունեցած է:
Յարաբերաբար ուշ երեւցած է «նորաշխարհ» կոչուածը՝ գալով Ծ. Արեւելքէն:
Արաբական երկիրներու մէջ ան կոչուած է Էքիտունեա, թրքերէն՝ yenidunya (նաեւ՝ maltaerisi =Մալթայի սալոր) շինծու անունով, իսկ եւրոպացիները զայն անուանած են նմանողութեամբ, ինչպէս ֆրանսացիք, որ զայն կոչած են nèfle du Japon, որ կը նշանակէ «Ճափոնական զկեռ», որ բոլորովին արուեստական անուն մըն է, քանի ոչ մէկ առնչութիւն ունի զկեռին հետ, իսկ անգլերէնը որդեգրած է չինական անունը՝ loquat:
Աճառեան այս բոլորին վրայ գրեթէ ոչինչ կ՚աւելցնէ. միայն կը նշէ, որ արեւելահայերէնի մէջ տարածուած է զկեռ, իսկ արեւմտահայերէնի մէջ զղեար: Ճիշդ ինչի՛ վրայ կը հիմնէ Աճառեան այս տեսակէտը, — չենք գիտեր, քանի բոլոր արեւմտահայ հեղինակները յիշած են երկու անուններն ալ. իսկ Բիւզանդացի (1884) յիշած է մի՛այն զկեռ:
Այս բոլորէն ետք կը մնայ, որ գտնենք պատշաճ անուն մը՝ փոխարինելու համար թրքական յերիւրածոյ անունի ապաշնորհ թարգմանութիւնը՝ նորաշխարհ-ը:

Անպայմանօրէն, յանկարծակիօրէն, անվարանօրէն, յաճախակիօրէն…

—Ոմանք (դուք հասկցէք՝ շատեր) կը կարծեն, թէ աւելի ընտիր գրած կ՚ըլլան, եթէ բառերու ետեւը աւելցնեն -օրէն պոչը. առ այս գլխաւոր թիրախը անպայման-ն է, որ կը դառնայ անպայմանօրէն: Կը գտնեմ երեք ուրիշներ եւս՝ յանկարածակի-օրէն եւ անվարան-օրէն («Հասկ», 10-11, 2020, էջ 510), յաճախակի-օրէն («Նոր Յառաջ», թիւ 1559) … եւ անշուշտ շարունակելի է արեւմտահայ գրողին ախորժակին զուգահեռ, այսինքն՝ անսահմանօրէն…:
Անսահմանօրէ՞ն ըսի, — այո՜, որովհետեւ թոյլատրելի ու ճիշդ է, քանի որ անսահման ածական է, իսկ անսահմանօրէն՝ մակբայ: Մինչդեռ անպայման, յանկարծակի եւ անվարան արդէն մակբայ են եւ երկրորդ անգամ մակբայանալու պէտք չունին՝ դառնալու համար անպայմանօրէն, յանկարծակիօրէն, անվարանօրէն. ասպէս գրել կամ խօսիլ համազօր է երկու փողկապ կապելու կամ երկու ակնոց դնելու կամ ալ… երկու կնիկ առնելու, մինչ խելքն ու ճաշակը կը թելադրեն գոհանալ միայն մէկով:

Բաւականին

Նախորդներուն պէս բան մըն ալ ա՛յս է: Ունինք բաւական որ շատ խօսուն, ինքնաբաւ եւ կենսունակ բառ մըն է՝ ածական է ու մակբայ միաժամանակ: Արդ, ի՞նչ իմաստ ունի ասոր վրայ պոչ մը աւելցնել ու ըսել՝ բաւականին. այս վերջինը տարբեր կամ աւելի բան մը կը նշանակէ՞, — ո՛չ, բացարձակապէս ոչ, այլ պարզապէս կը ծանրաբեռնէ բառս ու կը ծանծաղեցնէ լեզուն ու ոճը, թող որ բուն ծանծաղութիւնը գրողին ուղեղին մէջ է, որուն զոհն է լեզուն, որ ոչ մէկ յանցանք ունի:
Անշուշտ, կարելի է հարց տալ, թէ ինչո՛ւ հնարուած է ան ու մտած է մեր բառարաններուն մէջ: Շատ պարզ է, ծանծաղ ուղեղ ունեցողը միայն բաւականին ըսող հերթական ռամիկը չէ, նման ուղեղ կը գտնուի աւելի բարձր խաւի գլուխներու մէջ եւս, անոնք ըլլան մտաւորական թէ բառարանագիր:

«Արաբերէն նիւթերու բացակայութիւնը կը վրդովեցնէր քննիչները»

Կը վրդովեցնէր-ը իր կարգին կը յարի նախորդներուն՝ քիչ մը տարբեր տեսանկիւնէ մօտեցած, սակայն նոյն «ոգիին» ու «տրամաբանութեան» ծնունդն է այս բայաձեւն ալ, որ բաւական տարածուած է:
Հարցը հետեւեալն է. մենք ունինք վրդովիլ չէզոք բայը, որուն ներգործականն է վրդովել: Թորոսը վրդովեցաւ (չէզոք), Թորոսը վրդովեց Մարկոսը (ներգործական):
Տակաւին կարելի է աւելի վերամբարձ ոճով ըսել. «Անոր ծով աչքերը վրդովեցին հոգիիս անդորրը»…:
Ըստ այսմ ալ պարտէինք գրել. «Արաբերէն նիւթերու բացակայութիւնը կը վրդովէր քննիչները», — ու վե՛րջ: Ինչո՞ւ կը վրդովեցնէր…

Թուրքիա կ՚ակնկալէ, որ Պրիւքսել պիտի աշխուժացնէ երկխօսութիւնը»

Կ՚ակնկալէ եւ պիտի աշխուժացնէ չեն կրնար համատեղուիլ, հաշտ ընթանալ եւ բանական ու տրամաբանական խօսք կազմել: Ինչո՞ւ, — պիտի հարցնէ այն խելացի գրողը, որ բան մը սորվելու տրամադրութիւն ունի: Որովհետեւ կ՚ակնկալէ ցոյց կու տայ տեղի չունեցած իրողութիւն մը, որ ցանկալի է, սակայն կրնայ իրականանալ, կրնայ նաեւ չիրականանալ, մինչ պիտի աշխուժացնէ կ՚ակնարկէ գործողութեան մը, որ հաստատօրէն ու անվերապահօրէն տեղի պիտի ունենայ՝ թէկուզ ապագային:
Ո՞ւր է լուծումը, — շատ պարզ է, պէտք է ընտրել այնպիսի բայաձեւ մը, որ ցանկալի, ակնկալելի, մաղթելի գործողութիւն ցոյց տայ, այդ բայը, աւելի ճիշդը բայաձեւը ըղձական եղանակն է. այսինքն՝ «Թուրքիա կ՚ակնկալէ, որ Պրիւքսել աշխուժացնէ (ո՛չ՝ կ՚աշխուժացնէ) երկխօսութիւնը»:

«Կը սպասուի, որ յառաջիկայ քանի մը օրերու ընթացքին դեռ շատեր կը բանտարկուին»

Կը բանտարկուին-ը, իբրեւ սահմանական եղանակի բայ, ցոյց կու տայ ստոյգ տեղի ունեցող կամ ունեցած գործողութիւն, իսկ այստեղ այդպիսի գործողութիւն չկայ. տեղի ունեցածը ակնկալութիւն մըն է՝ կը սպասուի,— ուրեմն՝ կա՛մ կ՚ըլլայ, կա՛մ չ՚ըլլար:
Նման բայերու կը զուգադրենք ըղձական եղանակը, այսինքն՝ «Կը սպասուի, որ բանտարկուին» (ո՛չ՝ կը բանտարկուին):
Ըղձական եղանակ կը պահանջեն նաեւ՝ ակնկալել, երազել, ըղձալ, մաղթել, յուսալ, ցանկալ, որոնք բոլորն ալ չիրագործուած, այլ իրագործելի (ըստինքեան վերապահութեամբ) գործողութիւն կը ցուցանեն: Այսպէս՝
կ՚ակնկալենք, որ յաջողին (ոչ՝ կը յաջողին)
կ՚երազէին, որ վերադառնայ (ոչ՝ կը վերադառնայ)
կը մաղթենք, որ վերջ գտնէ (ոչ՝ կը գտնէ)
կը ցանկար, որ առողջանայ (ոչ՝ կ՚առողջանայ)

Պէյրութ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *